Համաժողովին կուզէինք փոխանցել այն գաղափարը, որ երկար ժամանակ երազած էինք… զանազան երկիրներու մէջ համայնքներու բաժնուած Հայը ուր որ ալ ըլլայ պէտք է միաւորուի, հաւաքական մեր իղձերու իրականացման աշխատանքներուն շուրջ, ինքնակազմակերպելու եւ մանաւանդ զինուորական պատրաստութէամբ զբաղուելու, կառաջարկենք անտէրկրի հայերուն օժտել ռազմական գործի նախնական գիտելիքներով, որ ան պէտք է կազմակերպուի ոչ միայն գաղափարական բաղադրիչներով, այլեւ պետական, իրաւական եւ գործնական համաձայնեցուած ծրագիրներով:
Այսինքն, անտէրկրի հայերուն իրաւասութիւն տալ տիրապետելու զինուորական գիտելիքների, բաւարար չէ ժամանակաւոր` 15 օրուայ ծրագիրներով, այսինչ կամ այնինչ կազմակերպութեանց միջոցով, այլ հնարաւորութիւն տալ անխտիր բոլոր կամաւորներուն:
Պէտք մշակենք եւ ունենանք մնայուն, երկարատեւ, խելամիտ ծրագիրներ.
-Միջին Արեւելքի ներկայիս իրավիճակը մեզ կը յուշէ համախմբուիլ մեր ունեցած կարողութիւննիրու շուրջ,
-Աշխատանք տանիլ զինուորական մարզումի ճամբարներ ստեղծելու արտերկրի համայքներու համար:
-Մարզումի ենթարկել 14 տարեկանէն սկսէալ բոլոր պատանիներուն ու պարմանուհիներուն:
Խօսքն ուղղելով համաժողովի մասնակիցներուն եւ մանաւանդ Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշպանութեան նախարարութեան`
ոչ թէ կը խնդրենք, այլ կը պահանջենք թիկունք կանգնիլ, բարոյապէս եւ նիւթապէս օգնելով այս ծրագիրներու իրականացմանը:
Արմէնակ Հարմանտայեան,
Արեւմտյան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) պատգամավոր,
Երեւան,
19.09.2017թ.
Հայաստան – Սփիւռք 6-րդ համաժողով
II ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ – ՀՀ ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԻ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒՄ,
2.1 «Ազգ-բանակ». հաւաքական ներուժի զարգացման մոդել