ՀՐԱԿ
«Հայր Մեսրոպէն ետք… անտէր մնացինք», կ՛ըսէ պոլսահայ բարեկամուհի մը մեր առաջին հանդիպումին` մշակութային կեդրոնի մը մէջ:
Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութիւնը անգամ մը եւս դարձաւ գաղութի հիմնահարց: Ամբողջ գաղութը ելեկտրականացած վիճակ մը կ՛ապրէր: Տարիներէ սպասուած պահը հասած էր, Ազգային ժողովի ընտրութիւններ եւ ապա Կրօնական ժողով տեղի պիտի ունենային` օժտելով գաղութը նոր հոգեւոր առաջնորդով մը: Գաղութին մէկ կարեւոր մասը փոփոխութիւն կ՛ուզէր ալ, բայց եւ այնպէս այդ մէկը չիրականացաւ:
Արդէն բոլորին առօրեայ նիւթն էին ընտրութիւնները: Նոյնիսկ հոգեւոր հայր մը իր կիրակնօրեայ պատգամի աւարտին յիշեցուցած է, որ ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան, եւ բոլորէն խնդրած` անպայման արձանագրուիլ` քուէարկելու այդ ընտրութիւններուն: Բայց եւ այնպէս այդ բոլորը ի զուր եղան:
Ամբողջ համայնք մը վարկաբեկուեցաւ եւ իրաւազրկուեցաւ, որովհետեւ Էրտողանի ժողովրդավար ձեւացող կառավարութիւնը որոշեց, որ յարմար չէ հայոց պատրիարքի ընտրութիւն կատարելը, եւ սահմանադրական լծակներով «պարտադրեց» իրեն մօտիկ Արամ արք. Աթէշեանի վերանշանակումը` իբրեւ Պոլսոյ պատրիարքարան փոխանորդ:
Պետութիւն չունեցող հայ ազգին համար խիստ կարեւոր դեր խաղաց Հայ եկեղեցին: Առաջնորդ մը կամ կաթողիկոս մը ո՛չ միայն հոգեւորականի դեր խաղաց, այլ նաեւ առաջնորդեց գաղութի կազմակերպման եւ ղեկավարման կարեւոր օրակարգը: Թուրքիոյ հայութեան պարագային, ուր չեն գործեր հայկական կուսակցութիւններ, եկեղեցին կը շարունակէ, կամ պէտք է շարունակէ խաղալ այդ դերը: Պոլսոյ պարագային կ՛աւելնայ մէկ այլ բարդութիւն` պատրիարքին դերը նաեւ Թուրքիոյ պետութեան մօտ ներկայացուցչական դեր ունի:
Այս խնդրին մասին խօսիլը բազմաթիւ էջեր կրնայ խլել, բայց այդ չէ յօդուածին նպատակը: Պոլսահայ պատրիարքի ընտրութեան օրակարգը պիտի օգտագործեմ` անդրադառնալու տարբեր պատկերներու եւ երեւոյթներու:
Առաջին` Ազգային սահմանադրութեան կարծրատպութիւնը
Պոլսոյ նահանգապետութիւնը երբ պատրիարքական ընտրութեան մերժումի իր նամակը ուղարկեց, ան միայն «օրէնքը գործադրեց»: Տասնամեակներ առաջ (1860) մշակուած օրէնք մը կը շարունակէ վարել գաղութի մը նորօրեայ կեանքը: Սահմանադրութիւններու եւ կանոնագիրներու բառացի եւ նեղմիտ բացատրութիւնները կրնան չհամապատասխանել նորօրեայ կեանքին: Բնականաբար հարցեր կը ծագին, երբ ժամանակին հետ չեն յառաջդիմեր նաեւ հաւաքականութիւններ, կազմակերպութիւններ եւ անոնց օրէնքները:
Ազգային սահմանադրութիւնը նոր պատրիարքի ընտրութիւն կ՛արտօնէ միայն երկու պարագաներու` պատրիարքի վախճանում կամ հրաժարում: Պոլսոյ հայոց պատրիարքի իր երկարատեւ հիւանդութեան պատճառով անկարող է պատրիարքի պաշտօնը կատարել, ինչպէս նաեւ` հրաժարիլ, սակայն ողջ է: Ուրեմն չ՛ամբողջացներ վերոնշեալ երկու պարագաները: Այս անտրամաբանական «տրամաբանութեամբ» է, որ պետութիւնն ու Աթէշեանին շրջանակները ընտրութիւններու կատարումը ի զուր եւ հակասահմանադրական սեպեցին: Այսպիսով անոնք միայն օրէնքը գործադրեցին:
Ո՞վ կը մեկնաբանէ սահմանադրութիւնը: Ո՞վ իրաւունք ունի մեկնաբանելու օրէնքները: Ի՞նչ ակնոցով կամ նպատակով կը մեկնաբանուին կանոնագիրներ: Պատասխանը յաճախ եղած է` օրուան իշխանութիւնները ու անոնց շահերը: Օրէնքները եւ կանոնագիրներու բացթողումները կրնան շահագործուիլ իշխանութեան մը քմահաճոյքը պարտադրելու եւ ինքզինք վերարտադրելու համար:
Երկրորդ` ղեկավարի մը ինքզինք պարտադրելու հիւանդութիւն
Էրտողանի պարագային, այս սովորութիւնը յստակ է: Կուսակցապետ, ապա վարչապետ, ապա նախագահ, ապա` սուլթա՞ն: Ներեցէք նմանութեան, բայց կարծէք` նման երեւոյթ մը կը տեսնենք Աթէշեանի պարագային, երբ տարբեր առիթներով մերժեց հրաժարիլ եւ, գաղութի մէկ կարեւոր խմբակի կամքին հակառակ, ինքզինք պարտադրեց ամբողջ գաղութին, խափանեց ընտրութիւններու կայացումը, վարկաբեկեց պատրիարքարանի տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեանը, այս բոլորը` յենելով Թուրքիոյ պետութեան եւ եկեղեցւոյ սահմանադրութեան նեղմիտ մեկնաբանութեան եւ լծակներուն վրայ:
Տկար եւ երերուն հիմերու վրայ ղեկավարութիւն մը մնայուն վախի մէջ կ՛ըլլայ: Ան կը ձգտի ինքզինք ներկայացնելու իբրեւ հաւաքականութեան մը մեծամասնութեան կամքին արտացոլացումը: Նոյն փորձին մէջ կ՛իյնայ նաեւ ընդդիմութեան անտեսումը եւ ոտնակոխումը: Այսպէս, «Ազատութիւն» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր վերջին հայերէն հարցազրոյցին ընթացքին Աթէշեան արքեպիսկոպոս իրեն ընդդիմադիրները նկատեց գաղութի բացարձակ փոքրամասնութիւնը, իսկ իրեն զօրակցողները` մեծամասնութիւն: Կարճ պտոյտ մը` Պոլսոյ թաղերուն մէջ, կրնայ հակառակը փաստել: Ան պնդեց, որ ինք պատճառ չունի հրաժարելու եւ պիտի շարունակէ իր պաշտօնը վարել:
Երրորդ` ընտրասահմաններու ռազմավարական գծում
Տիրող իշխանութիւնը չի բաւարարուիր կանոնագիրներու սանձարձակ մեկնաբանութեամբ, այլ կը զբաղի ընտրասահմաններու սահմանագծումով:
Ազգային ժողովի պատգամաւորներու ընտրութեան նախօրեակին այսպէս կը գծուէին ընտրասահմաններ. որոշ պարագաներու, առանձին փողոց մը ընտրաշրջան կը սեպուի, իսկ ուրիշ պարագաներու` ամբողջ թաղամաս մը: Սահմանները այնպէս մը կը գծուին, որ իշխանութեան ընդդիմադիրները որեւէ շրջանի մէջ մեծամասնութիւն չապահովեն եւ ընդդիմադիր պատգամաւոր մը չընտրեն: Բարեբախտաբար այս բոլորը արգելք չեղան, որ Կրօնական ժողովը պահանջէ արք. Աթէշեանին հրաժարականը: Թէկուզ` ժամանակաւոր:
Այս երեւոյթները լուսարձակի տակ կը բերեն քանի մը հրամայական.
ա) Սահմանադրութեան վերանայում եւ ըստ կարիքի` վերամշակում
Հարկ է սահմանադրութեան (կամ որեւէ այլ կանոնագիրի) ոգիի յարգում, եւ ոչ թէ` բառացի բացատրութեան շահագործում:
բ) Այլընտրանքային ղեկավարներու կարիքը
Կուսակցութիւններու եւ զօրաւոր պատրիարքի մը բացակայութեան` գաղութը եւ մանաւանդ երիտասարդութիւնը այլընտրանքային ղեկավարի մը կարօտը եւ կարիքը ունին: Պոլսահայ իրականութեան մէջ Կարօ Փայլան կարողացաւ շահիլ համակրանքը շատերու, որոնք յոգնած ու յուսախաբ էին տիրող համակարգէն:
Նոյնինքն Կարոն էր, որ համարձակութիւնը ունեցաւ հրապարակայնօրէն քննադատելու Պոլսոյ նահանգապետութեան որոշումը` Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութեան վերաբերեալ, մինչ Պոլսոյ Կրօնական ժողովը արդէն տեղի տուած էր ճնշումներուն: Փայլանն էր, որ յայտարարեց, թէ կարիքը չկայ Թուրքիոյ պետութենէն հրաման առնելու պատրիարք մը ընտրելու համար, մինչ արք. Աթէշեանը պնդեց, որ ո՛չ միայն պետութիւնը իրաւունք ունի միջամուխ ըլլալու, այլ նաեւ` իր որոշիչ դերը ունենալու այդ ընտրութիւններուն:
գ) Պոլսահայ գաղութի ծանօթացում
Այս դէպքերը պէտք է վերյիշեցնեն մեզի պոլսահայ գաղութի ռազմավարական կարեւորութիւնը: Ծանօթանանք այս գաղութին: Մեր տուփիկներէն դուրս ելլենք եւ թապուներու տեղ չտանք: Յաճախ, երբ տեսնենք, թէ որքա՛ն դժուարութիւններու կամ ճնշումներու տակ են, այն ատեն միայն կ՛արժեւորենք մեր ունեցածը եւ մեր «հանգստութիւն»-ը:
Պոլսահայ գաղութը իր տեսակին մէջ եզակի է եւ` բոլորիս յարգանքի արժանի: Դժուար է դատել կամ այպանել որեւէ վիճակ կամ կացութիւն, որովհետեւ շատ զգայուն է պարագան: Հաւանաբար այս գրութեամբ ձախողեցայ իրագործել իմ իսկ խրատս` չդատելու:
Պէտք է հասկնանք, գիտակցինք եւ զօրակցինք պոլսահայութեան: Միտքերու տարբերութիւն պիտի ըլլայ: Հաւանաբար գաղափարներու եւ զգացումներու բախումներ ալ ըլլան: Բայց այս բոլորը առողջ մտամարզանքներ են:
դ) Երիտասարդութեան քաղաքականացում եւ քննական մտքի զարգացում
Այս կէտը միշտ առաջնահերթութիւն պէտք է ըլլայ: Հայ ուսանողը եւ երիտասարդը պէտք է քննական միտք զարգացնեն եւ հարցադրեն տուեալներն ու անոնց պատճառները: Քննական միտքը նաեւ ճամբայ կը բանայ երիտասարդութեան քաղաքականացման եւ հասարակական ու համայնքային կեանքին` անոր մասնակցութեան:
Աքթիվիսթ երիտասարդութեան պէտք ունին բոլոր գաղութները: Այդ երիտասարդութիւնը միշտ պիտի ձգտի զանազանել իշխանութիւններու եւ ղեկավարութիւններու միջեւ, պիտի ձգտի ընկերային արդարութեան, բարեփոխումներու եւ յառաջդիմականացումի: Վստահեցէք այդ երիտասարդութեան:
Ամէն պարագայի, արդէն կէսօր է: Աթէշեաններու պատարագը աւարտած է: