Քարտեզ. ԱՄՆ 28-րդ Նախագահ Վուդրո Վիլսոնի 1920 թ. նոյեմբերի 22-ին կայացրաց Իրավարար վճիռը Հայաստանի եւ Թուրքիայի սահմանի վերաբերյալ
ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ԱՔՏԸ – 4 օգոստոսի, 1920 թ.
ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ԱՔՏԸ
Ստորագրեալքս իրաւասու ներկայացուցիչներ Կիլիկիոյ բոլոր Քրիստոնեայ հասարակութեանց, այսու կը յայտարարենք.
ՙՆկատելով, որ Կիլիկիոյ մեծ պատերազմին, որպէս հետեւանք, գրաւուեցաւ դաշնակից ուժերով, որ այդ գրաւումը եւ ֆրանսական վարչութիւնը հոն պահուեցան զինադադարի ամբողջ տեւողութեան:
Նկատելով, որ բոլոր այս միջոցին թուրքերը չդադրեցան խանգարելէ երկրին անդորրութիւնը՝ ներմուծելով մահ, աւեր, արհաւիրք, որով եւ անոնք յայտնօրէն բռնաբարեցին իրենց յանձնառութիւնները եւ զինադադարը:
Նկատելով, որ իրենց այս կացութիւնը մեր կրօնակիցներուն արժեց կեանքը տասնեակ հազարաւորներու, որ ֆրանսական արիւնն եւս միաժամանակ հոսեցաւ առատօրէն մեր մարտիրոսներուն հետ:
Նկատելով, որ նոյնիսկ Թուրքիոյ հետ կնքելի խաղաղութեան վաղորդեանին մեր շատ մը քաղաքներ սպառնալիքի տակ են՝ պաշարուած կամ ռմբակոծուած արիւնարբու հորդաններու կողմէ՝ կազմակերպուած ներողամիտ աչքերուն տակ թուրք իշխանութեանց, որոնք ատկէ զատ են եւ պիտի ըլլան միշտ անկարող զսպելու նմանօրինակ վայրագութիւններ եւ ըմբոստութիւնք, ենթադրելով՝ թէ անոնք պիտի ուզէին ընել զայդ:
Նկատելով, որ լման խաղաղութեան այս շրջանին անգամ մենք պիտի շարունակենք ապրիլ դեռ երկար ատենուան համար պատերազմական վիճակի մէջ, որ վերջ չպիտի գտնէ, եթե ոչ միայն զինուորական կարգ-կանոնով գործողութիւններու՝ ձեռնարկուած ֆրանսական քաջարի ուժերու կողմէ, որոնք միշտ ալ պիտի երկրորդուին նաեւ անվերապահ աջակցութիւններով քրիստոնեայ հասարակութեանց, որոնց այդ աջակցութիւնը այնքա’ն օգտակար հանդիսացաւ ֆրանսական ուժերուն յաջողութեանց:
Նկատելով, որ այն պահուն իսկ, երբ պատրաստելու վրայ ենք սոյն Յայտարարութիւնը, այս երկրին հին տէրերուն գնդակները կը ճարճատեն մեր գլուխներուն վերեւէն, որ այս միեւնոյն կացութիւնը կը տիրէ նաեւ Տարսոնի եւ
Մերսինի մէջ:
Նկատելով, որ անըմբռնելի է, որ օտար երկրի մը մէջ կնքուած խաղաղութիւն մը նման կացութեան մը պատճառ դառնայ:
Նկատելով, որ Կիլիկիոյ 275.000 քրիստոնեաները՝ սերտիւ համերաշխ իրենց եղբայրական զգացումներուն, իրենց շահերուն, թուրքերուն դէմ նողկանքի եւ Ֆրանսիայի հետ իրենց յարումին մէջ՝ առանց իսկ պէտք ունենալու վերյիշել սարսազդեցիկ յիշատակները անիծեալ անցեալի մը – խմորուած ամէնքն ալ ջարդերով, բռնագաղթերով, աւարառութիւններով, քեներով, բռնարարութիւններով, ամէն տեսակ արհաւիրքներով եւ խայտառակութիւններով – հպարտ են, որ չկասեցան առջեւ ոչ մէկ զոհողութեան ու ջանքերու, որոնք ճնշուած ժողովուրդներուն համար կը կազմեն փրկագինը իրենց անկախութեան, որ, ընդհակառակն, անոնք կրնան ի նպաստ իրենց յուշածել՝ պատերազմի եւ զինադադարի երկար եւ ցաւալից շրջանին վճարած ըլլալ ամենէն թանկագին եւ ամենէն սարսափելի փրկանքները:
Նկատելով, որ Կիլիկիոյ քրիստոնեայ համայնքները ամէն պարագայի մէջ՝ Ամերիկեան երկու քննութեանց, թէ իրենց բոլոր դիմումներու ընթացքին ֆրանսական իշխանութեանց մօտ անփոփոխելիօրէն յայտնեցին իրենց անսասան որոշումը չընդունիլ վերադարձը թուրք տիրապետութեան:
Նկատելով, որ, մասնաւորաբար, իրենց անցեալ Մարտի 31 եւ Մայիս 15 թուակիր բողոքագիրներովը՝ ուղղուած Համաձայնական պետութիւններուն եւ Խաղաղութեան Խորհրդաժողովին, ինչպէս եւ իրենց առաջուց կատարած դիմումներովը, որոշակի հասկցուցին թէ զիրենք չպիտի թոյլ տային գոհանալ կիսամիջոցներով, արուեստական կարգադրութիւնները կամ խորթ, (batard) անհարազատ լուծումներով, թէ իրենք, մանաւանդ, վերջին ծայր ուժգնութեամբ բողոքեցին ընդդէմ հաշտութեան այն դաշինքին, որ արուեստականօրէն Կիլիկիան – պատմականօրէն, ցեղագրականօրէն, ռազմականօրէն, եւ տնտեսպէս մէկ եւ անբաժանելի – կը բաժնէր երկու մասերու, որմէն մէկ մասը
ֆրանսական Սուրիոյ մնացած, եւ միւսը կը վերածէ թրքական գաւառի մը:
Նկատելով, որ ժողովուրդները, զորս իրենք կը ներկայացնեն, վստահալից սպասումէ մը վերջ՝ հանդէպ Դաշնակիցներուն արդարադատութեան, պիտի դատապարտուին ամենէն դառն յուսախաբութեան՝ եթէ Խաղաղութեան Խորհուրդին վերջնական որոշումները չպսակեն իրենց օրինաւոր պահանջները եւ իրենց ամենէն թանկագին յոյսերը, այդ պարագային սոյն Յայտարարութիւնը ստորագրող ներկայացուցիչները, չկարենալով պէտք եղածին պէս պատասխանել իրենց պատկան ժողովուրդներուն ցանկութեանց, անոնք խմբովին պիտի ըմբոստանան, ընդդէմ այդ հրէշային փորձին, եթէ կ’ըսենք, Կիլիկիոյ մէջ վերահաստատուի թրքական վեհապետութիւնը եւ վարչութիւնը:
Նկատելով, որ մինչեւ վերջին վայրկեան չստացուեցաւ հաւաստիքը թէ՝ իրենց պահանջները ընդունուած են, թէ՝ խաղաղութեան դաշինքը պիտի բարեփոխուի, ինչպէս որ պէտք է, թէ՝ իրենք նոյնիսկ այսօր, խաղաղութեան դաշինքին կնքումի վաղորդայնին, լքուած են ամենէն անձկալից անորոշութեան:
Նկատելով միանգամայն, թէ ներկայ շփոթ կացութիւնը եւ անիշխանական վիճակը մասամբ մը արդիւնք են տեղական թուրք վարչութեան անդամալուծման, եւ որ չէ այլեւս, եթէ ոչ անուանական կառավարութիւն մը, թէ այս պայմանաց մէջ միմիայն անհրաժեշտ իշխանութեամբ օժտուած տեղական իշխանութիւն մը կրնայ ամէնուն ալ յարգանք եւ վստահութիւն ներշնչելով, փրկել երկիրը անիշխանութենէ եւ լիակատար աւերումէ:
Բոլոր այս պատճառներուն համար եւ արժեցնելով բոլոր իրաւունքները՝ փաստերը եւ վերոյիշեալ 31 Մարտ եւ 25 Մայիս թուակիր երկու յիշատակագրութեանց մէջ մատնանշուած նկատումները, որոնց տրամաբանական վերջաւորութիւնն է ներկայ ձեռնարկը: Մենք հիմնուելով, մանաւանդ բոլոր ժողովուրդներուն եւս յստակ անանցանելի իրաւանց վրայ՝ ճշդելու իրենց ճակատագիրը, իրաւունք մը, որ իր առաջին աղբիւրն ունի Ֆրանսական յեղափոխութեան անմահ սկզբունքները:
Մենք հանդիսաւորապէս կը յայտարարենք. Կիլիկիան, սկսեալ այս օրուանէն, ազատ երկիր մը՝ բոլորովին անկախ Թուրքիայէն, օժտուած տեղական ինքնավար քրիստոնեայ վարչութեամբ մը՝ զետեղուած Ֆրանսայի հոգատարութեան տակ: Կիլիկիոյ հողամասերուն Օսմանեան նախկին կայսրութենէն այս անջատումը մենք կ’ըմբռնենք նոյնքան կատարեալ եւ վերջնական եւ այն միեւնոյն ձեւովը, ինչպէս՝ Հայաստանը, Սուրիան, Պաղեստինը, Միջագետքը եւ Արաբիան:
Իրագրծելու եւ պահպանելու համար այս անկախութիւնը՝ թշնամին մեր դուռներէն վտարելու եւ մեր պաշարուած քաղաքները փրկելու համար, վերակազմելու համար այդ քաղաքները եւ գրաւուած շրջանները, եւ ազատելու համար մեր քրիստոնեայ եղբայրները իրենց գերութենէն, մենք պատրաստ ենք ամէն կարգի զոհողութիւններու, մենք այս երկրին հոգատար Ֆրանսայի ծառայութեան տակ կը դնենք մեր ժողովուրդներուն բոլոր կենդանի ուժերը:
Հատուածները, դաւանութիւնները, համայնքները, քրիստոնեայ ցեղերը, մենք ամէնքս միացած ենք միեւնոյն նուիրական նպատակին համար:
Մենք պիտի աշխատինք ձեռք-ձեռքի բարձրացնելու այս երկրին բարոյականը, մշակոյթը եւ տնտեսականը հովանիին տակ Ֆրանսայի: Կը փափաքինք Կիլիկիան ընել մէկ երկարաձգումը Եւրոպայի, մէկ նոր կեդրոնը քաղաքկրթութեան եւ զարգացման, ուր իսլամ անջատ ցեղերը նոյնպէս հաւասարապէս պիտի վայելեն ազատութեան եւ յառաջադիմութեան բարիքները եւ երաշխաւորութիւնները, որոնք իրենց անծանօթ էին թուրք կառավարութեան ներք եւ եւ պիտի օրհնեն այն օրը, երբ իրենք եւս անջատուեցան անկէ:
Անկախութիւնը Ֆրանսայի հոգատարութեան տակ, բացարձակ պայմանն է Քրիստոնէից գոյութեան՝ աս երկրին մէջ: Մենք նախապատիւ պիտի սեպենք մեռնիլ, քան ընդունիլ ուրիշ լուծում:
Վստահ ենք՝ թէ մեծանձն եւ ասպետական Ֆրանսան, աւանդական պաշտպանը Արեւելքի Քրիստոնէից, պիտի գնահատէ մեր պահանջաց արդարութւնը, թէ ան պիտի բարեհաճի ճանչնալ մեր այս անկախութիւնը՝ առնելով զայն իր պաշտպանութեան տակ:
Կեցցէ’, անկախ Կիլիկիան:
Կեցցէ’, Ֆրանսան՝ հոգատարը Կիլիկիոյ:
Մ. Տամատեան
Ամբողջական Հայաստանի Ներկայացուցիչ
Գ. Վրդ. Արսլանեան
Ատանայի Հայոց Առաջնորդ
4 օգոստոսի, 1920 թ.
Արեւմտյան Հայաստանի Հանրապետության Նախագահ Արմենակ Աբրահամյանի շնորհավորանքը Հայության 2017 թվականի Նոր Տարվա և Սուրբ Ծնունդի կապակցությամբ
Արեւմտյան Հայաստանի Հանրապետության Նախագահ Արմենակ Աբրահամյանի շնորհավորանքը Հայության 2017 թվականի Նոր Տարվա և Սուրբ Ծնունդի կապակցությամբ
(Հայերեն եւ ֆրանսերեն լեզուներով)
(На армянском и французском языках)
2017 թուականի Նոր Տարուայ Նախագահական Մաղթաքները
Յարգելի հայրենակիցներ,
Ես լաւ գիտեմ մեր այսօրուան վիճակը՝ մանաւանդ երբ տեղեկութիւն ստացած եմ, թէ ինչ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանին գտնուող Չինարի գիւղին մօտ:
Ամիջապէս ցավակցություներս յայտնեցի զոհուածներու ընտանիքներուն,
Այսօր կ՛ուզեմ որ վստահ ըլլաք՝ մեր դիրքը պարզ է, այս բոլոր յանցագործութիւնները պիտի ունենան համարժէք պատասխաններ:
Սիրելի հայրենակիցներ,
Թոյլ տուէք ինծի, որ Հայ ժողովուրդին մաղթեմ յաջողութիւն, կամք եւ կորով՝ յանուն մեր իրաւունքներուն և հայրենատիրութեան, պահաջատիրութեան խնդրի արդարացի լուծման, հիմք ընդունելով այն փաստը, որ մենք բնիկ ժողովուրդն ենք մեր հայրենիքին, նաև այն փաստերը,
Որ 9 Մայիս 2016 թ.-ին – Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահական
Հրամանագիրով վաւերացրուած է Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը,
Որ 24 Յունիս 2016 թ.-ին – Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահական Հրամանագիրով վաւերացուած է Սեւրի խաղաղութեան պայմանագիրը,
Որ 9 Օգոստոսի 2016 թ.-ին – Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահական Հրամանագիրով վաւերացուած է Ծովի Պայմանադրութիւնը (կոնվենցիան),
Որ 1 հոկտեմբեր 2016 թ.-ին – Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահական Հրամանագիրով ընդունուեցաւ Մոնտեվիդեոյի Պայմանադրութիւնը (կոնվենցիան) պետութիւններու իրաւունքներուն մասին,
Որ 16 Հոկտեմբեր 2016 թ.-ին – Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահական Հրամանագիրով Հայ Լեգեոնը կը կազմէ Կամաւորականներու Պահեստային Գումարտակ,
Որ 11 Նոյեմբեր 2016 թ.-ին – Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահական Հրամանագիրով բարձրացուեցաւ որոշում՝ Ռաֆայել Լեմկինին ճանչնալու որպէս «Արդարադատ գործիչ» Հայաստանի համար:
Թող 2017 թուականը ըլլայ արդար և իմաստալից տարի:
Ձեզի հետ Միասին 2017 թուականին ունինք կարեւոր հանդիպումներ՝ բացի մեր ամէնօրեայ աշխատանքներէն:
Ինչպէս 19 Յունուարին՝ երբ նոյն օրը 1920 թ,-ին Դաշնակից տէրութիւնները ճանաչած են Արեւմտեան Հայաստանի պետութեան անկախութիւնը՝ որպէս Հայաստան և որպէս Հայկական պետութիւն,
Ինչպես Հայ Լեգէոնի հարիւրամեայ տարեդարձը,
Ինչպէս միասնաբար պիտի Պատրաստուինք 2018 թ,-ի Խորհուրդարանի ընտրություններուն համար,
Ինչպէս պիտի Պատրաստենք Ռուսական Հռչակագիրի (դեկրետի) հարիւրամեակի տարեդարձը՝ որպէս Արեւմտեան Հայաստանի անկախութեան առաջին պաշտօնական ճանաչման յուշ, երբ 11 Յունուար 1918 թ.-ին Ռուսաստանը ճանչած է Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու ինքնորոշման իրաւունքը՝ մինչեւ անկախութիւն,
Ինչպէս 22 Նոյեմբերին իր իրաւարար վճռի հետ՝ ԱՄՆ-Ի 28-րդ Նախագահ Վուդրո Ուիլսընը ամրագրեց մեր անժամանցելի և անբեկանելի իրաւունքը:
Թոյլ տուէք՝ որ շնորհաւորեմ Հայրենիքի մէջ և Հայրենիքէն դուրս ապրող մեր հայրենակիցներու Նոր Տարին:
Կը Մաղթեմ Արեւմտեան Հայաստանի պաշտպանական ուժերուն՝ Մերձաւոր արեւելքի հայերուն և այլ բնիկ ժողովուրդներուն (Յոյներ, Ասորիներ, Եզդիներ, Արեւիներ եւ Քրդեր) ուժեղ դիմադրութիւնը մինչեւ խաղաղութիւն, շուտով նորեն կը միանանք:
Մենք ամէն ինչ կ՛ընենք՝ որպեսզի 2017 թուականը ըլլայ վճռական և դրական փոփոխութիւններու տարի,
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի անդամներուն, Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան անդամներուն, Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն և, արտերկրի հայկական կառոյցներուն՝ կը մաղթեմ արդիւնաւետ տարի, թող այդ դրական փոփոխութիւնը հիմք հանդիսանայ խորքային եւ ներդաշնակ գործունէութիւն իրականացնելու համար,
Ինչպէս միշտ՝ մենք ուժեղ կ;լլանք միասնական, և նպատակասլաց՝ ազգային գերակայ խնդիրները լուծելու դժուարին ճանապարհին:
Թող 2017 թուականը ըլլայ արդար պահանջներու իրականացման տարի:
Անգամ մը եւս կը շնորհաւորեմ բոլորի Նոր Տարին և Սուրբ Ծնունդը, և կը ցանկանամ գալիք տարին բերէ նորանոր յաջողութիւններ, նպատակներու և երազանքներու իրականացում:
Նոյնիսկ երբ անոնց հետ չենք՝ մենք մտքով կը մնանք մեր ազատամարտիկներուն կողքին:
Արմենակ Աբրահամեան
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ
31 Դեկեմբեր 2016թ.
Արեւմտյան Հայաստանի Հանրապետության Վարչապետ Տիգրան Փաշաբեզյանի շնորհավորանքը Հայության 2017 թվականի Նոր Տարվա և Սուրբ Ծնունդի կապակցությամբ
Արեւմտյան Հայաստանի Հանրապետության Վարչապետ Տիգրան Փաշաբեզյանի շնորհավորանքը Հայության 2017 թվականի Նոր Տարվա և Սուրբ Ծնունդի կապակցությամբ
2017г. – Новогоднее и Рождественское поздравление Премьер-министра Республики Западная Армения Тиграна Пашабезяна
(На армянском языке)
Շնորհավոր Նոր տարի եւ Սուրբ ծնունդ
Եղիշե Չարենց
Այդ մե՛նք ենք երեւի այն ուղտը հաստակող,
Որ Հիսուսի առակին հակառակ –
Պիտի մտնենք` անգամ ասեղի նուրբ ծակով`
Ապագայի դրախտը անարատ…:
(«Պատմության քառուղիներով», 1933 թ.)
Շնորհավորում ենք ընկերների, գործընկերների, հայրենակիցների Նոր տարին եւ Սուրբ ծնունդը:
Հայության եւ’ Հայաստանի համար ազգային – պետական նշանակության ու կարեւորության բոլոր
ծրագրերին, օրակարգերին ու ձեռնարկներին մաղթում ենք հաջողություն ու հաղթանակ:
Տիգրան Փաշաբեզյան՝
Արեւմտյան Հայաստանի Հանրապետության Վարչապետ
31.12.2016 թ.
Արեւմտյան Հայաստանի խորհրդարանի պատգամավոր Յուլիա Գյուլոյանի շնորհավորանքը Հայության 2017 թվականի Նոր Տարվա և Սուրբ Ծնունդի կապակցությամբ
Արեւմտյան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (խորհրդարանի) պատգամավոր, Մշակույթի հարցերի հանձնաժողովի Նախագահ Յուլիա Գյուլոյանի շնորհավորանքը Հայության 2017 թվականի Նոր Տարվա և Սուրբ Ծնունդի կապակցությամբ
(Հայերեն եւ ռուսերեն լեզուներով)
2017г. – Новогоднее и Рождественское поздравление Депутата Национального Собрания (Парламента) Западной Армении Юлии Гюлоян, Председателя комиссии Парламента по вопросам культуры
(На армянском и русском языках)
Արեւմտյան Հայաստանի խորհրդարանի պատգամավոր Դավիթ Խինոյեվի շնորհավորանքը Հայության 2017 թվականի Նոր Տարվա և Սուրբ Ծնունդի կապակցությամբ
Արեւմտյան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (խորհրդարանի) պատգամավոր Դավիթ Խինոյեվի շնորհավորանքը Հայության 2017 թվականի Նոր Տարվա և Սուրբ Ծնունդի կապակցությամբ
(Ռուսերեն, հայերեն եւ ասորերեն լեզուներով)
(на русском, армянском и ассирийском языках)