ՀՌՉԱԿԱԳԻՐ 1894-1923 ԹԹ. ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԴԷՄ ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒԱԾ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԿԱՊԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ – 27 ԱՊՐԻԼ 2017

Նկատի ունենալով.

ա) Ներկայ միջազգային քաղաքական համակարգը, որ տիրեց 2-րդ համաշխարհային պատերազմէն այս կողմ, ներկայիս կը գտնուի փակուղիի առջեւ: Միջազգային նոր քաղաքական համակարգի մը ձեւաւորումը արդէն անյապաղ պահանջք կը դառնայ երկրագունդի խաղաղութեան եւ կայունութեան ձգտող ազդեցիկ տէրութիւններու կողմէ, որ պէտք է հիմնուած ըլլայ միջազգային օրէնքի գերակայութեան, փոխադարձ միջպետական յարգանքի եւ ազգերու հաւասար իրաւունքներու սկզբունքներուն վրայ:

բ) Վերջին երկու տասնամեակներուն ընթացքին տեղի ունեցող քաղաքական եւ ռազմական զարգացումները ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Հայ բնիկ ժողովուրդի կենսական տարածաշրջանին մէջ՝ ուր ան գոյութիւն ունեցած է ու պիտի շարունակէ ունենալ: Այդ զարգացումները օրըստօրէ Հայ եւ այլ բնիկ ժողովուրդներուն կ՛ենթարկեն լուրջ մարդկային, ազգային եւ մշակութային սպառնալիքներու դէմ առ դէմ՝ առանց էական ինքնապաշտպանութեան հնարաւորութիւններու:

գ) Արեւմտեան Հայաստանի 7 նահանգներն ու Կիլիկիոյ բռնազաւթուած տարածքները այսօր կը հանդիսանան 21-րդ դարու մարդկութեան դէմ ամենավայրագ եւ բարբարոսական ոճիրներ կիրառող ահաբեկչական ջոկատներու հաւաքագրութեան ու պատրաստութեան, պատսպարելու ու մեկնարկի վայրը՝ այդ նոյն արիւնարբու եւ բարբարոս ոճրագործներու հովանաւորութեան ներքոյ, որոնք նոյն ոճիրները գործելով մէկ դար առաջ՝ կատարեցին Հայ եւ այլ բնիկ ժողովուրդներու ցեղասպանութիւնն ու բռնի տեղահանումը:

Նկատի ունենալով նաեւ.

դ) Արեւմտեան Հայաստանի անկախութիւնն ու պետականութիւնը ճանչցող միջազգային բոլոր փաստաթուղթերը՝ յատկապէս.

  • Կիլիկիոյ անկախութեան մասին Ֆրանսայի Հռչակագիրը
  • Ռուսաստանի դեկրետը Արեւմտեան (Թրքա) Հայաստանի անկախութեան մասին
  • Վերսայլի եւ Սան Ռեմոյի որոշումները Հայկական պետութեան միջազգային ճանաչումներուն մասին
  • Սեւրի խաղաղութեան դաշնագիրը եւ ԱՄՆ նախագահ Ուիլսընի իրաւարար վճիռը
  • ՄԱԿ-ի Հռչակագիրը մարդկանց իրաւունքներուն մասին
  • ՄԱԿ-ի Հռչակագիրը բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներուն մասին

 

ե) Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի հիմնադրման, Պետական կառոյցներու ստեղծման, Արեւմտեան Հայաստանի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան վերաբերեալ բոլոր հռչակագիրներն ու որոշումները:

 

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը հռչակէ եւ կը հաստատէ հետեւեալ սկզբունքները.

 

  1. Արեւմտեան Հայաստանի 7 նահանգներն ու Կիլիկիոյ տարածքները կը գտնուին բռնազաւման տակ Թիւրքիոյ կողմէ, եւ ենթակայ են ազատագրման՝ միջազգային օրէնքներով:
  2. Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը գործի դնելով միջազգային օրէնքն ու ինքնիշխանութեան բոլոր հնարաւորութիւններն ու պարտաւորութիւնները՝ կը լծուի գրաւեալ Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրման սրբազան առաքելութեան:
  3. Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական կառոյցները պատրաստ են ստանձնելու Արեւմտեան Հայաստանի պետականութեան հաստատման եւ տարածքային ամբողջական պատասխանատւութիւնները՝ թէ միջազգային ընտանիքին եւ թէ Արեւմտեան Հայաստանի ժողովուրդին, ներառեալ տարբեր ազգային եւ կրօնական համայնքներուն եւ փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ:

Սոյն հռչակագիրը կը հանձնեք աշխարհատարած տարագիր Հայ ազգի, բռնազաւթուած Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ ապրող մեր ժողովուրդի, ներառեալ տարբեր ազգային եւ կրօնական համայնքներու եւ փոքրամասնութիւններու, բնիկներու, ինչպէս նաեւ միջազային ընտանիքի գիտակցութեանը, որպէս մեր յառաջիկայ աշխատանքներու եւ քաղաքական քայլերու որոշիչ հիմք:

 

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութիւն

27 ապրիլ 2017թ.

Leave a Reply

Your email address will not be published.

five + six =