Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով կորսնցուցինք ոչ միայն 1,5 – 2 միլիոն մեր հայրենակիցներու կեանքը, այլ նաեւ հայրենիքը, լեզուն։ Կորսնցուցինք մեր մշակոյթը եւ սովորոյթները։ Ազգի ինքնութեան պահպանման ամենակարեւոր կռուաններէն մէկը մայրենի լեզուն է։ Մայրենի լեզուի շնորհիւ է, որ ազգը կրնայ պահպանել ինքնութիւնը եւ ազգին պատկանող բոլոր մնացեալ արժէքները՝ մշակոյթը, սովորոյթները, հաւատքը եւ այլն:
Կորսնցնելով Արեւմտեան Հայաստանը, սփռուելով աշխարով մէկ՝ կորսնցուցեր ենք արեւմտահայերէնի բնականոն զարգացման հնարաւորութիւնը։
ՄԱԿ-ի կրթական, գիտական եւ մշակութային կազմակերպութիւնը (ՅՈՒՆԵՍԿՕ) 2010 թուականին արեւմտահայերէնը ներառեր է վտանգուած լեզուներու ցանկէն, ինչը կը նշանակէ, որ հայ երեխաները արդէն արեւմտահայերէնը, որպէս մայրենի լեզու չեն սորվիր դպրոցներէն ներս եւ օրէ-օր արեւմտահայերէն խօսողներու թիւը կը նուազի։
Քանի որ արեւմտահայերէն խօսողները սփռուած են աշխարհով մէկ եւ կը գտնուին ոչ հայկական միջավայրներու մէջ, բնականաբար, նման պայմաններու տակ դժուար է պահպանել եւ մայրենին, եւ հայկական ինքնութիւնը։
Ներկայիս Կոստանդնապոլսոյ մէջ կը բնակին շուրջ 60 հազար հայեր։ Համայնքը այնտեղ ունի 18 հայկական դպրոց, որտեղ նաեւ կ՛ուսուցանուի արեւմտահայերէնը, սակայն ոչ որպէս մայրենի լեզու, այլ որպէս երկրորդ լեզու։ Մնացած բոլոր առարկաները թրքերէնով են։ Կարելի է ըսել, որ աշակերտները արեւմտահայերէնը կը սորվին դպրոցներուն մէջ, ընտանիքներուն եւ առօրեայ կեանքի մէջ քիչ կը գործածեն արեւմտահայերէնը։ Այդ է պատճառը արեւմտահայերէնի թուլացմանը հայկական շրջանակներու մէջ։
Արեւմտեան Հայաստանի մէջ իսլամացած, քրտացած հայերու թիւը կը հասնի 4-էն 5 միլիոնի։ Անոնց մէկ մասը տեղեակ ըլլալով իր արմատներու մասին, կը վերադառնայ հայկական արմատներուն, կը փոխ անուններն ու ազգանունները, իսկ ամենակարեւորը, ցանկութիւն կը յայտնէ հայերէն սորվելու։ Հնարաւորութիւն ունինք նաեւ անոնց միջոցով պահպանել ու զարգացնել արեւմտահայերէնը։
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան նախարարութիւնը իր հնարաւորութեանց սահմաններուն մէջ արդէն երկար ժամանակ է, աշխատանք կը տանի օգնել հայրենակիցներուն, կազմակերպել արեւմտահայերէնի դասընթացքներ։ Այսօր Տերսիմ, Տիգրանակերտ եւ Մուշ քաղաքներու իսլամացած/քրտացած հայերէն կազմուած են համայնքներ։ Տերսիմի եւ Մուշի մէջ ժամանակ առ ժամանակ տեղի կ՛ունենան արեւմտահայերէնի դասընթացքներ։
Մեր հնարաւորութիւնները, սակայն, սահմանափակ են եւ օգնութեան կարիք ունինք։ Դժուարութիւն կ՛ունենանք արեւմտահայերէնի մասնագետներ գտնել, որոնք կարող են դասավանդել լեզուն տեղում, կամ համացանցի միջոցով։
Հայաստանի Հանրապետութեան Սփյուռքի նախարարութիւնը, Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը, կրթամշակութային այլ հաստատութիւններ կարող են այս հարցի նկատմամբ մեծ ներդրում ունենալ, ինչպէս օրինակ՝ պատրաստելով կամ վերապաստրաստելով արեւմտահայերէնի մասնագետներ եւ ուսուցիչներ, հրավիրելով կամաւորներ Արեւմտեան Հայաստանէն, մարդիք՝ ովքեր ցանկութիւն ունին սորվելու եւ վերադառնալու Արեւմտեան Հայաստան ու այնտեղ սորվեցնելու ուրիշներու։ Այս եղանակով հայրենակիցները հնարաւորութիւն կ՛ունենան սորվելու մայրենին, որն իր հերթին անոնց համար լայնօրէն կը բանայ դռները հայկական աշխարհի։
Վրէժ Քոսաեան,
Արեւմտյան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) պատգամավոր,
Երեւան,
19.09.2017թ.
Հայաստան – Սփյուռք 6-րդ համաժողով
IV ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ – ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐՆԵՐԸ ,
4.1 Մայրենի լեզուն եւ դպրոցը հայ ինքնութեան կռուան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սալբի Տ, «Լուսաւոր Աւետիս» էլ. կայք