ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ Հ Ռ Չ Ա Կ Ա Գ Ի Ր Ը ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ Հ Ռ Չ Ա Կ Ա Գ Ի Ր Ը ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ

Նկատի ունենալով հետեւեալ դրոյթները.

–Հազարամեակներէ ի վեր հայերու մեծամասնութիւնը ապրած է Արեւմտեան Հայաստան, իբրեւ այդ շրջանի բնիկ ժողովուրդ, ուր հիմնած է կայուն եւ բարգաւաճ պետութիւն եւ ստեղծած մշակութային առաջնակարգ արժէքներ.

–Օսմանեան լուծին տակ հայերը մշտապէս ենթարկուած են հալածանքներու, կոտորածներու եւ բռնի տեղահանութիւններու, որոնց գագաթնակէտը, 1894–1896 թթ., 1909 թթ., ջարդերէն ետք, 1915–1923 թթ. ցեղասպանութիւնը եղաւ՝ պատճառ հանդիսանալով 2 միլիոն զոհերու:

Հետեւաբար, Արեւմտեան Հայաստանի հայերու մնացորդը ցեղասպանութենէն փրկուելով՝ արմատախիլ եղած են իրենց պապենական հայրենիքէն եւ սփռուած են աշխարհի զանազան կողմերը.

–Առաջին աշխարհամարտի ընթացքին, 1918 թ. փետրուար 2–ին ռուսական ոյժերը ազատագրած են Արեւմտեան Հայաստանը, եւ Հայ Ազգային Խորհուրդը դիմած է Ֆրանսայի՝ ճանչնալու Արեւմտեան Հայաստանի անկախութիւնը («Թուրքահայաստան» կամ «Տաճկահայաստան» կոչուած), իսկ 1918 թ. յունուար 13–ին Ռուսիա պաշտօնական հրամանագրով ընդունած է Արեւմտեան Հայաստանի («Թուրքահայաստան» կամ «Տաճկահայաստան» կոչուած) անկախութիւնը, որով Արեւմտեան Հայաստանի հայերու իրաւունքները դրուեցան իրենց իսկ տնօրինութեան ներքոյ.

–Սայքս–Փիքըթի համաձայնագիրը Կիլիկիոյ մէջ, ստորագրուած 1916 թ. մայիս 9-ին եւ 16–ին, յանձնարարագիր մը շնորհեց Ֆրանսայի՝ Տիգրանակերտի (Տիարպէքիր), Խարբերդի եւ Ատանայի գաւառներու հայերու ինքնավարութիւնը թեւարկելու, միեւնոյն ժամանակ համաձայնութեան գալով Հայ Ազգային Պատուիրակութեան ներկայացուցիչներուն հետ, որով կ’որոշուի Արեւելեան Լեգէոնի մը (հետագային՝ Հայկական զօրագունդ) ստեղծումը.

–Ռուսական կայսրութեան կործանումէն ետք հայկական գերիշխանութիւնը վերահաստատուած է Հայաստանի Անկախ Հանրապետութեան մը կարգումով Արեւելեան Հայաստանի մէկ մասին վրայ: Բայց երկու կարճատեւ տարիներէ ետք Խորհրդային Ռուսիոյ եւ քեմալական թուրքերու բանակները յարձակում կը գործեն երիտասարդ Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ: Նախիջեւանի, Կարսի, Ջաւախքի եւ Արցախի (Ղարաբաղ) հողերը յօշելէ ետք հայկական պզտիկ պետութիւն մը կը ստեղծուի, որ մաս կը կազմէ Խորհրդային Միութեան՝ մինչեւ 1991 թուականը.

–Սոյն կացութիւնը դարմանելու եւ իրենց խնդիրներու լուծման համար Արեւմտեան Հայաստանի ներկայացուցիչները երկու վեհաժողով կազմակերպած են Երեւանի մէջ 1917 եւ 1919 թուականներուն: Երկրորդ վեհաժողովին հաստատուած գործադիր մարմինը 12 երեսփոխաններ ընտրեց, որոնք հանդիսացան իբրեւ ներկայացուցիչներ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովին մէջ.

–1920 թ. օգոստոս 10–ի Սեւրի դաշնագիրը, ստորագրուած մէկ կողմէն Դաշնակից տէրութիւններու եւ միւս կողմէն Թուրքիոյ միջեւ, պահանջած է «բանակցող կողմերէն»՝ ընդունիլ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի իրաւարարութեան ենթարկել Կարին (Էրզրում), Տրապիզոն, Վան եւ Բիթլիս գաւառներու մէջ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի

միջեւ սահմանագծին որոշման հարցը, ապա վաւերացնել զայն, ինչպէս եւ՝ մնացած կէտերը, զորս ճանապարհ կը հարթէին Հայաստանի՝ ծով ելքի եւ վերոյիշեալ սահմանները հատող թուրքական հողամասերու ապառազմականացման».

Այդ ժամանակներէն ի վեր Արեւմտեան Հայաստանի հայերը հետապնդած են արդարութեան իրենց հանգանակը աշխարհի մէջ հետեւեալ իրողութիւններու հիման վրայ.

–Ազգային Վեհաժողովի եւ Ազգային Պատուիրակութեան գործունէութիւններու դադարումէն յետոյ, որ տեղի ունեցաւ 1919 թ. փետրուարէն մինչեւ 1920 թ. յուլիս ամիսը Փարիզի մէջ, Արեւմտեան Հայաստանի հայերը երբէ՛ք յաջողեցան կարգելու ըստ պատշաճին ընտրուած Ներկայացուցչութիւն մը, որ պաշտպանէր իրենց օրինական իրաւունքները.

–Աշխատանքերու տարորոշ յատկացումները եւ դերերու դասաւորումները հայ ժողովուրդի արեւմտեան եւ արեւելեան հատուածներու միջեւ, ինչպէս եւ անոնց ջանքերու համադասումը, կրնային նպաստել իրենց խնդիրներու լաւագոյն լուծմանը յանգելուն.

Այսպիսով կոչ կ՛ընենք.

Արեւմտեան Հայաստանի հայերուն՝ գործել իրենց սեփական Հայ Ազգային Խորհուրդի հովանաւորութեան ներքոյ, քանի որ միայն իրենք են, որ կրնան իրաւամբ առաջ տանիլ այդ գործունէութիւնը, զոր կը նպաստէ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Համագումար մը կազմելուն, որու պատուիրակները ընտրուած կ’ըլլան զանազան գաղթoճախներու համայնքներէ: Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրենք են, որ սրբօրէն պէտք է արժէքաւորեն ինքնորոշման իրենց իրաւունքը եւ կազմեն իրաւական պետութիւն մը:

Հաստատելով, որ Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրենց արժանիքներով եւ իրաւունքներով հաւասար են բոլոր միւս ժողովուրդներուն՝ ընդունելով բոլոր ժողովուրդներու տարբերութիւնները, ինքզինքնին այլ ձեւով գնահատելու եւ որպէս այդպիսին յարգուելու իրաւունքը,

Հաստատելով նաեւ, որ բոլոր ժողովուրդները կը նպաստեն քաղաքակրթութիւններու եւ մշակոյթներու այլազանութեանը եւ հարստութեանը, որ համայն մարդկութեան հարստութիւնը կը կազմեն,

Հաստատելով, որ բոլոր այն վարդապետութիւնները, ըլլան անոնք քաղաքական, թէ՝ գործնական, որոնք կոչ կ’ընեն կամ կը քարոզեն որեւէ ժողովուրդի կամ անհատի գերազանցութիւնը, հիմնուած՝ ազգային, ցեղային, կրօնական, ազգագրական, ցեղաբանական տարբերութիւններու վրայ, գիտական տեսանկիւնէն կեղծ են, ցեղապաշտական են եւ իրաւական գետնի վրայ՝ անարժէք, բարոյապէս դատապարտելի, իսկ ընկերային առումով՝ անարդար,

Վերահաստատելով, որ Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրենց իրաւունքները կիրարկելու ընթացքին խտրականութեան ոչ մէկ դրսեւորման ենթակայ ըլլալու են,

Մտահոգ ըլլալով առ այն, որ Արեւմտեան Հայաստանի հայերը զրկուեցան մարդու իրաւունքներէն եւ իրենց հիմնական ազատութենէն եւ այլ հետեւանքներու կարգին, ենթարկուած են ջարդերու, բռնագաղթի եւ սեփանականազրկման իրենց երկրէն, հողերէն եւ բնական պաշարներէն, որը արգելք հանդիսացած է, մանաւանդ, բարգաւաճման իրենց իրաւունքը կիրարկելու, իրենց իսկ կարիքներուն եւ շահերուն համապատասխան,

Ընդունելով Արեւմտեան Հայաստանի հայերու իրաւունքներն ու առանձնայատկութիւնները յարգելու եւ յառաջացնելու անհրաժեշտութիւնը, մասնաւորապէս անոնց երկրի, հողերու եւ բնական պաշարներու նկատմամբ իրաւունքները, զոր կը բխին անոնց քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կառոյցներէն եւ անոնց մշակոյթէն, անոնց հոգեւոր աւանդոյթներէն, անոնց պատմութենէն, ինչպէս նաեւ անոնց փիլիսոփայութենէն,

Միմեանց շնորհաւորելով այն իրողութեան համար, որ Արեւմտեան Հայաստանի հայերը կը կազմակերպուին բարելաւելու իրենց կացութիւնը քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային ասպարէզներու մէջ՝ վերջ դնելու խտրականութեան բոլոր այն դրսեւորումներուն եւ ճնշումներուն, զորս կը պատճառուին անոնց ամենուրէք,

Համոզուած ըլլալով, որ իրենց եւ իրենց երկրին, հողերուն եւ բնական պաշարներուն վերաբերող ձեռնարկներու վրայ հսկողութիւնը Արեւմտեան Հայաստանի հայերու կողմէ թոյլ կու տայ անոնց զօրացնելու իրենց կառոյցները, մշակոյթը, իրենց աւանդոյթները եւ զարգացնելու իրենց բարգաւաճումը իրենց փափաքներուն, տենչանքներուն եւ պահանջքներուն համապատասխան,

Ընդունելով նաեւ, որ գիտելիքներու, մշակոյթներու եւ աւանդական արարողութիւններու հանդէպ յարգանքը կ’ամրապնդէ շրջապատը տեւականօրէն եւ արդարացի կերպով արժէքաւորելուն եւ անոր ճիշտ կառավարման,

Ընդգծելով Արեւմտեան Հայաստանի հայերու երկրի եւ հողերու ապառազմականացման անհրաժեշտութիւնը եւ այսպիսով խաղաղութեան, տնտեսական եւ ընկերային բարգաւաճման, ինչպէս նաեւ աշխարհի ժողովուրդներու եւ ազգերու միջեւ յամերաշխ ու բարեկամական յարաբերութեանց օժանդակման անհրաժեշտութիւնը,

Ընդունելով մասնաւորապէս ընտանիքներու եւ համայնքներու՝ իրենց զաւակներու կրթութեան, ուսման, դաստիարակութեան եւ բարօրութեան իրենց վերաբերող պատասխանատւութիւնը պահպանելու իրաւունքը,

Ընդունելով նաեւ, որ Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրաւունք ունին ազատօրէն սահմանելու իրենց յարաբերութիւնները Պետութիւններու հետ՝ համակեցութեան, փոխադարձ շահերու եւ մեծ յարգանքի ոգով:

Նկատելով, որ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Պետութիւններու միջեւ դաշնագրերը, համաձայնագրերը եւ այլ կարգադրութունները միջազգային մտահոգութեան եւ պատասխանատւութեան օրինական առարկայ են,

Ընդունելով, որ Միացեալ Ազգերու Սահմանադրութիւնը, տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային իրաւունքներու վերաբերեալ միջազգային Դաշինքը, նաեւ քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու վերաբերեալ միջազգային Դաշինքը կը հաստատեն իրենք զիրենք տնօրինելու՝ բոլոր ժողովուրդներու իրաւունքի արմատական կարեւորութիւնը, որու հիմամբ անոնք ազատօրէն կը սահմանեն իրենց քաղաքական կարգավիճակը՝ ազատօրէն ապահովելով իրենց տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային զարգացումը,

Նկատելով, որ ներկայ Հռչակագրին ո՛չ մէկ դրոյթ կարելի չէ վկայութեան բերել՝ ուրանալու համար ոեւէ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը,

Յորդորելով Պետութիւնները՝ յարգելու եւ ի գործ դնելու միջազգային բոլոր, մասնաւորաբար, մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ գործարքները, զորս կիրարկելի են Արեւմտեան Հայաստանի հայերուն համար, գործակցելով պատկան ժողովուրդներու հետ,

Ընդգծելով, որ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը կարեւոր դեր ունի եւ կը շարունակէ ունենալ Արեւմտեան Հայաստանի հայերու իրաւունքներու յառաջխաղացման եւ պաշտպանութեան մէջ,

Համոզուած ըլլալով, որ սոյն Հռչակագիրը կարեւոր նոր հանգրուան մըն է Արեւմտեան Հայաստանի հայերու իրաւունքները եւ ազատութիւնները ճանչնալու, այդ իրաւունքներու յառաջացման եւ պաշտպանութեան, ինչպէս եւ այս բնագաւառին մէջ Միացեալ Ազգերու կառոյցներու պատշաճ գործունէութեան զարգացման ճանապարհին,

Հանդիսաւորապէս կը յայտարարէ՝

Բնիկ ժողովուրդներու վերաբերեալ Միացեալ Ազգերու Հռչակագիրը կիրարկելի է Արեւմտեան Հայաստանի հայերու համար, որու բովանդակութիւնը հետեւեալն է.

Բաղկացած 45 յօդուածներէ՝ 9 բնագաւառներու վերաբերեալ, որոնք են.

Առաջին մաս. Արեւմտեան Հայաստանի հայերու ազատ ըլլալու իրաւունքը

Երկրորդ մաս. Ազատ ապրելու իրաւունք՝ մարմնական եւ մտային ամբողջութեամբ եւ 5 ապահովութեամբ

Երրորդ մաս. Լեզուի, մշակոյթի եւ աւանդոյթներու իրաւունք

Չորրորդ մաս. Կրթութեան եւ դաստիարակութեան իրաւունք

Հինգերորդ մաս. Զարգացման եւ ընկերային պաշտպանութեան իրաւունք

Վեցերորդ մաս. Քաղաքացիական ապահովութեան, հողային եւ առողջապահական կանոնադրութեան իրաւունք

Եօթներորդ մաս. Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունք

Ութերորդ մաս. Միջազգային գործակցութեան եւ արտաքին յարաբերութիւններու իրաւունք

Իններորդ մաս. Անձի արժանապատւութեան իրաւունք

ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՍ

(Արեւմտեան Հայաստանի հայերու ազատ ըլլալու իրաւունքը)

Յօդուած 1

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրաւունք ունին լիովին եւ իրապէս վայելելու մարդու հիմնարար ազատութեանց իրաւունքները, որոնք ընդունուած են Միացեալ Ազգերու Սահմանադրութեան, մարդու իրաւունքներու եւ անոնց վերաբերեալ միջազգային իրաւունքի համամարդկային Հռչակագրի կողմէն:

Յօդուած 2

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը՝ իբրեւ անհատ կամ ժողովուրդ, ազատ են իրենց արժանապատւութեամբ եւ իրաւունքներով հաւասար, ինչպէս մնացած բոլոր մարդիկ եւ ժողովուրդները եւ պէտք չէ ենթակայ ըլլան աննպաստ խտրականութեան որեւէ մէկ ձեւին, մասնաւորաբար իրենց ծագման կամ ինքնութեան առնչութեամբ:

Յօդուած 3

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրենք զիրենք տնօրինելու իրաւունք ունին: Այս իրաւունքի շնորհիւ անոնք ազատօրէն կ’որոշեն իրենց քաղաքական կարգավիճակը եւ ազատօրէն կ’ապահովեն իրենց տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային զարգացումը:

Յօդուած 4

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրաւունք ունին հաստատուն պահելու, պահպանելու եւ զօրացնելու իրենց քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային առանձնայատկութիւնները, ինչպէս եւ իրենց իրաւական համակարգը, պահպանելով պետութեան քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային կեանքին լիովին մասնակցելու իրաւունքը, եթէ այդ է իրենց ընտրութիւնը:

Յօդուած 5

Արեւմտեան Հայաստանի բոլոր հայերը, որպէս անհատ, իրաւունք ունին ազգային պատկանելիութեան:

ԵՐԿՐՈՐԴ ՄԱՍ

(Ազատ ապրելու իրաւունք՝ մարմնական եւ մտային ամբողջութեամբ եւ ապահովութեամբ)

Յօդուած 6

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը, որպէս հաւաքականութիւն, իրաւունք ունին իբրեւ ուրոյն ժողովուրդ ապրելու ազատ, խաղաղ եւ ապահով՝ իրենց պատմութեան եւ ցեղասպանութեան ճանաչումով, որուն ենթակայ եղած են 1894–1923 թթ., եւ իրաւունք ունին լիովին պաշտպանուած ըլլալու որեւէ մէկ այլ ցեղասպանութեան կամ բռնութեան դրսեւորումներէ՝ ներառեալ մանուկներու առեւանգումը՝ անկախ այս կամ այն պատրուակներէ: Անոնք, որպէս անհատ, կեանքի, մտային եւ մարմնական ամբողջութեան եւ ազատութեան ու անձնական ապահովութեան իրաւունքը ունին:

Յօդուած 7

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը, որպէս անհատ եւ հաւաքականութիւն, իրաւունք ունին

պաշտպանուած ըլլալու ցեղասպանութենէն, իրենց պատմութեան ժխտումէն եւ մշակութային ցեղասպանութենէ, մանաւանդ այնպիսի գործողութիւներէն, որոնք վերակազմաւորման արգելքներ կը յարուցեն.

ա) ոեւէ արարք, որ նպատակ կամ ազդեցութիւն ունի անոնց զրկելու իրենց ամբողջութենէն որպէս ուրոյն ժողովուրդ կամ իրենց մշակութային արժէքներէ եւ կամ ազգային ինքնութենէ,

բ) ոեւէ արարք, որ նպատակ կամ արդիւնք ունի սեփականազրկելու անոնց իրենց երկրէն, իրենց հողերէն կամ իրենց բնական պաշարներէն,

գ) բնակչութեան տեղափոխութեան ոեւէ կերպ, որ նպատակ կամ արդիւնք ունի ոտնակոխելու, բռնադատելու, դրժելու կամ վերացնելու անոնց իրաւունքներէն որեւէ մէկը,

դ) ձուլման կամ այլ մշակոյթներու տարբեր կենսակերպերու համարկման ոեւէ ձեւ, զոր

պարտադրուած է օրէնսդրական, վարչական կամ այլ միջոցներով,

ե) անոնց դէմ ուղղուած քարոզչութեան ոեւէ ձեւ:

Յօդուած 8

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը, որպէս անհատ եւ հաւաքականութիւն, իրաւունք ունին

պահպանելու եւ զարգացնելու իրենց առանձնայատկութիւնները եւ ուրոյն ինքնութիւնը, ներառեալ իրենց բնիկ ըլլալու հանգամանքը ետ պահանջելու եւ որպէս այդպիսին ճանցուած ըլլալու իրաւունքը:

Յօդուած 9

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը, որպէս անհատ եւ ժողովուրդ, իրաւունք ունին հանդիսանալու համայնք կամ ազգ՝ իրենց լեզուին, աւանդոյթներուն, սովորոյթներուն եւ բարքերուն համաձայն: Ոչ մէկ աննպաստ երեւոյթ կրնայ արգելք հանդիսանալ այս իրաւունքի կիրարկման:

Յօդուած 10

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը չեն կրնար պարտադրաբար մեկնիլ իրենց երկրէն եւ հողերէն: Հոն անկարելի է վերաբնակեցում հաստատել, առանց համապատասխան բնիկ ժողովուրդի հաւանութեան՝ արտայայտուած ազատօրէն եւ պատճառի լիիրաւ գիտակցութեամբ, ինչպես նաեւ արդար ու ճիշտ վնասի հատուցման վրայ հիմնուած համաձայնութեամբ եւ ետդարձի կարելիութեան հնարաւորութեամբ:

Յօդուած 11

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը մասնայատուկ պաշտպանութեան եւ ապահովութեան

իրաւունք ունին զինեալ բախումներու ժամանակ:

Ստիպողական իրավիճակներու եւ զինեալ բախումներու ժամանակ Պետութիւնները պարտաւոր են յարգել քաղաքացիական բնակչութեան պաշտպանութեան վերաբերեալ միջազգային կանոնները, մանսաւորապէս, 1949 թ. Ժընեւի չորրորդ պայմանադրութիւնը,

ու պարտւոր են ետ կենալ.

ա) իրենց զինեալ ուժերու մէջ զօրահաւաքէն՝ հակառակ Արեւմտեան Հայաստանի հայերու կամքին, մասնաւորապէս, անոնց օգտագործումէն այլ ժողովուրդներու դէմ,

բ) մանուկներու զօրահաւաքէն իրենց զինեալ ուժերու մէջ, անկախ հանգամանքներէ,

գ) հարկադրելէն Արեւմտեան Հայաստանի հայերուն՝ լքելու իրենց երկիրը, հողերը եւ ապրուստի հնարաւորութիւնները եւ կամ վերահաստատուելու ռազմական նպատակներու համար յատուկ կեդրոններու մէջ,

դ) պարտադրելէն Արեւմտեան Հայաստանի հայերուն՝ աշխատիլ ռազմական նպատակներու համար խտրական պայմաններու մէջ, ինչ ալ որ ըլլան անոնք:

ԵՐՐՈՐԴ ՄԱՍ

(Լեզուի, մշակոյթի եւ աւանդոյթներու իրաւունքներ)

Յօդուած 12

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրաւունք ունին պահպանելու եւ վերապրեցնելու իրենց մշակութային աւանդոյթները, սովորոյթները եւ բարքերը: Անոնք, մանաւանդ, իրաւունք ունին պահպանելու, պաշտպանելու եւ զարգացնելու իրենց մշակույթի անցեալի, ներկայի ու ապագայի արտահայտությունները, ինչպէս օրինակ, հնագիտական ու պատմական վայրերը, արհեստները, գծագրութիւններն ու նմոյշները, ծէսերը, արհեստագիտութիւնը, տեսողական արուեստները, թատերական արուեստը եւ գրականութիւնը: Անոնք իրաւունք ունին նաեւ վերադարձնելու իրենց մշակութային, իմացական, մտաւոր, կրօնական եւ հոգեւոր հարստութիւնն ու արժէքները, զորս խլուած են անոնցմէ առանց իրենց ազատօրէն արտայայտուած հաւանութեան եւ պատճառի լիիրաւ գիտնակցութեան եւ կամ իրենց օրէնքներու, աւանդոյթներու եւ սովորոյթներու բռնադատմամբ:

Յօդուած 13

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրաւունք ունին բացայայտելու, կիրառելու, յառաջացնելու եւ ուսուցանելու իրենց աւանդոյթները, սովորոյթները եւ կրօնական ու հոգեւոր ծէսերը. իրաւունք ունին պահելու, պահպանելու եւ պաշտպանելու իրենց կրօնական եւ մշակութային վայրերը եւ, յատկապէս, մուտք ունենալու այնտեղ. իրաւունք ունին գործածելու եւ տնօրինելու իրենց ծիսական իրերը. իրաւունքը ունին նաեւ հայրենիք վերադարձնելու մարդկային աճիւնները:

Պետութիւնները, գործակցելով Արեւմտեան Հայաստանի հայերուն հետ, պէտք է հարկ եղած միջոցները ձեռնարկեն պարտադրելով, որ Արեւմտեան Հայաստանի հայերու համար սրբազան վայրերը, ներառեալ եւ գերեզմանատեղիները, պաշտպանուած, յարգուած եւ պահպանուած ըլլան:

Յօդուած 14

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրաւունք ունին վերակենդանացնելու, օգտագործելու,

զարգացնելու եւ ապագայ սերունդներուն փոխանցելու իրենց պատմութիւնը, իրենց լեզուն, իրենց անգիր աւանդութիւնները, իրենց փիլիսոփայութիւնը, իրենց գրութեան ոճը եւ իրենց գրականութիւնը, ինչպէս եւ ընտրելու եւ կամ պահպանելու իրենց համայնքներու, բնակութեան վայրերու յատուկ անուանումները եւ անձնանունները:

Արեւմտեան Հայաստանի հայերու իրաւունքներէն որեւէ մէկը վտանգուած ըլլալու պարագային, Արեւմտեան Հայաստանի հայերը եւ Պետութիւնները պարտադիր միջոցներ պէտք է ձեռնարկեն զայն պաշտպանելու, նաեւ պարտադրելու, որ շահախնդիր տարրերը կարենան հասկնալ քաղաքական, իրաւաբանական եւ վարչական ընթացակարգերու ծաւալումը ու հասկանալի դարձնել՝ հարկ եղած պարագային անոնց տրամադրելու թարգմանիչ կամ համապատասխան այլ ծառայութիւններ:

ՉՈՐՐՈՐԴ ՄԱՍ

(Կրթութեան եւ ուսման իրաւունքներ)

Յօդուած 15

Արեւմտեան Հայաստանի հայերու զաւակները իրաւունք ունին հասնելու հանրային ուսուցման բոլոր ձեւերուն եւ մակարդակներուն: Արեւմտեան Հայաստանի բոլոր հայերը նոյնպէս ունին այս իրաւունքը, ինչպէս եւ իրաւունք ունին հաստատելու իրենց դպրոցական հաստատութիւնները եւ համակարգերը, ուր պիտի ուսուցանուի իրենց լեզուով՝ ուսուցման եւ վարժեցման իրենց կերպերու համաձայն:

Իրենց համայնքներէ դուրս բնակող Արեւմտեան Հայաստանի հայերու համար ուսուցումը մատչելի պէտք է ըլլայ՝ համապատասխան իրենց մշակոյթին եւ իրենց լեզուով:

Պետութիւնները պիտի ջանան, որ այս նպատակի համար համապատասխան միջոցներ յատկացուին:

Յօդուած 16

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրաւունք ունին ուսուցման եւ հանրային սպասարկման բոլոր այն ձեւերուն, որոնք ճշդութեամբ կ’ արտացոլեն իրենց մշակոյթի, իրենց աւանդութիւններու, իրենց պատմութեան եւ իրենց իղձերու վեհութիւնը եւ զանազանութիւնը:

Պետութիւնները, Արեւմտեան Հայաստանի հայերու խորհրդակցութեամբ, հարկ եղած միջոցներու պիտի դիմեն նախապաշարումներն ու խտրականութիւնը ջլատելու, նպաստելու հադուրժողութեան ու հասկացողութեան եւ լավ յարաբերութիւններու հաստատման՝ բնիկ ժողովուրդներու եւ ընկերութեան բոլոր շրջանակներու միջեւ:

Յօդուած 17

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրաւունք ունին հաստատելու տեղեկութիւններու իրենց սեփական միջոցները՝ իրենց լեզուով: Անոնք իրաւունք ունին նաեւ հաւասարութեան սկզբունքով մուտք գործելու լրատուամիջոցներու բոլոր ձեւերու մէջ:

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը եւ Պետութիւնները հարկ եղած միջոցները պէտք է ձեռնարկեն ու պարտաւորեցնեն, որ հանրային տեղեկատուական միջոցները ճշգրտօրէն

գաղափար տան Արեւմտեան Հայաստանի հայերու մշակութային այլազանութեան վերաբերեալ:

Յօդուած 18

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրաւունք ունին լիովին վայելելու բոլոր իրաւունքները,

զորս հաստատուած են աշխատանքային իրաւունքի առնչութեամբ թէ՛ միջազգային եւ թէ՛ ազգային մակարդակներով:

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը, որպէս անհատ, իրաւունք ունին պաշտպանուած ըլլալու աշխատանքային հանգամանքներու, աշխատանքի կամ վարձատրութեան խտրականութենէն:

ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ՄԱՍ

(Բարգաւաճման եւ ընկերային պաշպանութեան, խնամակալութեան իրաւունքներ)

Յօդուած 19

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրաւունք ունին, եթէ կը կամենան, լիովին եւ ամէն մակարդակներով մասնակցելու այն որոշումներու ընդունմանը, որոնք կրնան ազդեցութիւն ունենալ իրենց իրաւունքներու, կենսաձեւի եւ իրենց ապագային վրայ՝ սեփական ընթացակարգերուն համապատասխան եւ իրենց իսկ կողմէ ընտրուած ներկայացուցիչներու միջնորդութեամբ: Անոնք իրաւունք ունին նաեւ պահպանելու եւ զարգացնելու որոշումներ կայացնող իրենց սեփական հաստատութիւնները:

Յօդուած 20

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրաւունք ունին, ըստ իրենց կամքին, լիովին մասնակցելու իրենց վերաբերող օրէնսդրական եւ վարչական միջոցներու մշակման, որոնք կրնան իրենց վերաբերիլ՝ հետեւելով իրենց սահմանելիք ընթացակարգերուն: Արեւմտեան Հայաստանի հայերուն վերաբերող բոլոր միջոցներու ընդունումէն եւ կիրարկումէն առաջ Պետութիւնները պարտաւոր են ստանալ շահախնդիր ժողովուրդներու հաւանութիւնը, որ արտայայտուած ըլլայ ազատօրէն եւ պատճառի ամբողջ իմացութեամբ:

Յօդուած 21

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրաւունք ունին պահպանելու եւ զարգացնելու իրենց քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային համակարգերը, ամենայն ապահովութեամբ տէր ըլլալու եւ վայելելու իրենց ապրուստի եւ զարգացման սեփական միջոցները, ինչպէս եւ ազատօրէն անձնատուր ըլլալու իրենց տնտեսական, աւանդական եւ այլ գործունէութեանց: Արեւմտեան Հայաստանի հայերը, որոնք զրկուեցան ապրուստի իրենց միջոցներէն, իրաւունք ունին ճիշդ եւ արդարացի վնասից հատուցման:

Յօդուած 22

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրաւունք ունին յատուկ միջոցներու, որոնք ուղղուած ըլլան անմիջականօրէն, արդիւնաւէտ եւ շարունակական կերպով բարելաւելու իրենց տնտեսական եւ ընկերային կացութիւնը՝ ներառեալ աշխատանքի, ուսման եւ մասնագիտական պատշաճեցման, ինչպէս եւ բնակութեան, ապաքինման, առողջութեան եւ ընկերային ապահովութեան բնագաւառները: Հարկ է մասնաւոր ուշադրութիւն հրաւիրել տարեցներու, կանանց, երիտասարդներու, մանուկներու եւ հաշմանդամներու իրաւունքներուն եւ մասնաւոր կարիքներուն:

Յօդուած 23

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրաւունք ունին սահմանելու եւ մշակելու նախապատւութիւններ եւ ռազմավարութիւններ՝ իրենց զարգացման իրաւունքի կիրարկման համար: Մասնաւորաբար, անոնք իրաւունք ունին սահմանելու եւ մշակելու առողջութեան, բնակութեան եւ իրենց վերաբերող այլ տնտեսական ու ընկերային բոլոր ծրագիրները, եւ զանոնք, կարելւոյն չափ վարելու իրենց սեփական հաստատութիւններու միջոցաւ:

Յօդուած 24

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրաւունք ունին իրենց սեփական դեղագիրքերու եւ բուժական աւանդական գործադրութիւններու՝ ներառեալ դեղաբոյսերու, կենդանիներու եւ կենսական նշանակութեամբ հանքային նիւթերու պաշպանութեան իրաւունքը: Անոնց համար մատչելի պէտք է ըլլան նաեւ բժշկական բոլոր հաստատութիւնները, ինչպէս եւ առողջական ու բուժական խնամքի սպասարկութիւնները:

ՎԵՑԵՐՈՐԴ ՄԱՍ

(Քաղաքացիական ապահովութեան, հողային կանոնադրութեան եւ առողջապահական իրաւունքներ)

Յօդուած 25

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրաւունք ունին պահպանելու եւ ամրապնդելու մասնայատուկ, հոգեւոր եւ նիւթական այն կապերը, որ զանոնք կը միաւորեն իրենց երկրին, իրենց հողերուն, գետերու եւ առափնեայ ջրերուն եւ այլ աղբիւրներու հետ, որ ունին անոնք կամ որ կ’ իւրացնեն եւ կ’ օգտագործեն աւանդաբար: Անոնք իրաւունք ունին նաեւ այս առնչութեամբ պատասխանատւութիւն ստանձնելու ապագայ սերունդներու համար:

Յօդուած 26

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրաւունք ունին տէր ըլլալու, արժեւորելու, յանձանձելու եւ գործածելու իրենց երկիրը եւ հողերը, այսինքն իրենց շրջապատի ամբողջականութիւնը՝ ներառեալ հողերը, օդը, ջուրերը՝ գետերը եւ աղբիւրները, բոյսերը եւ անասունները եւ այլ բնական պաշարները, զորս անոնք ունին եւ զորս կ’իւրացնեն եւ կ’օգտագործեն աւանդաբար: Անոնք մանաւանդ իրաւունք ունին ամբողջովին ճանչնալու իրենց օրէնքները, ավադոյթներն ու սովորոյթները, իրենց հողային կանոնադրութիւնը եւ իրենց բնական պաշարներու շահագործման եւ տնտեսման պատկան հաստատութիւնները, ինչպէս եւ իրաւունք ունին Պետութիւններու կողմէ ազդու պաշտպանողական միջոցներու՝ ընդդէմ նշեալ իրաւունքներու ոեւէ միջամտութեան, ձեռնփոխութեան եւ սահմանափակման կամ կիրարկման ոեւէ խոչընդոտի:

Յօդուած 27

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրաւունք ունին վերատիրանալու իրենց երկրին, հողերուն եւ բնական պաշարներուն, զորս ունէին եւ որ կ’իւրացնէին կամ կը շահագործէին աւանդաբար եւ որ բռնագրաւուած, զաւթուած, գործածուած կամ աւերուած են՝ առանց անոնց ազատօրէն արտայայտուած հաւանութեան եւ պատճառի գիտակցութեան: Երբ անկարելի է այս, ապա անոնք արդար եւ իրաւացի հատուցման իրաւունք ունին: Բացի այն իրողութենէ, երբ շահախնդիր ժողովուրդը ազատօրէն այլ որոշում կայացուցած է, վնասից հատուցումը պիտի ըլլայ երկրով, հողերով եւ բնական պաշարներով, որ համարժէք պիտի ըլլայ իրենց որակի, տարածքներու եւ իրաւաբանական կանոններու տեսանկիւնէն:

Յօդուած 28

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրաւունք ունին պահպանելու, վերականգնելու եւ պաշտպանելու իրենց շրջապատը իր ամբողջականութեամբ՝ իրենց երկրի, հողերու եւ բնական պաշարներու գործածման եւ մշակման կարողականութեամբ, ինչպէս նաեւ Պետութիւններու օժանդակութեան՝ այս առնչութեամբ միջազգային գործակցութեան ներդրումով: Այդ հողերու եւ տարածքներու վրայ կարելի չէ ռազմական գործունէութիւն իրականացնել առանց անոնց ազատօրէն արտայայտուած համաձայնութեան:

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը եւ Պետութիւնները պէտք է ջանան, որ վտանգաւոր ո՛չ մէկ նիւթ պահուի կամ թափուի Արեւմտեան Հայաստանի հողերու վրայ:

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը եւ Պետութիւնները նաեւ պէտք է ձեռնամուխ ըլլան այնպիսի միջոցներու կիրառման, որ կը պարտադրեն ապահովելու հսկողութեան, կանխարգիլման եւ բժշկական խնամքի ծրագրեր այս նիւթերէ վնասուած Արեւմտեան Հայաստանի հայերու համար, զորս մտածուած ու գործադրուած են իրենց իսկ կողմէ:

Յօդուած 29

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրաւունք ունին մշակութային եւ մտաւոր հարստութեան լիաձեռն սեփականութեան ճանաչման, ինչպէս եւ իրաւունք ունին ապահովագրելու եւ պաշտպանելու զանոնք:

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրաւունք ունին մասնայատուկ միջոցներ ստանալու, որոնցմով կարելի կ’ըլլայ հսկել, զարգացնել եւ պաշտպանել իրենց գիտութիւնը, արհեստագիտութիւնը եւ իրենց մշակոյթի արտայայտութիւնները՝ ներառեալ իրենց մարդկային ներոյժն ու ժառանգական այլ կարողութիւնները, իրենց սերմերը, իրենց դեղագիրքը, իրենց բուսականութեան եւ կենդանական աշխարհի յատկութիւնները ճանչնալը, իրենց անգիր աւանդութիւնները, իրենց գրականութիւնը, իրենց գծագրութիւնները եւ տիպարները, իրենց տեսողական արուեստները եւ իրենց թատերարուեստը:

Յօդուած 30

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրաւունք ունին սահմանելու նախապատւութիւններ եւ

մշակելու ռազմավարութիւններ՝ արժեւորելու համար իրենց երկիրը, հողերը եւ այլ բնական պաշարները: Անոնք, մանաւանդ, իրաւունք ունին պահանջելու, որ Պետութիւնները ընդառաջ երթան իրենց հաւանութեան՝ արտայայտուած ազատօրէն եւ պատճառի լիիրաւ գիտակցութեամբ, նախքան վաւերացուիլը բոլոր այն ծրագրերուն, որոնք կրնան ազդեցութուն ունենալ իրենց երկրի, հողերու եւ այլ բնական պաշարներու վրայ, մանաւանդ անոնք, որոնք կը վերաբերին հանքանիւթերու, ջուրի պաշարներու կամ բոլոր այլ պաշարներու արժեւորման, օգտագործման եւ շահագործման: Արեւմտեան Հայաստանի շահախնդիր հայերու համաձայնութեամբ անոնց պիտի յատկացուի վնասից պատշաճ եւ արդարացի հատուցում՝ մեղմելու համար նման գործողութիւններու եւ միջոցներու աղետալի հետեւանքները բնապահպանական, տնտեսական, ընկերային, մշակութային կամ հոգեւոր մակարդակի վրայ:

ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ՄԱՍ

(Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներ)

Յօդուած 31

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրենք զիրենք տնօրինելու իրենց իրաւունքի մասնայատուկ կիրարկութեամբ իրաւունք ունին ինքնիշխան ըլլալու եւ իրենք զիրենք կառավարելու այն հարցերու առնչութեամբ, որոնք կը վերաբերին իրենց ներքին եւ տեղական գործառնութեանց, եւ, մանաւանդ, մշակոյթին, կրօնքին, կրթութեան, տեղեկատւութեան, հաղորդամիջոցներուն, առողջութեան, բնակութեան, աշխատանքին, ընկերային ապահովութեան, տնտեսական գործունէութեան, հողերու եւ բնական պաշարներու վարման, շրջապատին եւ այլն, օտար անձանց մուտքին իրենց երկիր, ինչպէս նաեւ այս ինքնիշխան գործունէութիւններու նիւթական ապահովման:

Յօդուած 32

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրաւունք ունին, որպէս հաւաքականութիւն, ընտրելու

իրենց սեփական քաղաքացիութիւնը ըստ իրենց սովորոյթներու եւ աւանդոյթներու: Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքացիութիւնը ոեւէ կերպ ազդեցութիւն չի ունենար Արեւմտեան Հայաստանի հայերու այն իրաւունքին վրայ, որու համաձայն անոնք, որպէս անհատ, կրնան ընդունիլ իրենց բնակած երկրին քաղաքացիութիւնը: Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրաւունք ունին սահմանելու իրենց հաստատութիւններու կառոյցները եւ ընտրելու իրենց անդամները՝ իրենց սեփական ընթացակարգերու համապատասխան:

Յօդուած 33

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրաւունք ունին յառաջացնելու, զարգացնելու եւ պահպանելու իրենց օրէնսդրական կառոյցները, ինչպէս նաեւ սեփական սովորոյթները, աւանդոյթները, իրաւաբանական ընթացակարգերն ու կիրառութիւնները, մարդու իրաւունքներու բնագաւառին մէջ միջազգայնօրէն ընդունուած չափանիշներու համաձայն:

Յօդուած 34

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրաւունք ունին, որպէս հաւաքականութիւն, սահմանելու անհատներու պատասխանատւութիւնները իրենց համայնքներու նկատմամբ:

Յօդուած 35

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը, մասնաւորապէս անոնք, որոնք բաժնուած են միջազգային սահմաններով, իրաւունք ունին այդ սահմաններու ընդմէջէն հաղորդակցութիւններ, յարաբերութիւններ եւ գործակցութեան կապեր հաստատելու եւ զարգացնելու այլ ժողովուրդներու հետ, մասնաւորապէս հոգեւոր, մշակութային, քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային բնագաւառներու մէջ: Արեւմտեան Հայաստանի հայերը եւ Պետութիւնները հարկադրուած են միջոցներ ձեռնարկելու, որոնք կը պարտաւորեցնեն երաշխաւորել այս իրաւունքի կիրարկումը եւ գործածումը:

Յօդուած 36

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրաւունք ունին պահանջելու, որ դաշնագրերը, ի մասնաւորի, 1920 թ. օգոստոս 20–ին ստորագրուած Սեւրի դաշնագիրը, համաձայնագրերը, մասնաւորապէս 1916 թ. Կիլիկիոյ ազատագրման վերաբերեալ համաձայնագրերը, եւ Պետութիւններու կամ անոնց յաջորդներու հետ կնքուած կառուցողական միւս կարգադրութիւնները ճանաչում գտնեն, յարգուին, ընդունուին ու կիրառուին Պետութուններու կողմէ, ըստ իրենց էութեան եւ սկզբնական նպատակի: Այն անհամաձայնութիւնները, զորս ոեեէ կերպ չեն լուծուիր, հարկ է վստահիլ միջազգային պատկան դատական մարմիններու՝ ընտրուած շահախնդիր բոլոր կողմերու ընդհանուր համաձայնութեամբ:

ՈՒԹԵՐՈՐԴ ՄԱՍ

(Միջազգային գործակցութեան եւ արտաքին յարաբերութիւններու իրաւունքներ)

Յօդուած 37

Պետութիւնները, Արեւմտեան Հայաստանի հայերու հետ խորհրդակցելով՝ պարտաւոր են

անհրաժեշտ միջոցները ձեռնարկելու սոյն Հռչակագրի կարգադրութուններու լիակատար

գործադրման համար: Այն իրաւունքները, որոնք հաստատուած են անոր մէջ, պէտք է որդեգրուին եւ ներմուծուին իրենց ներքին օրէնսդրութեան մէջ այնպէս, որ Արեւմտեան Հայաստանի հայերը կարենան շօշափելիօրէն ծառայեցնել իրենց շահերուն:

Յօդուած 38

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրաւունք ունին նիւթական եւ արհեստագիտական համարժէք օժանդակութիւն ստանալու Պետութիւններու կողմէ որպէս միջազգային գործակցութիւն՝ ազատօրէն հետապնդելու համար իրենց քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, մշակութային եւ հոգեւոր զարգացումը, ինչպէս նաեւ վայելելու սոյն Հռչակագրով ճանցուած իրաւունքներն ու ազատութիւնները:

Յօդուած 39

Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իրաւունք ունին դիմելու փոխադարձաբար ընդունելի եւ արդարացի ընթացակարգերու՝ կարգադրելու համար հակառակութիւնները, վէճերն ու

բախումները Պետութիւններու հետ եւ ստանալու անյապաղ որոշումներ տուեալ խնդիրներու վերաբերեալ: Անոնք հաւասարապէս իրաւունք ունին գործօն միջոցներու՝ իրենց անհատական եւ հաւաքական իրաւունքներու բոլոր օրինազանցութեանց համար: Բոլոր որոշումները պէտք է նկատի ունենան խնդրոյ առարկայ ժողովուրդներու սովորոյթները, աւանդոյթները, իրաւաբանական կանոններն ու դրոյթները:

Յօդուած 40

Միացեալ Ազգերու համակարգի յատկորոշ մարմիններն ու հաստատութիւնները եւ միջպետական այլ կազմակերպութիւնները պարտաւոր են նպաստելու լիակատար կերպով ի գործ դնելու սոյն Հռչակագրին կարգադրութիւնները՝ ի մասնաւորի, մէկտեղելով դրամական գործակցութիւնը եւ արհեստագիտական օգնութիւնը: Պէտք է միջոցներ ի գործ դրուին՝ ապահովելու համար Արեւմտեան Հայաստանի հայերու վերաբերող հարցերուն իրենց մասնակցութիւնը:

Յօդուած 41

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ հարկ է անհրաժեշտ միջոցները ձեռնարկուին՝ ապահովելու համար սոյն Հռչակագրին կիրարկութիւնը, մասնաւորապէս

ստեղծելով այս բնագաւառին մէջ իւրայատուկ կարողականութիւններ ստանձնած բարձր

մակարդակի մարմին մը՝ Արեւմտեան Հայաստանի հայերու ուղղակի մասնակցութեամբ: Միացեալ Ազգերու բոլոր կառոյցները պէտք է նպաստեն ներկայ Հռչակագիրը յարգելուն եւ անոր լիակատար կիրարկութեան:

ԻՆՆԵՐՈՐԴ ՄԱՍ

(Անհատի արժանապատւութեան իրաւունք)

Յօդուած 42

Ներկայ Հռչակագրին մէջ ճանցուած իրաւունքները կը կազմեն Արեւմտեան Հայաստանի

հայերու վերապրման, արժանապատւութեան եւ բարօրութեան համար անհրաժեշտ նուազագոյն սկզբունքները:

Յօդուած 43

Ներկայ Հռչակագրին մէջ ճանցուած բոլոր իրաւունքներն ու ազատութիւնները համանման կերպով երաշխաւորուած են Արեւմտեան Հայաստանի բոլոր հայերու՝ թէ՛ այր մարդկանց եւ թէ՛ կանանց համար:

Յօդուած 44

Ներկայ Հռչակագրին ո՛չ մէկ կարգադրութիւն կարելի չէ մեկնաբանել որպէս առիթ կամ հետեւանք՝ նուազեցնելու կամ ջնջելու այն իրաւունքները, զորս Արեւմտեան Հայաստանի հայերը կրնան արդեն ունենալ կամ ընդունակ են ձեռք բերելու:

Յօդուած 45

Ներկայ Հռչակագրին ո՛չ մէկ կարգադրութիւն իրաւունք չ’ ընձեռեր ոեւէ Պետութեան, խումբի կամ անհատի՝ Միացեալ Ազգերու Սահմանադրութեանը ներհակ գործունէութիւն եւ կամ արարք մը իրականացնելու:

20 յունուար, 2007 թ.

Փարիզ

 

Leave a Reply

Your email address will not be published.

fifteen + 20 =