Մերձաւոր Արեւելքի եւ հարակից տարածքներու առկայ ժամանակակից մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ հայութեան ու Հայաստանի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան բաղադրիչի բարձրացման հարցերու գործնական իրականացումը դարձեր է հրամայական եւ օրախնդիր:
Ազգային պետական ներուժի գնահատման տեսակէն այլեւս չենք կրնար անտեսել կամ չնկատել՝ Մերձաւոր Արեւելքի ու հարակից տարածքներու հայ համայնքներու, Արեւմտեան Հայաստանի հայերու ներուժը:
Ուստի՝
- նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ապրող հայութիւնը իրականութեան մէջ 1894-1923 թթ. հայութեան նկատմամբ իրականացուած ցեղասպանութեան ու բռնագաղթի հետեւանքով այնտեղ հաստատուած հաւաքականութիւն է,
- նկատի առնելով, որ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ապրող հայութիւնը ապրելու, զարգանալու եւ ապագայ ունենալու իրաւունք ունի, ինչպէս այդ սահմանուած է միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներով ու նորմերով,
ինչպէս նաեւ հաշուի առնելով Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան բանակաշինութեան նոր «Ազգ-բանակ» հայեցակարգը եւ Արեւմտեան Հայաստանի հայերու «Մշտական, զինուած, դրական չէզոքութեան մասին» որոշումը, համապատասխան մարմնի մը միջոցով կ՛առաջարկենք մշակել ու ներկայացնել հայութեան ու Հայաստանի պաշտպանութեան ու անվտանգութեան հայեցակարգ մը՝ անհրաժեշտ բաժիններով, որոնք նկատի կ՛առնեն Մերձաւոր Արեւելքի, հարակից տարածքներու, Արեւմտեան Հայաստանի հայերու, Արցախի Հանրապետութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան ու պաշտպանութեն մեքանիզմներն ու լծակները, համարժէք միջոցներու տեղաբաշխումն ու ապահովումը:
Տիգրան Փաշաբեզեան,
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ
Երեւան,
19.09.2017թ.
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սալբի Տ., «Լուսաւոր Աւետիս»
Հայաստան – Սփիւռք 6-րդ համաժողով
II – ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ – ՀՀ ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒՆ
2.1 – «Ազգ-բանակ». հաւաքական ներուժի զարգացման օրինակ