Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) յայտարարութիւնը
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հատուցման խնդիրներուն վերաբերեալ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմավարութիւնը կառուցուած է հետեւեալ հարցադրումներուն տրուած ճշգրիտ պատասխաններուն վրայ.
-Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատարապարտուած է 1896, 1909, 1915, 1919 թթ., ուրկէ՞ ծագեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը մէկ անգամ եւս կրկին դատապարտելու խնդիրը:
-Ե՞րբ իրականացած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ո՞ր տարիներուն, որո՞ւն կողմէ եւ ո՞րն է Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակագրութիւնը, 1915-1923, թէ՞ 1894-1923 թթ.:
-Ո՞րն է Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով հայութեան ու Հայաստանին հասցուած վնասը եւ իրականացուա՞ծ է, արդեօք այդ վնասի գնահատումը, հաշուարկը, այլ խօսքով, գոյութիւն ունի՞, արդեօք վնասի հատուցման հաշուարկի ամբողջական փաթեթը:
- Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրականացուած է 1894-1923 թթ. ընթացքին թրքական երեք իրար յաջորդած կառավարութիւններու կողմէ` սուլթանական, երիտթրքական, քեմալական:
Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատարապարտուած է 1896, 1909, 1915, 1919 թթ.:
1894-96 թթ. Սուլթան Ապտուլ Համիտ 2-րդի կազմակերպած կոտորածներուն զոհ գնաց շուրջ 300 հազար, բռնի կրօնափոխութեան ենթարկուեցաւ 200 հազար, տարագրուեցաւ 100 հազար հայ: Հայկական կոտորածները իրականացուցին թրքական կանոնաւոր զօրամասերը, «համիտիէ» գունդերը, ոստիկանութիւնը եւ մահմետական խուժանը:
Համիտեան կոտորածներու ժամանակ տեղի ունեցած հայերու բռնի կրօնափոխութիւնը հիմք հանդիսացաւ իսլամացման ու թրքացման քաղաքականութեան սկզնաւորման եւ ալ աւելի բիրտ եղանակներով շարունակութեան համար:
1894-96-ի Համիտեան կոտորածները դատապարտած են ժամանակի առաջադէմ գործիչներ Ժան Ժորեսը, Վիքթոր Պերարը, Անատոլ Ֆրանսը, Եոհաննէս Լեփսիուսը, Լինչը եւ ուրիշներ:
1909-ին Ատանայի ջարդերու ձեռագիրը նոյնն էր, անիկա կազմակերպեց թրքական իշխանութիւնը, իրականացուց ազգայնամոլ խուժանը, մասնակցեցաւ թրքական բանակը: Ատանայի ջարդերուն զոհ գնաց շուրջ 30 հազար հայ: Ցեղասպանութեան փաստին առընչութեամբ երիտթուրքերը դատավարութիւն կազմակերպեցին, որ սակայն ձեւական բնոյթ կրեց: Աւելին, արհեստական կազմակերպուած հրդեհի միջոցով դատավարութեան նիւթերը փորձեցին կրակի մատնել ու ոչնչացնել, թէեւ շատ նիւթեր փրկուեցան եւ կը պահպանուին առ այսօր:
1915 Մայիս 24-ին Մեծ Բրիտանիան, Ֆրանսան եւ Ռուսիան հանդէս եկան երիտթրքական կառավարութեան սանձազերծած հայերու կոտորածներն ու ցեղասպանութիւնը դատապարտող յատուկ յայտարարութեամբ, ուր 1915 Ապրիլեան կոտորածները որակեցին, իբրեւ Թուրքիոյ նոր ոճիրը մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ: Արձանագրութեան մէջ մասնաւորապէս ըսուած էր. «Գրեթէ մէկ ամիսէ ի վեր, Հայաստանի թուրք եւ քիւրտ բնակիչները օսմանեան հեղինակութիւններու թոյլտւութեամբ ու յաճախ անոնց նեցուկը ունենալով ջարդեր կը գործադրեն Հայերու դէմ: Նման ջարդեր տեղի ունեցան Ապրիլի կիսուն Էրզրումի մէջ (Կարին), Թերճան, Եղինէ, Պիթլիս, Մուշ, Սասուն, Զէյթուն եւ ամբողջ Կիլիկիոյ մէջ: Վանի շրջակայ գրեթէ հարիւր գիւղերու հայերը բոլորն ալ սպաննուեցան եւ Վանի հայկական թաղամասը շրջապատուած էր քիւրտերու կողմէ: Միեւնոյն ժամանակ Օսմանեան կառավարութիւնը չարչրկեցին Կոստանդնուպոլսոյ անպաշտպան հայ բնակչութիւնը: Մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ գործուած Թուրքիոյ այս նոր ոճիրներու հանդէպ դաշնակից կառվարութիւնները հանրօրէն կը տեղեկացնեն Մեծ Դռան, որ թուրք կառավարութեան բոլոր անդամները անհատապէս պատասխանատու պիտի համարուին, ինչպէս նաեւ բոլոր այն պաշտօնեաները, որոնք մասնակից դարձան այս ջարդերուն»:
1919-ին Կոստանդնուպոլսոյ Ռազմական յատուկ ատեանը իրականացուց երիտթուրք պարագլուխներու դատավարութիւնը անոնց ներկայացնելով երկու մեղադրանք. Օսմանեան կայսրութիւնը պատերազմի մէջ ներքաշելու եւ կայսրութեան հպատակ հայերու կոտորածները, ցեղասպանութիւնը ու բռնագաղթը իրականացնելու, որուն հիման վրայ երիտթուրք պարագլուխներէն Թալէաթը, Էնվէրը, Ճեմալը, Նազիմը, Քեմալ պէյը, Ճեմալ Ազմին եւ Նայիմ պէյը, Պեհաետտին Շաքիրը հեռակայ կարգով դատապարտուեցան մահուան, որ յետագային ի կատար ածեցին Նեմեսիսի հայ վրիժառուները:
1919-ին կատարուեցաւ Արեւմտեան Հայաստանին հասցուած վնասի գնահատումը:
1920-ին ստորագրուեցաւ Սեւրի խաղաղութեան պայմանագիրը, որուն 88-93-րդ յօդուածները կը վերաբերէին Հայաստանին եւ 1920 Նոյեմբեր 22-ին ԱՄՆ 28-րդ Նախագահ ՈւՎուտրօ Ուիլսընը վաւերացուց Իրաւարար վճիռը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանին վերաբերեալ:
Վերոնշեալ փաստերը ցոյց կու տան, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով հայութեան ու Հայաստանի հասցուած վնասի հատուցումը, որ պիտի իրականացուէր Սեւրի խաղաղութեան դաշնագրի եւ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռի դրոյթներու գործադրումով, ինչպէս նաեւ պատճառուած նիւթական վնասի հատուցումով` որոշուած էր, ստորագրուած էր, վաւերացուած էր, սակայն չէր իրականացուած:
Աւելին, 1923-էն ետք այդ ամէնը միտումնաւոր կերպով մոռացութեան մատնուած է:
Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտման ժամանակը
Միջազգային ընկերակցութիւնը Լոզանի խորհրդաժողովէն ետք` 1923-1965, Հայոց Ցեղասպանութեան խնդիրը վարպետօրէն շրջանցեց եւ մոռացութեան մատնեց:
Մոռացութեան պատը հնարաւոր եղաւ քանդել 1965-ի Մեծ եղեռնի 50-ամեայ տարելիցի օրերուն Խորհրդային Հայաստանի մէջ բռնկած պահանջատիրութեան ցոյցերով, շարժումով եւ, մանաւանդ, 1973-1975-ին Արտերկրի մէջ ձեւաւորուած ազգային ազատագրական պայքարի` Գուրգէն Եանիկեանի, Գէորգ Աճէմեանի, Սիմոն Սիմոնեանի, Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի, Հայոց Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներու եւ այլ կազմակերպութիւններու եւ անհատներու մեծ ջանքերուն եւ զոհողութիւններուն գնով:
1965-1985 թուականները Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման տարիներն են: Այդ ժամանակ է, որ ազատագրական պայքարի ծաւալման զուգընթաց` համաշխարհային լրատուամիջոցները բառացիօրէն ողողուեցան հայութեան եւ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բազմահատոր տեղեկութիւններով, հարցազրոյցներով, յօդուածներով, գիրքերով, հաղորդաշարերով ու ֆիլմերով…
1985-ը` Գորբաչովեան պերեսդրոյքայի եւ 1987-ը Եւրոպական խորհրդարանի «Հայկական հարցի քաղաքական լուծման մասին» բանաձեւի ընդունման տարեթիւերն են, որոնց անմիջապէս յաջորդած են Սումգայիթի, Պաքուի, Գանձակի եւ այլ վայրերու մէջ բնակող հայ քաղաքացիներուն կոտորածը, բռնագաղթը եւ ԼՂՀ-ի ու ՀՀ-ի դէմ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան սանձազերծած յարձակումը:
Նոր ժամանակներու հայ ազգային ազատագրական պայքարի երկրորդ փուլը Արցախեան ազատամարտն է` 1988-1994-ին, որուն յաղթական աւարտէն ետք, իսկապէս, որ պէտք է գար Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտման եւ հատուցման ժամանակը` մանաւանդ որ, ազգովին դիմակայած էինք հայերու նոր ցեղասպանութիւն կազմակերպելու դաւադրութեան:
Ու թէեւ թանկարժէք ժամանակը կորսուած է, սակայն ամէն ինչ չէ, որ կորսուած է:
Պարզապէս, պէտք է ընդունիլ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պարտադրուած գործընթացը աւարտած է եւ պէտք է անցում կատարել Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային դատապարտման եւ հատուցման գործընթացին:
Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակագրութեան հարցը` 1915-1923-ին, թէ՞ 1894-1923-ին:
Այս հարցով, իրաւական դիրքորոշման տեսակէտէ, կարեւոր է, թէ ի՞նչ ժամանակահատուածի եւ որո՞ւն կողմէ իրականացուած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այդ իմաստով մերժելի է 1915-1923-ի ձեւակերպումը: Ճիշդ է եւ պատմականօրէն փաստարկուած` 1894-1923 ձեւակերպումն ու ժամանակագրութիւնը, որովհետեւ երեք եւ աւելի իրար յաջորդող թրքական կառավարութիւններ` օսմանեան, երիտթրքական, քեմալական, նոյնատիպ բնաջնջման գործողութիւններ իրականացուցած են հայութեան նկատմամբ: Համեմատելու համար կրնաք նայիլ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի 2011 թուականի Ապրիլ 24-ի դիմումը` ուղղուած Թուրքոյ Հանրապետութեան Նախագահ Ապտուլլահ Կիւլին:
Անպայման պէտք է յիշատակել նաեւ 1894-96-ին Ապտուլ Համիտ 2-ի կազմակերպած Համիտեան կոտորածները, 1909-ի Երիտթուրքերու կազմակերպած Ատանայի հայութեան կոտորածը, որոնք նոյնպէս Հայոց Ցեղասպանութեան դրուագներէն են: Մենք ոչ իրաւական, ոչ քաղաքական, եւ ոչ ալ բարոյական իրաւունք ունինք անոնք անտեսելու եւ մոռացութեան մատնելու, առաւել եւս, որ անոնք Հայերու պահանջատիրութեան ապագայ քայլերու իմաստով խիստ կարեւոր նշանակութիւն ունին ընդհանուր շղթայի մէջ:
- Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով հասցուած վնասի հատուցման ամբողջական փաթեթը:
Որպէսզի պատկերացում կազմենք Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով հայերուն հասցուած վնասի հատուցման ամբողջական փաթեթին վերաբերեալ, հարկաւոր է պարզապէս յիշել թրքական իրար յաջորդող կառավարութիւններու` սուլթանական, երիտթրքական, քեմալական, հանրապետական կողմէն իրականացուած բոլոր յանցագործութիւնները մարդկութեան եւ հայութեան նկատմամբ:
Պարզապէս թուարկենք զանոնք.
-Այլատեացութեան, ազգային գերազանցութեան ու սնապարծութեան, ռասիզմի գաղափարախօսութեան` Փանթուրքիզմի ձեւաւորում, տարածում եւ քարոզչութիւն թրքական շրջանակներու մէջ:
-Հայերու տարհանման եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ծրագրերու եւ գաղափարներու մշակում, տարածում, քարոզչութիւն:
-1894-23-ի ընթացքին հայութեան բնօրրանին` Հայկական լեռնաշխարհի մէջ, եւ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին` Հայոց Ցեղասպանութեան ծրագրին մէջ, քարոզչութիւն, նախապատրաստում, հրահրում եւ իրականացում, անոր ունեցուածքի յափշտակում եւ իւրացում: Երկու միլիոնէն աւելի հայերու ոչնչացում, կէս միլիոնէն աւելի հայերու բռնագաղթի կազմակերպում անոնց Բնօրրան Հայրենիքէն:
-1915-ին եւ անոր յաջորդող տարիներուն, հայերէն զատ` ասորիներու, յոյներու, արաբներու (յետագային` 1920-ականի կէսերէն սկսեալ, նաեւ քիւրտերու) կոտորածներու եւ ցեղասպանութեան իրականացում, անոնց ունեցուածքի յափշտակում եւ իւրացում:
-1918-ին, յարձակման ձեռնարկում Արեւելեան Հայաստանի հայութեան նկատմամբ, ապօրինի պայմանագրի պարտադրում նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան:
-1918-ին Պաքուի հայերու ցեղասպանութեան իրականացում:
-1920-ին, յարձակման ձեռնարկում Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ, այնուհետեւ անօրինական եւ ապօրինի պայմանագրերու (1920-ին, Ալեքսանդրապոլի եւ 1921-ին, Մոսկուայի) պարտադրում յարձակման ենթարկուած կողմին:
-1937-ին Տերսիմի հայութեան կոտորածներու եւ ցեղասպանութեան իրականացում:
-1894-1923, 1923-2014 թուականներուն Հայոց քաղաքակրթական արժէքներու, ներառեալ` պատմաճարտարապետական յուշարձաններու եւ եկեղեցիներու եւ խաչքարերու աւերում, ոչնչացում:
-Հայոց եւ տարածաշրջանի այլ ժողովուրդներու պատմութեան, մշակոյթի եւ քաղաքակրթական այլ արժէքներու կեղծարարութիւն:
-Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստի եւ իրողութեան ժխտում, ուրացում, մերժում` ցեղասպանութեան ժխտողականութիւն: Այս հարցով Ժամանակ շահելու եւ հատուցումը յետաձգելու անիրատեսական ակնկալիքով` պատմաբաններու յանձնաժողովի ստեղծման առաջարկներ:
-Վուտրօ Ուիլսընի 1920 Նոյեմբեր 22-ի Իրաւարար վճիռով Հայաստանին յատկացուած տարածքի 97-ամեայ բռնագրաւում:
-1993-էն Հայաստանի Հանրապետութեան անօրինական շրջափակում:
Այս է ոչ ամբողջական ցանկը մարդկութեան եւ հայութեան դէմ թրքական իրարյաջորդ կառավարութիւններու իրականացուցած յանցագործութիւններու: Ատրպէյճանի իրականացուցած յանցագործութիւնները Թուրքիոյ ձեռագրի ու ծրագրի պատճէնահանուած տարբերակներն են: Սակայն, անոնց մասին կը խօսինք այլ առիթով, այլ տեղ:
Առ այսօր չէ իրականացուած Արեւելեան Հայաստանին հասցուած վնասի չափը եւ 1923-ին յաջորդող ժամանակահատուածին այլ յանցագործութիւններու միջոցով հայութեան ու Հայաստանին հասցուած ողջ վնասին չափը: Սակայն այստեղ թուարկուած յանցագործութիւնները` ուղիղ կը մատնանշեն վնասները, որոնք կարելի է եւ պէտք է հաշուարկել եւ այդպէս պատրաստել Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով հայութեան ու Հայաստանին հասցուած վնասի իրական չափը, վնասներու հատուցման ամբողջական փաթեթը:
Կրնանք փաստել, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը մինչեւ այսօր կը շարունակուի եւ պիտի շարունակուի, քանի դեռ չէ իրականացուած յանցագործութեան դատապարտումը եւ պատճառուած վնասի ամբողջական հատուցումը: Եւ քանի դեռ հայութիւնը չէ վերագտած` ապրելու, զարգանալու եւ առաջընթացի իրաւական – քաղաքական, ազգային – պետական ամուր եւ անսասան հիմքերը:
Արմէն Տէր-Սարգսեան՝
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) Նախագահ