Սիրելի հայրենակիցներ, ընկերներ:
Ես Սայիտա Օհանեանն եմ` «Համշէնուհի» համշէնահայերու կանանց միջազգային միութեան ղեկավարը եւ Արեւմտեան Հայաստանի խորհրդարանի պատգամաւոր: Մեր կազմակերպութեան նպատակը կանանց իրաւունքներու, հայ ժողովուրդի նկատմամբ անոր բնօրրանին Արեւմտեան Հայաստանի` Համշէնի մէջ 1894-1923 թուականերու իրականացուած հայերու ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման, ինչպէս նաեւ աշխարհի միւս բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնն է, որոնք անոնց տրուած են միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն եւ չափանիշներուն համաձայն:
Մեր կազմակերպութեան համար մարդասիրական եւ համամարդկային ծրագիրները ունին առաջնային նշանակութիւն:
Այս տարի մեր կազմակերպութիւնը կրկին, արդէն երկրորդ անգամ, դիմած է Նոպէլեան կոմիտէ՝ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակ շնորհելու առաջարկով՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր (առաջադրուած քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» կողմէ) Կարօ Փայլանին, մարդու` որ ողջ կեանքը նուիրած է հայերու եւ մեծ Մերձաւոր Արեւելքի, ներառեալ, Արեւմտեան Հայաստանի, Սուրիայի, Իրաքի եւ Թուրքիայի միւս բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին` տարածաշրջանին մէջ:
Այսօր ան այն քիչերէն է, որ պատասխանատւութիւն վերցուցած է պաշտպանելու մարդասիրական իրաւունքները, տարածաշրջանի բնիկներու, ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւններու իրաւունքները:
Ըլլալով արմատներով Արեւմտեան Հայաստանի Մալաթիայի շրջանէն, 1894-էն 1923 թուականներուն Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիայի եւ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ ողջ մնացած հայերու ընտանիքէ, որպէս իր պատմական հայրենիքի տարածքին ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգ՝ նա, անձնապէս ծանօթ է մարդկութեան դէմ ուղղուած այս սարսափելի հանցագործութեան բոլոր հետեւանքներու մասին, որը ճանչցած եւ դատապարտած է Եւրոպայի եւ Ամերիկայի բոլոր առաջատար երկիրներու, Եւրախորհրդարանի, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ազդեցիկ միջազգային եւ կրօնական կազմակերպութիւններու կողմէ:
Նա խստորէն դատապարտած է Թուրքիայի հարձակողական քաղաքականոթիւնը եւ ռազմական միջամտութեան ցանկութիւնը մերձաւոր ինքնիշխան պետութիւններու, մասնաւորապէս՝ Իրաքի եւ Սուրիայի տարածքին լիարժէք ռազմական գործողութիւններու կատարումը:
Անոր կողմէ ցանուած խաղաղութեան սերմերը` տարբեր ազգութիւններու եւ դաւանանքներու պատկանող մարդոց միջեւ հանդուրժողականութեան ու փոխըմբռնման վերաբերեալ, արդէն կու տան դրական արդիւնքներ նոյնիսկ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հանրութեան մէջ:
Եւ այդ ամէնը, հակառակ այն շարունակական իրական ճնշումներուն եւ սպառնալիքներուն, որոնց կ՝ենթարկուի ան իշխանութիւններուն, Էրտողանի բռնակալ ռեճիմին կողնակից, ենթակայ ազգայնամոլական ու ծայրայեղական ուժերու կողմէ: Վերջիններս կը պահանջեն անոնցմէ դադրեցնելու մարդասիրական ու քաղաքական աշխոյժ գործունէութիւնը:
Կրկին կը դիմենք բարի կամքի տէր բոլոր մարդոց, կանանց իրաւունքներու, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան բոլոր կազմակերպութիւններուն ու միութիւններուն՝ միանալու մեր նախաձեռնութեան եւ ձայնը տալու Կարօ Փայլանին:
Կը խնդրենք նաեւ, Ձեր կողմէ ինքնուրոյն կերպով դիմելու Նոպէլեան կոմիտէ` 2020 թուականի Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակի արժանանացնելու Կարօ Փայլանը, իբրեւ ժամանակաշրջանի մեծ մարդասէրի եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանի:
Յիշեցնենք, որ դիմումը ներկայացնելու ժամանակը խիստ սահմանափակ է, 2020 Յունուար 31-ը եզրափակիչ օրն է:
Վստահ ենք, Ձեր մասնակցութիւնը եւ Նոպէլեան կոմիտէի դրական որոշումը միասին էական ներդրում պիտի դառնան աշխարհի ամենատաք կէտին` Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, կայուն խաղաղութեան եւ ազգերու միջեւ իրական համաձայնութեան ու համագործակցութեան հաստատման գործին:
Սայիտա Օհանեան`
«ՀԱՄՇԷՆՈՒՀԻ» համշէնահայերու կանանց միջազգային միութեան ղեկավար,
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի ( Խորհրդարանի) պատգամաւոր
21.01.2020 թուական
***
Թարգմանուել է արեւմտահայերեն – Yerakouyn.com