Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան մասին

Հայկական Հարցի սկզբնաւորումէն (1878 թ.) եւ Հայերու ցեղասպանութենէն (1894-1923 թթ.) յետոյ ինկած ժամանակահատուածին Հայկական Հարցի վերջնական կարգաւորման նոր օրակարգ (ազգային ծրագիր) չէ ձեւաւորուած, բացառութեամբ 1973-1985 թթ. Նորագոյն զինեալ-ազատագրական պայքարի գործունէութեան ու ծրագրի: Փոխարէնը` Արտերկրի հայութեան օրակարգին մէջ տեղական համայնքներու կազմաւորման, Հայապահպանութեան, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Խորհրդային Հայաստանի Հանրապետութեան ապագային հետ կապուած խնդիրներն էին: Խորհրդային Հայաստանի Հանրապետութեան օրակարգին մէջ Խորհրդային Հայաստանի Հանրապետութեան վերածնունդի ու զարգացման, Հայրենադարձութեան խնդիրներն էին: Հայաստանի Հանրապետութեան օրակարգին մէջ Արցախի հայութեան, Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան, շրջափակման յաղթահարման, ինքնորոշման իրաւունքի, ազատութեան եւ անկախութեան հաստատման ու պահպանման խնդիրներն են:

Եւ ինչպէս 1980-ի վերջերն ու 1990-ի սկզիբները հայ հասարակական-քաղաքական միտքը, մեծ հաշուով, պատրաստ չէր Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերահաս իրողութեան, այնպէս ալ այսօր ան պատրաստ չէ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան (ներառեալ Կիլիկիոյ) անկախութեան անկասելի վերահաս իրողութեան:

Այսօր, սակայն, հակուած ենք այն մտքին, որ Հայկական Հարցի վերջնական կարգաւորման նոր օրակարգ կը ձեւաւորուի 2004-2014 թթ. ընթացքին, երբ 2004 թ. Դեկտեմբեր 17-ին` Շուշիի մէջ, կը հիմնադրուի Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդը: Նոյն օրը կ՝ընդունուի հռչակագիր Արեւմտեան Հայաստանի հայերու ինքնորոշման իրաւունքին վերաբերեալ, իսկ 2007 թ. հռչակագիր Արեւմտեան Հայաստանի հայերու իրաւունքներուն վերաբերեալ, իբրեւ Հայկական լեռնաշխարհի բնիկներ: 2011 թ. Փետրուար 4-ին կը յայտարարուի Արեւմտեան Հայաստանի Կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին սկիզբը: 2014 թ. Յունուարին նախօրօք կայացած ընտրութիւններու միջոցով կը ձեւաւորուի Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովը (Խորհրդարանը), որն ալ կ՝ընտրէ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ:

Այստեղ պէտք է յատուկ նշել Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի կողմէ ՄԱԿ-ի Բնիկ ժողովուրդներու Փորձագիտական յանձնաժողովին ծիրէն ներս 2006-էն ի վեր իրականացուած աշխատանքը եւ անոր հիման վրայ ստեղծուած Արեւմտեան Հայաստանի հայերու ինքնութեան եւ քաղաքացիութեան կառոյցը: Այս իրաւական քաղաքական հիմքին վրայ կը ձեւաւորուի Արեւմտեան Հայաստանի պետական համակարգը, որուն միջոցով ալ կ՝իրականացուի Արեւմտեան Հայաստանի հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան ողջ գործընթացը:

Այսպիսով տեսանելի է, որ Հայկական Հարցի կարգաւորման եւ Արեւմտեան Հայաստանի հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան նոր օրակարգի ձեւաւորումը սերտօրէն կը կապուի երկու հիմնական հարցադրումներու հետ.

ա/ Արեւմտեան Հայաստանի նկատմամբ Արեւմտեան Հայաստանի հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան, աւելի ստոյգ` Հայաստանի նկատմամբ հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, եւ

բ/ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան (Հայաստան) պետական համակարգի ձեւաւորման:

«Արեւմտեան Հայաստանի հայերու եւ Արեւմտեան Հայաստանի իրաւունքներու պաշտպանութեան իրաւական-քաղաքական միասնական փաթեթ» ժողովածուն կը ներկայացնէ Հայկական Հարցի վերջնական կարգաւորման, Արեւմտեան Հայաստանի հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի նկատմամբ հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան իրաւական — քաղաքական փաթեթի հիմնական բաժինը, անոր մաս կազմող հռչակագրերն ու հրամանագրերը, որոշումներն ու յայտարարութիւնները:

Տիգրան Փաշաբեզեան

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ

01.09.2015 թ.

Leave a Reply

Your email address will not be published.

sixteen − twelve =