Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) Հաւատքի եւ Հայրենակցական հարցերու մշտական յանձնախումբերու տարած աշխատանքը 2016-թ ընթացքին:
Հարգելի գործընկեր,
Ահաւասիկ հաւաքական գործի արդիւնքները.
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) Հայրենակցական, համայնքային ու հայրենասիրական հասարակական միութիւններու եւ Հաւատքի հարցերու մշտական յանձնաժողովներու ներկայացուցիչները յունուար 2016-են սկսեալ ձեռնարկեցին «Այլակրօն հայերն աշխարհի» թեմայով խորհրդաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները, որը կարելի եղաւ յաջողութեան իրականացնել Երեւանի «Կոնգրես» հիւրանոցի ժողովասրահին մէջ, 8 Սեպտեմբեր 2016 թ: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր այն անձերուն, որ իրենց բարոյական եւ անմիջական մասնակցութիւնը բերեցին խորհրդաժողովի աշխատանքներուն:
Հաւատքի եւ Հայրենակցական հարցերու մշտական յանձնախումբերու համագործակցութեան շրջանակներուն մէջ սերտորեն աջակցեցին Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոծ նախարարութեան եւ նախարար Գառնիկ Սարգիսեանին Մերձավորարեւելեան այցելութիւններն ու հանդիպումները յաջողութեամբ պսակելու համար:
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք պատգամաւոր Աշոտ Գազանճեանին, նիւթական եւ բարոյական աջակցութեան համար: Հաւատքի եւ Հայրենակցական հարցերու մշտական յանձնախումբերու ներկայացուցիչը եւ Լիբանանի անձնակազմը մասնաւորապէս շնորհակալութիւն կը յայտնեն այն անձնաւորութիւններուն, ովքեր դիւրացուցին ծրագրւած աշխատանքներու իրականացումը:
2017-թ ընթացքին տարուելիք աշխատանքերը:
Նախապատրաստութեան մէջ է, «Այլակրօն հայերն աշխարհի» թեմայով երկրորդ Խորհրդաժողովը որ տեղի պիտի ունենայ 2017-ի փետրուար ամսուայ ընթացքին:
Հարմանտայեան Արմենակ,
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) պատգամաւոր,
Հաւատքի եւ Հայրենակցական հարցերու մշտական յանձնախումբերու ներկայացուցիչ
17 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2016
ՓԱՐԻԶ