Այսօրուայ թեման` ինձ հարազատ մշակոյթն է: Կայ այսպիսի կարծիք, որ մշակոյթը ընդամէնը գեղեցկացնող եւ զարդարող մասը կը կազմէ մեր կեանքին: Ես կտրականապէս համաձայն չեմ այս կարծիքին, հիմա չեմ մանրամասներ, միայն կ՛ըսեմ, որ մշակոյթը հիմքն է մեր առօրեային եւ ընդհանուր առմամբ` կեանքին:
Թոյլ տուէք համառոտ ներկայացնել մեր ծրագիրներէն երեքը: Ցանկութիւն ունիմ ուշադրութիւն դարձնէք եւ ըստ հնարաւորութեան աջակցէք իրականացնել այն:
Առաջին ծրագիրը առաջարկուած է աւելի քան վեց ամիս առաջ: Այն ուղղուած է Արեւմտեան Հայաստանի երիտասարդութեանը: Անոնց հնարաւորութիւն կը տրուի երկարատեւ սորվելու կամ անցնել մշակոյթի, լեզուի, պատմութեան կարճատեւ դասընթացքներ: Ապրելով հայկական ընտանիքներու մէջ` տեսնելով, սորվելով աւանդոյթները, անոնք կ՛ընտելանան, աւելի մօտ կ՛ըլլան իրենց ծինային արմատներուն: Տարբեր երկրներու մէջ վաղուց գոյութիւն ունի ընտանիքներու մէջ ապրելու նման փորձառութիւնը:
Երկրորդ նախագիծը` արուեստի գիշերօթիկ դպրոցն է, Արեւմտեան Հայաստանէն եւ տարբեր երկրներէն սորվելոււ ցանկութիւն ունեցող երեխաներու համար: Այս նախագծի նպատակն է կրթել տաղանդաւոր երեխաներուն, զարգացնել եւ բարձրացնել անոնց բանականութիւնը: Բացի ատկէ, նոր աշխատատեղեր կը բացուին տեղի ուսուցիչներու եւ արուեստագէտներու համար: Մենք ունինք լաւ մասնագետներ, որոնց գիտելիքները պէտք է ըստ արժանւոյն փոխանցուին յաջորդ սերունդներուն:
Եւ վերջին նախագիծը` ժողովրդական, սիրողական թատրոնն է: Այո, թատրոնը անհրաժեշտ է բանալ ամենուր, որտեղ կը բնակին մեր հայրենակիցները: Մենք շատ արագ կը ձուլուինք օտար երկրներու մէջ: Մեր երիտասարդները աստիճանաբար կը հեռանան լեզուէն եւ հետեւաբար հայկական ոգիէն, եւ կարելի չէ թոյլ տալ, որ այդ տեղի ունենայ: Այն ամէնը, ինչ կորսնցուցեր ենք,պէտք է վերադարձուի ոչ միայն երաժշտութեան, գեղանկարչութեան, պարերու կամ գորգագործութեան, այլ նաեւ թատրոնի միջոցով:
Ամբողջ ուժը եւ յոյսը թատրոնի հետ կը կապեմ: Թատրոնով կը սկսին խօսիլ, մտածել, զգալ հարազատ լեզուով եւ հոգով: Բեմէն կեանքի կոչել հայկական աւանդոյթները եւ մշակոյթը: Նպատակին հասնելու համար պէտք է զարգացնել միտքը, հասանելի ըլլալ մարդկային մշակոյթին եւ գլխաւորը միշտ քաղաքացի ըլլալ: Միշտ յիշել, որ արուեստագէտի կեանքն անբաժան է իր ժողովուրդի կեանքէն: Ես կ՛առաջարկէի բանալ փոքր սիրողական թատրոններ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ: Պայմանաւորուած էի պատրաստակամ խումբ մը երիտասարդ մասնագէտներու հետ, որոնք սիրով կը սկսին այս բարդ առաքելութիւնները: Ցաւոք քաղաքականութիւնը դեռ հնարաւորութիւն չի տար որպէսզի այս նախագիծը իրագործուի:
Յարգելիներս, մեր բոլոր նախաձեռնութիւնները իրենց նպատակին հասցնելու համար ընդամէնը պէտք է ցանկութիւն եւ հնարաւորութիւն: Եթէ ծրագրերը հետաքրքրական են, կարելի է աւելի մանրամասնօրէն քննարկել:
Եւ իմ ելոյթի աւարտին, կ՛ուզեմ տեղեկացնել Ձեզ բարեգործական համերգի եւ բարեգործական աճուրդի մասին, որը տեղի կ՛ունենայ Ապրիլի 20-ին, ժամը 21:45-ին, Երեւանի «MEZZO» Classic House Club»-ին մէջ, որը կազմուած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան «Դո՞ւ ինչ ես արել Արցախի համար» ծրագրի շրջանակներուն մէջ: Ի շարունակութիւն այս ծրագրին, Ռուսաստանի մէջ տեղի կ՛ունենայ բեմադրիչ Արսէն Յակոբեանի «Քառօրեայ պատերազմ» կամ «Ղողանջ լռութեան» վաւերագրական ֆիլմի առաջնախաղ ներկայացումը: Բարեգործութեան ամբողջ գումարը կը հատկացուի այս հայրենասիրական ծրագրին:
Ես կոչ կ՛ուղղեմ միանալ այս բարեգործական ծրագրին, ներկայ գտնուիլ Ապրիլի 20-ին, ժամը 21:45-ին մեր համերգին, միանալ մեր բարեգործական աճուրդին, ինչպէս նաեւ կազմակերպել այլ երկրներու մէջ ալ ֆիլմի ցուցադրումը, որը արդէն թարգմանուած է ռուսերէն եւ անգլերէն լեզուներու: Շուտով կ՛աւարտի նաեւ ֆրանսերէնի թարգմանութիւնը: Այսքանը, յարգելիներս: Շնորհակալութիւն ուշադրութեան համար:
Յուլիա Գյուլոեան,
Արեւմտյան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) պատգամավոր,
Երեւան,
19.09.2017թ.
Հայաստան – Սփիւռք 6-րդ համաժողով
IV ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ – ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐՆԵՐԸ,
4.2 Մշակոյթի դերը հայապահպանութեան գործում)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սալբի Տ, «Լուսաւոր Աւետիս» էլ. կայք