ՀՌՉԱԿԱԳԻՐ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ
Արեւմտյան Հայաստանի Կառավարություն կազմելու մասին հռչակագիրը
Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու Ազգային Խորհուրդը, արտայայտելով Արեւմտեան Հայաստանի հայոց կամքը ու գիտակցելով իր պատասխանատւութեան խիստ կարեւորութիւնը իր ժողովուրդի հանդէպ, զոր կ’առնչուի անոնց իղձերու իրականացման եւ խեղաթիւրուած արդարութեան վերականգնման գործընթացին, հանդէս կու գայ հրապարակելու հետեւեալ որոշումը՝ Յենուելով միջազգային հետեւեալ հանգամանքներու վրայ.
ա) ՄԱԿ-ի մարդու իրաւանց համընդհանուր սկզբունքներուն
բ) միջազգային իրաւունքի հանրածանօթ չափանիշներուն
գ) Արեւմտեան Հայաստանի հայերու ինքնորոշման իրաւունքի կիրառման անհրաժեշտութեան, որ պահանջուած է Ազգային Խորհուրդի կողմէ 2004 թ. դեկտեմբեր 17-ին
ԿԸ ՀՌՉԱԿԷ
Աշխարհասփիւռ հայութեան լիիրաւ պետական կառոյցի մը ստեղծումը, այսինքն՝ Արեւմտեան Հայաստանի վտարանդի կառավարութեան կազմութեան սկիզբը:
Սոյն կառավարութեան ձեւաւորման երաշխիքները հաստատուած են իրաւական հետեւեալ որոշումներով.
ՅՕԴՈՒԱԾ ԱՌԱՋԻՆ
- 29 դեկտեմբեր 1917 թ. (11 յունուար 1918 թ.) Ռուսաստանի հրամանագիրը, որ կը ճանչնայ Արեւմտեան Հայաստանի անկախութիւնը. Ռուսիոյ Ժողովրդական պատուիրակներու Խորհուրդը լոյս կ’ ընծայէ <<Թրքահայաստանի վերաբերող հրամանագիրը>> 1917 թ. դեկտեմբեր 31-ին (1918 թ. յունուար 13) <<Բրաւտայի>> թիւ 227-ի մէջ:
- 2 յունուար 1918 թ. Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի դիմումը՝ ներկայացուած ֆրանսական կառավարութեան ճանչնալու Արեւմտեան Հայաստանի անկախութիւնը:
- 10 օգոստոս 1920 թ. Սեւրի դաշնագիրը եւ ԱՄՆ-ու նախագահ Ու. Ուիլսընի իրաւարար վճիռը (22 նոյեմբեր 1920 թ.) եւ մինչեւ օրս վավերական ու իրենց իրաւաբանական ոյժը չկորսնցուցած միջազգային փաստաթուղթերու տը իւրէ (De jure) եւ տը ֆաքթօ (De facto) գոյութիւնը Արեւմտեան Հայաստանի վերաբերեալ:
Կը նշենք հետեւեւալ կարեւոր ամսաթիւերը. 1920 թ. Սան Ռէմօյի խորհրդաժողով, 1920 թ. ապրիլ 24, Սեւրի դաշնագրի ստորագրումը արեւմտեան գերտէրութիւններու կողմէ, 1920 թ. մայիս 11, Սեւրի դաշնագրի յանձնումը թրքական կառավարութեան, 1920 թ. օգոստոս 10, Սեւրի դաշնագրի ստորագրումը Թուրքիոյ կողմէ: 1960 թ. դեկտեմբեր 14,
- 14 դեկտեմբեր 1960, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի Որոշումը Գաղութային ժողովուրդներու եւ երկիրներու անկախութեան արտօնութեան յայտարարութեան հիմամբ:
- Արեւմտեան Հայաստանի հայերը իբրեւ բնիկ ժողովուրդ իրենց ինքնորոշման իրաւունքի տէրն են՝ համաձայն ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի կողմէ ընդունուած Յայտարարութեան 2007 թ. սեպտեմբեր 13-ին:
<<Բնիկ ժողովուրդները ինքնորոշման իրաւունք ունին, որու հիման վրայ անոնք ազատօրէն կ’որոշեն իրենց քաղաքական կարգավիճակը, եւ ազատօրէն կ’ապահովեն իրենց տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային արգաւաճումը>> (Յօդ. 3):
ՅՕԴՈՒԱԾ ԵՐԿՐՈՐԴ
- Արեւմտեան Հայաստանի հայոց իրաւունքներու ապահովումն ու իրականացումը կարելի է միայն Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութեան հովանաւորութեամբ:
- Ամէն աքսորուած հայու շառաւիղի իրաւունքն է վերադառնալու իր պապենական հայրենիքը ու բարգաւաճելու այդտեղ:
- Հայ Ազգային Խորհուրդը կը հրաւիրէ արտաքին աշխարհի ուշադրութիւնը՝ մասնակցելու Արեւմտեան Հայաստանի պատմական տարածքներու ճանաչմանը իր նահանգներով (վիլայէթներով)՝ ներառեալ ուիլսընեան սահմանները եւ ընդունելու զայն իբրեւ անհերքելի իրողութիւն:
- 1894-1923 թթ. թուրքական յաջորդական իշխանութիւններու կողմէն Անատոլիայի եւ Արեւմտեան Հայսատանի մէջ գործադրած ցեղասպանութեան հետեւանքով ոչնչացուած եւ իւրացուած են բռնութեամբ աքսորուած հայերու գոյքերը, որոնց համար կը պահանջուի վերադարձնել Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութեանը՝ իբրեւ միակ հեղինակաւոր իշխանութիւն:
ՅՕԴՈՒԱԾ ԵՐՐՈՐԴ
Արեւմտեան Հայաստանի վտարանդի կառավարութեան կազմութիւնը տարագիր հայոց կարգավիճակի ծնունդն է:
Ուստի, հարկ է նկատի ունենալ հետեւեալ սահմանումները.
- Արեւմտեան Հայաստանի վտարանդի կառավարութիւնը կը կազմուի Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու Ազգային Խորհուրդի պատգամաւորներու կողմէ: Վտարանդի կառավարութիւնը օժտուած է նաեւ պետական իշխանութեան գերակայութեամբ եւ լիազօրութեամբ:
- Արեւմտեան Հայաստանի հայոց անունով հանդէս գալու իրաւունքը կը պատկանի բացառապէս Արեւմտեան Հայաստանի վտարանդի կառավարութեանը:
- Աշխարհասփիւռ հայութիւնը Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքացիութեան իրաւունք ունի: Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքացիները կը գտնուին անոր պաշտպանութեան եւ հովանաւորութեան ներքոյ:
- Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը կ’ ապահովէ իր քաղաքացիներու ազատ եւ իրաւահաւասար զարգացումը՝ անկախ անոնց ազգային, ցեղային եւ դաւանական պատկանելիութենէն:
- Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը հանրային անվտանգութեան պահպանման համար կը ստեղծէ համապատասխան մարմիններ եւ կառավարական կառոյցներ:
- Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը, իբրեւ միջազգային իրաւունքի ենթակայ, անմիջական յարաբերութիւններ կը հաստատէ այլ պետութիւններու եւ ազգային պետական կազմաւորումներու հետ, կը մասնակցի միջազգային կազմակերպութիւններու գործունէութիւններուն:
ՅՕԴՈՒԱԾ ՉՈՐՐՈՐԴ
- Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդը կը յանձնարարէ Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութեան՝ միջազգային յայտարարութիւններու եւ պայմանագրերու ընդունման միջոցով հաստատել, որ.
ա) Արեւմտեան Հայաստանի հարստութիւնը՝ հողը, ընդերքը, օդային տարածութիւնը, ջրային եւ այլ բնական պաշարները, տնտեսական, մտաւոր եւ պատմամշակութային կարողութիւնները, Արեւմտեան Հայաստանի հայերու սեփականութիւնն են:
բ) Արեւմտեան Հայաստանի հարստութեան տիրապետման, օգտագործման եւ տնօրինման կարգը կ’ որոշուի Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութեան օրէնքներով:
գ) Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ նաեւ ունի ազգային հարստութիւն, որոնց կարգին ոսկիի պաշարներու, ալմաստի եւ արտարժոյթի հիմնադրամներու մասնաբաժնի իրաւունք:
- Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը իր տիրապետութեան տակ գտնուելիք ամբողջ տարածքին վրայ ապահովելու է խօսքի, մամուլի եւ խղճի ազատութիւն, օրէնսդրական, դատական եւ գործադիր իշխանութիւններու իրաւահաւասարութիւն, ինչպէս նաեւ՝ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքի վրայ տեղակայուելիք իրաւապահ մարմիններու եւ զինեալ ոյժերու ապաքաղաքականացում:
- Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը կը հռչակէ հայերենը որպէս պետական լեզու, ընդունելով արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի համազօր օգտագործումը, կառավարութեան պաշտօնական գրագրութեան լեզուն կը յայտարարէ արեւմտահայերենը: Կառավարութիւնը կը ստեղծէ կրթական, գիտական եւ մշակութային սեփական համակարգ:
- Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը կը սատարէ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ կատարուած ցեղասպանութեան ճանաչման գործին՝ համաձայն Հայ Ազգային Խորհուրդի յայտարարութեան:
- Սոյն Հռչակագիրը հիմք կը ծառայէ Ազգային Խորհուրդի համար՝ ժամանակաւորապէս նշանակելու եւ հաստատելու Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութեան լիազօր ներկայացուցիչ մը միջազգային կառոյցներու մէջ՝ որոշում կայացնելու իրաւունքով:
Ուստի, կոչ կ’ ընենք ձեզ, հայե՛ր, Արեւմտեան Հայաստանի, Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի, Ջաւախքի, եւ թէ՛ աշխարհով մէկ սփռուած, մասնակցիլ կառավարութեան գործունէութեանց՝ ձեր գիտելիքներով, փորձառութիւններով եւ մասնագիտութիւններով:
Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու Ազգային Խորհուրդ
4 փետրուար, 2011 թ.
Փարիզ, Ֆրանսա