Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդը աւարտեց իր աշխատանքը Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս

Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի նիստը, որ կայացաւ 29 փետրուարէն 1 մարտ 2020-ին Անթիլիասի մէջ, յստակացուց լրագրողներու համահայկական յառաջիկայ աշխատանքներու ընդհանուր ուղղութիւնները: Քննարկուեցան թէ՛ տարածաշրջանային, եւ թէ համընդհանուր մակարդակներով մասնագիտական բովանդակութեամբ խորհրդաժողովներ, աշխատանոցներ եւ համաժողովներ կազմակերպելու կարելիութիւնները:

Համակարգող խորհուրդի քննարկումներու օրակարգին մէջ ներառուած էին Անթիլիասի մէջ անցեալ տարի տեղի ունեցած Լրագրողներու համահայկական համաժողովին արդիւնքները, համաժողովին ընթացքին հնչած առաջարկները, ինչպէս նաեւ համահայկական լրատուական գործակցութեան զարգացման վերաբերող գործնական մեթոտները:

Արձանագրուեցաւ, որ երկու օրուան ընթացքին համակարգող խորհուրդը ձեւակերպած է լրատուական ժամանակակից միտումներու համահունչ օրակարգ, որուն նպատակը հայկական լրատուամիջոցներու համար զարգացման եւ գործակցութեան շարունակականութեան ապահովումն է.  այդ օրակարգը հիմնուած է մամուլի միաւորման ձգտող առանցքներու վրայ:

Նիստի նախօրեակին եւ աւարտին Խորհուրդը հանդիպումներ ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ: Հանդիպման ընթացքին Խորհուրդի անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին վեհափառ հայրապետին իր ցուցաբերած հոգածութեան եւ նախանձախնդրութեան, ինչպէս նաեւ Հայ մամուլի տարուան առիթով մշակուած բոլոր ծրագիրներուն համար: Վեհափառը խորհուրդ տուաւ ոլորտի աշխատանքները կազմակերպել մեկնելով համահայկական օրակարգի ձեւաւորման անհրաժեշտութենէն եւ մամուլին ունենալիք դերակատարութենէն:

Համակարգող խորհուրդը որոշեց իր յառաջիկայ լիագումար նիստը գումարել Երեւանի մէջ, մայիս ամսուան ընթացքին:

Համակարգող խորհուրդի անդամները հանդիպում ունեցան նաեւ դեսպան Աթաբէկեանին հետ, որ խօսեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Լիբանան միջպետական զարգացող յարաբերութիւններուն, շրջանային եւ լիբանանեան նորագոյն իրադարձութիւններուն մասին: Ընդգծուեցաւ անհրաժեշտութիւնը համահայկական մամուլ-Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւն աշխատակարգի ճշդման` արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւններուն եւ անոնց կիրառման գործընթացներուն մասին իրազեկ դառնալու նպատակով:

Armenian Orthodox Church

Թողնել պատասխան

Your email address will not be published.

20 + 20 =