Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի լիազօրութիւնները դադարեցուած են

11 Յունիս 2017-ին Երեւանի մէջ գումարուած Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) առաջին գումարման հինգերորդ նստաշրջանի առաջին նիստին որոշուեր է 2017 թ. Յունիսի 11-էն Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի լիազօրութիւններու դադարեցման մասին՝ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական օրենքներու կոպիտ խախտումներու եւ իշխանութեան իւրացման փորձի մեղադրանքներով:

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) ընդունած որոշման մէջ մասնաւորապէս նշուած է.

«Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ`
-Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը Սահմանադրութեան բոլոր ընթացակարգերով անցած եւ ընդունուած Սահմանադրութիւն դեռեւս չունի եւ ան կ՛առաջնորդուի՝ Արեւմտեան Հայաստանի «Արեւմտեան Հայաստանի պետական կառուցուածքի, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներու կարգավիճակի եւ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի կանոնակարգի մասին» Օրէնքով,

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանը խախտեր է վերոնշեալ օրէնքի «Արեւմտեան Հայաստանի պետական կառուցուածքը» բաժնի հետեւեալ յօդուածներու դրոյթներն ու պահանջները.
Յօդուած 36)
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը նախագահա-խորհրդարանական հանրապետութիւն է:
Յօդուած 37) Արեւմտեան Հայաստանի նախագահը՝ պետութեան գլուխն է` Արեւմտեան Հայաստանի բարձրագոյն պաշտօնատար անձը, Սահմանադրութեան, մարդու իրաւունքներու ու ազատութիւններու երաշխաւորը: Արեւմտեան Հայաստանի Սահմանադրութեան եւ օրէնքներու համաձայն՝ ան միջոցներ ձեռք կ՛առնէ Արեւմտեան Հայաստանի հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման, պետական իշխանութեան մարմիններու միջեւ գործառոյթներու ներդաշնակ համադրման եւ համագործակցութեան:
Յօդուած 44) Արեւմտեան Հայաստանի նախագահը`
-Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի համաձայնութեամբ կը նշանակէ ու կ՛ազատէ Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութեան վարչապետին,
-Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի համաձայնութեամբ որոշում կայացուած է Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութեան հրաժարականի մասին,
-Արեւմտեան Հայաստանի վարչապետի առաջարկութեամբ կը նշանակէ ու պաշտօնէ կ՛ազատէ Արեւմտեան Հայաստանի վարչապետի օգնականներուն եւ նախարարներուն,

Յօդուած 52) Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութեան վարչապետը Արեւմտեան Հայաստանի նախագահին կ՛առաջարկէ Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութեան փոխ վարչապետի պաշտօնի թեկնածուներուն եւ Արեւմտեան Հայաստանի նախարարներուն՝ նախապէս տեղեակ պահելով Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովին եւ հաշուի առնելով Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւորներու կարծիքները:

Որտեղ նշուած է նաեւ,
Յօդուած 14)
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւորի լիազօրութիւններու դադարեցումը կարող է տեղի ունենալ հետեւեալ դէպքերու պարագային.
-այն պարագային, երբ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւորը իր գործունէութեամբ կամ անգործութեամբ վնաս կը հասցնէ Արեւմտեան Հայաստանին, Արեւմտեան Հայաստանի պետական կառոյցներուն: Սոյն յօդուածի կէտը կը վերաբերի նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր պաշտօնեաներուն:

Հակընդդէմ վերը մէջբերուած յօդուածներու դրոյթներու ու պահանջներու՝
-Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանը շուրջ երկու տարի է ինչ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան ողջ պետական համակարգին ուժով պարտադրեր է 2016-ի Մայիսի 9-ին իր առանձին ստորագրութեամբ, իբրեւ թէ իր կողմէ կը հաստատէ ստացած Սահմանադրութեան իր տարբերակը,
-որը ի տարբերութիւն վերը նշուած գործող օրէնքի դրոյթի ու պահանջի, ոչ թէ նախագահա-խորհրդարանական, այլ նախագահական կոշտ ու անզիջում կառավարման օրինակ է:

Արձանագրենք նաեւ, որ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի պարտադրած Սահմանադրութեան օրինակը ոչ մէկ կերպ չի համապատասխաներ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառուցուածքի իրաւական-քաղաքական տրամաբանութիւնը եւ ընդունելի չէ, որպէս հիմք կամ օրինակ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան համար, որովհետեւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառավարման համակարգը նախագա-խորհրդարանական է:

Դրանով իսկ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանը յայտ կը ներկայացնէ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական իշխանութեան իւրացման ու բռնազաւթման, որոնք Սահմանադրութեան իր պարտադրած օրինակով հետեւեալ ձեւերով արտայայտուած են.

Յօդուած 161
4-րդ կէտ.
Մինչեւ Ազգային ժողովի յաջորդ գումարման առաջին նստաշրջանի բացման օրը՝ Հանրապետութեան Նախագահը կրնայ.
-Ազգային ժողովի նախագահին եւ վարչապետին հետ խորհրդակցելէ ետք՝ արձակել Ազգային ժողովը, եւ նշանակել արտահերթ ընտրութիւն,
-ազատել վարչապետին:

5-րդ կէտ. Մինչեւ Ազգային ժողովի յաջորդ գումարման առաջին նստաշրջանի բացման օրը՝ կառավարութեան նիստերը կը հրաւիրէ եւ կը վարէ Հանրապետութեան Նախագահը, կամ անոր յանձնարարութեամբ՝ վարչապետը: Կառավարութեան որոշումները կը ստորագրէ վարչապետը, կը վաւերացնէ՝ Հանրապետութեան Նախագահը:

Յօդուած 107.
Ազգային ժողովը Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի առաջարկութեամբ կը վաւերացնէ, կը կասեցնէ կամ չեղեալ կը յայտարարէ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային պայմանագիրները, բացառութեամբ անոնց, որոնք ունին քաղաքական կամ ռազմական բնոյթ կամ կը նախատեսեն պետական սահմանի փոփոխութիւն եւ որոնք ենթակայ են Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահին:

Կը մնար, որ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանը յիշեր նաեւ, իր իսկ ձեռքով ստորագրուած եւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական համակարգին պարտադրուած Սահմանադրութեան օրինակի 3-րդ յօդուածի 3-րդ կէտին մէջ պատահաբար պահպանուած ու նշուած է նաեւ, որ
3) Իշխանութեան իւրացումը որեւէ կազմակերպութեան կամ անհատի կողմէ յանցագործութիւն է:

Այսօր արդէն Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի կողմէ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական իշխանութեան իւրացման ու բռնազաւթման առաջին քայլերը առնուած են, որոնք են՝ Նախագահի հրամանագիր, Թիւ 42 – 2017.05.31 (ԱՀՀ վարչապետի գործառոյթները դադարեցնելու մասին) եւ Նախագահի հրամանագիր, Թիւ 43 – 2017.06.05 (ԱՀՀ վարչապետի նշանակման մասին), որպես Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի ու կառավարութեան պաշտօնանկութեան հրամանագիր, հիմնուած ապօրինի ու անօրինական Սահմանադրութեան ապօրինի յօդուածի վրայ:

Հետեւաբար, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) 5-րդ նստաշրջանը մանրամասն քննելով ու համադրելով ներկայացուած փաստերը՝

Որոշեց՝
1) Դատապարտել Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի կողմէ գործող օրէնսդրութեան գիտակցաբար ու կոպիտ խախտումները, որոնք կատարուեր են, մասնաւորապէս, Արեւմտեան Հայաստանի «Արեւմտեան Հայաստանի պետական կառուցուածքի, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներու կարգավիճակի եւ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի կանոնակարգի մասին» Օրէնքի 36-րդ, 37-րդ, 44-րդ յօդուածները:
2) Դատապարտել Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի կողմէ Սահմանադրութեան միանձնեայ օրինակի ընդունման եւ անոր պարտադրման գործողութիւնները, ուղղուած Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեան օրինական մարմիններուն:
3) Դատապարտել Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի ինքնաստեղծ Սահմանադրութեան միանձնեայ իր օրինակի ընդունման, հաստատման եւ տարածման գործողութիւնները:
4) Դատապարտել Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի կողմէ պետական իշխանութիւնը իւրացնելու փորձը:
5) Անվստահութիւն յայտնել Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանին Արեւմտեան Հայաստանի պետական համակարգի օրէնքները խախտելու համար:
6) Մեկնելով վերոնշեալներէն՝ 2017 թ. Յունիսի 11-էն դադարեցնել Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի նախագահական լիազօրութիւնները:

Արմէն  Տէր-Սարգսեան`
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) Նախագահ

Տիանա Գրիգորեան`
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) Քարտուղար

11.06.2017 թ.

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝  Սալբի  Տ, «Լուսաւոր Աւետիս»

Leave a Reply

Your email address will not be published.

twenty − sixteen =