ՀՐԱՄԱՆԱԳԻՐ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴՐՕՇԻ ՄԱՍԻՆ

Համաձայն Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհրդի 17 դեկտեմբեր 2004 թ. Հռչակագրի այ) Կէտի Արեւմտեան Հայաստանը (Հայրենիք) պէտք է ունենա իր պետական դրօշը, զինանշանը եւ օրհներգը: Ելնելով սոյն Հռչակագրի դրոյթներից` Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդը որոշեց հաստատել Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նոր դրօշը:

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական խորհրդանիշներից է:

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը քառագոյն է: Կենտրոնում երկու խորհրդանշաններն են` մուգ կապոյտ ութանկեան մէջ` ծիրանագոյն յաւէրժութեան ութաթեւ նշանը, որոնք իմաստաւորում են տիեզերական ներդաշնակութիւնը:

Ութանկեան չորս գագաթներից` սկիզբ առնող մուգ կապոյտ ճառագայթները ձգւում են չորս ուղղութեամբ, ինչպէս աշխարհի չորս ծագերը, մուգ կապոյտը երիզուած է ծիրանագոյնով, դրօշի չորս հատուածները բաց երկնագոյն են:

Դրօշը խորհրդանշում է Հայկական բարձրաւանդակը, որպէս քաղաքակրթութեան բնօրրան:

Մուգ կապոյտը խորհրդանշում է հայ ժողովրդի յաւէրժականութիւնը:
Ծիրանագոյնը խորհրդանշում է հայ ժողովրդի բանախօսութիւնը, արիականութիւնը եւ ստեղծագործ ազատութեան կենսասիրութիւնը:
Բաց երկնագոյնը խորհրդանշում է հայ ժողովրդի լուսաւորչականութիւնը եւ առաքելականութիւնը:
Սպիտակը խորհրդանշում է հայ ժողովրդի բարեպաշտութիւնը:

Դրօշի լայնութեան եւ երկարութեան չափերի յարաբերութիւնն է` 1:2 – ի:
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի լայնութեան եւ երկարութեան յարաբերակցութեան չափերի պահպանմամբ կարող է օգտագործուել նաեւ փոքր կամ մեծ չափի դրօշ:

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի նկարագրութեան գունաւոր պատկերը ներկայացւում է սոյն օրէնքին կից:

Անցումային դրոյթներ
1. Մինչեւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան եւ Խորհրդարանի վերջնական ձեւաւորումը սոյն հրամանագիրն օրէնքի ուժ ունի:
2. Սոյն հրամանագրի ուժի մէջ մտնելու պահից Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհրդի նախկին դրօշը յանձնւում է Արեւմտեան Հայաստանի Հայերի Ասամբլէային, որպէս Ասամբլէայի խորհրդանիշ:
3. Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը կիրառութեան մէջ է մտնում հրամանագրի ստորագրման պահից:

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհրդի նախագահ`
Արմէնակ Աբրահամեան

Փարիզ, Ֆրանսիայ, 21.10. 2011 թ.

ԱՄՆ-ի դիրքորոշումը Հայկական Հարցի լուծման վերաբերեալ (2-րդ մաս)

Կը թուի, թէ Հայկական Հարցի լուծման վերաբերեալ ԱՄՆ-ի դիրքորոշման հիմքը պէտք է որ կազմեր ԱՄՆ 28-րդ Նախագահ Ուտրո Ուիլսոնի 22 Նոյեմբեր 1920 թ. կայացուցած Իրաւարար վճիռը: Սակայն, Հայկական Հարցի լուծման վերաբերեալ ԱՄՆ-ի դիրքորոշումը, մինչեւ վերջերս, Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւի բովանդակութեան ու յօդուածներու գործնական իրականացումն է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ որոշ յաւելումով այն իմաստով, որ Արարատ լեռն ու Անի հնաբոյր մայրաքաղաքը կ՛ենթադրուի, թէ անցնելու են Հայաստանի Հանրապետութեան:

ԱՄՆ-ի դիրքորոշումը Հայկական Հարցի եւ Մերձաւորարեւելեան խնդիրներու վերաբերեալ ներկայացուած է վերջին տասնամեակներու ընթացքին հրապարակուած տարբեր յօդուածներու մէջ: Անոնցմէ մէկը ԱՄՆ բանակի պաշտօնաթող սպայ Ռալֆ Պիտերսի «Մերձաւոր Արեւելքի նոր քարտէզը ըստ արիւնակցական կապերու եւ հաւատքի նմանութիւններու» յօդուածն է ու կից քարտէզը, որն առաւել ամբողջական կ՛արտայայտէ ԱՄՆ իշխանութիւններու վերաբերմունքը վերոնշեալ խնդիրներու վերաբերեալ (1):

Հայկական պահանջատիրութեան եւ իրաւունքներու մասով յօդուածին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է. «Իսկ մի սարսափելի չարագործութիւն, ինչպիսին է հայերու հանդէպ հոգեւարքի մէջ գտնուող Օսմանեան կայսրութեան իրականացուցած ցեղասպանութիւնը, երբէք չի կրնար փոխհատուցուիլ տարածքային նուիրատուութեամբ»:

Ակնյայտ կը դառնայ այս ձեւակերպման նմանութիւնը Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւի 2-րդ յօդուածի երկրորդ պարբերութեանը, որտեղ յիշեցնենք նշուած է. «Եւրոպական խորհրդարանը…« Կը նշէ միաժամանակ, որ ժամանակակից Թուրքիան պատասխանատու չի կրնայ յամարուիլ Օսմանեան կայսրութեան հայ բնակչութեան ողբերգութեան համար եւ ամենայն հաստատակամութեամբ կ՛ընդգծէ, որ պատմական այդ իրադարձութիւններու ճանաչումը որպէս ցեղասպանութիւն` առիթ չի կրնար հանդիսանալ քաղաքական, իրաւական կամ նիւթական որեւէ պահանջքի այսօրուայ Թուրքիոյ նկատմամբ» (2):

Ահա թէ ինչու, 2009 թ. Հոկտեմբերին, երբ Շուէտիոյ մէջ կը նախաստորագրուէին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ յայտնի եւ այնքան աղմուկ հանած արձանագրութիւնները՝ այլ պաշտօնատար անձանց շարքին ներկայ էր նաեւ ԱՄՆ պետական քարտուղար Հիլարի Քլինթօնը:

Ճիշդ է, որպէս յաւելում՝ Ռալֆ Պիտերսի քարտէզին մէջ նշուած է, որ Արարատ լեռն ու Անի հնաբոյր մայրաքաղաքը անցնելու են Հայաստանի Հանրապետութեան, ինչպէս նաեւ բաւական ժամանակ է, կը խօսուի այն մասին, թէ Ամերիկեան քաղաքական շրջանակներու մէջ կը քննարկուի իսլամացած հայերու գործոնը շրջանին մէջ: Նկատենք նաեւ, որ 2012 թ. Փետրուարէն սկսած ամերիկեան պետական շրջանակներու մէջ կը հնչեն ելոյթներ ի պաշտպանութիւն Սուրիոյ ու Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան (3,4):

Սակայն միեւնոյնն է, տեսանելի է, որ այս կարգի դիրքորոշումները նոյնպէս չեն արտայայտեր Հայկական Հարցի լուծման թղթածրարի իրաւական – քաղաքական ամբողջական եւ իրական բովանդակութիւնը:

Այնպէս որ այստեղ եւս ստիպուած ենք կրկնելու, որ Հայկական Հարցի լուծման ուղղութեամբ 1918-20 թթ. արդէն իսկ ընդունուած են որոշումներ, որոնց կարգին՝ Ռուսաստանի Կառավարութեան Հռչակագիրը «Թրքահայաստանի մասին» («Արեւմտեան Հայաստանի մասին, 11 Յունուար 1918 թ.), Հայաստան պետութեան անկախութեան փաստացի (de facto) ճանաչումը Փարիզի Վեհաժողովի ժամանակ՝ Դաշնակից Տէրութիւններու Գերագոյն Խորհուրդի կողմէ (19 Յունուար 1920 թ.) եւ դէ յուրէ (de jure) ճանաչումը Դաշնակից Տէրութիւններու Գերագոյն Խորհուրդի կողմէ (11 Մայիս 1920 թ.), Սեւրի Խաղաղութեան պայմանագրի Հայաստանին վերաբերող յօդուածները (10 Օգոստոս 1920 թ.), ԱՄՆ 28-րդ Նախագահ Ուտրո Ուիլսոնի կայացուցած Իրաւարար վճիռը (22 Նոյեմբեր 1920 թ.) եւ այլ որոշումներ, որոնք սակայն հետագային անտեսուած ու մոռացութեան մատնուած են Եւրոպական պետութիւններու ու անոնց կառոյցներու կողմէ (5):

Ուստի, Հայոց իրաւունքներու պաշտպանութեան աշխատանքներու ընթացքին պէտք է նկատի ունենալ, որ այս մարզին մէջ եւս հսկայածաւալ աշխատանք կայ կատարելու, նաեւ ամերիկեան պետական շրջանակներուն յիշեցնելու ԱՄՆ 28-րդ Նախագահ Ուտրո Ուիլսոնի կայացուցած Իրաւարար վճռի (ինչպէս նաեւ այլ որոշումներու) արծարծման ու իրականացման կարեւորութիւնը հայութեան կեանքին մէջ, այսպիսով նոյնպէս նպաստելու կայուն խաղաղութեան ու համագործակցութեան հաստատմանը Մերձաւոր Արեւելքի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ:

(Շարունակելի՝ «Ռուսաստանի Դաշնութեան դիրքորոշումը Հայկական Հարցի լուծման վերաբերեալ») 

Տիգրան Փաշաբեզեան`

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ 

11.12.2016 թ. 

******* 

Ծանոթագրութիւն

  1. Տես, Ռալֆ Պիտերս, «Մերձաւոր Արեւելքի նոր քարտէզը ըստ արիւնակցական կապերու եւ հաւատքի նմանութիւններու» յօդուածն ու քարտէզը, թարգմանութիւնը եւ նախաբանը «Ազգ» օրաթերթի, 25.08.2006թ.: Blood borders, How a better Middle East would look, By Ralph Peters, All content © 2006, Armed Forces Journal | Terms of Service.
  2. Տես, Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւը «Հայկական Հարցի քաղաքական լուծման մասին», 18 Յունիս 1987 թ., «Ուխտ Արարատի» պարբերական, թիւ 1 (19), Մարտ-Ապրիլ, 2010 թ., էջ 10-11:
  3. Տես, ԱՄՆ Քոնկրէսը կը ցանկայ օգնել սուրիահայերուն, 08.2012 թ., Azatutyun.am:
  4. Տես, Քոնկրէսականը կոչ կ՛ընէ պաշտպանել սուրիահայերուն, 10.08.2012 թ., am:
  5. Տես, «Արեւմտեան Հայաստանի հայերու եւ Արեւմտեան Հայաստանի իրաւունքներու պաշտպանութեան իրաւական-քաղաքական միասնական փաթեթ» ժողովածուն (հայերէն, ռուսերէն կամ անգլերէն), որը կրնաք ձեռք բերել «Նոյեան Տապան» հրատարակչութեա զանգահարելով՝ (+374 60) 2764 62: Հասցէն՝ ՀՀ, Երեւան, Իսահակեան 28: – http://nt.am/am/ourpublication/9 

Աղբյուրը` IA REX – Միջազգային փորձագիտական հանրութիւն կայք –

http://www.iarex.ru/articles/53365.html 

Թարգմանութիւնը արեւելահայերէնէ՝ Սալբի Տ, «Լուսաւոր Աւետիս» Լրատուական կայք

***** 

Նախորդ հրապարակումը՝

  1. 1. «Եւրոմիութեան դիրքորոշումը Հայկական Հարցի լուծման վերաբերեալ», 1-ին մաս:

 

Եւրամիութեան դիրքորոշումը Հայկական Հարցի լուծման վերաբերեալ (1-ին մաս)

Հայկական Հարցի լուծման վերաբերեալ Եւրոմիութեան դիրքորոշումը, բնականաբար նաեւ այդ շարքին մաս կազմող երկրներու, մինչեւ վերջերս, կ՝արտայայտուէր Եւրոպական խորհրդարանի «Հայկական Հարցի քաղաքական լուծման մասին» բանաձեւի բովանդակութեան ու յօդուածներու շրջանակներու մէջ (18 Յունիս 1987 թ.) (1):

Գործածեցինք «մինչեւ վերջերս» բառակապակցութիւնը նկատի առնելով այն, որ վերջին ժամանակահատուածին կարելի է եւ ի յայտ գար նոր դիրքորոշումներ: Իսկ եթէ անոնք, այնուհանդերձ, ի յայտ չեն եկած տակաւին, ապա մեր խնդիրն է հասնիլ անոր, որ ի նպաստ Հայկական Հարցի վերջնական եւ ամբողջական լուծման, անոնք եւս ի յայտ գան Եւրոպական խորհրդարանին (եւ ոչ միայն Եւրախորհրդարանի) դիրքորոշումներուն մէջ:

Հայերու ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման Եւրոպական պետութիւններու որոշումներուն մէջ հիմնականօրէն կը նշուի Հայերու ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման, բայց ոչ հատուցման հարցերը, ի տարբերութիւն օրինակ՝ Պօլիվոյ խորհրդարանի երկու պալատներու ճանաչման ու դատապարտման բանաձեւի, որտեղ կը նշուի ոչ միայն հատուցման, այլեւ այդ հարցի նկատմամբ հայ ժողովրդին Պօլիվոյ անվերապահ աջակցութեան մասին, քանի որ Պօլիվեան, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսը, սահմանափակուած չեն Եւրոպական խորհրդարանի ընդունած բանաձեւի շրջանակներուն մէջ (2):

Եւրոպական խորհրդարանի վերոյիշեալ բանաձեւին Հայկական Հարցի քաղաքական լուծման Եւրոպական հայեցակարգը շարադրուած է հետեւեալ կերպ.

ա) Հայերու կոտորածն ու բռնագաղթը, որ տեղի ունեցած է 1915-1917 թթ., կ՛որակուի որպէս ցեղասպանութիւն համաձայն ՄԱԿ-ի «Ցեղասպանութեան հանցագործութիւնը կանխարգելելու եւ անոր պատժի մասին» պայմանադրութեան (9 Դեկտեմբեր 1948 թ.),

բ) հաշուի առնելով, որ տեղի ունեցած է ցեղասպանութիւն, ներկայի Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը պարտաւոր է ճանաչել այն, առանց սակայն դրա համար որեւէ հատուցման հետեւանքի,

գ) եւ երրորդ, որ Հայկական Հարցի լուծումը Թուրքիոյ Հանրապետութեան փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու, անոնց վերականգման ու իրականացման հարց է, այդպիսի կարգավիճակ ունի:

Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւի 2-րդ յօդուածի առաջին պարբերութեան մէջ նշուած է. «Եւրոպական խորհրդարանը… կը գտնէ թէ, ողբերգական իրադարձութիւնները, որ տեղի ունեցան 1915-1917 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան տարածքին հայերու նկատմամբ, կը հանդիսանան ցեղասպանութիւն, համաձայն «Ցեղասպանութեան հանցագործութիւնը կանխարգելելու եւ անոր պատիժի մասին» պայմանադրութեան, ընդունուած ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Վեհաժողովի կողմէ 1948 թուականի Դեկտեմբերի 9-ին»:

Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւի 2-րդ յօդուածի երկրորդ պարբերութեան մէջ գրուած է.

«Եւրոպական խորհրդարանը… կը նշէ միաժամանակ, որ ժամանակակից Թուրքիան պատասխանատու չի համարուիր Օսմանեան կայսրութեան հայ բնակչութեան ողբերգութեան համար եւ ամենայն հաստատակամութեամբ կ՛ընդգծէ, որ պատմական այդ իրադարձութիւններու ճանաչումը որպէս ցեղասպանութիւն` առիթ չեն հանդիսանար քաղաքական, իրաւական կամ նիւթական որեւէ պահանջի այսօրուայ Թուրքիոյ նկատմամբ»:

Բանաձեւի 5-րդ յօդուածին մէջ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու մակարդակին իջեցուած պարբերութիւնը (պարբերութիւններէն մէկը, եթէ ոչ գլխաւորը) ձեւակերպուած է այսպէս.

«Նկատի ունենալով տեղի ունեցած (հայ ժողովուրդի) ողբերգութիւնը, կը միանայ ազգային ինքնատիպութիւնը զարգացնելու անոր ցանկութեանը, երաշխաւորելու անոր իրաւունքները որպէս փոքրամասնութիւն եւ անարգել օգտուելու մարդկային եւ քաղաքացիական իրաւունքներէն, ինչպէս որ անոնք սահմանուած են Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Համաժողովի պայմանադրութեան ու անոր համապատասխան արձանագրութիւններուն մէջ»:

Այսինքն, այդ ամէնը կը հանգի երկխօսութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ փոքրամասնութիւններու՝ հայերու եւ այլ ազգերու, իրաւունքներուն, ինչպէս նշուած է նաեւ բանաձեւի 3-րդ եւ 4-րդ յօդուածներուն մէջ.

«3. Կը պահանջէ (Եւրոպական) Խորհրդէն ճնշում գործադրել ներկայիս թրքական կառավարութեան վրայ, որպէսզի վերջինս ճանչնայ 1915-1917 թուականներու հայերու հանդէպ կազմակերպուած ցեղասպանութիւնը եւ այդպիսով նպաստէ քաղաքական երկխօսութեան հաստատմանը Թուրքիոյ եւ հայերու լիա զօր պատուիրակներու միջեւ:

  1. Մեկնելով այն տուեալներէն, որ հայ ժողովուրդի դէմ անցեալին երիտթրքական կառավարութեան կողմէ գործադրուած ցեղասպանութեան մերժումը ներկայ թուրքական կառավարութեան կողմէ, Յունաստանի հետ գոյութիւն ունեցող վիճելի հարցերով միջազգային իրաւական նորմերու կիրառումէն հրաժարումը, Կիպրոսէն ներս թրքական բռնազավթիչ ուժերու պահպանումը, ինչպէս նաեւ քրտական իրադարձութիւններու ժխտումը, այդ երկրի մէջ (Թուրքիոյ) իսկական ժողովրդավար խորհրդարանականութեան բացակայութիւնը, անհատական, հասարակական ու հատկապէս կրօնական ազատութիւններու ոտնահարումը՝ այս ամէնը կը հանդիսանան անյաղթահարելի արգելքներ Եւրոպական Տնտեսական Համագործակցութեան կազմի մէջ Թուրքիոյ հնարաւոր ընդունման հարցի քննարկման համար»:

Աւելորդ չէ ըսել, որ դեռեւս 1987 թ. Յունիսի 18-ին ընդունուած այս դիրքորոշումը չի համապատասխաներ Հայկական Հարցի լուծման իրաւական – քաղաքական բովանդակութեանն ու սկզբունքներուն, հատկապէս, եթէ նկատի առնուի, որ Հայկական Հարցի լուծման ուղղութեամբ 1918-20 թթ. արդէն իսկ ընդունուած են որոշումներ, որոնց կարգին՝ Ռուսաստանի Կառավարութեան Հռչակագիրը «Թրքահայաստանի մասին» («Արեւմտեան Հայաստանի մասին», 11 Յունուար 1918 թ.), Հայաստան պետութեան անկախութեան փաստացի դէ ֆակտո (de facto) ճանաչումը Փարիզի Վեհաժողովի ժամանակ՝ Դաշնակից Տէրութիւններու Գերագոյն Խորհուրդի կողմէ (19 Յունուար 1920 թ.) եւ դէ յուրէ (de jure) ճանաչումը Դաշնակից Տէրութիւններու Գերագոյն Խորհուրդի կողմէ (11 Մայիս 1920 թ.), Սեւրի Խաղաղութեան պայմանագրի Հայաստանին վերաբերող յօդուածները (10 Օգոստոս 1920 թ.), ԱՄՆ 28-րդ Նախագահ Ուտրո Ուիլսոնի կայացուցած Իրաւարար վճիռը (22 Նոյեմբեր 1920 թ.) եւ այլ որոշումներ, որոնք սակայն հետագային անտեսուած ու մոռացութեան են մատնուած Եւրոպական պետութիւններու ու կառոյցներու կողմէ (3):

Աւելին, մեր ժամանակներուն մէջ, երբ կը համեմատենք Եւրոպական խորհրդարանի «Հայկական Հարցի քաղաքական լուծման մասին» բանաձեւը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թրքական Հանրապետութեան միջեւ նախաստորագրուած արձանագրութիւնները, կը համոզուինք, որ արձանագրութիւնները նոյնութեամբ կը կրկնեն բանաձեւի ձեւակերպումները եւ իրաւական, քաղաքական ու բովանդակային իմաստով կը կազմեն բանաձեւի շարունակութիւնը (4):

Հետեւաբար, այս փաստերէն մեկնած, պէտք է ըսել, որ այն հայկական կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները, որոնք կը յաւակնին Հայոց իրաւունքները պաշտպանել Եւրոխորհրդարանի եւ կամ Եւրոպական այլ կառոյցներու հետ համագործակցութեան միջոցով, պէտք է յստակ պատկերացնեն, որ անոնք չեն ներկայացներ Հայկական Հարցի եւ Հայոց իրաւունքներու պաշտպանութեան իրական պատկերը եւ, ըստ այդմ, պէտք է իմանան, որ խնդիր ունին Եւրոխորհրդարանի եւ Եւրոպական այլ կառոյցներու դիրքորոշումներու մէջ փոփոխութիւն իրականացնել: Այլ կերպ Հայկական Հարցի վերջնական եւ ամբողջական լուծման հնարաւոր չէ հասնիլ եւ շատ աւելի հաւանական է կցորդ դառնալ այդ կառոյցներու ժամանակակից քաղաքականութեան, որ կ՛իրականացուի Մերձաւոր Արեւելքի մէջ եւ որը ամէնեւին չի բխէր տարածաշրջանի ժողովուրդներու ու պետութիւններու անվտանգութեան ու իրաւունքներու շահերէն (5):

Ամէն կերպ պէտք է խուսափիլ կցորդի կարգավիճակին մէջ յայտնուելու բախտէն եւ ընթանալ Հայոց բոլոր իրաւունքները պաշտպանելու եւ անոր նկատմամբ պետութիւններու, կողմերու ու կառոյցներու դիրքորոշման փոփոխութեան ու ճշգրտման ճանապարհով՝ այնպէս, ինչպէս դա կը պահանջէ Հայկական Հարցի վերջնական եւ ամբողջական լուծման նշեալ թղթածրարի իրաւական – քաղաքական բովանդակութիւնը (6):

(Շարունակելի՝ «ԱՄՆ-ի դիրքորոշումը Հայկական Հարցի լուծման վերաբերեալ»)

Տիգրան Փաշաբեզեան`

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ            

10.12.2016 թ.

***

Ծանօթագրութիւն

  1. Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւը «Հայկական Հարցի քաղաքական լուծման մասին», 18 Յունիս 1987 թ., «Ուխտ Արարատի» պարբերական, թիւ 1 (19), Մարտ-Ապրիլ, 2010 թ., էջ 10-11:
  2. Տես, Պօլիվիոյ խորհրդարանի երկու պալատները ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Խորհրդարանի երկու պալատները «կը հաստատեն իրենց հաւատարմութիւնը մարդու իրաւունքներուն, ճշմարտութեան եւ արդարութեան արժէքներուն, կ՛արտայայտեն իրենց զօրակցութիւնը եւ կը դատապարտեն Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայ ժողովուրդի դէմ իրականացուած մարդկային ծանր հանցագործութեան ժխտողականութեան քաղաքականութիւնը»: 21.04.2015 թ., Orer.am:
  3. Տես, «Հայերու ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հատուցման հարցերու շուրջ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմավարութեան մասին», 10.2014 թ.:
  4. Տես, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ նախաստորագրուած արձանագրութիւններ, «Ուխտ Արարատի» պարբերական, թիւ 2 (18), Հոկտեմբեր-Դեկտեմբեր, 2009 թ., էջ 8-9:
  5. Տես, HDP Եւրոպայի ներկայացուցչութեան կեդրոնին մէջ 17 Նոյեմբերին հանդիպում տեղի ունեցած է Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարի (ԱԱՀ) պատուիրակութեան եւ Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութեան (HDP-ի) ղեկավարութեան եւ Եւրոպայի կառոյցի ներկայացուցիչներուն միջեւ, 17.11.2016 թ., Arevelk.am:

(Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարը (ԱԱՀ) պէտք չէ շփոթել Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի (ԱՀԱԽ) հետ, հիմնուած Շուշիի մէջ 2004 թ. – հեղ.)

  1. Տես, «Արեւմտեան Հայաստանի հայերու եւ Արեւմտեան Հայաստանի իրաւունքներու պաշտպանութեան իրաւական-քաղաքական միասնական փաթեթ» ժողովածուն (հայերէն, ռուսերէն կամ անգլերէն), որը կարող էք ձեռք բերել «Նոյեան Տապան» հրատարակչութիւն զանգահարելով՝ (+374 60) 2764 62: Հասցէն՝ ՀՀ, Երեւան, Իսահակեան 28: – http://nt.am/am/ourpublication/9

 

Աղբյուրը` IA REX – Միջազգային փորձագիտական հանրություն կայք –

http://www.iarex.ru/articles/53361.html 

Թարգմանութիւնը արեւելահայերէնէ՝ Սալբի Տ, «Լուսաւոր Աւետիս» Լրատուական կայք

Ստեղծուել Է «Շուէդիայի Հայերի Միութիւնը» 

2016 թ. նոյեմբերի 22-ին նշանակալի իրադարձութիւն է տեղի ունեցել Շուէդիայի Թագաւորութիւնում ապրող հայերի կեանքում, երկրի լիազօր մարմինը պաշտօնապէս գրանցել է նոր հայկական կազմակերպութիւն` «Շուէդիայի Հայերի Միութիւնը»: Հէնց այն նոյն օրը, երբ 1920 թ. նոյեմբերի 22-ին ԱՄՆ 28-րդ Նախագահ Վուդրոյ Վիլսոնը հայ ժողովրդի համար ընդունել է ճակատագրական որոշում` կայացրել Իրաւարար վճիռ Թուրքիայի եւ Հայաստան պետութեան միջեւ սահմանի վերաբերեալ:

Շուէդիայի Հայերի Միութեան նախագահ է ընտրուել Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) պատգամաւոր Սարգիս Գասպարեանը:

Շուէդիայի Հայերի Միութեան նպատակն է.
աջակցել ազգային մշակոյթի, լեզուի, կրթութեան, աւանդոյթների զարգացմանն ու պահպանմանը, ազատ մուտք ապահովել դէպի ազգային-մշակութային եւ պատմական արժէքներ, օժանդակել մշակութային, կրթական, հոգեւոր, սոցիալական, իրաւական, տեղեկատուական եւ տնտեսական կարիքներին` Շուէդիայում, Արեւմտեան Հայաստանում եւ ամբողջ աշխարհում,
աջակցել Հայկական Հարցի վերջնական լուծմանը, հայերի միաւորման ու համախմբմանը ամբողջ աշխարհում` լուծելու համար այդ հարցը,
աջակցել վերականգնելու պատմական եւ համամարդկային արդարութեանը Արեւմտեան Հայաստանի հայերի եւ Կիլիկիայի հայերի համար,
աջակցել Հայերի ցեղասպանութան ճանաչման, դատապարտման ու հատուցման գործընթացին, որ տեղի է ունեցել Արեւմտեան Հայաստանում, Կիլիկիայում եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ` 1894-1923 թթ,
աջակցել ու մարդասիրական օգնութիւն հասցնել Արեւմտեան Հայաստանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի հայերին, ինչպէս նաեւ պարտադրուած տեղահանուածներին,
աջակցել խաղաղութեան, բարեկամութեան եւ համաձայնութեան ամրապնդմանը ժողովուրդների միջեւ,
պաշտպանել Միութեան անդամների իրաւունքներն ու օրինական շահերը:

Առաջիկայում, Շուէդիայի Թագաւորութեան մայրաքաղաք Ստոկհոլմում, տեղի կ’ունենայ Շուէդիայի Հայերի Միութեան հիմնադրման հանդիսաւոր շնորհանդէսը` Շուէդիայի Ռիկսդագի (Խորհրդարանի) պատգամաւորների, Թագաւորութեան քաղաքական, հասարակական, ազգային եւ կրօնական գործիչների, դիւանագիտական կորպուսի եւ Զլմ-ների, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական ներկայացուցիչների եւ Շուէդիայի, Եւրոպայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի հայկական կազմակերպութիւնների մասնակցութեամբ:

Շուէդիայի Հայերի Միութեան գրասենեակը գտնւում է Գեօթեբուրգ քաղաքում:
E-mail: [email protected]

Տեղեկանք:
Սարգիս Գասպարեանը ծնուել է 1973 թ-ին Լիբանանում: Նախնիները Արեւմտեան Հայաստանի Տիգրանակերտ մարզից են: Հայոց ցեղասպանութեան տարիներին թուրքական իշխանութիւնները ընտանիքի անդամներին աքսորել են անապատ, դէպի Դեյր էզ Զօր, որտեղ նրանց փրկել են բեդուին ցեղերը: Յետագայում ապաստան են գտել Սիրիայի Հասակէ եւ Կամըշլի քաղաքներում: Վերջին 30 տարիների ընթացքում, 1986 վականից սկսած, մշտապէս բնակուել եւ աշխատել է Շուէդիայում:

2013 թուականի նոյեմբերին ընտրուել է Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) պատգամաւոր:
Ամուսնացած է: Ունի 3 երեխայ:

Շուէդիայի Հայերի Միութեան Մամուլի ծառայութիւն