Արարատի գագաթին նկատուած ուշագրաւ բնական երեւոյթը քննարկումներու առիթ դարձած է թուրք օգտատէրերու մէջ:
«Թուրքիոյ Հանրապետութեան ամենաբարձր կէտին վրայ բացառիկ բնական երեւոյթ նկատուած է: Լեռը, կարծես, ամպերէն հիւսուած գլխարկ դրած էր»,-«Թերթի փոխանցմամբ՝ մեկնաբանած է դիտարժան նկարը հրապարակած Rusturkey.com կայքը:
Նշենք, որ Հայաստանի խորհրդանիշներէն մէկը՝ Արարատ լեռը, կը գտնուի այժմեան Թուրքիոյ Հանրապետութեան տարածքին` Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանէն 28.5 քմ հեռաւորութեան վրայ: Անիկա Հայկական լեռնաշխարհի ամենաբարձր կէտն է: