Հարգելի Պարոն նախագահ,
Ազգային Ժողովի նախագահ եւ պատգամաւորներ, Պարոն վարչապետ եւ նախարարեր,
Հարգելի ԱՀ-ի քաղաքացիներ եւ բարեկամներ,
Նախ կը ցանկանամ ողջունել ԱՀՀ ԱԺ-ի առաջին գումարման չորրորդ նստաշրջանի գործերու մեկնարկը ընդգծելով այս միջոցառման կարեւորութիւնը մեր ինքնիշխանութեան եւ պետակա– նութեան հաստատման ու ամրապնդման առումով, մաղթելով յաջողութիւն եւ ապագայ նորանոր ձեռքբերումներ;
Ընդհանուր Հայացք
Ինչ կը ցանկանան իրականացնել պետութիւնները ընդհանուր առմամբ, եւ մանաւանդ գերհզօր պետութիւնները;
Անոնք կը ցանկանան ապահովել եւ պահպանել երեք բան.
ա.– Երկրի ներկան ու ապագան երաշխաւորող բարգաւաճում կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ՝ ապահովելու համար անվտանգութեան որոշակի եւ բաւարար մակարդակ մը;
բ.– Այդ բարգաւաճումը իրականացնելու եւ պաշտպանելու համար՝ ապահովել անհրաժեշտ եւ բաւարար նիւթական եկամուտներ՝ զորս կ՚իրականացնեն տնտեսութեան զարգացումով, եւ հաւելեալ արտաքին ՛՛եկամուտներ՛՛ ապահովելու միջոցով;
գ.- Այդ բոլորը կատարել միջազգային օրէնքի ներքոյ;
Սա պետութիւններու ցանկութիւններու իտէալական ցանկն է, բայց իրականութիւնը երբէք չի պայմանաւորուիր իտէալական եղանակով; Ուստի, երբ հնարավոր չէ այդ երեք ցանկութիւնները միատեղելով իրականացնել՝ կ՛սկսին զիջումներ կատարել;
Այդ զիջումներու առաջին զոհը միշտ դարձած է միջազգային օրէնքը՝ ցանկութիւններու երրորդը, մանաւանդ երբ խօսքը կը վերաբերի գերհզօր պետութիւններուն՝ որոնց ապագայի մասին իրենց որդեգրած ծրագիրներու տեսլականին հիմնական մասը կը կազմէ ոչ միայն իրենց սեփական երկիրներու կառավարումը, այլ եւ յատկապէս՝ երկրագունդի կառավարումը;
Այս պարագային որպէսզի միջազգային օրէնքները խոչնդոտ չ՛հանդիսանան իրենց աշխատանքներուն՝ կարիքը կը ներկայանայ զանոնք շրջանցելու, խեղաթիւրելու կամ նաեւ պարզապես ոտնակոխելու ի պահաջել հարկին; Եւ ին՞չու չէ, երբ կանխարգիլող կամ առաջքը առնող հակակշիռը աստճանաբար կը բացակայեցուի ու կը ոչնչացուի՝ զանազան միջոցներով;
փ փ փ
Արեւմտեան Հայաստանի տարագիր Հայերս ունինք միջազգային օրէնքներով հաստատուած եւ ամրապնդուած անկախութեան, եւ մեր նախահայրերու հողին վրայ պետականութիւն ու ինքնիշխանութիւն վայելելու իրաւունքները; Այս փաստացի իրաւունքները ենթարկուած են շրջանցման, խեղաթիւրման եւ ոտնակոխման մինչեւ այսօր՝ պարզապէս քանի որ որոշ գերհզօր կարգ մը պետութիւններու ծրագիրները այդպէս կ՛ենթադրէին եւ կը շարունակեն ենթադրել; Ուրեմն ի՞նչքան են մեր ակնկալելիքները կամ մեր փաստացի իրաւունքներու իրականացման
յոյսերը;
Միջին արեւելքի բնիկ ժողովուրդներուն մօտ կայ այսպիսի ասացուածք մը. ՚՚Ամէն մէկ անլուծելի խնդիր՝ ունի իր համապատասխան Հայը, որ անպայման կը լուծէ այդ հարցը՛՛; Անոնք մեզ լաւ կը ճանչնան ոչ միայն ցեղասպանութեան եւ տարագրման պայմաններու հետեւանքով՝ այլ քանի որ անոնք մեզի ծանօթ են հազարաւոր տարիներու ընդմէջէն, մեզի հետ հարեւանութեան, եւ բնիկութեան կապերու միջոցով; Անոնք մեզ լաւ կը ճանչնան, երբեմն մեզմէ աւելի լաւ;
Ուրեմն Հայերս միշտ եղած ենք խրթին հարցերուն լուծումներ տուողները; Արդ՞յոք Հայու այս յատկութիւնը սահմանափակուած է միայն ուրիշներու հարցերը լուծելով, եւ անկարող ենք մեր սեփական հարցերուն նկատմամբ; Ի հարկէ պատասխանը ՈՉ է; Բայց մենք այստեղ ունինք լուրջ եւ մեծ ԲԱՅՑ մը, այդ բայցը առկայ է մեր հաւաքական գիտակցութեան մէջ՝ մեր սեփական թերութիւններուն նկատմամբ; Այդ թերութիւններուն պէտք չէ մօտենալ մեղադրանքով, պատճառները շատ են, այլ պէտք է ճանչնալ զանոնք ու չէզոքացնել, թէ չէ անարդիւնք կը մնան ոչ միայն մեր ազգային իրաւունքներու իրականացման գործերը՝ այլ նոյնիսկ մեր էական գոյատեւութիւնը ապահովելու մեր ձգտումները; Մենք այսօր կը գտնուինք պատմական խաչմերուկի առջեւ, կամ յաղթանակ եւ պատուարժան կեանք՝ եւ կամ վերջնականապէս վերացում մարդկութեան պատմութեան էջերէն; Ընտրութիւնը մերն է՝ եւ մենք միշտ ընտրած ենք կեանքը;
Եթէ ընտրած ենք երթալ յաղթանակի ճամբով՝ ապա անհրաժեշտ է անդրադառնալ մեր սեփական թերութիւններուն, ու անյապաղ պատասխանատու վերաբերմունք ցուցաբերել այդ թերութիւններէն ձերբազատուելու համար;
Ո՞ր թերութիւններուն մասին է խօսքը.
- Ձերբազատուիլ անիմաստ դարձած Հայու գերադասութեան մտածելակերպէն; Ի՞նչ գերադասութեան մասին կը խօսինք՝ երբ հասած ենք անդունդի ծայրը, բզիկ բզիկ, անտեր ու անկարող՝ մեր յոյսը դնելով ուրիշներու վրայ, մեր իսկ էական գոյութիւնը ապահովելու հարցերով; Ի՞նչ գերադասութեան մասին կը խօսինք՝ երբ հարիւր տարիներ շարունակ չէինք կրցած մեր միլիոնաւոր տարագիր ժողովուրդը ի մի բերել ազգային մէկ ծրագիրի մը շուրջ; Մեր հանճարներու ներոյժը սպառած ենք՝ վասն ուրիշ ազգերու բարգաւաճման ծրագիրներու սպասարկման; Ուրեմն իրապաշտութեան կտրուկ վերադարձ պէտք է՝ իմանալով մեր իսկական դիրքերը, ճիշդ գնահատելով մեր իսկական ու գործնական ծառայութեան մէջ մտնող հնարաւոր առկայ ներոյժը, եւ ոչ թէ գոյութիւն ունեցող բայց բանի մը չծառայող ներոյժը; Սա չի նշանակեր հրաժարուիլ մեր ազգային հպարտութեան իրաւունքէն՝ այլ ընդամէնը կոչ է, արդարացնելու եւ ամրապնդելու այդ հպարտութեան իսկական եւ գործնական հիմքերը, առանց իյնալու անիմաստ ինքնահաւանութեան մոլորեցուցիչ ծուղակին մէջ;
- Չ՛ակնկալել որեւէ լուծում մեր սեփական ազգային հարցերուն՝ որեւէ արտաքին կողմէ; Հետեվաբար հրաժարիլ մէկ անգամ ու ընդ միշտ քննադատելէ ու դժգոհելէ այլ պետութիւններու կողմէ ինչոր թերացման կամ մեր իրաւունքները չ՚պաշտպանելու մեղադրանքով; Լաւ պէտք է իմանանք, որ մեր ազգային իրաւունքները կ՛իրականանան երբ մենք կը կատարենք մեր բաժինը, կը լուծենք մեր ներքին հարցերը, կը մշակենք մեր սեփական ազգային իրաւունքներու իրականացման ամբողջական ծրագիրը՝ որուն մէջ նկատի կ՛ունենանք այն բոլոր ազդեցիկ պետութիւններու շահերը, մեր իրաւունքներու իրականացման ճամբուն վրայ, յետոյ նոր կը մօտենանք մեր ակնկալիքներու ցուցակով տուեալ պետութիւններուն՝ որոնց այսօր կը մեղադրենք մեր իրաւունքներուն չ՛աջակցելու յանցանքով; Ուրիշ ձեւ չ՚կայ;
- Ներկայ համաշխարհային քաղաքական եւ ռազմական լարուածութեան վիճակի պայմաններուն մէջ՝ Հայերս պէտք է զերծ մնանք կողմնակալ դիրքորոշումներէ, որքան ատեն որ մենք մեր ամբողջական պատմական հողերը չենք վերադարձուցած; Ներկայ պայմաններուն մէջ մենք լաւագոյն պարագային կը դառնանք միայն գործիք կամ դաշտ՝ սպասարկելով ուրիշ տիրութիւններու հակամարտութիւններուն; Այն ինչը որ մեր ազգային եւ հողային իրաւունքներու պահանջատիրութեան աշխատանքներն ու ջանքերը կը դարձնեն անօգուտ եւ անհնար; Պէտք է յստակօրէն գիտակցինք թէ մեր իրաւունքներու վերականգնման ու իրականացման լաւագոյն պայմանները կը հանդիսանան միայն ու միայն միջազգային եւ համաշխարհային համերաշխութիւնն ու խաղաղութիւնը; Ուստի մենք եթէ կատարելու դեր մը ունինք՝ ապա ան վճռականօրէն խթանող գործօն պիտի հանդիսանայ այն բոլոր նպաստաոր համաշխարհային համերաշխութեան եւ խաղաղութեան ջանքերուն, եւ ոչ թէ կամայ թէ ակամայ մասնակիցը միջազգային լարուածութիւններ յառաջացնող ու տարածող գործերուն;
Ասոնք մեր հիմնական թերութիւններուն են, որոնց մասին լուրջ մտածելու, եւ անոնցմէ անյապաղ ձերբազատուելու կարիքն ունինք;
Իսկ որոնք են մեր ներքին, տարածաշրջանի եւ համաշխարհային դաշտերու վրայ ներկայիս նպաստաւոր հանդիսացող տուեալները՝ որոնց հանդէպ պէտք է մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք ու ընդունինք որպէս հիմք մեր ապագայ աշխատանքներուն.
- Այսօր գոյութիւն ունի լայնածաւալ եւ աճող ազգային զարթօնքի առողջ հոսանք մը, որ մեր ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ անոնց տէր կանգնելու ուղղութեամբ բարձր գիտակցութեան նոր որակ կը ցուցաբերէ, ու կ՛աշխատի արդիական ու կառուցողական մտայնութեամբ; Այս հոսանքի ամենաարդար ներկայացուցիչներն են մինչ օրս Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարական կառոյցները (Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդը, Նախագահական կառոյցը, Կառավարութիւնն ու Խորհրդարանը); Սա չի նշանակեր որ մեր կառոյցները միակն են սոյն գիտակցութեան զարթօնքին մէջ, բայց կրնանք ամենայն վստահութեամբ յայտարարել, որ միակն են որ ճիշդ ուղղութեան վրայ գործի լծած են այդ գիտակցութիւնը; Գիտակցութիւնը ինքնանպատակ գործընթաց մը պետք չէ ըլլայ, ան ոչ մէկ բանով կրնայ ծառայել մեր ազգային գերագոյն շահերուն՝ եթէ չի վերածուիր դրական աշխատանքի;
- Համաշխարհային առճակատումներն ու լարուածութիւնները վերջին տարիներուն կը զարգանան այնպիսի եղանակով մը, որ համաշխարհային համերաշխութեան եւ խաղաղութեան անհրաժեշտութիւնը կը դառնայ հրամայական եւ պահանջք եւս՝ բաւական շատ պետութիւններու համար; Նշմարելի են կարգ մը ազդեցիկ պետութիւններու մօտ դէպի միջազգային օրէնք վերադարձի, եւ զայն վերականգնելու անհրաժեշտութեան հանդէպ լուրջ մօտեցումները, որոնք մեր ազգային իրաւունքներու իրականացման համար ամենանպաստաւոր պայմանները ստեղծելու պատմական առիթի դուռ մը կը բանան, որուն ընդմէջէն լիարժէք ձեւով անցնելու պատրաստ պէտք է ըլլանք ոեւէ պահի;
- Այն բոլոր ուժերն ու իրենց տրամադրուած անցեալի պայմանները՝ որոնք թոյլ տուին կարգ մը ազդեցիկ պետութիւններուն ազատօրէն ոտնակոխ ընելու Հայ բնիկ ժողովուրդի իրաւունքները՝ վտանգի տակ դնելով մեր ճակատագիրը, եւ մասնակից դարձան մեզ ամբողջական վերացման եզրին հասցնելու տխուր գործին, այն ուժերը՝ այսօր արդեն սկսած են իրենց վարած անարդար արարքներու անյաջողութեան մասին իմանալ գործնական գետնի վրայ; Այդ տխուր ծրագիրներուն վերականգնումը այսօր արդէն անհնար կը դառնան; Աէկ դար առաջ տիրող իրավիճակը այսօր այլ եւս գոյութիւն չունի;
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառոյցները՝ գիտակցելով այստեղ յիշատակուած եւ անցեալին տեղի տրուած թերութիւններն ու ներկայիս առկայ նպաստաւոր հնարաւորութիւնները՝ անցած են լրջօրէն ծրագրուած աշխատանքներու արդէն տարիներէ ի վեր, բայց յատկապէս այս աւարտուող 2016 տարուան ընթացքին, ու կը պատրաստուին պատմական եւ դրական յաջողութիւններու մասին յաղորդելու ամբողջ Հայութեան՝ 2017 թուականի ընթացքին;
Աեր ծրագիրներուն մասին յայտարարութիւններ չունինք՝ անոնք մշակուած են գործադրման նպատակով;
Յաղթանակը մերն է եւ մօտ է;
Գառնիկ Վահագնի Սարգիսեան
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարար
17 Դեկտեմբեր, 2016 թ.