Յարութ Սասունեան. Թուրքիա Կը Փորձէ Տիրանալ Երուսաղէմի Հայկական Կալուածներուն
13 Փետրուար 2020ին «Հրէական Մամուլ» շաբաթաթերթի (The Jewish Press) յօդուածը բացայայտած է Թուրքիոյ կառավարութեան գործունէութիւնը՝ Երուսաղէմի հայկական եւ քրիստոնէական թաղամասերուն տիրանալու մասին։ Լրագրող Պարուխ Ետիտի յօդուածը կը կրէ՝ «Թուրքիա Կ՛աշխատի Երուսաղէմի Հին Քաղաքի Հայկական Թաղամասին Տիրանալ» խորագիրը:
Երուսաղէմի հայ «բնակիչները TPSին [Իսրայէլի լրատուական գործակալութիւն] պատմած են թուրք պաշտօնեաներու ճիգերուն մասին, որոնց միջոցով անոնք վերջին տարիներուն կը փորձեն զիրենք համոզել՝ ժխտելու թուրքերու կողմէ դար մը առաջ իրականացուած Հայոց Ողջակիզումը եւ տեղւոյն քրիստոնեաներուն պատկանող անշարժ գոյքը ձեռք բերելու այլ գործողութիւններու մասին», գրած է Ետիտ։
Երուսաղէմի հայ բնակիչներէն մէկը, որուն մեծ հայրը Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներէն է, TPSին ըսած է, որ թուրք կին դիւանագէտի մը հետ տեսակցելէն 40 վայրկեան անց թրքուհին փորձած է համոզել զինք՝ կասեցնելու իր գործունէութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ։ «Ես հասկցայ, որ ան կ՛ուզէ համոզել զիս՝ դադրեցնելու հայկական կոտորածի թեմայով իմ գործունէութիւնը»։ Հայը ըսած է, որ ինք թուրք դիւանագիտուհիին անմիջապէս ցոյց տուած է դուռը. թրքուհին հասկցած է, որ հայկական համայնքը երբեք չի հրաժարիր Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարէն։ «Մենք հարիւր տարի եւս կը սպասենք, բայց չենք հրաժարիր փոխ հատուցման մեր պահանջէն, այնքան ատեն որ դեռ չենք հասած վճարման այնպիսի համաձայնագիրի մը, որ կնքուած է Իսրայէլի եւ Գերմանիոյ միջեւ», աւելցուց հայ զրուցակիցը։
Երուսաղէմի մէջ անշարժ գոյքի այլ հայ սեփականատէրեր TPSին յայտնած են, որ թրքական կառավարութեան ներկայացուցիչները իրենց առաջարկած են 3000 տոլար դրամական պարգեւներ՝ տարբեր կարիքներու համար։ Սակայն հայերը մերժած են թրքական կաշառքները՝ զանոնք անուանելով «լռեցման պարգեւներ, զորս կոչուած են ապահովել, որպէսզի Թուրքիոյ կառավարութիւնը չդատապարտուի 1915-1917 թուականներու կոտորածներուն համար»։ Թէեւ իսրայէլացի լրագրող Ետիտ կ՛օգտագործէ «կոտորած» եզրը՝ համաձայն Իսրայէլի կառավարութեան ժխտողական քաղաքականութեան, սակայն ան արագօրէն կը շեղի այդ քաղաքականութենէն՝ բացատրելով, որ «համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած հայերու բնաջնջումը կանխամտածուած եւ համակարգուած ցեղասպանութիւն էր՝ իր տարածքին մէջ գտնուող հայ բնակչութեան դէմ։ Նոյնիսկ համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք թուրքերը, քիւրտերը եւ արաբները շարունակեցին կոտորել հայերը մինչեւ 1923, եւ տարածուած է այն կարծիքը, որ սպաննուած է Թուրքիոյ հայերու մօտաւորապէս կէսը՝ 1․5 միլիոն հայ»։ Թուրքերը եւ քիւրտերը իրօք ցեղասպանութիւն կատարած են հայ ժողովուրդին դէմ, բայց ես տեղեակ չեմ արաբներու կողմէ հայերու դէմ գործադրուած որեւէ կոտորածի մասին:
Ետիտ շարունակած է իր յօդուածը՝ վկայակոչելով Երուսաղէմի մէջ հայկական կալուածներ գնելու թրքական փորձերու օրինակներ. «Թրքական ճնշումները նաեւ դրսեւորուած են հայկական կալուածներ ձեռք բերելու գործին մէջ: TPSին յայտնի դարձած է, որ քանի մը ամիս առաջ հայկական թաղամասի բնակիչները ցնցուած են՝ յայտնաբերելով, որ իրենց տուներէն մէկը իր իրական արժէքը երեք անգամ գերազանցող գինով ծախուած է մահմետականի մը։ Քննութեամբ պարզուած է, որ հայկական անշարժ գոյքի գնման ֆինանսաւորումը ստացուած է Թուրքիայէն։ Այս միջադէպէն ետք համայնքի որոշ ղեկավարներ տեսակցած են, որպէսզի քննարկեն իրադարձութիւններու շղթան եւ միջոցներու ձեռնարկեն կանխելու համար համայնքի կալուածներուն արտահոսքը՝ թուրքերուն: Հայերու շրջանին մէջ դեռ վախի զգացում կայ, որ թուրքերը հետզհետէ աւելի շատ կալուածներու կը տիրանան կամ կը գնեն»:
Ետիտ վկայակոչած է թրքական ծրագիր մը եւս՝ Երուսաղէմի մէջ քրիստոնէական կալուածներու տիրանալու համար․ «Քրիստոնեայ առեւտրական մը, որ խնդրած է անանուն մնալ, ըսած է՝ վերջերս թուրքերը Յորդանանի Վաքըֆին (մահմետական հիմնադրամ) փոխանցած են շատ հին սեփականութեան վկայականներ, քանի մը հատը շատ մաշած, ներառեալ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանի եւ հայկական ու քրիստոնէական թաղամասերու գոյքի սեփականութեան մասին փաստաթուղթեր։ Առեւտրականը, որ ցոյց տուած է քանի մը վկայականներու լուսանկարներ TPSին, ըսած է, որ թուրքերը խնդրած են Վաքըֆէն հաստատել այն փաստաթուղթերը, որոնք կ՛օգտագործուին կալուածները գնելու համար»: Հակասական է, որ թրքական կառավարութիւնը իր արխիւներէն չի բացայայտեր մինչեւ Ցեղասպանութիւնը հայերուն պատկանող կալուածներու վկայականները, այսուամենայնիւ, Յորդանանի Վաքըֆին կ՛ուղարկէ սեփականութեան վկայականներու պատճէնները:
Ետիտ իր յօդուածին մէջ նաեւ գրած է․ «Երուսաղէմի մէջ ընդլայնուող թրքական գործունէութիւնը եւ «Մահմետական Եղբայրներուն» տրամադրուող անոր աջակցութիւնը կ՛անհանգստացնեն Իսրայէլը։ Իսրայէլի պաշտպանական ուժերու հետախուզական բաժինը իր տարեկան վերջին զեկոյցին մէջ, առաջին անգամ ըլլալով, Թուրքիան ներկայացուցած է իբրեւ սպառնալիք»։
Այնուհետեւ Ետիտ նկարագրած է Իսրայէլի դժկամութիւնը՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը․ «Իսրայէլի պաշտօնեաները յաճախ բարձրացուցած են Հայկական Ողջակիզման ճանաչման կարելիութիւնը՝ իբրեւ հակազդեցութիւն Իսրայէլի դէմ վարուող թրքական գործունէութեան, յատկապէս՝ Թուրքիոյ մէջ «Համաս»ի ահաբեկչական գումարտակի տեղաւորման: Տարիներ շարունակ Իսրայէլ ձեռնպահ մնացած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալէ՝ վախնալով, որ այսպիսի ճանաչում մը կը վնասէ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններուն»: Ասիկա անհեթեթ փաստարկ է, քանի որ Իսրայէլի յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ արդէն իսկ խաթարուած են, եւ անոր կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը յաւելեալվնաս չի պատճառեր, ինչպէս որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Պալատի եւ Ծերակոյտի կողմէ անցեալ տարուան աշնան իրականացած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը բացասաբար չէ ազդած ամերիկա-թրքական յարաբերութեանց վրայ:
Իսրայէլացի լրագրողը ճիշդ կը նշէ, որ «Թուրքիա կը վերահսկէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող բոլոր հրապարակումները եւ այս մէկը կը նկատէ Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան համար մեծ նշանակութիւն ունեցող հարց, ըստ որուն, թուրքերը չեն հրաժարված Երուսաղէմի մէջ հայերը համոզելու իրենց փորձէն՝ դադրեցնել իրենց ոգեկոչման ջանքերը»։
Ետիտ նաեւ հաղորդած է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը խրախուսէ թրքական զբօսաշրջութիւնը դէպի Երուսաղէմ՝ վճարելով Երուսաղէմի եւ Արեւմտեան Ափի մէջ մզկիթներ այցելելու ճանբորդութեան ծախսերը. «Թրքական ոչ առեւտրական կազմակերպութիւնները ամէնօրեայ
դրութեամբ կը գործեն Երուսաղէմի մէջ՝ հիմնականին մէջ օգնելով «Մահմետական Եղբայրներուն» եւ Երուսաղէմի կրօնական գործունէութեան։ Հայկական թաղամասէն աղբիւր մը ըսած է, որ Հին քաղաքին մէջ վերջին շրջանին թուրք զբօսաշրջիկները նոյնպէս կ՛աշխատին հայերու դէմ՝ պատռելով Ցեղասպանութեան մասին պաստառներն ու հրապարակումները։ Հայերը դատապարտող արձանագրութիւններ տարածուած են թաղամասի պատերուն»:
Աւելին, թրքական «Ժառանգութիւն» ընկերութիւնը Երուսաղէմի մէջ եռանդուն գործունէութիւն կը ծաւալէ «կրթութեան, մշակոյթի, անշարժ գոյքի եւբարօրութեան ոլորտներու մէջ, ինչպէս նաեւ կը ֆինանսաւորէ «ուղեկցող նախագիծը»` հազարաւոր մահմետական հաւատացեալներու մզկիթներ տեղափոխելու, ինչպէս նաեւ տասնեակ հազարաւորներու սնունդը ֆինանսաւորելու՝ Ռամատանի պահքը աւարտելու համար», հաղորդած է Ետիտ։
Նմանապէս, TIKA՝ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան թրքական համագործակցութեան եւ համակարգման գործակալութիւնը, ֆինանսաւորած է քանի մը ծրագրեր Երուսաղէմի մէջ։ Տասնեակ մզկիթներ եւ տուներ վերանորոգուած են Թուրքիոյ կողմէ։
Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանը պէտք է հակադրուի թրքական ջանքերուն՝ թոյլ չտալով, որ տեղւոյն հայերը իրենց գոյքը վաճառեն թուրք գնորդներուն: ՀՀ կառավարութեան Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը պէտք է օգնէ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին՝ Երուսաղէմի հայկական թաղամասին հանդէպ թրքական ոտնձգութիւններու փորձերը կարենալ դիմակայելու համար։