2017 թուականի ապրիլ 27-ին առաւօտեան ժամը 11:00-ին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի անմար կրակին մօտ վեր սլացող Վերածնունդի սիւնի մօտ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան «1894-1923 թթ. Հայ ժողովուրդին դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին կապակցութեամբ» կազմակերպած միջոցառումը, որուն ընթացքին հրապարակուեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ ու Մերձաւոր Արեւելքի տարածաշրջանին մէջ ապրող բոլոր ժողովուրդներու, փոքրամասնութիւններու եւ բնիկներու իրաւունքների պաշտպանութեան վերաբերեալ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան ստանձնած պարտաւորութիւններու մասին Հռչակագիրը:
Միջոցառման ընթացքին տեղի ունեցան ելոյթներ ներկայի աշխարհաքաղաքական զարգացումներու հնարաւոր լուրջ անդրադարձներու վերաբերեալ կապուած Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ բռնազաւթուած տարածքներու ճակատագիրին հետ, մեկնելով մեր ինքնիշխանութեան պարտաւորութիւններէն ու առաջնորդուելով Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն հանդէպ ստանձնած պատասխանատուութիւններու հրամայականով:
Հռչակագրին տակ իրենց ստորագրութիւնները զետեղեցին յոյն ժողովուրդի անունից ՀՀ-ում Յոյներու համայնքի, ասորի ժողովրդի անունից՝ ՀՀ-ում Ասորիներու համայնքի եւ եզդի ժողովրդի անունից ՀՀ-ում Եզդիներու համայնքի ներկայացուցիչները:
Յիշեցնենք նաեւ, որ սոյն Հռչակագիրը բաց է Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ ու Մերձաւոր Արեւելքի տարածաշրջանին մէջ ապրող բոլոր ժողովուրդներուն, փոքրամասնութիւններուն եւ բնիկներուն համար այն ստորագրելու ու միանալու:
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութիւն
27 Ապրիլ 2017 թ.