Ներկայացնում ենք Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի մասնակիցներու ընդունած յայտարարութիւնը.
«Մենք`
Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հռչակման, 1918-ի մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեայ յոբելեաններու եւ Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակի նախաշէմին Երեւանի մէջ գումարուած «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագիրով Հայաստան-Սփիւռք 6րդ համաժողովի մասնակիցներս`
Առաջնորդուելով Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման գործին մէջ ողջ հայութեան ներուժի համախմբման, շարունակական երկխօսութեան եւ բազմաշերտ ներգրաւման հրամայականով,
Կարեւորելով ազգային նպատակադրումներու համատեղ ամրագրումը, ատոնց կենսագործման համար ծրագիրներու մշակումը, տարբեր միջոցներով իւրաքանչիւրի մասնակցութեան համար հնարաւորութեան ընձեռումը եւ արդիւնքներու համար հայութեան համահաւաք պատասխանատուութեան գիտակցումը,
Նկատի ունենալով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան հզօրացումը եւ անվտանգութեան ամրապնդումը, ժողովրդավարական հաստատութիւններու ու կառավարման համակարգերու աւելի ուժեղացումը, տնտեսական վերընթաց զարգացումը, ժողովուրդի կենսամակարդակի բարձրացումը, հոգեւոր, կրթական ու մշակութային յառաջընթացը, աշխարհասփիւռ հայկական համայնքներու մէջ ազգային ինքնութեան պահպանութիւնը եւ մշակութային զարգացումը Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք միասնութեան եւ ողջ հայ ժողովուրդի հաւաքական նպատակներու իրականացման գրաւականն են,
Կենսական նկատելով ազգային ինքնութեան պահպանման գործին մէջ հոգեւոր, բարոյական աւանդական արժէքներու շուրջ համախմբումը, հայ ընտանիքի ամրապնդումը եւ ծնելիութեան աճի խթանումը,
Վերահաստատելով մեր համազգային պատասխանատուութիւնը Արցախի ժողովուրդի` սեփական ճակատագիրը ազատ տնօրինելու անքակտելի իրաւունքի իրացման, ժողովրդավարութեան զարգացման եւ միջազգային հանրութեան լիիրաւ համարկումի հարցերուն,
Գիտակցելով Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի առջեւ առկայ եւ հնարաւոր նոր մարտահրաւէրներուն միասնաբար` պետութեան, հայ եկեղեցւոյ, համահայկական կառոյցներու եւ համայնքային կազմակերպութիւններու ջանքերու համադրումով արձագանգելու եւ համահայկական խնդիրները համատեղ ուժերով լուծելու անհրաժեշտութիւնը,
Համոզուած ըլլալով, որ փոփոխուող աշխարհի մէջ Սփիւռքի համայնքներու զօրութենական զարգացումը հնարաւորութիւն կու տայ նորովի մասնակցութիւն բերելու Հայաստանի եւ Արցախի տնտեսական ու մշակութային զարգացման` այդպիսով նպաստելով հզօր հայրենիքի կառուցման,
Փաստելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան մէջ ամրագրուած է հայապահպանման ուղղուած քաղաքականութիւն վարելու եւ հայրենադարձութեան համակողմանիօրէն նպաստելու պետութեան առաքելութիւնը, որ նոր որակ եւ բովանդակութիւն պիտի հաղորդէ Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններուն,
Հաւաստելով, որ իր իրաւունքներու պաշտպանութեան ու արդարութեան վերականգնման համար հայութեան պայքարը հիմնուած է համամարդկային արժէքներու վրայ եւ կը հանդիսանայ մեր համազգային գործակցութեան առանցքային ուղենիշներէն մէկը,
Ողջունելով Համահայկական խորհուրդի` իբրեւ համազգային առաջնահերթութիւններու ճշգրտման, ազգային ներուժի մէկտեղման եւ բարձր մակարդակի ռազմավարական երկխօսութեան հարթակի ձեւաւորման գործընթացը,
Հաւատարիմ մնալով Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Համահայկական հռչակագրի սկզբունքներուն,
Կը վերահաստատենք մեր պատրաստակամութիւնը` միասնաբար եւ փոխադարձ պատասխանատուութեամբ, մարդկային, նիւթական եւ հոգեւոր ներուժի համախմբմամբ աւելի ամրապնդել Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը` զայն ուղղորդելով հետեւեալ նպատակներու եւ խնդիրներու իրագործման.
Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան հզօրացման, անվտանգութեան ամրապնդման, բարգաւաճման, աշխարհասփիւռ հայկական համայնքներու համախմբման, ազգային ինքնութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ հայրենադարձութեան քաջալերման,
Ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ եւ արդարացի հանգուցալուծման, Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման միջազգային ճանաչման,
Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ տարբեր վարչակարգերու կողմէ պետականօրէն ծրագրուած եւ իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, դատապարտման եւ ատոր հետեւանքներու վերացման ուղղութեամբ աւելի համակարգուած եւ միասնական քաղաքականութեան իրականացման, ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու կանխարգիլման նպատակով միջազգային հանրութեան պայքարի առաջնագիծին վրայ հաստատուն դիրքի պահպանման` ատիկա համարելով որպէս ցեղասպանութիւն վերապրած ժողովուրդի` համամարդկային արժէքներու եւ միջազգային իրաւունքի վրայ խարսխուած բարոյական պարտք ողջ միջազգային հանրութեան առջեւ,
Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղուած գործընթացին մէջ իրազեկուածութեան աւելի բարձրացման, պատմական յիշողութեան պահպանման ու փոխանցման կարեւորութեան եւ այդ յանցագործութեան ժխտման, նսեմացման դէմ պայքարի իրականացման` որոնց շարքին իրաւունքի ուժով,
Հայաստանի պաշտպանուածութեան ամրապնդման, զինուած ուժերու ռազմաարհեստագիտական, արհեստագիտական եւ մասնագիտական ներուժի արդիականացման, ռազմաարդիւնաբերական համալիրի զարգացման` որպէս տնտեսութեան զարգացման եւ արհեստագիտութեան յառաջընթացի շարժիչ ուժ եւ «Ազգ-բանակ» հայեցակարգի կենսագործման առանցքային ուղղութիւն,
Աշխարհի տեղեկատուական տարբեր հարթակներու մէջ հայատեացութեան եւ հակահայ քարոզչութեան փորձերու դէմ միասնական պայքար ծաւալելու եւ նման քաղաքականութեան ազդեցութեան չէզոքացման ուղղութեամբ գործնական ծրագիրներու եւ համակարգուած գործունէութեան շարունակական իրականացման,
Երիտասարդութեան մէջ ազգային ինքնութեան հաւաքական որակներու տարածման ու ամրապնդման, հայ դպրոցի զօրացման, հայ սերունդներուն հայկականութեան ոգիով դաստիարակման, հայեցի կրթութեան գործին մէջ ժամանակակից արհեստագիտութեան ներդրման, հայրենաճանաչութեան նոր ծրագիրներու մշակմանն ու իրականացման,
Հայութեան մէջ սիրոյ, համերաշխութեան, հանդուրժողականութեան, վստահութեան եւ միասնութեան ամրապնդման, հայ մարդու անվտանգ ու արժանապատիւ կեանքի համար բարենպաստ միջավայրի ապահովման,
Հայկական համայնքներու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու դիմագրաւման ու յաղթահարման եւ հնարաւոր այլ մարտահրաւէրներու բացայայտման ուղղութեամբ ջանքերու համադրման,
Մերձաւոր Արեւելքի եւ, մասնաւորապէս, ծանր փորձութիւններու մէջէն անցնող Սուրիոյ հայութեան համակողմանի աջակցութեան ցուցաբերման, այդ տարածաշրջանին մէջ հայկական հաստատութիւններու, պատմամշակութային կոթողներու եւ մշակութային արժէքներու պահպանման,
Հայաստանի, Արցախի բնակավայրերու (յատկապէս` սահմանամերձ) կենսագործունէութեան տարբեր ոլորտներու զարգացման ուղղուած ծրագիրներու մշակման եւ իրականացման,
Հայաստանի եւ Արցախի վերաբերեալ միջազգային իրազեկուածութեան բարձրացման, այդ նպատակով համահայկական օրակարգի ձեւաւորման եւ ատոր լուծման ուղղութիւններով միասնական քաղաքականութեան մշակման եւ իրականացման` նոր եւ աւանդական կառոյցներու միջոցով,
Տարբեր երկիրներու մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու, աշխարհի մէջ հայկական մշակոյթը պատշաճ կերպով ներկայացնելու, հայկական համայնքներու ինքնակազմակերպման ուղղութեամբ միասնական ջանքերու գործադրման,
Արեւմտահայերէնի պահպանման, տարածման, Սփիւռքի մէջ հայոց լեզուի եւ հայագիտական առարկաներու դասաւանդման աջակցութեան նպատակով Հայաստանի եւ Սփիւռքի մասնագիտական ներուժի համախմբման:
Համաժողովի մասնակիցներս լիայոյս ենք, որ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի բոլոր կառոյցները, երիտասարդութեան լայն ներգրաւմամբ, պատշաճօրէն պիտի նշեն Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան ու Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեայ, ինչպէս նաեւ քաղաքամայր Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեայ յոբելեանները:
Սոյն ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ կ՛երաշխաւորենք որպէս ուղենիշ ողջ հայութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան պետական մարմիններուն, հայ եկեղեցւոյ, համահայկական, համայնքային կառոյցներուն ու կազմակերպութիւններուն համար` յետամուտ ըլլալու համահայկական նպատակներու իրականացման:
Հայաստան – Սփիւռք 6-րդ համաժողովի մասնակիցներ
Երեւան – 20.09.2017թ.