ԱՀԱԺ-ի Մշակոյթի հարցերով մշտական յանձնաժողովի նախագահ Յուլիա Գյոլոյանի խօսքը, «Այլակրօն հայերն աշխարհի տարածքին» թեմայով երկրորդ խորհրդաժողովի ընթացքին:
Բարի երեկոյ, յարգելի գործընկերներ.
Դուք կ՛իրականացնէք այնչափ կարևոր առաքելութիւն:
Այս բարդ ու դժուարին գործը կը կատարէք նուիրումով: Ձեր աշխատանքի արդիւնքներով է պայմանաւորուած օտարութեան մէջ յայտնուած, ճակատագրի քմահաճոյքին մատնուած հայը՝ մեր օրերուն «այլակրօն հայերը», այս արտայայտութիւնը սրտի ցաւով կ՛արտասանեմ:
Ցաւոք, ստեղծուած իրականութիւնն է մեր ներկայի: Դուք ինքնութեան պահպանման անմնացորդ գաղափարակիրն եք: «Այլակրօն հայերն» իրենց ինքնութիւնը վերագտնելու, վերականգնելու հնարաւորութենէն զրկուած մեր աջակցութեան կարիքը ունին: Այդ կը նշանակէ, որ նոյնիսկ քաղաքական ու տնտեսական աննպաստ պայմաններուն մէջ պէտք է քայլեր ձեռնարկել, թէ Հայ Առաքելական եկեղեցուոյ կողմէ, և թէ իշխանութիւններու:
Չպէտք է մոռնալ արտաքին քաղաքական յարաբերութիւնները, ազգային մշակոյթը, անհատական և ազգային աշխարհընկալումն ու աշխարհայացքը: Բարդ լուծում ունեցող հարցերէն է մշակոյթի թեման:
Ակնյայտ է, որ ցանկութիւն ունեցող իսլամացած հայերուն պէտք է բերել Հայաստան: Անոնք կրնան բնակիլ հայկական ընտանիքներու մէջ: Անմիջականօրէն շփում ունենալ ժամանակակից, կեանքին համընթաց, ազգային գաղափարներով առաջնորդուող, հայ երիտասարդութեան հետ: Աւելի սերտ ծանօթանալ հային բնորոշ հիւրընկալութեանը: Մօտ ըլլալ Հայաստանի հիասքանչ, պատկառելի ու անգերազանցելի տեսարժան վայրերուն, յուշակոթողներուն, եկեղեցիներուն, ինչպէս նաեւ միջնադարեան ոսկեղենիկ հարուստ արուեստին:
Քանի որ համացանցի վրայ քիչ տեղեկութիւններ կան որմնանկարչութեան մասին: Պէտք է կազմակերպել այցելութիւն թանգարաններ, կազմակերպել ժամանակակից արուեստի հետ ծանօթացում, ինչպէս նաև ազգագրական պարերու, դասական, աշխարհիկ ու հոգևոր երաժշտութեան…վաղեմութիւն ունեցող թատրոնի հետ: Հայրենաճանաչութեան միջոցով մենք կրնանք անոնց մէջ սերմանել հայրենասիրութեան այն մեծ պարծանքը, որ իրենք իրենց պատկանելիութեամբ հայկական արիւն կրողներ են:
Ցանկութեան պարագային հնարաւորութիւն տրուի ուսում ստանալ Հայաստանի մէջ: Անոնց պէտք է հնարաւորութիւն ընձեռել, քանի որ երբ վերադառնան իրենց բնօրրան, նոյն սէրը կը ներշնչեն իրենց մերձաւորներուն:
Սերտ կապուած ըլլալով Հայաստան աշխարհի հետ,հոգեպէս չտարանջատելով կրնան պահպանել հայկական եկեղեցիները եւ մնացած այն ամէնը, ինչ կը պատկանի հայկական մշակոյթին՝ զերծ պահելով պատմութիւնը խեղաթիւրող կեղծիքէ:
Այլ պարագայի կարելի էր նաև երկիր ուղարկել մեր մասնագետները, որպէս առաքեալներ իրենց առաքելութիւնը կատարելու հարազատ հողի վրայ: Վերականգնել հինաւուրց մշակոյթը, Ճարտարապետութիւնը, որը տարիներու ընթացքին բազմիցս փոփոխութիւններու ենթարկուած է: Անհրաժեշտ է նրբանկատ, զգոյշ ու միասնաբար գործել: Այսուհետեւ մշակելով հնարաւոր իրագործելի տարբերակներ և սկսիլ գործել:
Յարգանքներով՝
Յուլիա Գյոլոեան
ԱՀԱԺ-ի Մշակոյթի հարցերով մշտական յանձնաժողովի նախագահ
Թարգմանութիւնը արեւելահայերէնէ՝ Սալբի Տ, «Լուսաւոր Աւետիս» Լրատուական կայք