
Ստորեւ ներկայացուած դիմումը բնօրինակին համառօտագրուած ու կրճատուած տարբերակն է։
Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութեանը
Դ Ի Մ Ո Ւ Մ
ԱՄՆ-ու 28-րդ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի 1920 թ. Նոյեմբեր 22-ին կայացուցած Իրաւարար վճիռի իրականացման մասին, որուն լրիւ անուանումն է՝ «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին որոշումը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանին, Հայաստանի՝ դէպի ծով ելքին եւ հայկական սահմանին յարող թրքական տարածքի ապառազմականացման վերաբերեալ»։
.
Հաշվի առնելով, որ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը (Հայաստան պետութիւն)
— ամբողջութեամբ կ’ընդունի Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութեան կանոնադրական նպատակներն ու խնդիրները,
— ընդունած ու վաւերացուցած է Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութեան Կանոնադրութիւնը,
— որպէս միջազգային իրաւունքի ենթակայ՝ հանդիսանալով 20-րդ դարու 20-ական թուականներու Հայաստան պետութեան անխզելի շարունակողը (Continuity) եւ որպէս Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւն (Հայաստան պետութիւն) ստանձնած է Հայաստան պետութեան բոլոր իրաւունքներն ու պարտականութիւնները,
– որպէս միջազգային իրաւունքի ենթակայ՝ համաձայն «Պետութիւններու իրաւունքներու եւ պարտականութիւններու մասին» Համաձայնագիրին (ստորագրուած 26 Դեկտեմբեր 1933 թ.՝ համաամերիկեան պետութիւններու 7-րդ միջազգային համաժողովին (Մոնթէվիտէոյի Համաձայնագիր)), կը տիրապետէ անհրաժեշտ յատկանիշներու՝
ա) մշտական բնակչութիւն,
բ) որոշակի տարածք,
գ) կառավարութիւն,
դ) այլ պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու մէջ մտնելու ունակութիւն,
– յայտարարած է իր մշտական, դրական, զինուած չէզոքութիւնը,
— ընդունած, միացած եւ վաւերացուցած է առաւել կարեւոր միջազգային Դաշնագիրները, Համաձայնագիրներն ու Հռչակագիրները (ցանկը կը ներկայացուի կից)։
Հաշուի առնելով հարցին նախապատմութիւնը, երբ՝
— 1919 թ. սկիզբը Փարիզի մէջ հրաւիրուեցաւ Հայ ազգային համագումար, որուն կարեւոր ձեռնարկներէն մէկը եղաւ «Ամբողջական Հայաստանի պատուիրակութեան» ընտրութիւնը՝ Պօղոս Նուպարի ու Աւետիս Ահարոնեանի համանախագահութեամբ, եւ նախապէս պատրաստուած ու 1919 թ. Փետրուար 12-ին Փարիզի խաղաղութեան համաժողովին ներկայացուած հայկական պահանջներու համատեղ յուշագիրի վաւերացումը, որ կը հիմնաւորէր հայկական անկախ պետութեան ստեղծման անհրաժեշտութիւնը եւ կը ճշդէր անոր տարածքը՝ Արեւմտեան Հայաստանի եօթը վիլայէթներու (ներառեալ Տրապիզոնը), Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Կիլիկիոյ միացմամբ,
— Միացեալ պատուիրակութիւնը Փետրուար 26-ին ներկայացաւ Տասի խորհուրդի նիստին՝ կրկնելով յուշագիրի հիմնական պահանջները։ Պատուիրակութիւնը ընդունեց (1919 թ. Ապրիլ 17-ին) նաեւ ԱՄՆ-ու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընը եւ հաւաստիացուց, որ կարելի եղած ամէն ինչ պիտի ընէ հայերու տարածքային պահանջները պաշտպանելու համար,
— Հայկական միացեալ պատուիրակութեան ներկայացուցած պահանջներուն ի պատասխան՝ Դաշնակիցներու Գերագոյն Խորհուրդը 1920 թ. Յունուար 19-ին կայացուց հետեւեալ որոշումը եւ «տէ ֆաքթօ» (de facto) ճանչցաւ Հայկական պետութիւնը.
- Հայկական պետութեան կառավարութիւնը կը ճանչցուի որպէս կառավարութիւն,
- այս որոշումը չի կանխորոշեր Հայկական պետութեան սահմաններու հարցը։
1920 թուականի Յունուար 27-ին Խաղաղութեան վեհաժողովի քարտուղարութիւնը այս երկու որոշումները պաշտօնապէս ներկայացուցած է Հայ Ազգային Միացեալ պատուիրակութեան։
– 1920 թուականի Մայիս 11-ին թրքական պատուիրակութիւնը կը հրաւիրուի Փարիզի մէջ գումարուած Խաղաղութեան վեհաժողով, ուր անոր կը ներկայացուին «Խաղաղութեան պայմանները»։ Դաշնակից Ուժերու մէջ էր նաեւ Հայկական պետութեան պատուիրակութիւնը։ «Խաղաղութեան Պայմաններու» նախաբանին մէջ, որ հետագային դարձաւ Սեւրի Դաշնագիրի նախաբանը, Հայաստանը նշուած է Դաշնակից տէրութիւններու շարքին։ Հայկական պետութիւնը ճանչցուեցաւ նաեւ «Տէ եուրէ»։
Ինչպէս նաեւ՝
— հակառակ մարդկային բարոյականութեան եւ ցանկացած իրաւունքի՝ ճանչնալու Հայոց իրաւունքները բնօրրան հայրենիքի նկատմամբ, Թուրքիոյ իրարայաջորդ կառավարութիւնները՝ սուլթանական, երիտթրքական եւ քեմալական, 1894-1923 թթ. իրականացուցին Հայերու ցեղասպանութիւն եւ բռնագաղթ, որուն միջոցով աննախադէպ փոխեցին ազգագրական պատկերը տարածաշրջանին մէջ, իսկ հետեւանքով կրճատելով հայերու թիւը բռնազաւթուած տարածքներուն մէջ, որպէս «յաւելավճար» իրենց յանցագործութիւններուն՝ խախտեցին ազգութիւններու միջեւ բնականոն յարաբերակցութիւնը Արեւմտեան Հայաստանի մէջ,
— որ արդէն 98 տարի է, ինչ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը բռնազաւթուած կը պահէ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքը,
— որ Հայերու ցեղասպանութիւնը առաջինը դատապարտեցին Մեծն Բրիտանիան, Ֆրանսան եւ Ռուսաստանը 1915 թ. Մայիս 24-ին՝ զայն որակելով որպէս «Յանցագործութիւն՝ մարդկայնութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ», տեղեկացնելով, որ անոր «կազմակերպիչներն ու իրականացնողները ենթակայ պիտի ըլլան քրէական պատասխանատուութեան»,
– հետագային աշխարհի առաջադէմ շատ պետութիւններ ճանչցան ու դատապարտեցին թրքական իշխանութիւններուն հրէշաւոր յանցագործութիւնները։ Ճանաչման ու դատապարտման այդ գործընթացը կը շարունակուի նաեւ այսօր։ Յատկանշական է, որ նոյնիսկ թրքական պետութիւնը Կոստանդնուպոլսոյ ռազմական յատուկ ատեանին մէջ 1919-20 թթ. իրականացուց երիտթրքական կառավարութեան պարագլուխներու դատավարութիւնը՝ անոնցմէ շատերուն համար մահուան դատավճիռներ արձակելով,
— որ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) իրաւասութիւնը կը տարածուի ինչպէս Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն, այնպէս ալ Արեւմտեան Հայաստանի բռնագրաւուած երկրամասի՝ Արեւմտեան Հայաստանի իրաւական (de jure) եւ փաստական (de facto) տարածքներուն վրայ։
Համաձայն հետեւեալ իրաւական փաստաթուղթերուն՝
— Ռուսաստանի Կառավարութեան Հրամանագիրին (Ժողովրդական Կոմիսարներու Խորհուրդ) «Թրքահայաստանի մասին» («Արեւմտեան Հայաստանի մասին»), 11 Յունուար 1918 թ.,
— Դաշնակից Տէրութիւններու Գերագոյն Խորհուրդի կողմէ տէ ֆաքթօ (de facto) Հայաստան պետութեան անկախութեան ճանաչման՝ Փարիզի Վեհաժողովի ընթացքին, 19 Յունուար 1920 թ.,
— Դաշնակից Տէրութիւններու Գերագոյն Խորհուրդի կողմէ տէ եուրէ (de jure) Հայաստան պետութեան անկախութեան ճանաչման՝ Փարիզ, 11 Մայիս 1920 թ.,
— Կիլիկիոյ հայերու ընդունած «Կիլիկիոյ անկախութեան մասին» Հռչակագիրին, 4 Օգոստոս 1920 թ.,
— Սեւրի խաղաղութեան դաշնագիրին (որուն 88–93-րդ յօդուածները կը վերաբերէին Հայկական պետութեան), 10 Օգոստոս 1920 թ.,
— ԱՄՆ-ու 28-րդ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի կայացուցած Իրաւարար վճիռին, որուն լրիւ անուանումն է՝ «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին որոշումը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանին, Հայաստանի՝ դէպի ծով ելքին եւ հայկական սահմանին յարող թրքական տարածքի ապառազմականացման վերաբերեալ», 22 Նոյեմբեր 1920 թ.։
Հիմնուելով՝
– Արեւմտեան Հայաստանի հայերու ինքնութեան ու քաղաքացիութեան հաստատութեան վրայ՝ ըստ «Բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու մասին» ՄԱԿ-ի Հռչակագիրին, 13.09.2007 թ.,
– Արեւմտեան Հայաստանի հայերու Ազգային Խորհուրդի «Արեւմտեան Հայաստանի հայերու ինքնորոշման իրաւունքի մասին» Հռչակագիրին, 17.12.2004 թ.,
– Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի «Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութիւն կազմելու մասին» Հռչակագիրին, 04.02.2011 թ.,
– Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի եւ Արեւմտեան Հայաստանի Վտարանդի Կառավարութեան «Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) ձեւաւորման մասին» Հռչակագիրին, 24.05.2013 թ.,
– «Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի՝ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողով (Խորհրդարան) ձեւաւորելու մասին» Որոշման, 16 Դեկտեմբեր 2013 թ.,
– Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Օրէնքին՝ «Արեւմտեան Հայաստանի պետական կառուցուածքի, Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) պատգամաւորներու կարգավիճակի եւ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) կանոնակարգի մասին», 21 Յունուար 2014 թ.,
– Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի Հրամանագիրին (թիւ 12)՝ «Որոշում՝ յիշեցում Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան վերաբերեալ, որ կը հանդիսանայ 1920 թ.-ի Հայկական պետութեան շարունակողը», 23.02.2014 թ.,
– Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի «Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան (Հայաստան) Սահմանադրութեան նախագիծը պատրաստելու մասին» Հրամանագիրին, 09.05.2016 թ.,
– Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի «Արեւմտեան Հայաստանի հայերու մշտական, զինեալ, դրական չէզոքութեան մասին» Որոշման, 29.03.2011 թ.,
– Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի «Արեւմտեան Հայաստանի հայերու ինքնապաշտպանութեան ուժերու ստեղծման մասին» Հրամանագիրին, 26.12.2012 թ.,
– «Արեւմտեան Հայաստանի հայերու Պաշտպանութեան ուժեր կազմաւորելու վերաբերեալ» Որոշման՝ ընդունուած Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) կողմէ, 10 Յունուար 2018 թ.։ (Փաստաթուղթերու ցանկը կը ներկայացուի կից)
Նկատի առնելով՝
– ՄԱԿ-ի Կանոնադրութիւնը, 26.06.1945 թ.,
– Մարդու Իրաւունքներու Համընդհանուր Հռչակագիրը, 10.12.1948 թ.,
– «Պետութիւններու իրաւունքներու եւ պարտականութիւններու մասին» Համաձայնագիրը (ստորագրուած 26 Դեկտեմբեր 1933 թ.՝ համաամերիկեան պետութիւններու 7-րդ միջազգային համաժողովին (Մոնթէվիտէոյի Համաձայնագիր)), որպէս պետութիւններու իրաւունքներ եւ պարտականութիւններ ճանչնալու մասին,
– «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ անոր համար պատիժի մասին» ՄԱԿ-ի Համաձայնագիրը, 9 Դեկտեմբեր 1948 թ.,
– «Պատերազմի յանցագործութիւններու եւ մարդկայնութեան դէմ յանցագործութիւններու նկատմամբ վաղեմութեան ժամկէտ չկիրառելու մասին» ՄԱԿ-ի Համաձայնագիրը, 26 Նոյեմբեր 1968 թ.,
– «Գաղութացուած երկիրներուն անկախութիւն շնորհելու մասին» ՄԱԿ-ի Համաձայնագիրը, 14.12.1960 թ.,
– «Ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին» Հռչակագիրը, 20.11.1963 թ.,
– «Միջազգային պայմանագիրներու իրաւունքի մասին» («Վիեննայի համաձայնագիր»), 23.05.1969 թ.,
– «Բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու մասին» ՄԱԿ-ի Հռչակագիրը, 13.09.2007 թ.,
– «Ժողովուրդներու խաղաղութեան իրաւունքի մասին» ՄԱԿ-ի Հռչակագիրը, 12.10.1984 թ.,
– «Զարգացման իրաւունքի մասին» Հռչակագիրը, 04.12.1986 թ.,
– «Ազգային կամ էթնիկ, կրօնական եւ լեզուական փոքրամասնութիւններուն պատկանող անձերու իրաւունքներու մասին» Հռչակագիրը, 18.12.1992 թ.,
– «Ազգային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ ՄԱԿ-ի իրաւունքի գերակայութեան մասին» Հռչակագիրը, 24.09.2012 թ.։
Նկատի առնելով, որ՝
— ՄԱԿ-ի «Բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու մասին» Հռչակագիրի (13.09.2007 թ.) յօդուածներու դրոյթներուն ու սկզբունքներուն համաձայն՝ ձեւաւորուած է Արեւմտեան Հայաստանի հայերու ազգային ինքնութեան եւ քաղաքացիութեան հաստատութիւնը, որուն հիման վրայ կազմաւորուած են Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան (Հայաստան պետութիւն) իրաւական ու քաղաքական հիմքերը եւ անոր պետական կառոյցները,
— Մարդու Իրաւունքներու Համընդհանուր Հռչակագիրի (10.12.1948 թ.) 21-րդ յօդուածին համաձայն՝ սկսեալ 2013 թուականէն, Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը (Հայաստան պետութիւն) ձեւաւորած է բացարձակապէս իրաւաչափ (legitim) պետական իշխանութեան մարմիններ՝ Ազգային Ժողովը (Խորհրդարանը), Կառավարութիւնը եւ Նախագահի հաստատութիւնը,
— 2013 թուականի Նոյեմբերին ամբողջ աշխարհի մէջ առաջին անգամ տեղի ունեցան Արեւմտեան Հայաստանի Խորհրդարանի պատգամաւորներու ընտրութիւններ՝ համացանցի միջոցով ուղղակի ելեկտրոնային քուէարկութեամբ, որոնք անցկացուեցան համընդհանուր եւ հաւասար ընտրական իրաւունքի հիման վրայ, ազատ ու գաղտնի քուէարկութեամբ։ Ընտրութիւնները տեղի ունեցան աշխարհի 41 երկիրներու մէջ, եւ ընտրուեցան Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) 64 պատգամաւորներ,
— Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը (Հայաստան պետութիւն) համապատասխան օրէնքներու ընդունումով ընդունած, միացած եւ վաւերացուցած է ՄԱԿ-ի Կանոնադրութիւնը եւ բոլոր առաւել կարեւոր միջազգային Դաշնագիրները, Համաձայնագիրներն ու Հռչակագիրները։
Նկատի առնելով, որ՝
— Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը, հետագային նաեւ երկրորդ Հանրապետութիւնը՝ յարձակողականութեան եւ պարտադրանքի պայմաններուն մէջ (Ալեքսանդրապոլի դաշնագիր՝ 02.12.1920 թ. եւ Կարսի դաշնագիր՝ 13.10.1921 թ.) հրաժարեցան Հայկական միասնական պահանջներու համեմատ 1920 թուականին հայ ժողովուրդին եւ հայկական պետութեան (Հայաստան պետութիւն) տրուած իրաւունքներէն՝ հարկադրուած ըլլալով մնալ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան, այլ կերպ ըսած՝ Արեւելեան Հայաստանի եւ Արեւելեան Հայաստանի հայերու իրաւունքներուն ու իրաւասութեան շրջանակներուն մէջ։
– Հայաստանի երրորդ Հանրապետութիւնը իր նախագահներու պաշտօնական յայտարարութիւններու միջոցով հրաժարած է Հայկական միասնական պահանջներուն համաձայն՝ Արեւմտեան Հայաստանի հայերու եւ Արեւմտեան Հայաստանի մասով հայ ժողովուրդին 1920 թ. տրուած իրաւունքներէն,
– Աշխարհով մէկ սփռուած Արեւմտեան Հայաստանի հայերը եւ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդը՝ Նախագահ Պօղոս Նուպարի գլխաւորութեամբ, ի սկզբանէ չեն համակերպած հայ ժողովուրդին պարտադրուած այդ իրողութեան հետ եւ տասնամեակներ շարունակ փորձած են տէր կանգնիլ հայ ժողովուրդին տրուած միասնական իրաւունքներուն։
Նկատի առնելով, որ՝
— Մերձաւոր Արեւելքի մէջ չեն դադրիր զինեալ հակամարտութիւնները,
— Սեւրի խաղաղութեան դաշնագիրի բոլոր դրոյթներու իրականացումը կրնայ վճռական քայլ հանդիսանալ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իրական խաղաղութեան ու համագործակցութեան հաստատման համար,
— Սեւրի խաղաղութեան դաշնագիրով հաստատուած են Մերձաւոր Արեւելքի պետութիւններու սահմանները, այդ կարգին՝ Հայաստան պետութեան սահմանները, որուն վերաբերեալ կայացուած է նաեւ ԱՄՆ-ու 28-րդ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռը՝ 1920 թ. Նոյեմբեր 22-ին, որ սակայն մինչեւ օրս կեանքի չէ կոչուած։
Նկատի առնելով, որ՝
— Արեւմտեան Հայաստանի հայերը, ինչպէս աշխարհի որեւէ ազգ, ունին ապրելու, զարգանալու եւ ապագայ ունենալու իրաւունք, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անոնք իրաւունք ունին պահանջելու սեփական պետութեան ստեղծումը իրենց բնօրրան հայրենիքին մէջ՝ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ,
— Արեւմտեան Հայաստանի հայերը եւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան (Հայաստան պետութիւն) պետական կառոյցները կը յայտարարեն, որ կը ստանձնեն Սեւրի խաղաղութեան դաշնագիրով եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 28-րդ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռով հայ ժողովուրդին տրուած իրաւունքներու պաշտպանութիւնն ու անոնց կեանքի կոչումը՝ հանդէս գալով որպէս 1920 թուականին տէ ֆաքթօ եւ տէ եուրէ ճանչցուած Հայաստան պետութեան շարունակող (continuity) պետութիւն։
Տեղեկացնենք նաեւ, որ՝
– Սոյն դիմումնագիրի հարցով պատրաստ ենք տրամադրել այն յաւելեալ տեղեկութիւններն ու փաստաթուղթերը, որոնց կարիքը Դուք պիտի ունենաք։
– Պատրաստ ենք ապահովել Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ նշանակուած Լիազօր ներկայացուցիչ՝ անմիջական յարաբերութիւններու եւ քննարկումներու համար, եթէ անոր կարիքը զգացուի։
Կը դիմենք Ձեզի՝ կեանքի կոչելու եւ իրականացնելու Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան (Հայաստան պետութեան) հաստատումը ԱՄՆ-ու 28-րդ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռով սահմանազատուած տարածքներու սահմաններուն մէջ։
Սոյն Դիմումը՝ «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 28-րդ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի 1920 թուականի Նոյեմբեր 22-ին կայացուցած Իրաւարար վճիռի կատարման մասին», ընդունուած է Արեւմտեան Հայաստանի Կառավարութեան եւ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) կողմէ 2018 թուականի Մայիս 29-ին՝ Արեւմտեան Հայաստանի 1-ին գումարման Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) 7-րդ նստաշրջանին։
(7-րդ նստաշրջանի նիստի Արձանագրութենէն քաղուածքը կը կցուի)
Ռադիկ Խամոյեան
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ
Տիգրան Փաշաբեզեան
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ
Արմէն Տէր–Սարգսեան
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) Նախագահ
29 Մայիս 2018 թ.






