Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան 6-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան ստեղծումը ընթացել է երկու փուլով:

 1-ին փուլում ընդունուել է Հռչակագիր «Արեւմտեան Հայաստանի Կառավարութիւն ստեղծելու գործընթացի մասին« (4 փետրուար 2011 թ.), որտեղ մասնաւորապէս ասուած է. «Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու Ազգային Խորհուրդը, արտայայտելով Արեւմտեան Հայաստանի հայոց կամքը ու գիտակցելով իր պատասխանատւութեան խիստ կարեւորութիւնը իր ժողովուրդի հանդէպ, զոր կ’առնչուի անոնց իղձերու իրականացման եւ խեղաթիւրուած արդարութեան վերականգնման գործընթացին, հանդէս կու գայ հրապարակելու հետեւեալ որոշումը՝ Յենուելով միջազգային հետեւեալ հանգամանքներու վրայ.

ա) ՄԱԿ-ի մարդու իրաւանց համընդհանուր սկզբունքներուն

բ) միջազգային իրաւունքի հանրածանօթ չափանիշներուն

գ) Արեւմտեան Հայաստանի հայերու ինքնորոշման իրաւունքի կիրառման անհրաժեշտութեան, որ պահանջուած է Ազգային Խորհուրդի կողմէ 2004 թ. դեկտեմբեր 17-ին

Կը հռչակէ

Աշխարհասփիւռ հայութեան լիիրաւ պետական կառոյցի մը ստեղծումը, այսինքն՝ Արեւմտեան Հայաստանի վտարանդի կառավարութեան կազմութեան սկիզբը»:

2011 թ. ապրիլի 7-ին Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի Նախագահի հրամանագրով Տիգրան Փաշաբեզեանը նշանակւում է վարչապետ ու ձեռնարկում կառավարութեան ձեւաւորման գործընթաց: Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը սկզբում կոչուել է Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութիւն, իսկ 2014 թ. օգոստոսի 10-ից այն վերանուանուել է որպէս Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան (Հայաստան) Կառավարութիւն:

Վերոնշեալ Հռչակագիրը հիմուած է երկու ամլ կարեւոր փաստաթղթերի վրայ՝ «Արեւմտեան Հայաստանի հայերի ինքնորոշման իրաւունքի մասին» Հռչակագրի (17 դեկտեմբեր 2004 թ.) եւ «Արեւմտեայ Հայաստանի հայերի իրաւունքների մասին» Հռչակագրի (20 յունուար 2007 թ.):

2004-ին ընդունուած Հռչակագրի 2-րդ յօդուածում նշուած է.

«Արեւմտեան Հայաստանի (Հայրենիք) երաշխաւորը իր ժողովուրդն է՝ այսօր տարագիր, որ իր իշխանութիւնը պիտի կիրառէ ուղղակիօրէն, ինչպէս նաեւ իր ներկայացուցիչներուն միջոցով՝ հիմնուելով Սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն վրայ: Յանուն Արեւմտեան Հայաստանի (Հայրենիք) արտայայտուելու իրաւունքը Ազգային Խորհուրդի բացառիկ իրաւունքն է»:

2007-ին ընդունուած Հռչակագրում 3-րդ յօդուածում նշուած է.

«Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրենց իրենց տնօրինելու իրաւունք ունեն: Այս իրաւունքի շնորհիւ նրանք ազատօրէն որոշում են իրենց քաղաքական կարգավիճակը եւ ապահովում իրենց տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային զարգացումը»:

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան ձեւաւորման 2-րդ փուլը սկսւում է 2014 թ. յունուարի 18-20-ին, երբ 2013-ի դեկտեմբերի 1-ին աւարտւում են Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) ընտրութիւնները ըստ` «Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) ձեւաւորման մասին» Հռչակագրի (25 մայիս 2013 թ.):

Պատգամաւորների լիազօրութիւնները հաստատւում են 2014-ի յունուարի 18-ին` առաջին նստաշրջանի ժամանակ, որտեղ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) Նախագահ է ընտրւում Արմէն Տէր-Սարգսեանը:

2014-ի յունուարի 20-ին Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ է ընտրւում Արմէնակ Աբրահամեանը:

Նոյն օրը` 2014-ի յունուարի 20-ին, ԱՀՀ Նախագահ Արմէնակ Աբրահամեանի առաջարկութեամբ որպէս Արեւմտեան Հայաստանի Կառավարութեան Վարչապետ Տիգրան Փաշաբեզեան թեկնածութիւնը քննարկում ու հաստատում է Խորհրդարանը, որից յետոյ Վարչապետի նշանակումը հրամանագրով հաստատում է ԱՀՀ Նախագահը:

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան ստեղծումը ինքնանպատակ գործողութիւն չէ, այն թելադրուած է Արեւմտեան Հայաստանի հայերի իրաւունքները լաւագուն ձեւով պաշտպանելու ու իրականացնելու հայեցակարգով ու ռազմավարութեամբ:

Հաւատում ենք, որ ներդրուած ահռելի ջանքերն ու գործողութիւնները անպայման ցանկալի արդիւնք են գրանցելու, ուստի Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան 6-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ սրտանց շնորհաւորում ենք մեր բոլոր գործընկերներին, ընկերներին ու համակիրներին, բոլոր հայրենակիցներին ու մաղթում նոր ուժ ու եռանդ մեր իրաւունքների պաշտպանութեան ու հաստատման գործում:

Տիգրան Փաշաբեզեան

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ

 04.02.2017 թ.

Հիւսիսային Կիպրոսի (Թուրքերու կողմէ գրաւուած 1974-են ի վեր) Թուրք ներկայցուցիչները հրաժարեցան ապահովել

Արեւմտէան Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը չի մասնակցիր Եւրոպայի ախոյանութէանը, որ տեղի պիտի ունենայ Յունիս 2017-ին Հիւսիսային Կիպրոսի /թուրքերու կ’ողմէ գրաւուած 1974-են ի վեր/ տարածքի վրայ, կազմակերպութէամբ միջազգային չի ճանցուած երկիրներու միացէալ կազմակերպութէան ConLFA:

Հիւսիսային Կիպրոսի /թուրքերու կ’ողմէ գրաւուած 1974-են ի վեր/ թուրք ներկայցուցիչները յայտարարեցին, որ չեն կրնար ապահովել Արեւմտէան Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականի անվտանգութիւնը, մարզանքը խառնելով քաղաքականութէան, փորձելով ճնշում բանեցնել ընդհանրապէս խաղացողներու եւ խաղացողներու միջոցով մեր հայրենակիցներու ու լրատուական ցանցերու վրայ:

Կը յիշեցնենք Հիւսիսային Կիպրոսի /թուրքերու կ’ողմէ գրաւուած 1974-են ի վեր/ թուրք ներկայացուցիչներուն, որ  միջազգային լրատուական ցանցերուն վրայ ձեր այս ճնշումը էական արդիւնք չի գրանցելու, քանի որ մեր կամքը հաստատուն է, մեր Բնօրրան Հայրենիքի` Հայկական Լեռնաշխարհի պէս կայտառ ու տոկուն:

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի շնորհաւորանքը Հայութեան 2017 թուականի Նոր Տարուայ և Սուրբ Ծնունդի կապակցութեամբ

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի շնորհաւորանքը Հայութեան 2017 թուականի Նոր Տարուայ և Սուրբ Ծնունդի կապակցութեամբ

(Հայերեն եւ ֆրանսերեն լեզուներով)

 

 

 

2017 թուականի Նոր Տարուայ Նախագահական Մաղթաքները

Յարգելի հայրենակիցներ,

Ես լաւ գիտեմ մեր այսօրուան վիճակը՝ մանաւանդ երբ տեղեկութիւն ստացած եմ, թէ ինչ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանին գտնուող Չինարի գիւղին մօտ:

Ամիջապէս ցավակցություներս յայտնեցի զոհուածներու ընտանիքներուն,

Այսօր կ՛ուզեմ որ վստահ ըլլաք՝ մեր դիրքը պարզ է, այս բոլոր յանցագործութիւնները պիտի ունենան համարժէք պատասխաններ:

Սիրելի հայրենակիցներ,

Թոյլ տուէք ինծի, որ Հայ ժողովուրդին մաղթեմ յաջողութիւն, կամք եւ կորով՝ յանուն մեր իրաւունքներուն և հայրենատիրութեան, պահաջատիրութեան խնդրի արդարացի  լուծման, հիմք ընդունելով այն փաստը, որ մենք բնիկ ժողովուրդն ենք մեր հայրենիքին, նաև այն փաստերը,

Որ 9 Մայիս  2016  թ.-ին –  Արեւմտեան  Հայաստանի  Հանրապետութեան Նախագահական

Հրամանագիրով վաւերացրուած է Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը,

Որ 24 Յունիս 2016 թ.-ին – Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահական Հրամանագիրով վաւերացուած է Սեւրի խաղաղութեան պայմանագիրը,

Որ 9 Օգոստոսի 2016 թ.-ին – Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահական Հրամանագիրով վաւերացուած է Ծովի Պայմանադրութիւնը (կոնվենցիան),

Որ 1 հոկտեմբեր 2016 թ.-ին – Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահական Հրամանագիրով ընդունուեցաւ Մոնտեվիդեոյի Պայմանադրութիւնը (կոնվենցիան) պետութիւններու իրաւունքներուն մասին,

Որ 16 Հոկտեմբեր 2016 թ.-ին – Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահական Հրամանագիրով Հայ Լեգեոնը կը կազմէ Կամաւորականներու Պահեստային Գումարտակ,

Որ 11 Նոյեմբեր 2016 թ.-ին – Արեւմտեան Հայաստանի  Հանրապետութեան Նախագահական Հրամանագիրով բարձրացուեցաւ որոշում՝ Ռաֆայել Լեմկինին ճանչնալու որպէս «Արդարադատ գործիչ» Հայաստանի համար:

Թող 2017 թուականը ըլլայ արդար և իմաստալից տարի:

Ձեզի հետ Միասին 2017 թուականին ունինք կարեւոր հանդիպումներ՝ բացի մեր  ամէնօրեայ աշխատանքներէն:

Ինչպէս 19 Յունուարին՝ երբ նոյն օրը 1920 թ,-ին Դաշնակից տէրութիւնները ճանաչած են Արեւմտեան Հայաստանի պետութեան անկախութիւնը՝ որպէս Հայաստան և որպէս Հայկական պետութիւն,

Ինչպես Հայ Լեգէոնի հարիւրամեայ տարեդարձը,

Ինչպէս միասնաբար պիտի Պատրաստուինք 2018 թ,-ի Խորհուրդարանի ընտրություններուն համար,

Ինչպէս պիտի Պատրաստենք Ռուսական Հռչակագիրի (դեկրետի) հարիւրամեակի տարեդարձը՝ որպէս Արեւմտեան Հայաստանի անկախութեան առաջին պաշտօնական ճանաչման յուշ, երբ 11 Յունուար 1918 թ.-ին Ռուսաստանը ճանչած է Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու ինքնորոշման իրաւունքը՝ մինչեւ անկախութիւն,

Ինչպէս 22 Նոյեմբերին իր իրաւարար վճռի հետ՝ ԱՄՆ-Ի 28-րդ Նախագահ Վուդրո Ուիլսընը ամրագրեց մեր անժամանցելի և անբեկանելի իրաւունքը:

Թոյլ տուէք՝ որ շնորհաւորեմ Հայրենիքի մէջ և Հայրենիքէն դուրս ապրող մեր հայրենակիցներու Նոր Տարին:

Կը Մաղթեմ Արեւմտեան Հայաստանի պաշտպանական ուժերուն՝ Մերձաւոր արեւելքի հայերուն և այլ բնիկ ժողովուրդներուն (Յոյներ, Ասորիներ, Եզդիներ, Արեւիներ եւ Քրդեր) ուժեղ դիմադրութիւնը մինչեւ խաղաղութիւն, շուտով նորեն կը միանանք:

Մենք ամէն ինչ կ՛ընենք՝ որպեսզի 2017 թուականը ըլլայ վճռական և դրական փոփոխութիւններու տարի,

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի անդամներուն, Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան անդամներուն, Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն և, արտերկրի հայկական կառոյցներուն՝ կը մաղթեմ արդիւնաւետ տարի, թող այդ դրական փոփոխութիւնը հիմք հանդիսանայ խորքային եւ ներդաշնակ գործունէութիւն իրականացնելու համար,

Ինչպէս միշտ՝ մենք ուժեղ կ;լլանք միասնական, և նպատակասլաց՝ ազգային գերակայ խնդիրները լուծելու դժուարին ճանապարհին:

Թող 2017 թուականը ըլլայ արդար պահանջներու իրականացման տարի:

Անգամ մը եւս կը շնորհաւորեմ բոլորի Նոր Տարին և Սուրբ Ծնունդը, և կը  ցանկանամ գալիք տարին բերէ նորանոր յաջողութիւններ, նպատակներու և երազանքներու իրականացում:

Նոյնիսկ երբ անոնց հետ չենք՝ մենք մտքով կը մնանք մեր ազատամարտիկներուն կողքին:

Արմենակ Աբրահամեան

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ

31 Դեկեմբեր 2016թ.

Ռուսաստանի Դաշնութեան դիրքորոշումը Հայկական Հարցի լուծման վերաբերեալ  (3-րդ մաս)

Ռուսաստանի Դաշնութեան համար Հայկական Հարցի լուծումը, մինչեւ վերջերս, պարզ էր եւ սահմանափակուած Մոսկուայի «Ռուս-թուրքական պայմանագրի» դրոյթներով (16 Մարտ 1921 թ.) (1): Մինչեւ ճշմարտութեան բացայայտման այն պահը, երբ «Գունաւոր յեղափոխութիւններու» հետեւանքով Ռուսաստանը մէկը միւսի ետեւէ կորսնցուց դիրքեր Մերձաւոր Արեւելքի մէջ եւ կը մնար այն վերջնականապէս կորսնցնել, կորսնցնելով նաեւ Սուրիան: Մինչեւ այն պահը, երբ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ Հանրապետութեան վարած քաղաքականութիւնը Ռուսաստանի համար կը համարուէր չարիքներու փոքրագոյնը՝ համեմատած արեւմուտքի պետութիւններու վարած քաղաքականութեան: Մինչեւ այն պահը, երբ վերջնականապէս պարզ դարձաւ, որ Թուրքիան չի հրաժարիր նեոօսմանական քաղաքականութիւն վարելէն եւ հաւատարիմ կը մնայ յատկապէս ահաբեկչական ծայրահեղ խմբաւորումներուն մինչեւ վերջ աջակցելու ու օժանդակելու ծրագրին՝ փորձելով զանոնք ծառայեցնել տարածաշրջանային իր ծաւալապաշտական ու յարձակողական ձգտումներուն, որոնց կարգին՝ Սուրիա եւ Իրաք ներխուժման (2):

Այնուհանդերձ, յիշեցնենք Մոսկուայի պայմանագրի այն հիմնական դրոյթները, որոնք տասնամեակներ շարունակ սահմանափակեցին ինչպէս հայկական իրաւունքները պաշտպանելու հայկական կողմի հնարաւորութիւնները, այնպէս էլ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ (եւ նրա միջոցով աշխարհում) լիարժէք քաղաքականութիւն վարելու ռուսական կողմի բոլոր ակնկալիքներն ու պատկերացումները:

Անոնցմէ առաջինը ձեւակերպուած է պայմանագրի 1-ին իսկ յօդուածին մէջ.

«Պայմանաւորուող կողմերէն իւրաքանչիւրը սկզբունքօրէն կը համաձայնի չճանչնալ ոչ մէկ հաշտութեան պայմանագիր կամ միջազգային որեւէ այլ փաստաթղթեր, եթէ Պայմանաւորուող կողմերէն միւսին ուժով կը հարկադրեն ընդունել այդպիսին: Ռուսաստանի Սոցիալիստական Ֆեդերատիւ Սովետական Հանրապետութեան կառավարութիւնը կը համաձայնի չճանչնալ Թուրքիոյ վերաբերուող եւ այսօր Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովը ներկայացնող անոր ազգային կառավարութեան կողմէ չճանչցուած որեւէ միջազգային փաստաթուղթ: Թուրքիա հասկացողութեան տակ սոյն պայմանագրին մէջ կը յստակեցուին այն տարածքները, որոնք ներառուած են 1920 թուականի Յունուարի 28-ի թրքական Ազգային ուխտի մէջ, որը Կ. Պոլսոյ մէջ մշակած եւ հռչակած է Օսմանեան պատուիրակութեան Պալատը եւ հաղորդած մամուլին ու բոլոր պետութիւններուն»:

Աւելցնենք, որ պայմանագրի 16 յօդուածներէն եւս մէկը կ՛ենթադրուի, թէ կ՛առնչուի Ռուսաստանի շահերուն, 5-րդ յօդուածը՝ նեղուցներու անարգել օգտագործման վերաբերեալ, եւ վերջ, մնացած բոլոր յօդուածները կամ չեն առնչուիր ուղղակիօրէն Ռուսաստանի շահերուն, կամ կը հակասեն անոնց:

Միջազգային լայնածաւալ քաղաքականութիւն իրականացնելու տեսակէտէն Ռուսաստանի համար շատ մեծ սահմանափակումներ կը պարունակէ յատկապէս պայմանագրի 8-րդ յօդուածը.

«Պայմանաւորուող երկու կողմերը պարտաւորուած են իրենց տարածքներուն մէջ արգիլել այնպիսի կազմակերպութիւններու եւ խումբերու առաջացումն ու գոյութիւնը, որոնք ունին միւս երկրի, կամ անոր տարածքի մէկ մասի կառավարութեան դերն ստանձնելու հաւակնութիւն, ինչպէս նաեւ կը պարտաւորուի իր տարածքին մէջ արգիլել այնպիսի խումբերու գոյութիւնը, որոնց նպատակն է պայքարը միւս երկրի դէմ: Ռուսաստանն ու Թուրքիան փոխադարձութեան պայմանով կը ստանձնեն նոյնպիսի պարտաւորութիւն նաեւ Կովկասի Սովետական Հանրապետութիւններու վերաբերմամբ: Որոշուած կը համարուի, որ սոյն յօդուածին մէջ յիշատակուած թրքական տարածքի տակ կը հասկցուի այն տարածքը, որը կը գտնուի Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի կառավարութեան զինուորական եւ քաղաքացիական անմիջական կառավարման ներքոյ»:

Աւելորդ չէ նշել, որ Թուրքիան երբեք հաւատարիմ չէ եղած պայմանագրի ոգիին ու տառին, եւ մշտապէս գործեր է այնպէս, ինչպէս հարմար նկատեր է:

Սակայն ինչպէս նշեցինք արդէն, այս հարցին մէջ փոփոխութիւն յառաջացած է վերջին տասնամեակի ընթացքին՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող բուռն իրադարձութիւններու լոյսին տակ:

Այս իմաստով յատկապէս շրջադարձային է 2012 թուականը, երբ եւ Ռուսաստանի, եւ ԱՄՆ-ի քաղաքական շրջանակներն առաջին անգամ սկսան խօսիլ Սուրիոյ ազգային եւ կրօնական խումբերու, ասոնց շարքին՝ հայերու անվտանգութեան հարցերու եւ իրաւունքներու վերաբերեալ:

Մասնաւորապէս 2012 թ. Նոյեմբերի 16-ին Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինը յայտարարեց. «Պէտք է համաձայնութեան գալ Սուրիոյ ազգային խումբերու վերաբերեալ: Մեր գնահատակը յայտնի է, մենք կը համարենք, որ սկիզբը պէտք է պայմանաւորուիլ ապագայի վերաբերեալ, սկիզբը պէտք է հասկնալ, թէ ինչպէս ապահովել զանազան ազգային եւ կրօնական խումբերու օրինական շահերն ու իրաւունքները: Եւ ոչ թէ հակառակը՝ Ասատին հեռացնել, եւ յետոյ միայն մտածել, թէ անոնց հետ ինչպէս վարուիլ» (3, 4):

Սա միայն սկիզբն է, եւ մօտ ապագային շատ աւելի յստակ պիտի ըլլայ Ռուսաստանի Դաշնութեան վարած քաղաքականութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի հիմնահարցերուն մէջ, որտեղ աւելի ու աւելի յստականալու է անոր կողմնորոշման փոփոխութիւնը դէպի 1918-1920 թթ. կայացուած որոշումներ ու պայմանագրեր, որոնք հաշուի կ՛առնէին տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդներու ու պետութիւններու օրինական իրաւունքներն ու շահերը, եւ անոր միջոցով ձգտումը՝ հաստատելու կայուն խաղաղութիւն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: Ասոնց շարքին նկատի ունենալով, անշուշտ, ոչ միայն Ռուսաստանի Կառավարութեան Հռչակագիրը «Թրքահայաստանի մասին» («Արեւմտեան Հայաստանի մասին», 11 Յունուար 1918 թ.), այլեւ Սեւրի Խաղաղութեան պայմանագիրը (10 օգոստոս 1920 թ.) եւ ԱՄՆ Նախագահ Ուտրո Ուիլսոնի Իրաւարար վճիռը (22 Նոյեմբեր 1920 թ.), ինչպէս նաեւ Հայերու ցեղասպանութիւնը դատապարտող Մեծ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի համատեղ յայտարարութիւնը, որտեղ 1915 թ. Ապրիլեան կոտորածները որակեցին որպէս «Թուրքիոյ նոր ոճիրը մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ» (24 Մայիս 1915 թ.) (5), Ռուսաստանի Դաշնութեան Պետդումայի ընդունած հռչակագիրը Հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան դատապարտման մասին (14 Ապրիլ 1995 թ.) (6):

Մերձաւորարեւելեան տարածաշրջանի եւ անկէ մեկնած ամբողջ աշխարհի մէջ լիարժէք քաղաքականութիւն վարելու եւ մնայուն խաղաղութիւն հաստատելու այլ տարբերակներ պարզապէս չկան, այդ թվում եւ այնպիսի մեծ ու հզօր տէրութեան համար, ինչպիսին Ռուսաստանի Դաշնութիւնն է:

Տիգրան Փաշաբեզեան`

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ

 26.12.2016 թ.

 ***

 Ծանոթագրութիւն

  1. Տես, Պայմանագիր Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ, 16 Մարտ 1921 թ., Մոսկուայ: (Ճոն Կիրակոսեան, Ռուբէն Սահակեան, «Հայաստանը միջազգային դիւանագիտութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան փաստաթուղթերու մէջ՝ 1828-1923 թթ.», «Հայաստան» հրտ., Երեւան, 1972, էջ 499):
  2. Տես, Արմէն Տէր-Սարգսեան. «Հայկական Հարցը եւ Թուրքիոյ նեոօսմանական քաղաքականութիւնը, մարտահրաւերներ եւ սպառնալիքներ», զեկոյց՝ ներկայացուած «Ռեգնում» Լրատուական գործակալութեան կազմակերպած կոնֆերանսի ժամանակ, 17 Նոյեմբեր, 2016 թ., «Նոյեան Տապան» Լրատուական գործակալութիւն, http://nt.am/am/news/229947///?hayworld:

Армен Тер-Саркисян: «Армянский Вопрос и неоосманская политика Турции: вызовы и угрозы», ИА РЕГНУМ – https://regnum.ru/news/polit/2206970.html.

  1. Армен Тер-Саркисян: «Реализация Севрского договора – путь к миру на Ближнем Востоке», ИА РЕГНУМ – https://regnum.ru/news/polit/2206970.html/
  2. Տես, «Сначала нужно договориться о судьбе этнических групп и только потом ставить вопрос об отставке Асада», считает президент РФ, Подробнее на ТАСС, 16 ноября 2012, http://tass.ru/politika/647924/:
  3. ԱՄՆ Քոնկրէսը կը ցանկայ օգնել սուրիահայերուն, 08.2012 թ., Azatutyun.am:
  4. Տես, «Արեւմտեան Հայաստանի հայերու եւ Արեւմտեան Հայաստանի իրաւունքներու պաշտպանութեան իրաւական-քաղաքական միասնական փաթեթ» ժողովածուն (հայերէն, ռուսերէն կամ անգլերէն), որը կրնաք ձեռք բերել «Նոյեան Տապան» հրատարակչութիւն զանգահարելով՝ (+374 60) 2764 62: Հասցէն՝ ՀՀ, Երեւան, Իսահակեան 28: – http://nt.am/am/ourpublication/9/
  5. Տես, Պետական Դումայի յայտարարութիւնը 1915-1922 թթ. հայ ժողովրդի ցեղասպանութեան դատապարտման մասին. «Ռուսաստանի Դաշնութեան Դաշնային Ժողովի Պետական Դուման հիմնուելով անհերքելի պատմական փաստերու վրայ, որոնք կը վկայեն Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին 1915-1922 թթ. հայերու բնաջնջման մասին, հետեւելով ցեղասպանութեան եանցագործութիւնը կանխարգելելու եւ անոր համար պատժի մասին 1948 թ. Դեկտեմբերի 9-ին ՄԱԿ-ի ընդունած Կոնուենցիայի ոգուն ու տառին, պատերազմական հանցագործութիւններու եւ մարդկութեան դէմ ուղղուած եանցագործութիւններու նկատմամբ վաղեմութեան ժամկէտ չլիրառելու մասին 1968 թ. Նոյեմբերի 26-ի ՄԱԿ-ի ընդունած Կոնուենցիային, ձգտելով վերածնել ռուսական պետութեան մարդասիրական աւանդոյթները, յիշեցնելով, որ Ռուսաստանի նախաձեռնութեամբ եւրոպական մեծ տէրութիւնները դեռ 1915 թ. հայ ժողովուրդի հանդէպ թուրքական կայսրութեան գործողութիւնները որակեր են որպէս «մարդկութեան դէմ ուղղուած եանցագործութիւն», նշելով, որ իր պատմական հայրենիքին մէջ եղբայրական հայ ժողովուրդի ֆիզիկական բնաջնջումը կատարվեր է Ռուսաստանի քայքայման համար պայմաններ ստեղծելու նպատակով, կը դատապարտէ 1915-1922 թթ. հայերու բնաջնջման կազմակերպիչներուն, իր կարեկցանքը կը յայտնէ հայ ժողովուրդին եւ Ապրիլի 24-ը կը համարէ ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր»:

http://www.genocide-museum.am/arm/states.php 

Աղբյուրը` IA REX – Միջազգային փորձագիտական հանրություն կայք –

http://www.iarex.ru/articles/53429.html

 Թարգմանութիւնը արեւելահայերէնէ՝ Սալբի Տ., «Լուսաւոր Աւետիս» Լրատուական կայք

*** 

Նախորդ հրապարակումները՝

  1. «Եւրոմիութեան դիրքորոշումը Հայկական Հարցի լուծման վերաբերեալ», 1-ին մաս:
  2. «ԱՄՆ-ի դիրքորոշումը Հայկական Հարցի լուծման վերաբերեալ», 2-րդ մաս:

Արմէն Տէր-Սարգսեան. «Մերձաւոր Արեւելքում խաղաղութիւն հաստատելու ուղին Սեւրի պայմանագրի իրականացումն է»

«Թուրքիայի Հանրապետութեան վարած ներկայի նէոօսմանական քաղաքականութիւնը, ըստ էութեան, Օսմանեան Կայսրութեան եւ Թուրքիայի Հանրապետութեան 1894-1923 թթ. վարած քաղաքականութեան կրկնութիւնն է, ինչը մարտահրաւէրներ ու սպառնալիքներ է պարունակում Թուրքիայի Հանրապետութեան մէջ ապրող ժողովուրդների եւ մերձաւորարեւելեան տարածաշրջանի երկրների ու ժողովուրդների համար», – նշում է փորձագէտը:

Արմէն Տէր-Սարգսեան
Մոսկուայ, 18 նոյեմբեր 2016 թ., 11:40 – REGNUM

Թուրքիայի նէոօսմանական քաղաքականութիւնը դրսեւորուեց Իրաքի եւ Սիրիայի պատերազմների ընթացքում, երբ Անկարան բացայայտ օժանդակեց սիրիական ընդդիմութեանը, այդ թւում եւ ահաբեկչական խմբաւորումներին: Այդ մասին յայտարարեց Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Արմէն Տէր-Սարգսեանը ելոյթ ունենալով` «Թուրքիայի նէոօսմանական քաղաքականութիւնը. մարտահրաւէրներ ու սպառնալիքներ» անուանումով համաժողովում, որը տեղի ունեցաւ նոյեմբերի 17-ին REGNUM լրատուական կենտրոնում:

Արմէն Տէր-Սարգսեանի բնորոշմամբ` դա արտայայտուեց Սիրիայի հիւսիսային տարածքներ ներխուժման, Հալեպում հումանիտար աղէտի բռնկման, բռնի տեղահանուածների հարցով Եւրոպային ահաբեկելու գործողութիւններում:

«1920 թ. կնքուած Սեւրի խաղաղութեան պայմանագիրը, ըստ էութեան, խաղաղութեան պայմանագիր է եւ դա վաւերացնելու, դրա բոլոր որոշումները յարգելու եւ իրականացնելու միջոցով է հնարաւոր Մերձաւոր Արեւելքում հաստատել կայուն խաղաղութիւն ու իրական համագործակցութիւն: Սեւրի խաղաղութեան պայմանագրի առաքելութիւնը տարածաշրջանի համար աւարտուած չէ: Հայերի, ասորիների, յոյների, ալեւիների, արաբների, քրդերի ու նոյնիսկ թուրքերի իրաւունքները յարգելով եւ դրանք իրականացնելով է հնարաւոր տարածաշրջանում հասնել իրական արդարութեան ու խաղաղ գոյակցութեան», – ընդգծեց փորձագէտը:

https://regnum.ru/news/polit/2206970.html

«ԽՆՈՒՍ» ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԵԼ ԷՐ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԴԱՇՆՈՒԹԵԱՆ ՕԲՆԻՆՍԿ ԵՒ ՏՈՒԵՐ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒՄ

%d1%85%d0%bd%d1%83%d1%81-%d0%be%d0%b1%d0%bb%d0%be%d0%b6%d0%ba%d0%b0-%d0%bf%d1%80%d0%b8%d0%b3%d0%bb%d0%b0%d1%81%d0%b8%d1%82%d0%b5%d0%bb%d1%8c%d0%bd%d0%be%d0%b5-%d0%b4%d0%bb%d1%8f-%d0%b0%d0%b4%d0%bb«Խնուս» Մշակութային հիմնադրամի «Տունդարձի ճամփան» փաստագրական ֆիլմի ցուցադրութիւնը եւ հիմնադրամի տնօրէն Սամուել Մհերեանի «Այբ Քէ» գրքի շնորհանդէսը)

2016 թ. հոկտեմբերի 22-ին Ռուսաստանի Դաշնութեան Կալուգայի մարզի Օբնինսկ քաղաքում «Արաքս» կրթամշակութային կենտրոնն իր հիւրընկալ դռներն էր բացել «Խնուս» մշակութային հիմնադրամի առջեւ, որտեղ դպրոցի հանդիսութիւնների մեծ դահլիճում տեղի ունեցաւ հիմնադրամի տնօրէն` Սամուել Մհերեանի «Տունդարձի ճամփան» փաստագրական ֆիլմի դիտումը:

Երեկոյի բացումը կատարեց «Արաքս» կենտրոնի ուսուցչուհիներից` Նառայ Աւետիքեանը, ով ներկայացրեց կենտրոնի մէկամեայ գործունէութեան ընթացքում իրենց ձեռք բերած յաջողութիւնները եւ կարեւորեց «Խնուս» մշակութային հիմնադրամի հետ համագործակցութեան սկիզբը:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Հայրենական Մեծ պատերազմի մասնակից, հայազգի Սարգիս Գրիգորի Մովսիսեանը: Նա ողջոյնի խօսքով քաջալերեց այս նախաձեռնութեան հեղինակներին եւ ներկաներին:

Եզրափակիչ ելոյթով հանդէս եկաւ ֆիլմի հեղինակը, ով շնորհակալութիւն յայտնեց միջոցառման մասնակիցներին, որոնց թւում էին Մոսկուայի, Կալուգայի, Օբնինսկի եւ Տուլայի հայ համայնքների ներկայացուցիչներ, Արեւմտեան Հայաստանի Խորհրդարանի պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ Օբնինսկի «Արաքս» կրթամշակութային կենտրոնի կամաւորներ ու աշխատակիցներ:

Ֆիլմի դիտումից յետոյ հեղինակի ու ներկաների միջեւ տեղի ունեցան առանձնազրոյցնէր ու կարծիքների փոխանակութիւն, այդ թւում` նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի հայերի իրաւունքների պաշտպանութեան ուղղութեամբ 2004-2016 թթ. իրականացուած գործընթացի վերաբերեալ, որը ձեռնարկել են Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդն ու Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետականաստեղծ կառուցները:

2016 թ. հոկտեմբերի 23-ին Ռուսաստանի Դաշնութեան Կալուգայի մարզի Տուեր քաղաքի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցու հոգեւոր – լուսաւորչական կենտրոնում եկեղեցու Հոգեւոր հովիւ Ներսէս Խանանեանի օրհնութեամբ եւ «Վեմ» Երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ «Խնուս» մշակութային հիմնադրամի «Տունդարձի ճամփան» փաստագրական ֆիլմի դիտումը, ինչպէս նաեւ հիմնադրամի տնօրէն Սամուել Մհերեանի «Այբ Քէ» գրքի շնորհանդէսը: Միջոցառումն անցաւ ջերմ ու սրտրառուչ մթնոլորտում, որը եզրափակուեց աւանդական առանձնազրոյցներով եւ հարց ու պատասխաններով:

«Տունդարձի Ճամփան», որը նկարահանուել է 2014 թ., ներկայացնում է արմատներով խնուսցի Պարոյր Գեւորգեանի նախաձեռնած ուխտագնացութիւնը դէպի Արեւմտեան Հայաստան, որտեղ ուխտաւորները անցնելով ժամանակաւորապէս բռնազաւթուած Հայաստանի մի քանի քաղաքներով` Անի, Կարս, Վան, Բիթլիս, Մուշ, վերջապէս հասնում են Խնուսի Բուռնազ գիւղը եւ գտնում երախտաւոր հայորդու Արամ պապի տունը:

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի)

Լրատուական ծառայութիւն

 

26.10.2016 թ.

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԻՆՔՆՈՐՈՇՄԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐԸ

Շուշի, 17 դեկտեմբեր 2004թ.

 

Արեւմտեան Հայաստանի հայոց Ազգային Խորհուրդը տարագիր հայ ժողովուրդի միասնական կամքը արտայայտելով,

բոլոր հայերու ձգտումներուն իրականացման եւ պատմական արդարութեան վերականգնման յանձնառու հայ ազգի ճակատագրին հանդէպ իր պատասխանատւութեան գիտակից,

մարդու իրաւունքներու հռչակագրի համընդհանուր սկզբունքերուն եւ առհասարակ միջազգային իրաւունքով ընդունուած չափանիշներուն հիմնուելով Ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը կիրառելով՝

ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ

Արդարութեան վրայ հիմնուած ժողովրդավար ընկերութեան հաստատումը հետապնդող ազգի վերակենդանացման գործընթացի մեկնարկը.

1) «Թրքահայաստան» կոչուած Հայաստանը կը վերանուանուի Արեւմտեան Հայաստան (Հայրենիք): Արեւմտեան Հայաստանը (Հայրենիք) պիտի ունենայ իր դրօշը, զինանշանը եւ ազգային օրհներգը:

2) Արեւմտեան Հայաստանը (Հայրենիք) պիտի ըլլայ ինքնավար պետութիւն՝ ազգային գերագոյն իշխանութիւն, անկախութիւն, լիարժէք գերիշխանութիւն եւ իրաւունքներ վայելող: Ազգային բացառապէս` Արեւմտեան Հայաստանի (Հայրենիք) Սահմանադրութեամբ ու Արդարադատութեամբ:

3) Արեւմտեան Հայաստանի (Հայրենիք) երաշխաւորը իր ժողովուրդն է՝ այսօր տարագիր, որ իր իշխանութիւնը պիտի կիրառէ ուղղակիօրէն, ինչպէս նաեւ իր ներկայացուցիչներուն միջոցով՝ հիմնուելով Սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն վրայ: Յանուն Արեւմտեան Հայաստանի (Հայրենիք) արտայայտուելու իրաւունքը Ազգային Խորհուրդի բացառիկ իրաւունքն է:

4) Արեւմտեան Հայաստանի (Հայրենիք) անդամ կը հանդիսանան բոլոր այն անդամները, որոնք կրնան հիմնաւորել իրենց տարագրեալ ըլլալը եւ իրենց ընտանեկան ծագումը՝ նոյնիսկ մի քանի սերունդ վաղեմութիւն ունեցող: Արեւմտեան Հայաստանի (Հայրենիք) անդամները կը վայելեն Ազգային Խորհուրդի պաշտպանութիւնն ու օգնութիւնը: Ազգային Խորհուրդը իր բոլոր անդամներուն ազատութիւնը եւ անոնց միջեւ հաւասարութիւնը կ’երաշխաւորէ:

5) Մարդոց եւ իրերու անվտանգութիւնը եւ սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը ապահովելու նպատակով Արեւմտեան Հայաստանը (Հայրենիք) կը ստեղծէ իր ուրոյն պաշտպանական կառոյցը, հանրային ապահովութեան եւ պետական կառոյցները՝ Ազգային Խորհուրդին ընդդատեայ: Արեւմտեան Հայաստանը (Հայրենիք) իր անդամներուն իւրաքանչիւրի ազգային ծառայութեան խնդիրի կարգաւորումը կը տնօրինէ անկախաբար կերպով: Արեւմտեան Հայաստանի (Հայրենիք) պաշտպանական ուժերը կրնան տեղակայուիլ/տեղաբաշխուիլ բացառապէս Ազգային Խորհուրդի որոշումով՝ Ազգային Խորհուրդի Նախագահի բարձր հրամանատարութեան ներքոյ:

6) Միջազգային իրաւունքի գետնի առումով Արեւմտեան Հայաստանը արտաքին անկախ քաղաքականութիւն կը վարէ: Ան ուղղակի յարաբերութիւններ կը հաստատէ միւս պետութիւններուն հետ եւ կը մասնակցի միջազգային կազմակերպութիւններու գործունէութիւններուն:

7) Արեւմտեան Հայաստանի ազգային հարստութիւնը՝ իր ժողովուրդը, հողը, ընդերքը, օդային տարածքը, ջուրերը եւ այլ բնական պաշարները, տնտեսական եւ մտաւոր ներուժն ու մշակութային կարողութիւնը Ազգին կը հանդիսանան: Անոնց վարումը, օգտագործումը, վայելումը եւ տիրանալը կը վերահսկուին Արեւմտեան Հայաստանի օրէնքներով:

8) Արեւմտեան Հայաստանը (Հայրենիք) կ’որոշէ իր տնտեսական համակարգի սկզբունքները եւ կը տնօրինէ համակարգի կարգաւորումը. անհրաժեշտութեան պարագային կրնայ ստեղծել իր սեփական տարադրամը, ազգային դրամատունը, ելեւմտական փոխառութեան, հարկերու եւ այլազան ծառայութիւններու իր համակարգը՝ հիմնուած սեփականութեան տարբեր ձեւերու դրութեան վրայ:

9) Իր իսկ մէջ Ազգային Խորհուրդը կ’երաշխաւորէ խօսքի, մամուլի եւ խղճի ազատութիւնը, օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու իրարմէ անջատ գոյութիւնը, արհեստակցական եւ մասնագիտական միութենական համակարգը, բազմակարծութիւնը եւ պետական պաշտօնեաներու ու պաշտպանական ուժերու ապաքաղաքական բնոյթը:

10) Ազգային Խորհուրդը կ’երաշխաւորէ կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ արեւմտահայերէնի կիրառումը՝ որպէս պետական լեզու: Ազգային Խորհուրդը կը ստեղծէ իր ուրոյն կրթական համակարգը եւ գիտական ու մշակութային զարգացման դրութիւնը.

11) Ազգային Խորհուրդը 1894-էն 1923 գրաւման ենթարկուած իր տարածքին վրայ (Արեւմտեան Հայաստան, Հայրենիք) թուրքերուն կողմէ կատարուած Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին հասնելու պարտականութեան զօրավիգ է:

12) Ազգային Խորհուրդը զօրավիգ է տարագրեալներու սերունդներու վերահաստատումին զուգահեռ պէտք է վճարուի վնասուց յատուցում` ստեղծելով Միջազգային Հիմնադրամ՝ մեծ մասամբ Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ պատասխանատու ճանչցուած պետութիւններու արդեամբ:

13) Այս հռչակագիրը հիմք կը ծառայէ Արեւմտեան Հայաստանի (Հայրենիք) Սահմանադրութեան մշակման, եւ, մինչեւ անոր ընդունումը, հիմք կը ծառայէ օրէնքներ ներմուծելու եւ գործող սահմանադրութեան յաւելումներ ընելու համար, ազգային իշխանութիւններու գործունէութեան համար եւ նոր օրէնսդրութեան մշակման համար:

Արեւմտեան Հայաստանի Հայոց Ազգային Խորհուրդ

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅԵՐԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԻ հիմնադիր ժողովի որոշումը

2004 թուականի դեկտեմբերի 17-ին, Արցախի Շուշի քաղաքում, տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհրդի հիմնադիր ժողովը, որտեղ ներկայ էին հիմնադիր ժողովի անդամներ` Արմէնակ Աբրահամեանը, Յովսէփ Յովսէփեանը, Աշոտ Բաբայեանը, Վաչագան Իշխանեանը, Հրաչեայ Փիլիպոսեանը, Վիտալի Բալասանեանը, Կ’ոմիտաս Դանիէլեանը, Մելանեայ Բալայեանը, Սամուել Կարապետեանը, Ժիրայր Սեֆիլեանը, Գագիկ Սարգսեանը…

Հիմնադիր ժողովը քննութեան առաւ հետեւեալ հարցերը`

1. Արեւմտեան Հայաստանի Հայերի Ազգային Խորհրդի կազմաւորման հարցը,
2. Արեւմտեան Հայաստանի Հայերի Ազգային Խորհրդի կողմից` «Արեւմտեան Հայաստանի Հայերի իրաւունքների մասին« Հռչակագրի պատրաստումը,
3. Արեւմտեան Հայաստանի Հայերի Ազգային Խորհրդի աշխատանքների համակարգողի թեկնածութեան առաջադրման եւ ընտրութեան հարցը:

Միաձայն քուէարկութեամբ`
հաստատուեց Արեւմտեան Հայաստանի Հայերի Ազգային Խորհրդի հիմնադրումը,
հաստատուեց Արեւմտեան Հայաստանի հայերի Ազգային Խորհրդի կողմից` «Արեւմտեան Հայաստանի Հայերի իրաւունքների մասին» Հռչակագրի պատրաստման յանձնարարականը,
Արմէնակ Աբրահամեանը ընտրուեց Արեւմտեան Հայաստանի Հայերի Ազգային Խորհրդի աշխատանքների համակարգող եւ կազմակերպիչ:

Այդպիսով` Արեւմտեան Հայաստանի Հայերի Ազգային Խորհրդի աշխատանքներն աւարտուեց:

Արեւմտեան Հայաստանի Հայերի Ազգային Խորհուրդ

17.12.2004 թ.
Շուշի