«Ազգային ինքնութենէն հեռացած հայերն աշխարհի տարածքին» թեմայով երկրորդ խորհրդաժողովը տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 11 մարտ 2017-ին

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) Հայրենակցական, համայնքային ու հայրենասիրական հասարակական միութիւններու եւ Հաւատքի հարցերու մշտական յանձնաժողովներու ներկայացուցիչներու կազմակերպած Խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ՝

Շաբաթ 11 մարտ 2017-ի, երեկոյեան ժամը 17,30-ին, Երեւանի Կոնգրէս հիւրանոցի դահլիճին մէջ, հասցէ՝ թիվ 1, Իտալիա պողոտայ:

Դռնփակ աշխատանքի սկիզբը կլոր սեղանի շուրջ՝ ժամը 18:00-ին:

Թեմայ՝

Նախորդ խորհրդաժովի՝ 08 սեպտեմբեր 2016-ի, մասնակիցներու առած որոշումներու իրագործման ու գործադրութեան ուղիներու հիմքերու նախապատրաստութիւն, որոնք են՝

1. Արեւմտեան Հայաստանի, Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի մէջ ապրող այլակրօն հայերու վերաբերեալ տուեալներու, տեղեկութիւններու հաւաքումը, այս թեմայով տուեալներու կեդրոնի մը ստեղծումը:

2. Արեւմտեան Հայաստանի (այդ թուում՝ Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի մէջ) ապրող այլակրօն հայերու հետ կապերու հաստատման մարտավարական – աշխատանքային ծրագրերու մշակումը:

3. Օժանդակութիւն՝ այն հայերուն, որոնք կը փափաքին վերադառնալ իրենց ինքնութեանը եւ ցանկութիւն կը յայտնեն վերադառնալ Բնօրրան:

Արմէնակ Հարմանտայեան

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) Հաւատքի եւ Հայրենակցական հարցերու մշտական յանձնաժողովներու ներկայացուցիչ

05 Փետրուար 2017 թ.

Արեւմտյան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) Լրատվական ծառայություն  

Leave a Reply

Your email address will not be published.

eight − seven =