Մերձաւոր Արեւելքի առկայ ժամանակակից մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ տեղի հայ համայնքներու կենսագործունէութիւնը շատոնց արդէն էապէս կը տարբերուի աւանդական սփիւռք հասկացութեան կենսագործունէութենէն:
Այդ իմաստով՝
- նկատի առնելով վերջին տասնամեակներուն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ եւ հարակից տարածքներու առկայ նոր իրողութիւններն ու մարտահրաւէրները,
- նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ապրող հայութիւնը իրականութեան մէջ 1894-1923 թթ. հայութեան նկատմամբ իրականացուած ցեղասպանութեան ու բռնագաղթի հետեւանքով այնտեղ հաստատուած հաւաքականութիւն է,
- նկատի առնելով, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ եւ Արեւմտեան Հայաստան ապրող հայութիւնը ապրելու, զարգանալու եւ ապագայ ունենալու իրաւունք ունի, ինչպէս այդ սահմանուած է միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներով ու նորմերով,
նպատակահարմար կը գտնենք կրկնել մեր առաջարկը, որ հնչեցուցած էինք Լրագրողներու 8-րդ համաժողովին, այն է՝ Մերձաւոր Արեւելք եւ Արեւմտեան Հայաստան ապրող հայութեանը նայիլ, որպէս Հայաստան – Արցախ – Սփիւռք եռամիասնութեան չորրորդ բաղադրիչ:
Այդ իմաստով կ՛առաջարկենք ստեղծել աշխատանքային խումբ, որը կարող է զբաղիլ այս հարցով եւ պատրաստել համապատասխան հայեցակարգ՝ առկայ մարտահրաւէրներուն նախօրոք պատրաստ ըլլալու եւ նորովի ու միասնաբար հանդէս գալու նպատակով:
Ռադիկ Խամոյեան,
Արեւմտյան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) պատգամավոր,
Երեւան,
19.09.2017թ.
Հայաստան – Սփիւռք 6-րդ համաժողով
IV ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ – ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐՆԵՐԸ
4.3 Արտակարգ իրավիճակներում յայտնուած հայերու հիմնախնդիրները
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սալբի Տ, «Լուսաւոր Աւետիս» էլ. կայք