Հայաստանի մէջ յուլիս 5-ին կը նշեն Սահմանադրութեան օրը։ 1995 թուականի այդ օրը երկրի Հիմնական օրէնքի նախագիծը ներկայացուեցաւ համաժողովրդական հանրաքուէի: Այդ ժամանակուան ընդդիմութիւնը հանրաքուէի արդիւնքները կեղծուած նկատեց, սակայն պաշտօնական տուեալներով Սահմանադրութիւնը ընդունուեցաւ: Ասիկա անկախ Հայաստանի առաջին Սահմանադրութիւնն էր:
Եւրոպայի Խորհուրդի առջեւ ստանձնած պարտաւորութիւններուն համաձայն, 2005-ին Սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարուեցան, որոնք ուղղուած էին խորհրդարանի լիազօրութիւններու ընդլայնման:
ՀՀ կառավարութեան 2013 թուականի յուլիս 4-ի որոշումով՝ յուլիս 5-ը կը նշուի ոչ միայն իբրեւ Սահմանադրութեան, այլեւ պետական խորհրդանիշներու օր:






