Համշենհայ երիտասարդութեան վերադարձման թեման իրենց հայ արմատներուն եւ ազգային պատկանելիութեանը եւ անոնց ինքնագիտակցութեան բարձրացումը դժուար է եւ խորը, ինչպէս այլակրօն հայերու ամբողջական խնդիրներուն մէջ, յատկապէս իսլամացած հայերու եւ ազգութիւնը թաքցուցած հայերու, որոնք արմատներով կ՛երթան 19 դարու սկզբները, դէպի մեր ազգի ողբերգական պատմութեան էջերը, օսմանեան կայսրութեան, երիտթրքական եւ քեմալական կառավարման – հայերուն լիովին ոչնչացնելու՝ ինչպէս ֆիզիկապէս, այնպես ալ հոգեպէս:
Հայկական արմատներու գաղտնիքը 3-րդ կամ 4-րդ սերունդը եղեռնէն յետոյ պէտք է ձայն բարձրացնէ իր նոյնականութեան մասին: Ոչ պաշտօնական հարցումներու տուեալներով Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ամէն 3-րդն իր մեկ տատիկին հայ է անուանել: Այդ փաստը թաքուն մնացած է մինչ մեր օրերը, հիմա պարզ կ՛երեւի, որ նոր սերունդը փորձ կը կատարէ ձեռք բերել իր հայկական առանձնայատկութիւնը:
Ազգութիւնը թաքցուցած հայերը իրենց նոյնականութիւնը թաքցնելով ոչ միայն կը շարունակեն կառչած մնալ որոշ ժողովրդական եւ կրօնական սովորութիւններէ, այլ կը ձգտին ամուսնանալ իրենց նմաններուն հետ: Ընդ որում այդպիսի ամուսնութեան եզրահանգումէն 2-րդ ծրագիր կը մշակուի տարիքային, դասակարգային, ընկերային եւ այլ խտրականութիւններ: Այդ սովորութիւնները անոնք կը փորձեն պահպանել նաեւ Եւրոպայի մէջ, ուր գաղթեր են բազմաթիւ ընտանիքներ:
Յայտնի է, որ թրքական կառավարութիւնը գրանցեր է իսլամացած հայերուն, սահմանուած համարակալման ձեւով, որպէսզի հեշտացնէ իրենց թաքուն նոյնականացումը: Ցուցակներուն մէջ նշուած են իւրաքանչիւր գիւղը եւ հայկական ցեղը, որոնք ստիպողաբար իսլամացած են 19դ.-ի սկզբին եւ որոնք վերապրեր են եղեռնը:
Գրող եւ ուսումնասիրող Հիւրէ Շահին իր «Ինչպէս է քաղաքականութեան ձուլումը ոչնչացնում լեզուները, հայերու պատմութիւնը եւ Համշենի հայերուն» գրքին մէջ, կը գրէ. «Աշխարհի մէջ կան ուրիշ հասարակութիւններ, որոնք կը համախմբուին լեզուի շուրջ այլ ոչ կրօնի: Կրօնը պէտք չէ շփոթել բնակչութեան ցեղային կազմի ծագման հետ: Այն պնդումը, որ «հայը չպէտք է ըլլայ մուսուլման», ճիշտ չէ եւ չունի գիտական մօտեցում: Մենք պէտք է յաղթահարենք այդ դիրքորոշումը: Անհրաժեշտ է, որ հայերը 1-ին ծրագիր մղեն ոչ թէ կրօնը, այլ իւրօրինակութիւնը եւ լեզուն»:
Հայկական հարցի որոշումը չի բերեր միայն կորսնցուցած տարածքներու, զոհուածներու, եղեռնի ժամանակ միլիոնաւոր հայերու արտաքսման: 19-20դդ. բռնի կերպով հայերու իսլամացումը եղեռնի եւս մէկ փաստ է:
Բայց ոչ բոլոր իսլամացած հայերը թուրքիոյ մէջ կորսնցուցեր են իրենց նոյնականութիւնը: Անոնք կը շարունակեն աղօթել հայերէն, շարունակելով պահպանել սերունդներու կապը:
Հաշուի չառնելով, որ հայրենիքի հայերու մեծամասնութիւնը ստիպուած փոխած է իր հաւատքը, վարելով թաքուն կեանք, անոնք չեն կորցսնցուցած իրենց ժողովրդական նոյնականացումը – ամուր բռնելով Արիադնայի բարակ թելէն, որը վաղ թէ ուշ դուրս կը բերէ Կենտավրոսին գետնի տակէն:
Այս փաստերու հիման վրայ կարելի է եզրակացնել, որ Արեւմտեան Հայաստանի հայերու ձուլումը Համշենին մէջ ոչ միայն վերջացած չէ, այլ կը վերադարձնեն սեփական արմատներ: Այս պատճառով անհրաժեշտ է օգտագործել բոլոր հնարաւորութիւնները, որ օգնենք համշենական եղբայրներուն եւ քոյրերուն:
Այդ ՄԱԿ-ի յատուկ կառոյցներու աշխատանքն է (անձնական շփումը Աբխազիոյ եւ Սոչիի համշենահայերու եւ Արեւմտեան Հայաստանի համշենահայերու միջեւ: Ժողովուրդի կենդանի հետաքրքրութիւնը դէպի իր անցեալը) կապի, համացանցի, հայկական մշակութային օջախներու ստեղծում եւ կրթութիւն, զանգուածային տեղեկատուութեան աշխատանքներով:
Ցաւոք համշենական զանգուածային տեղեկատուութիւնը (ինչպէս տպագիր, այնպէս ալ էլեկտրոնային), Աբխազիոյ, Ռուսաստանի, ՀՀ-ի, թուրքիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ներկայացուած է քիչ քանակութեամբ, հատկապէս հայերէն տարբերակով, որուն արդիւնքն է քիչ տեղեկացուած ըլլալը համշենահայերու եւ իրենց արդի խնդիրներու մասին:
Բացառութիւն կարելի է համարել ամենամսեայ «Համշենական ձայն» ամսագիրը եւ համշենական առակներու ձայնասփիւռային հաղորդումներու շարքը (խմբագիր եւ հեղինակ`Սերգէյ Վարդանեան, Երեւան) եւ «Համշեն» թերթը (խմբագիր՝ Արտավազդ Սարիստեան, Սուխում, Աբխազիա):
Այդ իրավիճակի ուղղումը պէտք է համշենահայութեան համար օրակարգային դառնայ: Պատմութեան կեղծմամբ շատեր զբաղեր են, բայց թուրք յանցաւոր վերնախաւը կատարելութեան հասցուցած է զայն:
Բայց այդ չի նշանակեր, որ յաջողեցաւ ջնջել եղեռնի զոհերու հետնորդներու յիշողութիւնները:
Փառք Աստծոյ դեռ կենդանի են եղեռնի զոհերու հետնորդները, որոնք պատրաստ են տրամադրել եւ հաստատել այդ փաստաթղթերը:
Մեր կողմէ աշխատանքներ կը տարուին վաւերագրական փաստերու եւ ցուցմունքներու համար, որոնք հիմք կը հանդիսանան ի ցոյց դնելու զանոնք միջազգային դատարաններուն առաջ եւ որոնք ալ վերջապէս եւ անվերադառնալիօրէն կը դատապարտեն այդ հրեշաւոր յանցանքը ընդդէմ մարդկութեան եւ կը վերականգնեն մեր ժողովուրդի ոտնակոխուած իրաւունքները:
Այն ինչ թուրքեր գործեր են, ծրագրուած ոչնչացնել հայերուն, 19դ.-ի 2-րդ կէսէն մինչեւ 1923թ, բացարձակ չարիք է: Անոնք պէտք է կրեն արժանի պատիժ, այն ոճրագործութեան համար, որ խլեր են մեծ ժողովրդի մը հայրենիք եւ մեր նախնիներու ոսկորներուն վրայ կառուցեր են քեմալական բարգավաճումը:
Բայց հեռու չէ այն օրը, երբ հայկական հարցի վերջնական լուծումը կ՛ըլլայ Արեւմտեան Հայաստանի անկախութեան իրագործման փաստը, ինչպէս նաեւ Կիլիկիոյ:
Այդ կրնայ դառնալ հիմնաւոր մտայաղացում համշենահայ երիտասարդութեան վերադարձի իր հայկական արմատներուն եւ ազգային մտածելակերպի ինքնագիտակցման բարձրացման համար:
Սաիդա Օհանեան` լրագրող եւ ազգագրագէտ,
«Համշենուհի» համշենահայերու կանանց միջազգային միութեան ղեկավար
Երեւան,
19.09.2017թ.
Հայաստան – Սփյուռք 6-րդ համաժողով
IV ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ – ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐՆԵՐԸ ,
4.4 Սփիւռքի երիտասարդութեան ազգային պատկանելութեան գիտակցականութեան տեսլականը
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սալբի Տ, «Լուսաւոր Աւետիս» էլ. կայք