Սիրելի հայրենակիցներ
Ես Սայիտա Օհանեանն եմ` «Համշէնուհի» համշէնահայերու կանանց միջազգային միութեան ղեկավարը: Մեր կազմակերպութեան նպատակը կանանց իրաւունքներու, հայ ժողովուրդի նկատմամբ անոր բնօրրանին Արեւմտեան Հայաստանի` Համշէնի մէջ, իրականացուած ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման, ինչպէս նաեւ միւս բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնն է, որոնք անոնց տրուած են միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն եւ չափանիշներուն համաձայն:
Մեր կազմակերպութեան համար մարդասիրական եւ համամարդկային ծրագիրները ունին առաջնային նշանակութիւն:
Այս տարի մեր կազմակերպութիւնը դիմած է Նոպէլեան կոմիտէ՝ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակ շնորհելու առաջարկով՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր (առաջադրուած քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» կողմէ) Կարօ Փայլանին, մարդու` որ ողջ կեանքը նուիրած է հայ եւ միւս բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին` տարածաշրջանին մէջ:
Այսօր ան այն քիչերէն է, որ պատասխանատւութիւն վերցուցած է պաշտպանելու մարդասիրական իրաւունքները, բնիկները, ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւնները:
Անոր կողմէ ցանուած խաղաղութեան սերմերը` տարբեր ազգութիւններու եւ դաւանանքներու պատկանող մարդոց միջեւ հանդուրժողականութեան ու փոխըմբռնման վերաբերեալ, կու տան դրական արդիւնքներ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հանրութեան մէջ:
Եւ այդ ամէնը, հակառակ այն իրական ճնշումներուն եւ սպառնալիքներուն, որոնց կ՝ենթարկուի ան իշխանութիւններուն ենթակայ ազգայնամոլական ու ծայրայեղական ուժերու կողմէ: Վերջիններս կը պահանջեն անոնցմէ դադրեցնելու մարդասիրական ու քաղաքական աշխոյժ գործունէութիւնը:
Կը դիմենք բարի կամքի տէր բոլոր մարդոց, կանանց իրաւունքներու, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան բոլոր կազմակերպութիւններուն ու միութիւններուն՝ միանալու մեր նախաձեռնութեան եւ ձայնը տալու Կարօ Փայլանին:
Կը խնդրենք նաեւ, Ձեր կողմէ ինքնուրոյն կերպով դիմելու Նոպէլեան կոմիտէ` 2018-ի Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակի արժանանացնելու Կարօ Փայլանը, իբրեւ ժամանակաշրջանի մեծ մարդասէրի եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանի:
Յիշեցնենք, որ դիմումը ներկայացնելու ժամանակը խիստ սահմանափակ է, 2018 Յունուար 30-ը եզրափակիչ օրն է:
Վստահ ենք, Ձեր մասնակցութիւնը եւ Նոպէլեան կոմիտէի դրական որոշումը միասին էական ներդրում պիտի դառնան աշխարհի ամենատաք կէտին` Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, կայուն խաղաղութեան եւ ազգերու միջեւ իրական համաձայնութեան ու համագործակցութեան հաստատման գործին:
Շնորհակալութիւն ուշադրութեան համար:
Սայիտա Օհանեան
«Համշէնուհի», համշէնահայերու կանանց միջազգային միութեան ղեկավար
19.01.2018 թ.
Թարգմանվել է արեւմտահայերեն – Yerakouyn.com