Եթէ բնակչութեան գաղթը դիտարկելու ըլլանք Հայաստանի եւ Արցախի հետ կապուած, ապա միանգամայն ակնյայտ է, որ, ըստ էութեան, այդ ազգային անվտանգութեան խնդիր է։ Այսօր միջազգային աշխարհաքաղաքական իրավիճակը աւելի ու աւելի լարուած կը դառնայ, որը պարզապէս անհնար է չտեսնել։ Չկան երաշխիքներ, որ տարբեր երկրներու մէջ ապրող հայերը ճնշման չեն ենթարկուիր բնիկ ժողովուրդի կողմէ, ընդ որում՝ այդ ճնշումը կրնայ կրօնական ազգային եւ ծայրահեղականութեան բնոյթ առնէ։ Այս համատեքստի մէջ յիշեալ գաղթի խնդիրը բաւական իրկանութիւն է ողջ հայութեան համար։ Հետեւաբար, այս կարեւոր հարցը պէտք է դառնայ ամենասեւեռուն ուշադրութեան առարկայ ինչպէս Հայաստանի ու Արցախի պետական կառավարման մարմիններու, այնպէս ալ Սփիւռքի հայկական կառոյցներու՝ առանձին անհատներու, կազմակերպութիւններու համար, ինչը պէտք է հանգեցնէ անոնց անմիջական մասնակցութեանը մեր սահմաններու պաշտպանութեան եւ ամրացման ծրագիրներու իրագործմանը։ Միեւնոյն ժամանակ, հարկ է հաշուի առնել նաեւ ՀՀ եւ ԼՂՀ պետական եւ ժողովրդագրական միջոցներու սահմանափակութիւնը։ Մեր խորին համոզումով, միայն բազմամիլիոնանոց հայկական սփիւռքի եւ բարեկամ ժողովուրդներու արտասովոր ներուժի լիարժէք ու բազմակողմանի կիրառումը թոյլ կուտայ լուծել կենսականօրէն կարեւոր այնպիսի խնդիր, ինչպիսին է Հայաստանի եւ Արցախի ռազմավարական ժողովրդագրական ներուը այնպիսի մակարդակի հասցնելը, որը կարող է համարուիլ անհրաժեշտ չափով բաւարար։ Արտասահմանեան փորձագետներու կարծիքով՝ վտանգաւոր համարւող շրջաններուն մէջ բնակչութեան հոգեկան կայունութիւնը շատ բանով կ՛որոշուի բնակչութեան խտութեան քննադատական մակարդակով։ Եթէ այդ մակարդակը պահպանուի եւ օժանդակութիւն հասնի, ապա պաշտպանուածութիւն, շրջանի ապագայի հանդէպ վստահութեան զգացողութիւն կը յառաջանայ։ Հակառակ պարագային կենդրոնախոյս գործընթացները կը գերակշռեն, եւ իրավիճակի յետագայ վատթարացումէն զգուշացող բնակչութեան զանգուածային, չվերահսկուող արտահոսք կը սկսի (անկեղծ ըլլանք՝ խուճապահար փախուստ)։ Մեր աչքերուն առջեւ այսօր տեղի ունեցող բնակչութեան խիտ շարքերով արտահոսքը սահմանամերձ շրջաններէն վառ վկայութիւն է։ Այս տագնապալի միտման մասին անհրաժեշտ է անընդհատ ահազանգել, կոչնակ հնչեցնել, քանզի խնդիրը բացառիկ լուրջ է։ Ո՞ւր կ՛արտագաղթէ բնակչութիւնը, որուն բացակայութիւնը անդրադառձ կ՛ունենայ երկրի պաշտպանողականութեան եւ սահմաններու պաշտպանութեան վրայ։ Պատասխանը, ցաւոք, մեզ բոլորիս քաջ յայտնի է։
Ազրպէյճանի բազմամեայ սադրանքները Հայաստանի սահմաններուն, ազրպէճանական բանակի եւ անոնց դաշնակից Թուրքիոյ վայրաքութիւնը, որը 2016թ. Ապրիլին յառաջացուց քառօրեայ պատերազմ ընդդեմ ԼՂՀ-ի, խիստ ակնյայտօրէն ընդգծեցին այն փաստը, որ Հայաստանը եւ, առաւել եւս, Արցախը, ըստ էութեան, պատերազմող պետութիւններ են։ Այս փաստը կը պահանջէ ողջ ազգային գաղափարախօսութեան արմատական, երկրի տնտեսական կեանքի կազմակերպման վերատեսութեան ենթարկել՝ նախ եւ առաջ սահմանամերձ շրջաններուն։ Այս առնչութեամբ նպատակահարմար կը համարենք սահմանամերձ բնակավայրերուն յատուկ աւաններու ձեւավորումը, որոնք կը համապատասխանեն Իսրայելի կամ XIXդ. առաջին կէսի Ռուսաստանի ռազմական աւաններու օրինակին, առաջին հերթին՝ մարտական փորձ ունեցող վեթերաններով, ովքեր 1990-ականներուն անցեր են Հայրենիքի պաշտպանութեան ճակատամարտերու բովով։ Սակայն վերը նշուածը հնարաւոր է կազմակերպել այն պարագային, եթէ անձնակազմի քաղաքականութիւնը երկրին մէջ իրականացուի ազգային անվտանգութեանը միտուած մարմիններու հսկողութեան ներքոյ։ Այս խնդիրը իրաւի համազգային է՝ կապուած (եւ ասոնք լոկ ամպագոռգոռ բառեր չեն) Մայր Հայրենիքի՝ Հայաստանի փրկութեան եւ վերածնունդի հետ, ինչին, բնականաբար, պարտաւոր են ձգտիլ ինչպէս անոր բոլոր քաղաքացիները, այնպէս ալ իւրաքանչիւր հայ՝ անկախ բնակած երկրէն, Ամերիկայէն մինչեւ Ավստրալիա եւ Եւրոպա ու Ասիա։
Այսօր մեր երկիրը կը գտնուի բարդ, եթէ ոչ՝ ծանր աշխարհաքաղաքական եւ ընկերա-տնտեսական իրավիճակի մէջ, որն անխուսափելիօրէն կ՛անդրադառնայ նաեւ պատերազմի վեթերաններու, պաշտօնաթող զինուորականներու, զոհուած ու վիրաւոր մարտիկներու ընտանիքներուն վրայ։ Աշխատատեղերը բնաւ չեն բաւականացներ, իսկ պետութեան հատկացուցած թօշակները եւ նպաստները չեն կրնար լիարժէք կայունացնել անոնց հոգեբանական վիճակը, վերադարձնել բնականոն կեանքի։ Պատերազմէն խոցուած մարդիկ դեռ կրնան եւ կ՛ուզեն աշխատիլ։ Եթէ պետական մակարդակով այս խնդիրը լուծելը դեռեւս կարելի չէ, ապա այն պէտք է կարգաւորել այլընտրանքային մէքանիզմներու միջոցով՝ նուազագոյնը այդ ձեւով բարոյական պարտքը կատարել զոհուած հերոսներու ընտանիքներուն։ Իսկ սահմանային, մեր պարագային՝ սահմանամերձ ծառայութիւնը կը պահանջէ փորձ, տոկունութիւն, եթէ կ՛ուզէք՝ կեանքի իմաստնութիւն, ինչն աւելի բնորոշ է վեթերաններուն, քան «նորաթուխ» զինակոչիկներուն։ Մանաւանդ որ վեթերանները, հարկ եղած պարագային, ի վիճակի են լուրջ մարտ ընդունիլ եւ պահել դիրքերը՝ մինչեւ հիմնական զինուորական ստորաբաժանումներու մօտենալը։ Այս ձեւով կը յաջողինք ապահովել ոչ միայն մեծ կայունութիւն սահմանին, այլեւ անհրաժեշտ համալրում զինակոչային բանակային միջոցներու անբաւարարութեան պարագաներուն։ Պակաս կարեւոր փաստ չէ նաեւ այն, որ մենք հանգստացնենք պատանի զինակոչներու ընտանիքները՝ սահմանին անոնց ապահովագրելով մարտերու մէջ կոփուած մարտիկներով։ Այդ գիւղերէն շատերն այժմ գրեթէ անմարդաբնակ են, իսկ հողերը անմշակ. Արցախի ազատագրման համար պատերազմի վեթերանները կարող են այդ անմարդաբնակ գիւղերը հիմք ունենալով կազմակերպել աւաններ եւ անհրաժեշտ արտօնութիւններ տրամադրելով՝ արդիւնաւետօրէն մշակել հողը, տնտեսութիւն վարել, ասոր հետ զուգահեռ, անհրաժեշտութեան պարագային, պաշտպանել սահմանը։ Որպէս նախադէպ՝ նման առաջին աւանը, մեր կարծիքով, նպատակահարմար է ստեղծել Թալիշ գիւղի հողերուն վրայ։ Իրական պաշտպանութիւն զգալով՝ գիւղ կարող են վերադառնալ տեղի բնակիչները եւ պահեստի զինուորներու, աշխարհազորայիններու, սփիւռքի հայրենակիցներու հետ, սահմանային ծառայութիւն կրելու հետ միասին, հող մշակել, տնտեսութեամբ զբաղիլ եւ ծրագրային արտադրանք կատարել։ Այսպիսով, մենք ոչ միայն կ՛ապահովենք սահմանի յուսալի պաշտպանութիւնը, այլեւ, պատերազմի պարագային, մինչ իսկ ընդհանուր զօրակոչ յայտարարել, կրնանք գործնականօրէն յառաջացնել կանոնաւոր բանակ։ Իմ առաջարկս նորութիւն չէ, ըսուածը մէկ անգամ արդէն նախաձեռնուած եւ իրագործուած է իմ անմիջական մասնակցութեամբ 1993-1995թթ.։ Հասկանալի է՝ ծրագրի իրագործումն անկարելի կը դառնայ առանց պետութեան եւ անոր բոլոր հիմնարկներու, երկրի հասարակութեան եւ սփիւռքի անմիջական մասնակցութեան, այն ժամանակ, երբ ես գաղթի եւ փախստականներուի հարցերով Պետական վարչութեան մէջ գաղթի ու արտաքին կապերու վարչութեան պետի տեղակալն էի։ Նախաձեռնուեցաւ Հայաստանէն եւ ԱՊՀ այլ երկրներէն Արցախի աւելի քան 42 հազար քաղաքացիներու վերադարձը Լեռնային Ղարաբաղ, ովքեր ժամանակաւորապէս լքել էին իրենց տները մարտական գործողութիւններու պատճառով, մինչեւ պատերազմի լիակատար աւարտը։ Դեռ չկար ազատագրուած տարածքներու կարգավիճակի վերաբերեալ կառավարական որոշումը, իսկ մենք արդէն սկսեր էինք ազատագրուած տարածքները գերազանցապէս Ազրպէյճանէն, ինչպէս նաեւ Շահումեանէն, Գետաշենէն, Մարաղուէն, Չայլուէն եւ Արցախի՝ թշնամիին կողմէ գրաւուած այլ բնակավայրերէ փախստականներով բնակեցնելով։ Ցաւոք, մեր Հայրենիքի այս եւ այլ տարածքներ առայժմ կը մնան գրաւուած Ազրպէյճանի հետ կնքուած հրադադարի պատճառով։ Նշեմ, որ պարզապէս Թալիշ գիւղը, որը ազատագրուած է 1994թ. Ապրիլի 14-ին, դարձաւ Արցախի՝ վերջին ազատագրուած բնակավայրը, այս իրադարձութենէն յետոյ ստորագրուեցաւ յիշեալ համաձայնագիրը, որը գործեց, այսպէս ըսած, մինչեւ 2016թ. Ապրիլի 2-ը։
Եւ վերջապէս՝ գլխաւորը։ Արցախի իշխանութիւններու, այն է՝ նախագահ Բ.Սահակեանի, Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վ.Բալասանեանի հետ համաձայնութեամբ՝ մենք արդէն ձեռնամուխ եղած ենք դէպի սահմանամերձ շրջաններ ներգաղթի խթանման գործընթացի կազմակերպմանը եւ յոյս ունինք, որ Սփիւռքը, ինչպէս այդ ապացուցուած է քանիցս, կարող է եւ լիարժէք կը մասնակցի պատմական Հայրենիքի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդմանը։ Յարգելի հայրենակիցներ, այդ գործընթացը անշրջելի է, եւ մենք կոչ կ՛ուղղենք Սփիւռքի բոլոր հայերուն համախմբուիլ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին հետ եւ հնարաւոր ամէն բան ի գործ դնել՝ հանուն մեր երկրներու անվտանգութեան ապահովման եւ անոնց սահմաններու ամրացման։
Հայրենակիցնե՛ր։ Մենք համոզուած ենք, որ միայն ուժեղ Հայրենիքը կարող է ուժեղ Սփիւռք ունենալ։
Եդուարդ Փոլատով (Փոլատիդիս), «ԹԱԼԻՇ-ՍԱՀՄԱՆԱՄԵՐՁ ԱՎԱՆՆԵՐ» ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐԱԿԱՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ,
Արեւմտյան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) պատգամավոր,
Երեւան,
19.09.2017թ.
Հայաստան – Սփյուռք 6-րդ համաժողով
II ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ – ՀՀ ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՄԱՐՏԱՀՐԱՈՒԷՐՆԵՐՈՒ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒՆ,
2.3 Սահմանամերձ բնակավայրերու կայուն զարգացում եւ յուսալի պաշտպանութիւն)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սալբի Տ, «Լուսաւոր Աւետիս» էլ. կայք