5-րդ Նստաշրջանի Արձանագրութիւնը

Քաղուածք № 1

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) առաջին գումարման հինգերորդ նստաշրջանի առաջին նիստի արձանագրութենէն

11 Յունիսի, 2017 թ., Երեւան

Առաջին նիստ

Նիստի սկիզբը ժամը 13:00-ին, աւարտը՝ 15:00-ին:

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) պատգամաւորներու գրանցում (ահա այսպէս կոչուած թեքստին մէջ՝ Արեւմտեան Հայաստանի Խորհրդարան):

Ընտրուած 64 պատգամաւորներէն արձանագրուած են 51 պատգամաւոր, 7-ը դահլիճին մէջ եւ 44-ը համացանցի կապով, որը կը կազմէ 80 տոկոս:

Քվորումը ապահովուած է:

  1. Լսեցին՝ Արեւմտեան Հայաստանի Խորհրդարանի առաջին գումարման հինգերորդ նստաշրջանի օրակարգի մասին:

Որոշեցին` հաստատել Արեւմտեան Հայաստանի Խորհրդարանի առաջին գումարման հինգերորդ նստաշրջանի օրակարգը:

Քուէարկութեան արդիւնքները.

Կողմ – 46, դէմ – 0, ձեռնպահ – 5:

Որոշումը ընդունուած է:

  1. Լսեցին՝ նստաշրջանի հաշուիչ յանձնաժողովի ընտրութեան մասին:

Որոշեցին՝ ընտրել նստաշրջանի հաշուիչ յանձնաժողով հետեւեալ կազմով՝ նախագահ`Տիգրան Յարութիւնեան, տեղակալներ՝ Աննա Խաչատրեան, Սաիդա Օհանեան:

Քուէարկութեան արդիւնքները.

Կողմ – 48, դէմ – 0, ձեռնպահ – 3,

Որոշումը ընդունուած է:

  1. Լսեցին՝ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական համակարգին մէջ ստեղծուած իրավիճակի եւ անկէ դուրս գալու ուղիներու մասին:

Ելոյթ ունեցան՝ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) Նախագահ Արմէն Տէր-Սարգսեանը, Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Տիգրան Փաշաբեզեանը, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) պատգամաւորներ Եդուարդ Փոլատովը, Հայկ Յարութիւնեանը, Սաիդա Օհանեանը, Արտաշէս Մելիքեանը, Ռադիկ Խամոյեանը, Արմենակ Հարմանդաեանը, Վաղարշակ Սեգերտեանցը, Դաւիթ Խինոյեվը, Վալերա Մուրատեան, Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան նախարար Վրէժ Քոսաեանը, Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Ներքին գործոց նախարար Մարտիրոս Շահպազեանը:

Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ`

-Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը Սահմանադրութեան բոլոր ընթացակարգերով անցած եւ ընդունուած Սահմանադրութիւն դեռեւս չունի եւ ան կ՛առաջնորդուի՝ Արեւմտեան Հայաստանի «Արեւմտեան Հայաստանի պետական կառուցուածքի, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներու կարգավիճակի եւ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի կանոնակարգի մասին» Օրէնքով,

Հաշուի առնելով Արմենակ Աբրահամեանի անժխտելի ներդրումը Արցախեան ազատամարտին, վաստակը Արեւմտեան Հայաստանի հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին, սկսած 2004 թուականէն, որպէս Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի հիմնադիրներէն եւ նախագահ, 2011 թուականէն, որպէս Արեւմտեան Հայաստանի պետական կառոյցի հիմնադիրներէն, 2014 թուականէն, որպէս Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, այնուհանդերձ նշենք, որ նախկին ձեռքբերումները չեն արդարացներ ներկայիս անոր կողմէ Արեւմտեան Հայաստանի պետական օրէնքներու խախտումները եւ իշխանութեան իւրացման փորձը:

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանը խախտեր է վերոնշեալ օրէնքի «Արեւմտեան Հայաստանի պետական կառուցուածքը» բաժնի հետեւեալ յօդուածներու դրոյթներն ու պահանջները.

Յօդուած 36) Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը նախագահա-խորհրդարանական հանրապետութիւն է:

Յօդուած 37) Արեւմտեան Հայաստանի նախագահը՝ պետութեան գլուխն է` Արեւմտեան Հայաստանի բարձրագոյն պաշտօնատար անձը, Սահմանադրութեան, մարդու իրաւունքներու ու ազատութեանց երաշխաւորը: Արեւմտեան Հայաստանի Սահմանադրութեան եւ օրէնքներու համաձայն՝ ան միջոցներ ձեռք կ՛առնէ Արեւմտեան Հայաստանի հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման, պետական իշխանութեան մարմիններու միջեւ գործառոյթներու ներդաշնակ համադրման եւ համագործակցութեան:

Յօդուած 44) Արեւմտեան Հայաստանի նախագահը`

-Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի համաձայնութեամբ կը նշանակուի ու ազատ կ՛արձակուի Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութեան վարչապետը,

-Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի համաձայնութեամբ որոշում կը կայացուի Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութեան հրաժարականի մասին,

-Արեւմտեան Հայաստանի վարչապետի առաջարկով կը նշանակուի ու պաշտօնէն ազատ կ՛արձակուի Արեւմտեան Հայաստանի վարչապետի օգնականներուն եւ նախարարներուն,

Յօդուած 52) Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութեան վարչապետը Արեւմտեան Հայաստանի նախագահին կ՛առաջարկէ Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութեան փոխվարչապետի պաշտօնի թեկնածուներուն եւ Արեւմտեան Հայաստանի նախարարներուն՝ նախապէս տեղեակ պահելով Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովին եւ հաշուի առնելով Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւորներուն կարծիքները:

Որտեղ նշուած է նաեւ,

Յօդուած 14) Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւորի լիազօրութիւններու դադարեցումը տեղի կ՛ունենայ հետեւեալ պարագաներուն.

  • այն պարագային, երբ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւորը իր գործունէութեամբ կամ անգործութեամբ կը վնասէ Արեւմտեան Հայաստանին, Արեւմտեան Հայաստանի պետական կառոյցներուն: Սոյն յօդուածի կէտը կը վերաբերի նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր պաշտօնեաներուն:

Հակընդդէմ վերը մէջբերուած յօդուածներու դրոյթներու ու պահանջներու՝

-Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանը շուրջ երկու տարի է Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան ողջ պետական համակարգին կը պարտադրէ 2016-ի Մայիսի 9-ին իր միանձնեայ ստորագրութեամբ, իբրեւ թէ իր կողմէ հաստատում ստացած Սահմանադրութեան իր տարբերակը,

-որն ի տարբերութիւն վերը նշուած գործող օրէնքի դրոյթի ու պահանջի, ոչ թէ նախագահա-խորհրդարանական, այլ նախագահական կոշտ ու անզիջում կառավարման համակարգի օրինակ է:

Արձանագրենք նաեւ, որ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի պարտադրած Սահմանադրութեան օրինակը ոչ մէկ կերպ չի համապատասխաներ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառուցուածքի իրաւական-քաղաքական տրամաբանութիւնը եւ կարելի չէ ընդունիլ, որպէս հիմք կամ օրինակ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան համար, որովհետեւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառավարման համակարգը նախագա-խորհրդարանական է:

Այդպիսով Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանը յայտ կը ներկայացնէ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական իշխանութեան իւրացման ու բռնազաւթման, որոնք Սահմանադրութեան իր պարտադրած օրինակով հետեւեալ ձեւերով արտայայտուած են.

Յօդուած 161

4-րդ կէտ. Մինչեւ Ազգային ժողովի յաջորդ գումարման առաջին նստաշրջանի բացման օրը՝ Հանրապետութեան Նախագահը կրնայ.

  • Ազգային ժողովի նախագահին եւ վարչապետին հետ խորհրդակցելէ ետք՝ արձակել Ազգային ժողովը, եւ նշանակել արտահերթ ընտրութիւն,
  • ազատել վարչապետին:

5-րդ կէտ. Մինչեւ Ազգային ժողովի յաջորդ գումարման առաջին նստաշրջանի բացման օրը՝ կառավարութեան նիստերը կը հրաւիրէ եւ կը վարէ Հանրապետութեան Նախագահը, կամ անոր յանձնարարութեամբ՝ վարչապետը: Կառավարութեան որոշումները կը ստորագրէ վարչապետը, կը վաւերացնէ՝ Հանրապետութեան Նախագահը:

Յօդուած 107.

Ազգային ժողովը Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի առաջարկութեամբ կը վաւերացնէ, կը կասեցնէ կամ չեղեալ կը յայտարարէ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային պայմանագիրները, բացառութեամբ անոնց, որոնք ունին քաղաքական կամ ռազմական բնոյթ կամ կը նախատեսեն պետական սահմանի փոփոխութիւն եւ որոնք ենթակայ են Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի:

Կը մնայ, որ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանը յիշեր նաեւ, իր իսկ ձեռքով ստորագրուած եւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական համակարգին պարտադրուած Սահմանադրութեան օրինակի 3-րդ յօդուածի 3-րդ կէտի մէջ պատահաբար պահպանուած ու նշուած է, որ՝

«Իշխանութեան իւրացումը որեւէ կազմակերպութեան կամ անհատի կողմէ յանցագործութիւն է»:

Այսօր արդէն Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի կողմէ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական իշխանութեան իւրացման ու բռնազաւթման առաջին քայլերը առնուած են, որոնք են՝ Նախագահի հրամանագիր, Թիւ 42 – 2017.05.31 (ԱՀՀ վարչապետի գործառոյթները դադարեցնելու մասին) եւ Նախագահի հրամանագիր, Թիւ 43 – 2017.06.05 (ԱՀՀ վարչապետի նշանակման մասին),որպէս Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի ու կառավարութեան պաշտօնանկութեան հրամանագիր, հիմնուած ապօրինի ու անօրինական Սահմանադրութեան ապօրինի յօդուածի վրայ:

Նախագահի սոյն հրամանագրերը՝ Թիւ 42 – 2017.05.31 եւ Թիւ 43 – 2017.06.05, կը համարենք ապօրինի եւ անօրինական՝ ընդունման պահէն:

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) 5-րդ նստաշրջանը մանրամասն քննելով ու համադրելով ներկայացուած փաստերը՝

Որոշեց՝

  1. Դատապարտել Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի կողմէ գործող օրենսդրութեան գիտակցաբար ու կոպիտ խախտումները, որոնք կատարուած են, մասնաւորապէս, Արեւմտեան Հայաստանի «Արեւմտեան Հայաստանի պետական կառուցուածքի, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներու կարգավիճակի եւ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի կանոնակարգի մասին» Օրէնքի 36-րդ, 37-րդ, 44-րդ յօդուածները:
  2. Դատապարտել Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի կողմէ Սահմանադրութեան միանձնեայ օրինակի ընդունման եւ պարտադրման գործողութիւնները, ուղղուած Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեան օրինական մարմիններուն:
  3. Դատապարտել Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի կողմէ Սահմանադրութեան միանձնեայ իր օրինակի ընդունման, հաստատման եւ տարածման գործողութիւնները:
  4. Դատապարտել Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի կողմէ պետական իշխանութիւնը իւրացնելու փորձը:
  5. Անվստահութիւն յայտնել Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանին Արեւմտեան Հայաստանի պետական համակարգի օրէնքները խախտելու համար:
  6. Անվստահություն հայտնել Արեւմտյան Հայաստանի Հանրապետության Նախագահ Արմենակ Աբրահամյանին Արեւմտյան Հայաստանի պետական համակարգի օրենքները խախտելու համար:
  7. Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի թիւ 42 – 2017.05.31 եւ թիւ 43 – 2017.06.05 հրամանագրերը համարել ապօրինի, անօրինական եւ անվավեր՝ ընդունման պահից:
  8. Մեկնելով վերոնշեալէն՝ 2017 թ. Յունիսի 11-էն դադարեցնել Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի լիազօրութիւնները, որպէս Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ:

Քուէարկութեան արդիւնքները.

Կողմ –44, դէմ – 0, ձեռնպահ – 7:

Որոշումն ընդունուած է:

Ընդմիջում՝ 15:00-15:30:

 

Երկրորդ նիստ

Նիստի սկիզբը ժամը 15:30-ին, աւարտը՝ 18:00-ին:

Հաշուի առնելով, որ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի լիազօրութիւնները դադարեցուած է եւ նախագահի պաշտօնը այս պահուն թափուր է, նստաշրջանի ընթացքին ընտրել Արեւմտեան Հայաստանի  Հանրապետութեան նոր նախագահ:

Համաձայն Արեւմտեան Հայաստանի «Արեւմտեան Հայաստանի պետական կառուցուածքի, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներու կարգավիճակի եւ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի կանոնակարգի մասին» Օրէնքի՝ Յօդուած 42) Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին, որը ժամանակաւորապէս բռնազաւթուած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան կողմէ, ուղղակի ընտրութիւններ կատարելու անհնարինութեան հետ կապուած` այս փուլին ընտրուած Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովը (Խորհրդարանը) ինքը կ՛ընտրէ պետութեան գլուխ` Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) պատգամաւորներու կազմէն:

  1. Լսեցին՝ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի ընտրութեան մասին: Որպէս թեկնածու առաջակուեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) պատգամաւոր Ռադիկ Խամոյեանը:

Որոշեցին՝ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ՝ պետութեան գլուխ, ընտրել Ռադիկ Խամոյեանին:

Քուէարկութեան արդիւնքները.

Կողմ – 44, դէմ – 0, ձեռնպահ – 7

Որոշումը ընդունուած է:

***

Համաձայն Արեւմտեան Հայաստանի «Արեւմտեան Հայաստանի պետական կառուցուածքի, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներու կարգավիճակի եւ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի կանոնակարգի մասին» Օրէնքի՝ Յօդուած 43) Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Ռադիկ Խամոյեանը ստանձնելով պաշտօնը, պատգամաւորներու ներկայութեամբ, նախագահի երդումը տուաւ:

***

Ըստ Արեւմտեան Հայաստանի «Արեւմտեան Հայաստանի պետական կառուցուածքի, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներու կարգավիճակի եւ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի կանոնակարգի մասին» Օրէնքի՝ Յօդուած 44) Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Ռադիկ Խամոյեանը կ՛ընդունի Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Տիգրան Փաշաբեզեանի եւ անոր ղեկավարած կառավարութեան հրաժարականը, որը գործեր է 20 Յունուար 2014 թուականէն մինչեւ օրս:

  1. Լսեցին՝ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի ընտրութեան մասին:

Որոշեցին՝ համաձայն «Արեւմտեան Հայաստանի պետական կառուցուածքի, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներու կարգավիճակի եւ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի կանոնակարգի մասին» օրէնքի՝ յօդուած 44), Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Ռադիկ Խամոյեանի առաջարկով, Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը յանձնել Տիգրան Փաշաբեզեանին:

Քուէարկութոան արդիւնքները.

Կողմ – 48, դէմ – 0, ձեռնպահ – 3

Որոշումը ընդունուած է:

  1. Լսեցին՝ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կազմելու մասին:

Որոշեցին՝ համաձայն «Արեւմտեան Հայաստանի պետական կառուցուածքի, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներու կարգավիճակի եւ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի կանոնակարգի մասին» օրէնքի՝ յօդուած 52), Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Տիգրան Փաշաբեզեանը նորընտիր նախագահ Ռադիկ Խամոյեանի հաստատմանը, իսկ Խորհրդարանի պատգամաւորներու հաւանութեանը ներկայացուց կառավարութեան կազմին փոխվարչապետ Պետրոս Քեշիշօղլեանը, Կրթութեան նախարար Վրէժ Քոսաեանը, Մշակոշյթի նախարար Վահան Սանանեանի թեկնածութիւնը եւ պարտաւորուեց մեկամսեայ ժամկէտով ներկայացնել կառավարութեան կազմի այլ թեկնածուներ:

Քուէարկութեան արդիւնքները.

Կողմ – 48, դէմ – 0, ձեռնպահ – 3

Որոշումը ընդունուած է:

  1. Լսեցին` Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան ծրագրի մասին:

Որոշեցին՝ յառաջիկայ երկու ամիսներու ընթացքին Արեւմտեան Հայաստանի Խորհրդարանի քննարկումն ու հաստատումը ներկայացնել Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան ծրագրերը:

Քուէարկութեան արդիւնքները.

Կողմ – 48, դէմ – 0, ձեռնպահ – 3

Որոշումը ընդունուած է:

  1. Լսեցին՝ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 3-րդ ընթերցման եւ Սահմանադրութեան ընդունման հետագայ ընթացակարգի վերաբերեալ:

Որոշեցին՝

ա) Հաստատել Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան նախագծի 3-րդ, վերջնական, ընթերցումը եւ հաշուի առնելով պատգամաւորներու առաջարկներն ու լրացումները՝ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան նախագիծը դնել համաժողովրդական քննարկման,

բ) որմէ յետոյ մէկ ամսուայ ընթացքին Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան նախագիծը դնել համաժողովրդական հանրաքուէի:

գ) Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան նախագիծը հրապարակել Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական կայքերուն մէջ եւ լրատուական միջոցներով:

Քուէարկութեան արդիւնքները.

Կողմ – 45 , դէմ – 0, ձեռնպահ – 6:

Որոշումն ընդունուած է:

  1. Լսեցին՝ 4-րդ նստաշրջանէն յետոյ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) Նախագահութեան կողմէ ընդունուած որոշումներու հաստատում:

Որոշեցին՝ հաստատել 4-րդ նստաշրջանէն յետոյ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) Նախագահութեան կողմէ ընդունուած որոշումները:

Քուէարկութեան արդիւնքները.

Կողմ – 46, դէմ – 0, ձեռնպահ – 5:

Որոշումն ընդունուած է:

Այլ հարցեր:

  1. Լսեցին՝ սոյն արձանագրութեան 3-րդ կէտի մէջ նշուած որոշումներու կատարման ուղիներու մասին:

Որոշեցին՝ հաշուի առնելով, որ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի լիազօրութիւնները դադարեցուած են եւ ընտրուած Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նոր նախագահ Ռադիկ Խամոյեանը, ստեղծել կառավարութեան եւ խորհրդարանի համատեղ յատուկ յանձնաժողով հետեւեալ հարցերու կարգաւորման նպատակով.

ա) Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Արմենակ Աբրահամեանէն ստանալ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կնիքը:

բ) Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան լիազօր մարմնին յանձնարարել շարունակել աշխատանքները Արեւմտեան Հայաստանի հայերու ինքնութեան ու քաղաքացիութեան յայտերու գրանցման եւ համապատասխան փաստաթուղթերու յանձնման:

գ) Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան լիազօր մարմնին յանձնարարել Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Արմենակ Աբրահամյանէն ստանալ ինքնութեան քարտերու պատրաստման սարքաւորումը:

դ) Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Արմենակ Աբրահամեանէն ստանալ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պիւճէի մուտքերու եւ ծախսերու հաշուեկշիռը:

ե) Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան լիազօր մարմնին յանձնարարել կարգաւորել պետական հաշուեհամարներու օգտագործման լիազօրութիւններու հարցը եւ նշանակել պատասխանատուներ հաշիւներու օգտագործման համար:

զ) Բոլոր հրամանագրերն ու որոշումները, յայտարարութիւններն ու պաշտօնական փաստաթղթերը ստորագրուած 2017 թ. Յունիսի 11-էն յետոյ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի կողմիէ համարել անվաւեր եւ իրաւական ուժ չունեցող:

Քուէարկութեան արդիւնքները.

Կողմ – 43, դէմ – 0, ձեռնպահ – 8:

Որոշումն ընդունուած է:

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) առաջին գումարման հինգերորդ նստաշրջանի նիստն աւարտեցաւ:

Արմէն ՏէրՍարգսեան`

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) Նախագահ

 Տիանա Գրիգորեան`

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) Քարտուղար

 11.06.2017 թ.,

Երեւան

 

         Արեւմտահայերէնի վերածեց՝  Սալբի  Տ, «Լուսաւոր Աւետիս»

Leave a Reply

Your email address will not be published.

five − one =