11 Յունիս 2017 թ. գումարուած Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) 5-րդ նստաշրջանին կայացուած որոշումներու կապակցութեամբ
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Արմենակ Աբրահամեանը այսօր կը փորձէ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) 1-ին գումարման 5-րդ նստաշրջանին «յեղաշրջման փորձի» կեղծ մեղադրանք ներկայացնել մոռնալով, որ ինքն է անձամբ վերջին երկու տարիներուն իրականացուցեր «յեղաշրջման փորձ» Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան ողջ պետական համակարգի նկատմամբ, իսկ անոր «իրաւաչափութիւնը» ապահովելու համար համակարգին պարտադրեր է ինքնաստեղծ Սահմանադրութիւն, որը իր բնութագրմամբ, ստորագրեր ու վաւերացուցեր է 9 Մայիս 2016-ին:
Մոռանալով, որ ունենալով մեծ իշխանութիւն, որը նախագահի լիազօրութիւններով պայմանաւորուած է, ձգտեր է ամբողջատիրական (տոտալ) իշխանութեան ողջ համակարգի եւ անոր բոլոր մասնակիցներու նկատմամբ:
Յիշեցնենք, որ 11 Յունիս 2017-ին Երեւան գումարուած Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) 1-ին գումարման 5-րդ նստաշրջանի նիստին ընդունուեր է որոշում 11 Յունիս 2017-էն Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի լիազօրութիւններու դադարեցման մասին՝ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական օրէնքներու կոպիտ խախտումներու եւ իշխանութեան իւրացման փորձի մեղադրանքներով:
Նշենք, որ աշխարհի մէջ գոյութիւն չունին ինքնաստեղծ սահմանադրութիւններ, ըստ միջազգային իրաւական համակարգի, ցանկացած Սահմանադրութիւն, որպէսզի համարուի ընդունուած ու իրաւաչափ՝ պէտք է անցնի շատ որոշակի գործընթաց.
- Սահմանադրութեան նախագծի առաջին ընթերցում (ներ),
- Սահմանադրութեան նախագծի հրապարակային համաժողովրդական քննարկում,
- Սահմանադրութեան նախագծի օրինակի համաժողովրդական հանրաքուէ,
- որմէ յետոյ միայն, եթէ հանրաքուէին մասնակցած հանրութիւնը կողմ է քուէարկել հանրաքուէի դրուած Սահմանադրութեան օրինակին, ապա այդ կը համարուի ընդունուած:
Կարեւոր չէ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Արմենակ Աբրահամեանը կը տիրապետէ այդ գիտելիքներուն, թե ոչ: Կարեւորը անոր ձգտումն է անպայման «իրաւաչափ ու օրինական» դարձնելու Սահմանադրութեան ինքնաստեղ իր օրինակը, որպէսզի ատոր միջոցով, հնարաւոր ու անհնարին բոլոր իրաւունքները վերապահելով իրեն, միանձնեայ ու լիակատար իր իշխանութիւնը տարածէ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան ողջ պետական համակարգի եւ քաղաքացիներու վրայ եւ իր ինքնաստեղծ Սահմանադրութեան յօդուածներու վրայ հենուելով, համակարգի բոլոր թեւերու՝ նախագահական, կառավարութիւն, խորհրդարան եւ համակարգի բոլոր մասնակիցներու նկատմամբ, պաշտօնեաներ, պատգամաւորներ, քաղաքացիներ, վարուի օրուայ քմահաճոյքի համեմատ:
Անոր առաջին քայլը, որ կարելի է կոչել նաեւ սողացող «յեղաշրջման փորձ», ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական իշխանութեան իւրացման ու բռնազաւթման առաջին փորձ՝ ի գործ դրուած է 31 Մայիս 2017-ին, երբ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ (այժմ արդէն նախկին նախագահ) Արմենակ Աբրահամեանի կողմէ ստորագրուած են ապօրինի հրամանագրեր, հիմնուած ապօրինի Սահմանադրութեան ինքնաստեղծ օրինակի վրայ: (Նախագահի հրամանագիր, Թիւ 4- 2017․05․3 (ԱՀՀ վարչապետի գործառոյթները դադրեցնելու մասին) եւ Նախագահի հրամանագիր, Թիւ 43 – 2017.06.05 (ԱՀՀ վարչապետի նշանակման մասին)
Այդ իմաստով, 5-րդ նստաշրջանին կայացուած որոշումները բնաւ պատահականութեան արդիւնք չէին, այլ խորապէս քննութեան առնուած, կշռադատուած ու պահանջուած:
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան պատրաստութեան աշխատանքները սկսեր են 10 Օգոստոս 2014 թուականէն յետոյ, Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագրի հիման վրայ, որտեղ նշուած էր. «Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովին (Խորհրդարանին) կ՛առաջարկենք ձեւաւորել Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան մշակման յանձնաժողով եւ ձեռնարկել Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան նախագծի մշակումը, Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառոյցներու ձեւի եւ բովանդակութեան համար՝ որպէս հիմք ընդունելով Արեւմտեան Հայաստանի հայերու եւ Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքացիներու կամարտահայտութեան վերաբերեալ վերոյիշեալ հռչակագրերը, որոշումները, օրէնքներն ու իրաւական փաստաթղթերը»:
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան նախագծի առաջին ընթերցումը հաստատեր է Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) առաջին գումարման երրորդ նստաշրջանը (27 Դեկտեմբեր, 2015 թ., Երեւան): Ահա քաղուածք նստաշրջանի արձանագրութենէն.
«Լսեցին՝ Առաջին ընթերցմամբ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան նախագծի հաստատման մասին: Ելոյթի համար խօսքը տրուեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեանին:
Որոշեցին՝ հաստատել. առաջին ընթերցմամբ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան նախագիծը»:
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան նախագծի երկրորդ ընթերցումը հաստատեր է Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) առաջին գումարման չորրորդ նստաշրջանը (17 Դեկտեմբեր, 2016թ., Երեւան): Ահա քաղուածք արձանագրութենէն.
«Լսեցին՝ երկրորդ ընթերցմամբ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան նախագծի հաստատման մասին:
Որոշեցին՝ հաստատել. երկրորդ ընթերցմամբ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան նախագիծը»:
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան նախագծի երրորդ ընթերցումը հաստատեր է Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) առաջին գումարման հինգերորդ նստաշրջանը (11 Յունիս, 2017 թ., Երեւան): Ահա քաղուածք այդ արձանագրութենէն.
«Լսեցին՝ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 3-րդ ընթերցման եւ Սահմանադրութեան ընդունման հետագայ ընթացակարգի վերաբերեալ:
Որոշեցին՝
ա) Հաստատել Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան նախագծի 3-րդ, վերջնական, ընթերցումը եւ հաշուի առնելով պատգամաւորներու առաջարկներն ու լրացումները՝ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան նախագիծը դնել համաժողովրդական քննարկման,
բ) որմէ յետոյ մէկ ամսուայ ընթացքին Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան նախագիծը դնել համաժողովրդական հանրաքուէի:
գ) Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան նախագիծը հրապարակել Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական կայքերու վրայ եւ լրատուամիջոցներու»:
Հետեւաբար, Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Արմենակ Աբրահամեանը երբեք հնարաւորութիւն չունէր հրամանագիր ստորագրել հիմնուած գոյութիւն չունեցող Սահմանադրութեան յօդուածի վրայ: Այս եւ լիազօրութիւններու չարաշահում է, եւ սողացող «յեղաշրջման փորձ», եւ իշխանութեան իւրացման փորձ:
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) ընդունած որոշման մէջ մասնաւորապէս նշուած է.
«Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ`
-Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը Սահմանադրութեան բոլոր ընթացակարգերով անցած եւ ընդունուած Սահմանադրութիւն դեռեւս չունի եւ ան կ՛առաջնորդուի՝ Արեւմտեան Հայաստանի «Արեւմտեան Հայաստանի պետական կառուցուածքի, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներու կարգավիճակի եւ Արեւմեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի կանոնակարգի մասին» Օրէնքով, որ
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ (արդէն նախկին նախագահ) Արմենակ Աբրահամեանը խախտել է վերոնշեալ օրէնքի «Արեւմտեան Հայաստանի պետական կառուցուածքը» բաժնի հետեւեալ յօդուածներու դրոյթներն ու պահանջները.
Յօդուած 36) Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը նախագահա-խորհրդարանական հանրապետութիւն է:
Յօդուած 37) Արեւմտեան Հայաստանի նախագահը՝ պետութեան գլուխն է` Արեւմտեան Հայաստանի բարձրագոյն պաշտօնատար անձը, Սահմանադրութեան, մարդու իրաւունքներու ու ազատութււններու երաշխաւորը: Արեւմտեան Հայաստանի Սահմանադրութեան եւ օրէնքներու համաձայն՝ ան միջոցներ ձեռք կ՛առնէ Արեւմտեան Հայաստանի հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման, պետական իշխանութեան մարմիններու միջեւ գործառոյթներու ներդաշնակ համադրման եւ համագործակցութեան:
Յօդուած 44) Արեւմտեան Հայաստանի նախագահը`
-Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի համաձայնութեամբ կը նշանակէ ու կ՛ազատէ Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութեան վարչապետին,
-Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի համաձայնութեամբ որոշում կը կայացնէ Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութեան հրաժարականի մասին,
-Արեւմտեան Հայաստանի վարչապետի առաջարկութեամբ կը նշանակէ ու կ՛ազատէ պաշտօնէ Արեւմտեան Հայաստանի վարչապետի օգնականներուն եւ նախարարներուն,
Յօդուած 52) Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութեան վարչապետը Արեւմտեան Հայաստանի նախագահին կ՛առաջարկէ Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութեան փոխվարչապետի պաշտօնի թեկնածուներուն եւ Արեւմտեան Հայաստանի նախարարներուն՝ նախապէս տեղեակ պահելով Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովին եւ հաշուի առնելով Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւորներու կարծիքները:
Որտեղ նշուած է նաեւ,
Յօդուած 14) Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւորի լիազօրութիւններու դադարեցումը կարող է տեղի ունենալ հետեւեալ պարագաներուն.
-այն պարագային, երբ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւորը իր գործունէութեամբ կամ անգործութեամբ վնաս կը հասցնէ Արեւմտեան Հայաստանին, Արեւմտեան Հայաստանի պետական կառոյցներուն: Սոյն յօդուածի կէտը կը վերաբերի նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր պաշտօնեաներուն:
Հակընդդէմ վերը մեջբերուած յօդուածներու դրոյթներու ու պահանջներու՝
-Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ (արդէն նախկին նախագահ) Արմենակ Աբրահամեանը շուրջ երկու տարի է ինչ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան ողջ պետական համակարգին ուժով կը պարտադրէ 9 Մայիս 2016-ին իր միանձնեայ ստորագրութեամբ, իբրեւ թէ իր կողմէ հաստատում ստացած Սահմանադրութեան իր տարբերակը,
-որն ի տարբերութիւն վերը նշուած գործող օրէնքի դրոյթի ու պահանջի, եւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան առաջին եւ երկրորդ ընթերցումներուն մէջ ներառուած յօդուածներու, ոչ թէ նախագահա-խորհրդարանական, այլ նախագահական կոշտ ու անզիջում կառավարման օրինակ է:
Արձանագրելով, որ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ (այժմ արդէն նախկին նախագահ) Արմենակ Աբրահամեանի պարտադրած Սահմանադրութեան օրինակը ոչ մէկ կերպ չի համապատասխաներ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառուցուածքի իրաւական-քաղաքական տրամաբանութիւնը եւ չընդունուիր, որպէս հիմք կամ օրինակ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան համար, որովհետեւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառավարման համակարգը նախագա-խորհրդարանական է:
Հետեւաբար, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) 5-րդ նստաշրջանը մանրամասն քննելով ու համադրելով ներկայացուած փաստերը՝
Որոշեց՝ 11 Յունիս 2017-էն դադարեցնել Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի նախագահական լիազօրութիւնները:
Ահա այս որոշումը եւ այլ որոշումներ նոյնպէս միտուած էին կարգաւորելու հետեւեալ խնդիրները.
ա) Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի ապօրինի հրամանագրերէն ու ոտնձգութիւններէն պաշտպանելու համակարգի պաշտօնեաներուն, պատգամաւորներուն, քաղաքացիներուն ու բոլոր մասնակիցներուն,
բ) պաշտպանելու համակարգի թեւերու՝ նախագահական, կառավարութիւն, խորհրդարան ազատութիւնը, անկախութիւնը, լիակատար համագործակցութիւնը,
գ) պաշտպանելու հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան գործընթացը արտաքին եւ ներքին ոտնձգութիւններէ ու թելադրանքներէ:
Այդ խնդիրները կարգաւորուած են:
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը նոր նախագահ ունի՝ Ռադիկ Խամոյեանը, նոր կառավարութիւն ձեւաւորուի՝ վարչապետի պաշտօնով երրորդ անգամ անընդմէջ հաստատուեր է Տիգրան Փաշաբեզեանը, խորհրդարանը Արմէն Տէր-Սարգսեանի նախագահութեամբ կը շարունակէ իր աշխատանքները եւ, ըստ այդմ, Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան ողջ պետական համակարգը կրնայ առաջ շարժիլ եւ առանց հին արգելքներու ու խոչընդոտներու շարունակել Արեւմտեան Հայաստանի հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան շատ պատասխանատու գործը:
Արմէն Տէր-Սարգսեան
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) Նախագահ
14.06.2017 թ.
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սալբի Տ, «Լուսաւոր Աւետիս»