«Ազգային ինքնութենէն հեռացած հայերն աշխարհի տարածքին» թեմայով կլոր սեղանի մասնակիցներուն որոշումը

«Ազգային ինքնութենէն հեռացած հայերն աշխարհի տարածքին» թեմայով միջոցառումը, որ տեղի ունեցաւ 11 մարտ 2017-ին:

Կլոր սեղանի մասնակիցներու որոշումը

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) Հայրենակցական, համայնքային ու հայրենասիրական հասարակական միութիւններու եւ Հաւատքի հարցերու մշտական յանձնաժողովներու ներկայացուցիչներուն կազմակերպած «Ազգային ինքնութենէն հեռացած հայերն աշխարհի տարածքին» թեմայով միջոցառումը, որ տեղի ունեցաւ 11 Մարտ 2017-ին, Կլոր սեղանի մասնակիցներու քննարկումներուն արդիւնքներուն, ինչպէս նաեւ նախորդ խորհրդաժողովի` «Այլակրօն հայերն աշխարհի տարածքին» թեմայով 08 Սեպտեմբեր 2016-ի մասնակիցներուն արտայայտած կարծիքներուն հիման վրայ որոշեց ստեղծել աշխատանքային խումբեր, հետապնդելու համար հետեւեալ ծրագրային նպատակները.

  1. Ազգային ինքնութենէն հեռացած հայերունվերաբերեալուսումնասիրութիւններու եւ հրատարակութիւններու մէկտեղումը մէկ գրադարան-պահոցի մէջ:
  2. Ազգային ինքնութենէն հեռացած հայերուն հետ կապերու հաստատման վերաբերեալտարեկանաշխատանքային ծրագիրի (ծրագիրներու) մշակումը:

Արմենակ Հարմանտայեան

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) Հաւատքի եւ Հայրենակցական հարցերու մշտական յանձնաժողովներու ներկայացուցիչ

11.03.2017 թ.

Ելույթներ

Կլոր սեղան

Leave a Reply

Your email address will not be published.

5 − three =