Փարիզի խաղաղութեան համաժողովի բաղկացուցիչ մաս կազմող՝ Սան Ռեմոյի (1920 թ. Ապրիլ 26) եւ Սեւրի (1920 թ. Օգոստոս 10) խաղաղութեան համաժողովներու ընթացքին ընդունուած միջազգային պայմանագիրներուն մէջ ամրագրուած որոշումներու հիման վրայ, 1920 թուականի Նոյեմբեր 22-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 28-րդ նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն կայացուց Իրաւարար վճիռը՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ պետական սահմանի որոշման եւ հաստատման վերաբերեալ։ 106 տարի առաջ ընդունուած ԱՄՆ-ու 28-րդ նախագահին Իրաւարար վճիռը ուժի մէջ մտած է ստորագրման պահէն եւ, միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն համաձայն, ենթակայ չէ միակողմանի փոփոխման եւ չեղարկման։ Այսինքն՝ ո՛չ Հայաստանը, ո՛չ Թուրքիան իրաւունք ունին միակողմանի կարգով հրաժարելու այս Իրաւարար վճիռի արդիւնքներէն, ինչպէս նաեւ իրաւունք չունին որեւէ կերպ ձեւափոխելու զայն։Իրաւարար վճիռի ընդունման նախորդող իրադարձութիւնները
1920 թուականի Ապրիլ 25-26-ին, Առաջին համաշխարհային պատերազմին յաղթանակ տարած Դաշնակից տէրութիւններու Գերագոյն խորհուրդը (Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա, Իտալիա եւ Ճափոն) որոշում կայացուց դիմել ԱՄՆ-ու երկու առաջարկութեամբ.
«Ա» – ստանձնել Հայաստանի հոգատարութիւնը (մանտաթը).
«Բ» – կայացնել Իրաւարար վճիռ՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ պետական սահմանի հաստատման վերաբերեալ։
1920 թ. Ապրիլ 27-ին ԱՄՆ-ու ուղղուած երկրորդ առաջարկութիւնը ստորագրուած է նաեւ Խաղաղութեան համաժողովի նախագահ՝ Ֆրանսայի վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Միլերանի կողմէ։ Նոյն առաջարկութիւնները ամրագրուեցան արդէն իսկ Սեւրի դաշնագիրի բնագրին մէջ (Սեւրի դաշնագիրի 89-րդ յօդուած) եւ ստորագրուեցան Հայաստանի ու Թուրքիոյ լիազօր ներկայացուցիչներուն կողմէ, ինչպէս նաեւ վաւերացուեցան Սեւրի դաշնագիրի մշակման մասնակցած շուրջ քսան երկիրներու ստորագրութիւններով։ Փարիզի խաղաղութեան համաժողովի կողմէ դիմումը ստանալէ ետք, ԱՄՆ ստեղծեց Լիազօր մարմին, որուն կազմին մէջ ընդգրկուեցան ԱՄՆ-ու նախագահը, Պետական քարտուղարութիւնը (Տեփարթամենթը), ռազմական նախարարութիւնը, Սպիտակ տան վարչակազմը։ Փարիզի խաղաղութեան համաժողովի առաջարկութիւններու մանրամասն ուսումնասիրութենէն ետք եւ կատարուած աշխատանքի արդիւնքներով Լիազօր մարմինը ընդունեց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանի հաստատման վերաբերեալ Իրաւարար վճիռի բնագիրը։
Իրաւարար վճիռի բնագիրը, որուն կցուած էին մանրամասն քարտէսներ եւ այլ փաստաթուղթեր, ստորագրուեցաւ ԱՄՆ-ու 28-րդ նախագահին կողմէ 1920 թուականի Նոյեմբեր 22-ին, եւ արդէն Դեկտեմբեր 6-ին ԱՄՆ-ու 28-րդ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռը վաւերացուեցաւ Փարիզի խաղաղութեան համաժողովին կողմէ՝ որպէս օրինական եւ որեւէ փոփոխման ոչ ենթակայ որոշում։ Ընդունուած փաստաթուղթին լրիւ պաշտօնական անուանումը ամրագրուած է Փարիզի խաղաղութեան համաժողովի ամփոփիչ արձանագրութեան մէջ՝ «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին որոշումը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանին, Հայաստանի՝ դէպի ծով ելքին եւ հայկական սահմանին յարող թրքական տարածքի ապառազմականացման վերաբերեալ»։
Իրաւարար վճիռի բովանդակութիւնը
ԱՄՆ-ու 28-րդ նախագահին Իրաւարար վճիռին համաձայն՝ Օսմանեան կայսրութեան նախկին տարածքներու, մասնաւորապէս՝ Վանի, Պիթլիսի, Էրզրումի եւ Տրապիզոնի վիլայէթներու նկատմամբ, որոնց ընդհանուր տարածքը կը կազմէ 103.599 քառ. քմ, կը հաստատուէր Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը։ Այս տարածքը զգալիօրէն փոքր է այն տարածքէն, որ պէտք է մտնէր Հայաստանի կազմին մէջ՝ համաձայն Մուտրոսի զինադադարի 24-րդ յօդուածին։ Հայաստանի կազմ վերադարձուելիք տարածքներու նման կրճատումը պայմանաւորուած էր անով, որ այդ պահուն Արեւմտեան Հայաստանի հայ բնակչութիւնը արդէն գործնականօրէն ոչնչացուած էր։
Իրաւարար վճիռի արդի վիճակը
ԱՄՆ-ու 28-րդ նախագահին Իրաւարար վճիռը վերջնական է եւ ենթակայ է պարտադիր կատարման։ Սոյն Վճիռը չունի վաղեմութեան ժամկէտի հետ կապուած սահմանափակում, եւ այն փաստը, որ մինչեւ օրս Իրաւարար վճիռը առայժմ կատարուած չէ, չի նշանակեր, որ անիկա կորսնցուցած է իր ուժը կամ բովանդակութիւնը։ Աւելին, Իրաւարար վճիռներու միջազգային-իրաւական հիմնաւորումը, որ ամրագրուած է մինչեւ օրս գործող Հաագայի համաձայնագիրի (1907 թ.) 81-րդ յօդուածին մէջ, կը սահմանէ, որ Իրաւարար վճիռները չեղարկման ենթակայ չեն։ Միջազգային իրաւունքի համաձայն՝ կողմերը, որոնք համաձայնած են, որպէսզի իրենց միջեւ առկայ հարցերը լուծուին Իրաւարար վճիռով, ատով իսկ կը ճանչնան Իրաւարար վճիռին անվերապահ կատարման պարտաւորութիւնը։ Կողմերէն մէկուն՝ Իրաւարար վճիռի պայմանները կատարելու ցանկութեան բացակայութիւնը ապօրինի է եւ չ’ազդեր սոյն Վճիռի ուժին վրայ։
ԱՄՆ-ու 28-րդ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռի պարագային վճիռի մասնակիցներ կը հանդիսանան բոլոր այն երկիրները, որոնք համաձայնած են, որպէսզի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ պետական սահմանի հաստատման հարցը լուծուի ԱՄՆ-ու իրաւարարութեամբ։ Բացի Հայաստանէն եւ Թուրքիայէն, նման համաձայնութիւն տուած են Մեծն Բրիտանիան (եւ անոր իրաւայաջորդները՝ Աւստրալիան, Գանատան, Նոր Զելանտան, Հարաւային Ափրիկէն, Հնդկաստանը, Փաքիստանը, Պանկլատէշը), Ֆրանսան, Իտալիան, Ճափոնը, Պելճիքան, Յունաստանը, Լեհաստանը, Փորթուկալը, Ռումանիան, Չեխիան եւ Սլովաքիան։ Աւելին, ԱՄՆ-ու 28-րդ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռի կատարումը կը հանդիսանայ ԱՄՆ-ու իրաւական պարտականութիւնը, քանի որ ԱՄՆ-ու օրէնքներուն համաձայն՝ ԱՄՆ-ու նախագահին որեւէ հրամանագիր կամ որոշում պարտադիր է կատարման համար։






