Գաղտնիք չէ, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը, բաւականին երկար տարիներու ընթացքին տարբերուեր է համեմատաբար սպասողական, պաշտպանական, պատասխան ռեժիմի ոճով։
Ակնյայտ է ընթացիկ սպասողական, պաշտպանողական ոճէ կ՛անցնի կատարել յարձակողական ռազմավարութեանը: Ազրպէյճանի նկատմամբ ռազմավարութեան հիմքը պէտք է ըլլայ այդ թշնամու միանշանակ, մշտական գնահատումը որապէս վայրագի, ֆաշիստական, ցեղասպանական, մարդկութեան դէմ ատելութեան քաղաքականութիւնը: Ազրպէյճանը միջազգային իսլամական ահաբեկչութեան հիմնադիրն է, ըստ էութեան, եղեր եւ կը մնայ առաջին «իսլամական պետութիւնը», նախորդը նրա, որու դէմ համաշխարհային հանրութիւնը կը պայքարի այսօր:
Մեր դիրքերու յանձնումը սկիզբ կ՛առնէ Ազրպէյճանի Հայոց ցեղասպանութեան փաստի մասին զիջումներէն եւ լռութենէն։ Այս տարի կ՛ամբողջանայ Ազրպէյճանէն առաջին հայերու Չարդախլու գիւղէն, որը կը հանդիսանայ մեր փառահեղ զօրավարներու եւ Մեծ Հայրենասիրական պատերազմի հերոսներու հայրենիքը, տեղահանման 30 տարին։ Չարդախլուէն առաջին ընտանիքներու տեղահանումէն մի քանի ամիս անց տեղի ունացաւ Սումկաիթը։ Ցաւոք, 30-ամեակի այս ամսաթիւը մեր արտաքին քաղաքականութեան օրացոյցին մէջ տեղ չունի: Շուտով տարին կ՛աւարտի, եւ այդ իրադարձութեան մասին ոչ մէկ խօսք կայ։
Մինչդեռ անհրաժեշտ է չնսեմացնել այդ թեման, այլ ճշգրիտ ներկայացնել Ազրպէյճանի մէջ հայերու ցեղասպանութեան փաստերը։ Խօսքը ոչ միայն Սումկայիթի, Պաքուիի, Մարաղայի մասին է, անոնք Ցեղասպանութեան գագաթնակետն են։ Ցեղասպանութեան քաղաքականութիւնը Ազրպէյճանի մէջ գոյութիւն ունեցած է առաջին օրէն եւ երբեք չէ դադրած, փոփոխելով իր ձեւերը։
Օրինակ, Մեծ Հայրենական Պատերազմի ժամանակ Պաքուիի ղեկավարութեան կողմէ իրականացուած էր գաղտնի ցեղասպանութեան քաղաքականութիւն՝ ռազմաճակատ ուղարկուող հայերու եւ այլ ազգերու ներկայացուցիչներուն շատ աւելի կ՛ուղարկէին, քան իրենց որդիները։
Այսպէս, Արցախէն ճակատ մեկնած են իւրաքանչիւր երրորդը։ Իսկ թուրքերէն, իւրաքանչիւր 18-ը, մասնաւորապէս Ադրբեանէն, իւրաքանչիւր ընդամէնը 30-ը։ Մեծ Հայրենական Պատերազմի տարիներու ազրպէյճանացիներու կորուստներու տեսակարար կշիռը ամենանուազագոյնն էին այլ ազգերու միջեւ։
Ամենամեծ կուրոստները ունեցեր են Արցախի հայերը, մօտաւորապէս ազգաբնակչութեան կէսը։ Արցախը Երկրորդ Աշխարհամարտի տարիներուն «ռեկորդակին» է բազմաթիւ ցուցանիշներով /հերոսներ, գեներալներ, մեդալակիրներ եւ այլն/ – նախկին ԽՍՀՄ-ի բոլոր տարածքներու համեմատ։ Նախկին ԽՍՀՄ-ի 12 հանրապետութիւններէն ոչ մէկը մարշալ չեն տուած, իսկ փոքրիկը տուած է `մի քանի հատ:
Չարդախլու առասպելական գիւղը «ամենա-ռեկորդակիրն» է Արցախի մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ, մենք ինքներս լուռ ենք այս գիւղի հետ կապուած ոճրագործութեան 30-ամեակի մասին։ Ահա եւ մեր արտաքին քաղաքականութեան արդիւնքը, չէ որ, ճիշդ այդ տեղէն կը ստեղծուի տեղեկատվական քաղաքականութիւնը։ Այն մասին, որ Արցախը ռեկորդակիր է Մեծ Հայրենական Պատերազմի ժամանակ, անտեղեակ են Ռուսաստանի 150 մլն փախստականներէն բացարձակապէս բոլորը, ինչպէս նաեւ ղեկավարութիւնը։ Առաւել եւս, չեն գիտեր Պաքուիի ցեղասպանական քաղաքականութեան մասին Մեծ Հայրենական Պատերազմի ժամանակ։
Ինչքա՞ն ժամանակ մենք պէտք է թոյլ տանք հաւասարութեան նշան դնել մեր ու ֆաշիստ թշնամիին միջեւ, թոյլ տալ այսպիսի անտարբերութիւն, անգործութիւն եւ տեղեկատուական դանդաղկոտութիւն։ Ի դէպ, չենք ամչնար, որ Ազրպէյճանի մէջ կատարուած հանցագործութեան զոհերու յիշատակի օրը Հայաստանի մէջ կը նշուի Սումկայիթի Հոլոքոստէն միայն 17!!! տարի անց․․․ Չնայած այն փաստին, որ տասնեակ հասարակական գործիչներ տասնեակ տարիներով գրեր են այդ մասին, թեման լռութեան կը մատնուի եւ իրականութեան մէջ միայն լրագրութեյան ոլորտուն մէջ անդրադարձ կ՛ունենայ։ Անհրաժեշտ է իրաւական գնահատական, որը չկայ։ Ազրպէյճանի Հայոց ցեղասպանութեան փաստը ճանչնալու վերաբերեալ Հայաստանի խորհրդարանին բազմաթիւ կոչերը մնացին անպատասխան։
Հայաստանի ղեկավարութեան ճիշդ այսպիսի քաղաքականութեան արդիւնքն է, որ հասարակութեան քաղաքացիական աշխուժացման գագաթնակետը Թուրքիոյ Հայոց ցեղասպանութեան հարցի վերաբերեալ տեղի ունեցաւ միայն 50 տարի անց։
Հայոց ցեղասպանութիւնը երկու թիւրքական երկիրներու մէջ, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միասնական եւ կապուած գործընթաց է։ Իսկ ցեղասպանութեան ժխտումը եւ լռութիւնը կը նպաստէ թշնամիին շարունակուող ցեղասպանական քաղաքականութեանը։
Կոչ կ՛ուղղենք աջակցիլ 18.01.2017 Հռչակագրի հեղինակներու խումբի նախաձեռնութեան եւ ստեղծել աշխատանքային խումբ
– այս թեմայի մշակման,
– այս թեմայով յատուկ խորհրդաժողովի հրավիրելու,
– համապատասխան օրինագծի գործնական առաջխաղացման համար։
Ազրպէյճանի Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի ճանաչումը կը հանդիսանայ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեյան նոր յարձակողական ոճին անցման ամենակարեւոր քայլը:
Վահան Բաբախանեան,
Արեւմտյան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) պատգամավոր,
Երեւան,
19.09.2017թ.
Հայաստան – Սփիւռք 6-րդ համաժողով
(III ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ – ԱՐՏԱՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳ,
3.2 Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում, ցեղասպանութիւններու կանխարգելում. քաղաքական եւ իրաւական գործընթացները)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սալբի Տ, «Լուսաւոր Աւետիս» էլ. կայք