Ցեղասպանագիտական հանդես 9 (2), 2021 – https://doi.org/10.51442/jgs.0023
ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԱԾ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ–ԱՄԲԱՍՏԱՆԱԳՐԵՐԸ ԵՒ ՍԱՍՈՒՆԻ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԸ (1919 Թ.)1
Միհրան Ա. Մինասեան
«Հայոց ցեղասպանության թանգարան–ինստիտուտ» հիմնադրամ, Հայաստան Յօդուածը բաժնուած է երկու մասի. առաջինը կը խօսի 1919 թ. Փարիզի հաշտութեան վեհաժողովին ներկայացնելու նպատակով Հալէպի հայրենակցական միութիւններուն կամ խմբակցութիւններուն պատրաստած Ամբաստանագիր-Տեղեկագրերուն ստեղծման մասին,
որոնցմէ իւրաքանչիւրը շրջանի մը հայոց կոտորածին ամփոփ պատմութիւնն է: Ընդհանուր գիծերով տրուած է անոնց փօշափած նիւթերուն ցանկը եւ առանձին-առանձին խօսուած է իւրաքանչիւր տեղեկագրի մասին: Հետաքրքրական է, որ տեղեկագրերուն մէջ մեծ բաժին յատկացուած է իւրաքանչիւր շրջանի թուրք ոճրագործներու նուանացանկերուն եւ հայոց կրած նիւթական կորուստներուն:
Յօդուածին երկրորդ մասով հրատարակութեան տրուած է յիշեալ տեղեկագրերէն Սասուն
գաւառի տեղեկագիրը, ուր կան աշխարհագրական ընդհանուր տեղեկութիւններ եւ կարեւոր մանրամասնութիւններ Սասնոյ հայոց ընկերային կեանքին մասին՝ Իշխանաց եւ Ծերոց ժողովներ, հայ-քիւրտ յարաբերութիւններ, Սասնոյ հայութեան վիճակը 1894-96 եւ 1914-16 թուականներուն եւ ամփոփ ցուցակ մը ջարդարարներու: Տեղեկագրին երկրորդ մասով տրուած են Սասնոյ վեց գաւառակներու՝ Տալւորիկի, Բուսանքի, Հաթնի-Մարաթուկի, Կուսգետի, Բռնա-շէն-Խութի եւ Խիանքի գիւղացուցակներն ու մարդահամարները, ուր յիշուած են 203 գիւղեր, իւրաքանչիւրը իր հայ բնակչութեան տուներու եւ անձերու թիւերով:
Բանալի բառեր՝ Հայոց ցեղասպանութիւն, Հալէպ, Միջ-Գաւառային հայրենակցական միութիւն, Արամ Անտոնեան, փրոֆ. Հայկազուն Արամեան, Կարապետ Գաբիկեան, Հայոց ցեղասպանութեան Տեղեկագիր-Ամբաստանագրեր, Արեւմտեան Հայաստան, Կիլիկիա, Փոքր Ասիա, Սասնոյ գաւառակ, Վերսայի հաշտութեան վեհաժողով:
Հոդվածը ներկայացվել է 16.04.2021: Ընդունվել է տպագրության 15.09.2021:
The article was submitted on 16.04.2021 and accepted for publication on 15.09.2021.
Статья поступила 16.04.2021 и была принята к публикации 15.09.2021.
Ինչպես հղել՝ Միհրան Ա. Մինասեան, «Հալէպի մէջ պատրաստուած Հայոց ցեղասպանութեան
տեղեկագիր-ամբաստանագրերը եւ Սասունի տեղեկագիրը (1919 թ.)», Ցեղասպանագիտական
հանդես 9, no. 2 (2021), 93-126:
How to cite: Mihran A. Minassian, “The Indictment Documents on the Armenian Genocide Written
in Aleppo and the Sassoun Document (1919),” Ts’eghaspanagitakan handes 9, no. 1 (2021): 93-126.
Как ссылаться: Мигран А. Минасян, “Созданные в Алеппо обвинительные справочники Геноцида армян и справочник Сасуна (1919 г.),” Тсехаспанагитакан андес 9, no. 1 (2021): 93-126.
1 Հոդվածը զեկույցի տեսքով ամփոփ ներկայացվել է «Հայոց ցեղասպանության, հայկական
պահանջատիրության և արցախյան հիմնահարցի խաչմերուկներում. հետահայաց գնահատումներ և հեռանկարներ» միջազգային գիտաժողովի ժամանակ (2021 թ. սեպտեմբերի 16-18, Երևան, ՀՑԹԻ հիմնադրամ, ՀՀ ԳԱԱ):
* * *
Առաջին աշխարհամարտի Զինադադարի յայտարարութենէն անմիջապէս ետք,Դեկտ. 1918-ին, Հալէպի կարգ մը ազգային մարմիններ եւ անհատ մտաւորականներ գաղափարը յղացած են Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմական տեղեկագիր մը պատրաստել՝ յղելու համար զայն մօտ ապագային Փարիզ–Վերսայի մէջ գումարուելիք Հաշտութեան վեհաժողովին:
Այս գործին առաջին արձագանգը կը գտնենք Արամ Անտոնեանի՝ տեղւոյն «Հայ Ձայն» թերթի 11 Դեկտ. 1918-ի թիւին մէջ լոյս ընծայած «Կոչ Հալէպ գտնուող հայ գաղթականներուն» խորագրով յայտարարութեան մէջ, ուր ան դիմած է տեղւոյն աքսորականներուն՝ որպէսզի գրի առնեն ու իրեն յանձնեն ցեղասպանութեան օրերու իրենց յուշերն ու վկայութիւնները՝ հաշտութեան վեհաժողովին ներկայացուելիք տեղեկագրի պատրաստութեան ժամանակ օգտագործելու համար:
Ան իր նպատակը ձեւակերպած էր այսպէս՝ «Այս բոլոր ծանօթութիւնները հիմ պիտի կազմեն մասնաւոր տեղեկագրի մը որ պիտի մատուցուի Փարիզի հաշտութեան Քօնկրէին: Աւելորդ է ըսել թէ այդ տեղեկագիրը մեծագոյն զօրավիգը պիտի ըլլայ ամէն անոնց որոնք համաժողովին մէջ պիտի աշխատին Հայկական դատին եւ մեր ազգ. Պահանջումներուն յաջողութեան» (2):
Անտոնեան առանձին վեց կէտերով ընթերցողներուն յայտնած է զինք առաւել հետաքրքրող թեմաները, որոնք են՝
1-ին՝ գաւառական ջարդերու նկարագրութիւններ, նահատակներու թիւեր, ծանօթ անձնաւորութեանց սպաննութիւններ, ջարդարարներու անուններ, կոտորածներու գլխաւոր վայրերու անցքերն ու Եփրատի գիծին վրայ պատահած դէպքերը:
2-րդ՝ աքսորի ճանապարհին տեղի ունեցած բռնաբարութիւնները, առեւանգումները, խոշտանգումներն ու անոնց հեղինակները:
3-րդ՝ համակեդրոնացման կայքերուն մէջ տեղի ունեցած սպաննութիւներն ու անոնց հեղինակները:
4-րդ՝ Րաս–Ուլ–Այնի եւ Տէր Զօրի կոտորածները, մանուկներու հրկիզումը ու այդ բոլորին դերակատարները:
5-րդ՝ անուանացանկը այն օտարադաւաններուն, որոնց մօտ հայ կիներ, աղջիկներ ու տղաք կը գտնուին, եւ վերջապէս
6-րդ՝ 1915-ին Հալէպէն Տիարպէքիր ղրկուելով ճանապարհին սպաննուած ծանօթ մտաւորականներու՝ Ակնունիի ու աքսորակից ընկերներուն նահատակութեան մանրամասնութիւններն ու անոնց թաղման ստոյգ վայրերը:
Նշուած վեց կէտերէն ետք, Անտոնեան առաջարկած է ղրկել նաեւ անունները այն հայերուն, որոնք աքսորականներու համակեդրոնացման կայքերուն կամ Հալէպի մէջ խոշտանգած կամ անբարեխիղճ վերաբերմունք ցուցաբերած են իրենց ազգակիցներուն նկատմամբ:
Անտոնեանի հրապարակած կոչին մէջ ըսուած է նաեւ թէ «…Պէտք չէ մոռնալ որ ժամանակ չկայ, Քօնկրէին բացումը մօտ է եւ թէ պէտք է փութալ»:
Անտոնեան նշած է նաեւ, որ բոլոր անոնք որոնք անկարող են իրենց յուշերը գրի առնելու, պարտին ներկայանալ Պարոն պանդոկի իր սենեակը ու ինք պատրաստ է թուղթին յանձնելու անոնց պատմելիքները, ապա աւելցուցած է, որ հաւաքուելիք բոլոր 2 «Հայ Ձայն» օրաթերթ (Հալէպ), թիւ 20, 11 դեկտեմբեր 1918, 1:
նիւթերը իր կողմէ ֆրանսերէնի թարգմանուելով պիտի տրամադրուին Վեհաժողովին:
Անտոնեանի Կոչէն ետք, Հալէպի Հայկական միութիւնը եւս «Վերապրողներուն» վերնագրով յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով յայտնած է. «կազմած ըլլալով «Տեղեկագրութեանց յատուկ դիւան»ը, որ պաշտօն ունի բռնագաղթի միջոցին կամ ետքը տեղի ունեցած խժդժութեանց, սպաննութեանց, առեւանգութեանց ու բռնաբարութեանց եւ ամեն կարգի դէպքերու տեղեկութիւնները հաւաքելու եւ զանոնք պէտք եղած տեղեր հասցնելու, կը խնդրուի բոլոր երկսեռ ազգայիններէ որ այդ կարգի իրենց անձնական դէպքեր եւ կամ վստահելի վկայութեանց վրայ հիմնուած տեղեկութիւնները, գրաւոր կամ բերանացի, հաճին հաղորդել նոյն դիւանին…»:
Շարունակութեան մէջ շեշտուած է որ «դէպքերը թուականներով, տեղերու եւ չարագործներու անուններով նշանակելը մեծ առաւելութիւն կրնայ ունենալ»: Աւարտին նշուած են երեք անձեր, որոնց պէտք էր յանձնել վկայութիւնները՝ Յովսէփ Այվազեան, Ռուբէն Էճզաճեան եւ
բժ. [Խաչիկ] Պօղոսեան (3):
Հաշտութեան վեհաժողովին ներկայացուելիք փաստաթուղթի մասին յաջորդ յիշատակութիւնը կատարուած է 14 Փետր. 1919-ին, Հալէպի Միջ–Գաւառային հայրենակցական միութեան ընդհանուր ժողովի ատենագրութեան մէջ, ուր ըսուած է հետեւեալը. «Հալէպի հայութեան կողմանէ Փարիզի Հայ միութեան համագումարին ներկայ գտնուելու համար ներկայացուցիչ մը ընտրուած եւ փութով ճամբայ հանելու համար պատրաստութիւններ տեսնուած էին, ազգին իրաւունքը պաշտպանել կարենալու համար հարկ էր ի ձեռին ունենալ ընդարձակ տեղեկագիր մը պատահած ջարդերու, ասոնց վայրերուն եւ ջարդարարներուն վերաբերութեամբ, առ այս ժողովս որոշեց իւրաքանչիւր մասնախումբի յանձնել դէպքերու նկարագրութիւն եւ ո՞ւր տեղ, ի՞նչ կերպով, որո՞նց կողմէ գործադրուած ըլլալու մասին տեղեկագրերու պատրաստութիւնը, աւելի գոհացուցիչ ըլլալու համար հարկ տեսաւ մանրամասնեալ քարտէսի մը, որուն պատրաստութիւնը յանձնուեցաւ Պ. Խ. Ինկիլիզեանի» (4):
Այդ օրերու Հալէպի Միջ–Գաւառային միութեան պատասխանատուներէն Հայկազուն Արամեանի համաձայն, 20 Փետր. 1919-ին, Հալէպի մէջ տեղի ունեցած է 32 Միջ–Գաւառային միութիւններու (իմմա՝ հայրենակցական միութիւններու) համագումար մը, ուր որոշուած է պատրաստել ամբաստանագիր մը եւ յղել Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուուտրո Ուիլսընին, եւ իւրաքանչիւր հայրենակցական միութիւն յանձն առած է պատրաստել «մանրամասն տեղեկագիր մը հայրենիքի տեղագրական, ազգագրական, պատմական, տեղահանումի, բնաջնջումի եւ ջարդարարներու մանրամասն տեղիքներով» (5):
Այս տեղեկագրերուն մասին ունինք նաեւ հաղորդումները հմուտ բանասէր Կարապետ Գաբիկեանի, որ ուղղակիօրէն առնչուած էր սոյն աշխատանքին, ու իր տուած 3 «Հայ Ձայն», թիւ 52, 12 յունուար 1919, 3:
4 Հալէպի Ազգային առաջնորդարանի արխիւ (յետ այսու՝ ՀԱԱԱ), Հալէպի Միջ–Գաւառային հայ միութեան թղթածրարներ, Միութեան 14 Փետր. 1919-ի ընդհանուր ժողովի նիստի ատենագրութիւն:
5 Մանուկ Գ. Ճիզմէճեան, Խարբերդ եւ իր զաւակները (Ֆրէզնոյ–Քալիֆորնիա, ա. հ., 1955), 303: Իր աղբիւրը՝ «Փրօֆ. Հայկ. Ա. Արամեան–Տեղեկագիր»:
Տեղեկութիւնները պիտի համարել հաւաստի, մանաւանդ որ ինք յուշերը թուղթին յանձնած է տեղեկագրերու պատրաստութենէն ընդամէնը քանի մը տարի ետք:
Գաբիկեանի վկայութեամբ, Ազգ. Միութեան յանձնարարութեան վրայ, Միջ-Գաւառային միութիւնը պատրաստած է ընդարձակ ու մանրամասնեալ Տեղեկագիր մը, «կարեւոր վիճակագրութիւններով պատկերելով իւրաքանչիւր գիւղի, քաղաքի, տեղի՝ Տարագրութենէ առաջ Հայ բնակչութեան թիւը, տեղահանումի համառօտ պատմութիւնը, վերապրող բեկորներու թիւը, Ազգային եւ անհատական վնասուց որքանութիւնը եւ այլ յարակից տեղեկութիւններ: Իբրեւ քարտուղար Միջ-Գաւառայինի, սոյն Տեղեկագրի պատրաստութիւնը իմ վրայ ծանրացաւ»: Գաբիկեան ապա աւելցուցած է, որ
բժ. Ալթունեան, որ Տեղեկագիրը տարած էր Փարիզ, վերադարձին յայտնած է, որ Ազգային պատուիրակութիւնը «շատ գոհ» մնացած է իր կողմէ պատրտաստուած այդ Տեղեկագրէն (6):
Այս Տեղեկագրին մէջ ներկայացուած թեմաները գրեթէ նոյնն են Միջ-Գաւառային հայրենակցական միութեան նախաձեռնութեամբ պատրաստուած տեղեկագրերուն հարցաշարին հետ, որուն պիտի անդրադառնանք աւելի վար: Ըստ երեւոյթին, տեղեկագրերուն հիման վրայ պատրաստուած պիտի ըլլայ այս ընդհանուր տեղեկագիրը, որ միւս բոլոր տեղեկագրերուն ամփոփում-խմբագրումը պիտի համարել:
Արդէն Գաբիկեանի ձեռքով ընդօրինակուած Քղիի տեղեկագրի ամփոփ տարբերակի աւարտին կայ այսպսի ծանօթութիւն. «Քղիի տեղեկագրութիւնը գրեթէ համառօտել չուզեր, շատ ամփոփ է արդէն», ինչը կը խօսի կատարուած խմբագրման աշխատանքի մը մասին:
* * *
Ծանօթ է, որ Հալէպը, 1919-ին դարձած էր աքսորական արեւմտահայութեան գլխաւոր հաւաքատեղին ու կը նմանէր խճանկարի մը, ուր նկատելի էին հայաշխարհի բոլոր գաւառներէն ու շրջաններէն հոն ապաստանած աքսորականներ:
Ազգային առաջնորդարանի կողքին, տեղւոյն աքսորականներուն կարիքները հոգալու համար
ստեղծուած էր Հայ ազգային միութիւնը, որ ընդհանրապէս ունեցած է ներկայացուցչական հանգամանք եւ անոր մաս կազմած են մէկական հոգի հայ երեք համայնքներէն, ազգային երեք կուսակցութիւններէն եւ Բարեգործականէն:
Տեղւոյն ազգային գործերուն ընթացքը հեշտացնելու համար, հիմնուած են նաեւ բազմաթիւ հայրենակցական միութիւններ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը զբաղած է իր բնաշխարհի աքսորականներով ու եղած է կապը արտասահման գտնուող հայրենակիցներուն եւ աքսորականներուն միջեւ, եւ վերջապէս, հայրենակցական միութիւններուն աշխատանքը համակարգելու նպատակով ծնունդ առած է իր տեսակին մէջ եզակի կառոյց մը, որ կոչուած է «Միջ-Գաւառային հայրենակցական միութիւն» կամ՝ «Միջ-Գաւառային հայ միութիւն», որ իր կարգին եղած է կապը մէկ կողմէ Ազգային առաջնորդարանի ու Հայ ազգային միութեան, եւ միւս կողմէ
6 Գուժկան Սեբաստիոյ (Կարապետ Գաբիկեան), Եղեռնապատում Փոքուն Հայոց եւ նորին մեծի
մայրաքաղաքին Սեբաստիոյ (Պոսթըն, «Հայրենիք», հրատարակութիւն Ամերիկայի «Սեբաստիոյ
Վերաշինութեան միութեան», 1924), 550:
Բազմաթիւ հայրենակցական միութիւններուն ու անոնց հովանիին տակ գործող
մասնախումբերուն:
Ուրեմն պատահական չէ որ հայաշխարհի տարբեր նահանգներուն կամ շրջաններուն վերաբերող ամբաստանագիր-տեղեկագրերուն պատրաստութեան գործը վստահուած ըլլայ նոյնինքն Միջ-Գաւառային հայրենակցական միութեան, կամ այդ գործը նախաձեռնուած ըլլայ թերեւս նոյնինքն այդ միութեան կողմէ (7):
Ըստ երեւոյթին, պատրաստուելիք տեղեկագիրը առաւել վաւերական դարձնելու եւ նմանօրինակութիւնը պահպանելու համար, պատրաստուած է հարցարան մը, որ յղուած է տեղւոյն հայրենակցական միութիւններուն, որոնք ամբողջացնելով զայն՝ վերադարձուցած են Միջ-Գաւառայինին: Թէեւ չենք տեսած յիշեալ հարցարանը, ու վստահ ալ չենք անոր գոյութենէն, բայց կարգ մը Տեղեկագրերու մէջ հանդիպող պատասխաններու յաջորդականութենէն ու զանոնք իրար հետ համեմատելէն կ’եզրակացնենք, որ ան իսկապէս գոյութիւն ունեցած է ու շօշափած է մօտաւորապէս հետեւեալ հարցերը.
1. Ծանօթութիւններ ներկայացուող վայրի աշխահագրական դիրքին մասին:
2. Պատերազմէն առաջ անոր հայ ազգաբնակչութեան թուաքանակը:
3. Աքսորի եւ կոտորածներու նկարագրութիւններ:
4. Տեղւոյն հայութեան յարաբերութիւնները թուրքերու հետ 1915-էն առաջ:
5. 1915-ի նահատակներուն մօտաւոր թիւը:
6. Վերապրողներուն թիւն ու անոնց գտնուելու վայրերը:
7. Նիւթական կորուստներու՝ անհատական եւ համայնքային, շարժուն եւ անշարժ
գոյքերու մասին տեղեկութիւններ եւ վնասներու ընդհանուր գնահատում:
8. Ջարդարարներու եւ կոտորածներու պատասխանատուներու անուանացանկեր:
Պատրաստուած Տեղեկագրերուն մէջ այս կէտը յաճախ եղած է ամէնէն ընդար-
ձակն ու մանրամասնեալը: Այդպէս վարուած են գործնական նպատակներով, երեւի
յոյս ունենալով, որ իրենց պատրաստած անուանացանկերը պիտի նպաստեն, որ
ոճրագործները ձերբակալուին ու յանձնուին արդարութեան:
9. Առեւանգուած եւ թուրքերու կամ այլոց մօտ մնացած հայերուն մօտաւոր թիւն ու
անոնց անուանացանկերը:
Բոլոր տեղեկագրերը չէ որ տուած են հարցարանին մէջ նշուած բոլոր կէտերուն պատասխանները, եւ յաճախ շրջանցուած են կարգ մը հարցումներ կամ անդրադարձած են միայն քանի մը կէտերու: Մարաշինն ու Սեւերէկինը, օրինակ, ունին միայն ոճրագործներու ցուցակներ եւ ոչ մէկ այլ տեղեկութիւն, եւայլն:
Պատրաստուած Տեղեկագրերէն մեզի ծանօթ են հետեւեալները.
1. ԱԳ ՇԷՀԻՐԻ ԳԱՒԱՌԱԿ (ԳՈՆԻԱՅԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ)8: Պատրաստուած է 23 Փետր. 1919-ին, 8 էջ:
7 Ըստ Կարապետ Գաբիկեանի, Տեղեկագրին պատրաստութիւնը Հայ ազգային միութեան կողմէ
թելադրուած էր Միջ-Գաւառային հայ միութեան: Տե՛ս Գուժկան Սեբաստիոյ, Եղեռնապատում, 550:
8 Այս եւ յաջորդ տեղեկագրերը կը պահուին Հ. Բ. Ը. Միութեան Փարիզի Նուպարեան մատենա-
դարանի Արամ Անտոնեանի անուան ֆոնտին իրենց քաղաքներու յատուկ թղթածրարներուն մէջ,
Տեղւոյն հայութեան մասին ընդհանուր ծանօթութիւններէ ետք, Տեղեկագիրը ամփոփ ձեւով տուած է Ագ Շէհիրի հայոց աքսորի պատմութիւնը: Քաղաքի 6000 հայերէն աքսորուած են 5300 հոգի, որոնցմէ մահացած են 4340, մինչ վերապրողներէն բազում կիներ ու աղջիկներ առեւանգուած են: Տեղեկագրին մէջ տրուած է ագ շէհիրցիներու աքսորի պատմութիւնը Ագ Շէհիրէն մինչեւ Օսմանիէ, Գաթմա, Պապ եւ հուսկ՝ սուրիական անապատ:
Առանձին գլուխով եւ «Գոնիա-Ագշէհիրի էշրաֆներուն ցանկը» վերնագրով կայ
տեղի պետական պաշտօնեաներուն, «չէթէ»ներուն (հրոսակ) եւ հայոց կեղեքումներուն
ու աքսորին մասնակից 87 ոճրագործներու անուանացանկ մը:
Տեղեկագրին վաւերականութիւնը հաստատուած է 93 ագ շէհիրցի վերապրողներու
ստորագրութեամբ:
2. ԱՄԱՆՈՍ: Վերնագիրն է «Ամանոս (այլ անուն) Հասանպէյլիի եւ շրջակայ ութն հայ գիւղերու համառօտ տեղեկագիրը»: Պատրաստուած է 22 Փետր. 1919-ին:
Երեք էջանի ամփոփ տեղեկագիր մըն է, ուր նշուած է, որ 1915-էն առաջ Ամանոսը իր ութը գիւղերով ունեցած է 750 հայ տուն, իսկ 1919-ին մնացած են միայն 100 կիսաւեր տուներ:
Տրուած է նաեւ Ամանոսի հայոց նիւթական կորուստներուն ցանկը, որուն յաջորդած է Ամանոսի ու շրջակայ ութը հայաբնակ գիւղերու կոտորածին պատասխանատու 72 ոճրագործներու անուանացանկ մը:
Այս Տեղեկագրին հետ առկայ է նաեւ 20 Դեկտ. 1918-ին պատրաստուած 17 էջանի աւելի մանրամասն ֆրանսերէն այլ տեղեկագիր մը Ամանոսի հայոց տեղահանութեան ու կոտորածներուն մասին, ուր տրուած է անուանացանկը մօտ հարիւր ոճրագործներու:
3. ԱՅՆԹԱՊ: Վերնագիրն է «Այնթապու հայոց արտագաղթը»: Կը բաղկանայ 33 մեծադիր էջերէ:
Բաւական մանրամասն նկարագրած է Ցեղասպանութեան նախօրեակին Այնթապի հայոց վիճակը ու խօսած է բռնագրաւումներու, խուզարկութիւններու, ձերբակալութիւններու, բանտարկութիւններու եւ հուսկ՝ աքսորի ու փճացումի մասին:
Տեղեկագիրը Այնթապէն աքսորուած հայոց թիւը գնահատած է 32000՝ ըստ «կառավարութեան պաշտօնական տոմարի», որմէ վերապրելով Սուրիոյ զանազան շրջաններն ու Հալէպ ապաստանած են 12.000 հոգի, իսկ մնացեալ 20000-ը փճացած են: Այնթապի հայոց նիւթական կորուստին համար ըսուած է, որ ան «միլիոններու կը հասնի, որուն մանրամասնութիւնները ի պահանջել հարկին կրնանք ներկայացնել»:
«Կառավարական պաշտօնեաներն եւ կրօնական պետերը» եւ «Իթթիհատ թէրագգըի անդամները եւ քաղաքին ջոջերը» ենթավերնագրերով, 13 էջերու վրայ տրուած է անուանացանկը Այնթապի հայութեան աքսորին ու կողոպուտին մասնակից թուրքերուն, ուր յիշուած է անոնցմէ իւրաքանչիւրին պաշտօնը: Առաջին ցուցակը ունի 63, իսկ երկրորդը՝ 269 անուն, ընդամէնը 332 անուն:
4. ԱՆԿԻՒՐԻԱ (ԱՆԳԱՐԱ): Վերնագիրն է “Angora. Récit du massacre et de la déportation des Arméniens:
” Պատրաստուած է 17 Փետր. 1919-ին, ֆրանսերէն լեզուով, բացի այն քանի մը հատէն, որոնց պիտի անդրադառնանք աւելի վար:
Եերեւի անոր համար, որ տեղւոյն հայերը մեծամասնութեամբ թրքախօս էին: Կը բաղկանայ 11 էջէ:
Մանրամասն ձեւով նկարագրած է Անկիւրիոյ հայութեան կոտորածը, ապա երկու էջով տուած է անուանացանկը տեղւոյն ոճրագործներուն: Պատրաստուած է ութը անձերու կողմէ, որոնց չորսը՝ հայ կաթոլիկ վարդապետներ:
5. ԲԱՂԷՇԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ: Առանձին վերնագիր չունի: Կը բաղկանայ 16 էջէ: Ամէնախնամուած տեղեկագրերէն մէկն է, որ կը սկսի շրջանի հայութեան թուաքանակի մասին ծանօթութիւններով, ապա արագ ակնարկ մը շրջանի վանքերուն ու անոնց անհատնում հարստութիւններուն վրայ, որուն յաջորդած է օսմանեան բանակ զինուորագրուած հայ երիտասարդներու ճակատագրին մասին ակնարկ մը, յետոյ Բաղէշի, Մշոյ ու Սղերդի «չէթէպաշիներ»ու՝ հրոսակապետերու եւ շարքային ոճրագործներու ընդարձակ անուանացանկեր, կոտորածներու եւ ինքնապաշտպանական մարտերու մանրամասնութիւններ եւ մասնակի ու զանգուածային սպաննութիւններու նկարագրութիւններ, ապա ոճրագործներու այլ ցուցակներ՝ «Բաղէշի ջարդի գլխաւոր կազմակերպիչներ»ու եւ «գլխաւոր ջարդարարներ»ու, յաջորդաբար վեց եւ մէկուկէս էջանի:
Տեղեկագրին մէջ ըսուած է որ Բաղէշէն ու շրջակայքէն առեւանգուած են աւելի քան երկու հազար հայուհիներ, ու երկու էջերու վրայ տրուած է անոնց մասնակի մէկ անուանացանկը, ուր յիշուած են նաեւ առեւանգիչներուն անունները:
Բաղէշի օրինակով, կան նաեւ Մուշի եւ Սղերդի ոճրագործներուն ընդարձակ անուանացանկերը, յաճախ իւրաքանչիւրին գործած արարքներուն յիշատակութեամբ:
Տեղեկագիրը Բաղէշի ու շրջանի հայութեան թիւը գնահատած է 255 հազար, որմէ առեւանգուած է 3020, սպաննուած՝ 220500, տեղահանուած՝ 6400 եւ վերապրած՝ 25280 հոգի:
Վերջինները «ընդհանրապէս գաղթէն առաջ ռուսական բանակի կողմէն գրաւուած վայրերու բնակիչներէն են…»:
Մարդկային կորուստներուն յաջորդած է նիւթական կորուստներու ցանկը, ուր նշուած են նաեւ վանքապատկան հաստատութիւններու մշակութային կորուստները եւս:
Տեղեկագրին տուեալներուն ճշգրտութիւնը, իրենց ստորագրութիւններով, հաստա-
տած են հալէպաբնակ 95 բաղիշէցի վերապրողներ:
6. ԳԱՐԱՄԱՆԻ ԳԱՒԱՌԱԿ (ԳՈՆԻԱՅԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ): Վերնագիրն է «Գոնիա-Գարամանի գաղթականութիւնը»: Կը բաղկանայ 7 էջէ: «Ի դիմաց Գարամանի Գաղ. մասնախումբի» զայն պատրաստած եւ ստորագրած է Դ. Թաճրեան:
Մանրամասն նկարագրութիւնն է գարամանցիներու աքսորի պատմութեան, թէ ինչպէս աքսորէ զերծ մնալու համար վճարած են 400 ոսկի կաշառք, բայց անօգուտ, ապա նկարագրուած է անոնց աքսորի ուղին՝ Էրէյլի, Պոզանթի, Տարսոն, Օսմանիէ, Գաթմա, Հալէպ, Մէսքէնէ եւ Ապու Հարար: Բաւական մանրամասն նկարագրուած են Մէսքէնէի ու Տէր Զօրի հալածանքներն ու կոտորածները, մանուկներու սպանդը, եւ այլն:
Տեղեկագրին համաձայն, 1500 գարամանցիներէն վերապրած են մօտ 250 հոգի միայն:
7. ԵԴԵՍԻԱ (ՈՒՐՖԱ) ԵՒ ԿԱՐՄՈՒՃ: Վերնագիրն է «Ուրֆա եւ Կարմուճ նաեւ մօտակայ հայ գիւղերը»: Պատրաստուած է 22 Փետր. 1919-ին ու կը բաղկանայ 15 էջերէ:
Մանրամասն եւ թիւերով հարուստ տեղեկագիր մըն է. նախ խօսուած է տեղւոյն հայութեան 1915-ի հերոսական ինքնապաշտպանութեան նախորդած Եդեսիոյ եւ Կարմուճի մասնակի դէպքերուն մասին, ապա հերոսամարտին, ուրֆացիներու «ջարդավայրեր»ուն, եւ այլն: Կան նիւթական վնասներու ընդարձակ ցուցակներ եւ 106 ոճրագործներու անուանացանկ մը, ուր առանձին գլուխներով յիշուած են նաեւ մօտակայ Սրուճ, Սամոսատ եւ այլ գիւղերու ոճրագործները եւս:
Ըսուած է, որ 40 հազար ուրֆացիներէն վերապրած են եօթը հազարը միայն, որուն չորս հազարը կը գտնուի տարբեր գաղթավայրերու մէջ, իսկ երեք հազարը՝ օտարներու հարէմները:
Տեղեկագրին վերջին վեց էջերը անուանացանկն է անոր վաւերականութիւնը հաստատող 292 վերապրող ուրֆացիներու՝ «Մենք ստորագրողներս ձեռքերնիս մեր խղճին վրայ դնելով այս անարդարութիւնները գործող թիւրք ժողովուրդէն արդար դատաստան կ’պահանջենք»: Ստորագրութիւններուն յաջորդած է Եդեսիոյ Հայրենակցական միութեան դիւանին ստորագրութիւնն ու Միութեան կնիքը, առ ի հաստատում տրուած տեղեկութիւններու վաւերականութեան:
8. ԶԷՅԹՈՒՆԻ ԵՒ ՖՌՆՈՒԶԻ միացեալ տեղեկագիր: Վերնագիրն է «Զէյթունի եւ Ֆրնուզի համառօտ Տեղեկագիր-վիճակացոյց եւ ամբաստանագիր»: Պատրաստուած է 27 Փետր. 1919-ին:
Ընդարձակ տեղեկագիր մըն է, ուր Զէյթունի աշխարհագրական դիրքը նկարագրելէ ետք, ընդհանուր ակնարկով մը խօսուած է Զէյթունի անցեալին մասին, ապա ըսուած է, որ Փետր. 1915-ին Մարաշի երեւելի իթթիհատական թուրքեր, թիւով 2750 հոգի, հանրագրութեամբ մը պահանջած են Կեդրոնի կառավարութենէն աքսորել Զէյթունի հայերը: Այս տեղեկութեան յաջորդած է Զէյթունի երեւելիներուն ձերբակալութեան պատմութիւնը, երբ անոնց մէկ մասը սպաննուած ու մնացեալները աքսորուած են Գոնիա-Սուլթանիէ, ապա տեղափոխուած են Գաթմա եւ հուսկ՝ Տէր Զօրի անապատ,
ուր փճացուած են մեծամասնութեամբ: Տեղեկագիրը զէյթունցի նահատակներուն թիւը
գնահատած է 27500-ով:
Այս տեղեկութիւններէն ետք, տրուած է Զէյթունի եւ Ֆռնուզի անշարժ կալուածներուն եւ շարժական գոյքերուն ցուցակն ու արժէքը, Զէյթունի շրջակայ 36 եւ Ֆռնուզի 12 հայաբնակ գիւղերուն ցանկը, Զէյթունի ու Մարաշի թուրք պաշտօնեաներուն, Մարաշի կառավարիչ Ալի Հայտարի հրաւիրած գաղտնի ժողովի մասնակիցներուն եւ վերջապէս զէյթունցիներու աքսորը պահանջող 2750 թուրքերէն 275-ին անուանացանկը:
Տեղեկագրին վաւերականութիւնը հաստատած են զէյթունցի եւ ֆռնուզցի բազմաթիւ վերապրողներ:
9. ԷՎԷՐԷԿԻ ԳԱՒԱՌԱԿ: Վերնագիրն է «Համառօտ տեղեկագիր Էվէրէկի գաւառակին»: Պատրաստուած է 25 Դեկտ. 1918-ին, 16 էջ:
Տեղեկագիրը առաւելաբար նկարագրութիւնն է Էվէրէկի կառավարիչ Սալէհ Զէքի պէյի չարագործութիւններուն՝ զէնք որոնելու պատրուակով կատարած ձերբակալութիւններուն, խուզարկութիւններուն, բանտարկութիւններուն, խոշտանգումներուն, մասնակի եւ խմբային սպաննութիւններուն, եւ այլն: Համառօտ յիշուած է նաեւ Օսմանեան խորհրդարանի նախկին անդամ Մուրատ Պոյաճեանի՝ Կեսարիոյ մէջ Զէքիի անմիջական մասնակցութեամբ սպաննութեան դէպքը:
«Էվէրէկի զոյգ Վասակները» ենթավերնագրով Տեղեկագիրը անդրադարձած է նաեւ 1915-ին տխուր դերակատարութիւն ունեցած տեղացի երկու հայ դաւաճաններու՝ Սարգիս Տօնիկեանի եւ Կիւլպէնկ Քէլ Պետրոսեանի գործունէութեան, որոնք եղած էին Զէքիի գլխաւոր գործակիցներն ու կամակատարները:
Յիշեցումի կարգով ըսենք, որ Սալէհ Զէքի պէյը, Էվէրէկի մէջ իրեն վստահուած առաքելութիւնը «յաջողապէս» կատարելէ ետք, որպէս իշխանութիւններուն հաւատարիմ ու վստահելի անձնաւորութիւն, տարի մը ետք նշանակուեցաւ Տէր Զօրի կառավարիչ ու դարձաւ հոն հաւաքուած մօտ 200 հազար աքսորական հայերու կոտորածին գլխաւոր իրագործողը:
10. ԷՏԻՐՆԷԻ ԿԱՄ ԱՏՐԻԱՆԱՊՈԼՍՈՅ ԿՈՒՍԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ: Վերնագիրն է «Ընդհանուր տեղեկագիր Էտիրնէի կուսակալութեան հայ վերապրող գաղթականաց»:
Պատրաստուած է 19 Փետր. 1919-ին, 15 էջ: Լաւագոյն տեղեկագրերէն մէկն է: Նախ տրուած է Էտիրնէի մօտակայ հայաբնակ աւաններու հայութեան թուաքանակը, շրջանին մէջ տիրող իրավիճակը Ցեղասպանութեան նախօրեակին, ձերբակալութիւնները եւ մասնակի կամ խմբային աքսորները քաղաք առ քաղաք եւ հուսկ՝ Տէր Զօրի մէջ էտիրնէցիներու կոտորածը:
Տեղեկագրին համաձայն, նահանգը ունեցած է 32000 հայ բնակիչ, որմէ աքսորուած է 25800 ու կոտորուած՝ 23500 հոգի:
Կան նաեւ տեղեկութիւններ վերապրած էտիրնէցիներու գտնուած վայրերուն եւ սուրիական անապատի մէջ արաբներու ու թուրքերու կողմէ առեւանգուած բազմատասնեակ մանուկներու, աղջիկներու եւ կիներու մասնակի անուանացանկ մը, ուր յիշուած է, թէ անոնք որո՞ւ կողմէ առեւանգուած են ո՞ւր կը գտնուին:
Այս Տեղեկագիրը եւս ունի ոճրագործներու ընդարձակ անուանացանկ, իւրաքանչիւր աւան առանձին-առանձին:
Տեղեկագրին վաւերականութիւնը իրենց ստորագրութիւններով հաստատած են էտիրնէցի 80 վերապրողներ:
11. ԿԱՐԻՆ: Վերնագիրն է “Déportation des Arméniens du vilayet d‘Erzeroum:”
Պատրաստուած է Ալֆոնս Առաքելեանի կողմէ, ֆրանսերէն լեզուով, 24 Փետր. 1919-ին: Սկիզբը բաւական մանրամասն խօսուած է Կարին քաղաքի աշխարհագրական դիրքին, տնտեսութեան ու հարստութիւններուն մասին, ապա տրուած է կարնեցիներու կոտորածի ու աքսորի պատմութիւնը Կարինէն մինչեւ սուրիական անապատ:
Ըստ Տեղեկագրին, Կարնոյ նահանգը ունեցած է 173000 հայ բնակչութիւն, որուն 42000 կը գտնուէր Կովկաս կամ Ամերիկա, 1600-ը Մուսուլ, 1300-ը՝ Ուրֆա եւ Հալէպ, 2200-ը՝ զանազան վայրեր, իսկ մնացեալները զոհ գացած են Ցեղասպանութեան:
Տեղեկագրին մէջ կայ նաեւ կարնեցիներու նիւթական վնասներու ցուցակ մը, որուն յաջորդած է 55 ոճրագործներու անուանացանկը:
12. ԿԵՍԱՐԻԱ ԵՒ ՇՐՋԱԿԱՅ ԻՆԸ ԱՐՈՒԱՐՁԱՆՆԵՐ: Վերնագիրն է. «Կեսարիոյ քաղաք, շրջակայ ինը արուարձաններով»: Պատրաստուած է 21 Փետր. 1919-ին, 6 էջ:
Այս եւս խնամուած տեղեկագիր մըն է, ուր խօսուած է Կեսարիոյ ու շրջակայքի հայութեան
թուաքանակին մասին, ապա անոր ճակատագիրը Ցեղասպանութեան տարիներուն, երբ Կեսարիոյ մէջ կախաղան բարձրացուած են 72 հայեր, բազում ուրիշներ «անլուր չարչարանքներով սպաննուեցան» եւ մեծամասնութիւնը աքսորուեցաւ Տէր Զօր ու Ռաս Իւլ Այն եւ հոն փճացաւ: Առանձինն խօսուած է Սբ. Կարապետ վանքի մշակութային արժէքներուն մասին, եւ տրուած է հայութեան տնտեսական կորուստներուն ընդհանուր գնահատականը:
Այս եւս ունի ոճրագործներու ընդարձակ անուանացանկ մը, հետեւեալ ծանօթութեամբ՝ «Որչափ որ ամբողջ թուրք ազգաբնակչութիւնը վերջին աղէտներուն ուղղակի [եւ] անուղղակի կերպով մասնակցած, սակայն մենք միայն անոնց պարագլուխները ի ստորեւ նշանակել բաւ կը համարենք», որուն յաջորդած է 67 ոճրագործներու անուանացանկ մը:
Տեղւոյն «Կեսարիոյ եւ շրջակայից Գաղթ. յանձնախումբ»ի կողքին, Տեղեկագիրը ստորագրած են Սբ. Կարապետ վանքի վանահայր Սմբատ Վրդ. Սալպաշեան եւ 52 վերապրողներ:
13. ՄԱՐԱՇ: Վերնագիրն է «Մարաշի եւ շրջակայից հայոց ջարդի եւ տեղահանութեան հեղինակներն ու գործադրիչները»: Ոճրագործներու անուանացանկ մըն է միայն:
Կը բաղկանայ հինգ էջերէ: Առաջին մասին մէջ յիշուած են 78 ոճրագործներ, աւելի ճիշդ՝ 78 ոճրագործ ընտանիքներ, որովհետեւ խնդրոյ առարկայ իւրաքանչիւր անձի հետ յիշուած են ոճիրներուն մասնակից անոր պարագաները՝ զաւակներ, եղբայրներ, եղբօրորդիներ, եւ այլք, ինչպէս, օրինակ, հետեւեալ անձը՝ «Պայազիտ Զատէ Գատիր Փաշա եւ որդիքը Հասան եւ Վահիտէտտին եւ Փաշա եւ եղբայրները Մէմմէտ պէյ եւ Քէօր Ալի պէյ եւ ասոր որդին Հասան»:
Ցանկին 61-78 անունները Սեբաստիոյ, Կիւրինի ու Ֆընտըճագի ջարդարարներուն անուանացանկն է:
Փաստաթուղթին երկրորդ մասը եւս ոճրագործներու «ընտանեկան» ցուցակ մըն է, «Յիշեալ հեղինակներու արբանեակներն ու երկրորդական գործիչները» ենթավերնագրով, ուր տրուած է անուանացակը 69 ոճրագործներու եւ անոնց պարագաներուն:
Ցուցակին վաւերականութիւնը հաստատած են տեղւոյն Մարաշի գաղթականաց
յանձնաժողովին ութը անդամները:
14. ՊՈՒՐՍԱ: Պատրաստուած է ֆրանսերէն լեզուով, Ռուբէն Տօնապետեանի կողմէ, 4 Յունուար 1919-ին, 5 էջ: Ունի ընդհանուր ծանօթութիւններու բաժին մը, ապա անուանացանկը աւելի քան 40 նահատակներու, որուն յաջորդած է շրջանի ոճրագործներուն անուանացանկը:
15. ՍԱՍՈՒՆ: Մեծարժէք գործ մըն է, Սասնոյ եւ շրջակայքի քարտէսով, Սասնոյ մօտաւոր անցեալի համառօտ պատմութեամբ, կոտորածներու նկարագրութեամբ եւ ոճրագործներու հակիրճ անուանացանկով: Տրուած է նաեւ Սասնոյ վեց գաւառակներու 203 գիւղերու հայոց տուներուն եւ բնակչութեան մարդահամարները, յագեցած նիւթական կորուստներու ցանկերով: Պատրաստուած է 24 Փետր. 1919-ին:
Աւելի չենք մանրամասներ, որովհետեւ յաջորդ էջերով հրատարակութեան տուած
ենք զայն ամբողջութեամբ:
16. ՍԵԲԱՍՏԻՈՅ ԿՈՒՍԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ: Վերնագիրն է «Ամբաստանագիր-տեղեկագիր Սեբաստիոյ կուսակալութեան»: Պատրաստուած է 27 Փետր. 1919-ին, 29 էջ:
Այս եւս խնամուած եւ մանրամասնեալ տեղեկագիր մըն է, ուր նկատի առնուած է Սեբաստիոյ նահանգի ամբողջ հայութիւնը, առանձին գաւառներու եւ շրջաններու բաժանումներով:
Այս եւս ունի հայ ազգաբնակչութեան թիւեր՝ շրջան առ շրջան, ըստ որուն, ամբողջ նահանգը ունեցած է 144625 հայ բնակիչ, որմէ բնաջնջուած է 139625 հոգի, ապա ժամանակագրական թւումով տրուած է նահանգի հայութեան առնչուող դէպքերուն նկարագրութիւնը 1914-ի վերջերէն սկսեալ եւ գծուած է սեբաստահայութեան աքսորի ճանապարհը, յիշատակելով տասնեակ վայրեր ուր տեղի ունեցած են խմբային սպաննութիւնները, հասնելով ընդհուպ մինչեւ սուրիական անապատ:
Կայ նաեւ սեբաստահայութեան անհատական եւ համայնքային կորուստներուն գնահատականը եւ միւս տեղեկագրերուն նման ոճրագործներու ընդարձակ անուանացանկ մը:
Սեբաստիոյ օրինակով, եւ գրեթէ նոյն մանրամասնութիւններով, խօսուած է նահանգի հայաշատ գաւառներուն եւ շրջաններուն մասին եւս՝ Ամասիա, Մարզուան, Կիւմիւշ Հաճի Քէօյ, Թոգաթ (Եւդոկիա), Կիւրին եւ Շապին Գարահիսար:
Սեբաստիոյ նահանգի Հալէպի Գաղթականաց մասնախումբի վարչութիւնը, Տեղեկագիրը հաստատած է անոր կցելով հետեւեալ ծանօթութիւնը՝ «Վաւերացում. Սոյն Տեղեկագրին ճշդութիւնը (իրականէն քիչ մ’ալ նուազ) կ’հաստատեմք»:
17. ՍԵՒԵՐԷԿ: Վերնագիրն է «Սեւերէկի գլխաւոր ոճրագործներն են»: Միէջանի անուանացանկն է յիսուն ոճրագործներու, որոնցմէ շատերը տրուած են յոգնակիով ու նկատի առնուած են մէկէ աւելի անձերով՝ «Գատր աղային տղաքը», «Միւֆթին եւ տղան», «Մէհմէտ Էմինի տղան եւ Մուսթաֆա չաւուշ եւ եղբայրները», եւայլն, այնպէս որ ցանկը կը պարունակէ տրուած յիսուն թիւէն աւելի մեծ թիւով ոճրագործներ:
Ընդօրինակուած է Արամ Անտոնեանի ձեռագրով:
18. ՏԱՐՍՈՆ: Վերնագիրն է «Տարսոնի հայահալածներու մասին»: Պատրաստուած է տեղւոյն հոգեւոր հովիւ Տէր Եղիշէ Քհնյ. Տէմիրճեանի կողմէ, 3 էջ:
Առանձին-առանձին ներկայացուած են 11 թուրքերու արարքները, յաճախ մանրամասն, ինչպէս, օրինակ, պոլսեցի հարիւրապետի մը պատմութիւնը, ուր ըսուած է, որ Մարզուանի հայոց աքսորէն ետք, տեղւոյն Ամերիկեան գոլէճի 112 ուսանողուհիներ առանձնացուելով, տեղւոյն կառավարիչին կողմէ բաժնուած են հոն գտնուող թուրք սպաներուն, եւ յիշեալ հարիւրապետը, առնելով անոնցմէ մէկը, տարած է Տարսոն, ուր Տեղեկագրին հեղինակ Տէր Եղիշէն հանդիպած է անոնց: Տեղեկագրին մէջ կան Տարսոն հասած այլ հայուհիներու պատմութիւններ եւս: Այս 11 մանրամասն
նկարագրութիւններէն ետք, «Տարսոնի ամէնէն առաջնակարգ ոճրապարտներն են հետեւեալք» ենթավերնագրով եւ լոկ անուններով տրուած է ուրիշ ութը ոճրագործներու անուանացանկ մը:
19. ՔԻԼԻՍ: Վերնագիրն է՝ «Հայ բռնագաղթի առիթով Քիլիս գաւառի մէջ տեղի ունեցող դէպքերու համառօտագրութիւնը՝ որոց իսկութիւնը ի հարկին կրնանք զօրաւոր փաստերով ապացուցանել», 8 էջ: Պատրաստուած է 18 Դեկտեմբեր 1918-ին, Հալէպի Քիլիսի գաղթականաց յանձնաժողովին կողմէ:
Քիլիսի հայոց տեղահանութեան նկարագրութիւնն է ան՝ մասնակի եւ խմբային
պատմութիւններով: Կարեւոր մանրամասնութիւններ կան մանաւանդ Քիլիս մնացած
ու աւելի ուշ աքսորուած հայերու մասին:
Տեղեկագրին մէջ առանձինն խօսուած է տեղւոյն ծանօթ ազգայիններէն Թորոս Չաղլասեանի սպաննութեան, Քիլիսի հայոց եկեղեցիին գրաւման ու սրբապղծման եւ Քիլիսէն ոչ մեծ հեռաւորութեան վրայ գտնուող հայ աքսորականներու Գաթմայի համակեդրոնացման կայքին մասին:
Տեղեկագրին տարբեր էջերուն կան տասնեակ ոճրագործներու անուններ, իսկ անոր աւարտին, առանձին ցուցակով, տրուած է 56 «պարագլուխներ»ու եւ 54 «չէթէներու» զոյգ անուանացանկեր:
20. ՔՂԻԻ ԳԱՒԱՌԱԿ: Վերնագիրն է «Քղի գաւառին հայ բնակչութեան տարագրութիւնը 1915 Մայիս 28/11 Յունիս»: 11 էջ:
Բաւական մանրամասն նկարագրութիւնն է Քղի քաղաքին եւ շրջակայ մօտ յիսուն հայաբնակ գիւղերու հայութեան կոտորածին ու աքսորին, ուր կան սպաննութիւններու, խոշտանգումներու, առեւանգումներու, կողոպտումներու տասնեակ նկարագրութիւններ: Կան նաեւ տեղեկութիւններ Խուփս գիւղի հայութեան 15 օրեայ ինքնապաշտպանական մարտերուն եւ այլ բնակավայրերու ինքնապաշտպանական փորձերուն մասին:
Այս Տեղեկագիրը եւս ունի ոճրագործներու եւ նահատակ ծանօթ քղեցիներու անուանացանկեր:
Առկայ է նաեւ նոյնին ամփոփումը, ընդօրինակուած Կարապետ Գաբիկեանի ձեռագրով:
Ինչպէս տեսանք, Տեղեկագրերէն քանի մը հատը չեն ենթարկուիր հարցաշարին, ու թերեւս պատրաստուած են Միջ-Գաւառային միութեան նախաձեռնութենէն անկախ, եւ կամ ալ պատրաստողները, զանազան պատճառներով, չեն հետեւած հարցաշարի թելադրած ուղղութեան:
Ըսենք նաեւ, որ տեղեկագրերուն վրայ որեւէ նշում չկայ թէ անոնք պատրաստուած են Միջ-Գաւառայինի թելադրութեամբ, եւ բացառուած չէ ուրեմն, որ մեր ներկայացուցած երկու տասնեակ տեղեկագրերուն մէջ գտնուին այնպիսիք, որոնք իսկապէս պատրաստուած չըլլան Միջ-Գաւառայինի թելադրութեամբ, եւ անոնց բովանդակութենէն ելլելով է միայն, որ զանոնք ներգրաւած ենք այս շարքին մէջ:
Հոս կան նաեւ տեղեկագրեր, որոնք պատրաստուած են Միջ-Գաւառայինի ընդհանուր ժողովի գումարումէն, այսինքն 14 Փետր. 1919-էն առաջ, երբ որոշուեցաւ պատրաստել տեղեկագրերը, ու անոնք հաւանաբար արդիւնք են «Հայ Ձայն»ի մէջ Անտոնեանի կոչին կամ Հայկական միութեան յայտարարութեան:
Կարգ մը տեղեկագրեր ստորագրուած են տուեալ հայրենակցական միութեան պատասխանատուներուն, այսինքն՝ անոր ատենապետին եւ ատենադպրին կողմէ, մինչ ուրիշներու տակ կը գտնենք ստորագրութիւնները նոյն քաղաքէն կամ շրջանէն տասնեակ կամ նոյնիսկ հարիւրաւոր վերապրող հայրենակիցներու, որոնք այդպիսով հաստատած են տրուած տեղեկութիւններուն վաւերականութիւնը:
Յիշեալ Տեղեկագիր-ամբաստանագրերը, ինչպէս կը տեսնենք, ունին պատմական մեծ նշանակութիւն, նախ անոր համար որ գրի առնուած են շատ թարմ յիշողութեամբ եւ դէպքերու անմիջական տպաւորութեամբ, եւ անոր պատրաստութեան աշխատանքներուն իրենց բաժինը բերած են մէկէ աւելի անձնաւորութիւններ, որոնց փոխանցած տեղեկութիւնները, բնականաբար, աւելի վաւերական պիտի ըլլային, քան եթէ անոնք պատրաստուած ըլլային սոսկ անհատի մը կողմէ:
Անոնք արժէքաւոր են նաեւ անոր համար, որ հոն առկայ են տեղեկագրեր այնպիսի շրջաններէ, որոնց կոտորածներուն կամ տեղւոյն հայութեան մասին ընդհանրապէս քիչ վկայութիւններ ունինք տպագիր կամ արխիւային գրականութեան մէջ, ինչպէս, օրինակ՝ Ամանոսի, Ագ Շէհիրի (Գոնիայի նահանգ), Անկորայի (Անգարա), Գարամանի (Գոնիա), Քիլիսի եւ այլն, եւ այս տեղեկագրերը կու գան գէթ մասամբ փակելու այդ բացը եւ լոյս սփռելու տուեալ շրջաններու կոտորածներուն ու հայութեան առօրեային վրայ ընդհանրապէս:
Տեղեկագրերը արժէքաւոր են նաեւ իրենց պարունակած ոճրագործներու անուանացանկերով, որոնց նման ընդարձակ ցանկերու միշտ չէ որ կարելի է հանդիպիլ տպագիր կամ ձեռագիր աղբիւրներու մէջ: Հոս եղած ոճրագործներու անուանացանկը, երեւի ամէնաամբողջականներէն մէկն է որ գոյութիւն ունի:
* * *
Կայ հետաքրքրական հարց մը. այս տեղեկագրերը ծառայեցի՞ն իրենց ստեղծման բուն նպատակին, այսինքն անոնք նոյնութեամբ կամ թէկուզ մասնակի խմբագրութեամբ ֆրանսերէնի թարգմանուելով ներկայացուեցա՞ն Վերսայի հաշտութեան վեհաժողովին, կամ ղրկուեցա՞ն նախագահ Ուիլսընին, թէ՝ ոչ:
Վերսայի վեհաժողովին ներկայացուած հայոց վերաբերող նիւթերու ցանկին մէջ չենք հանդիպիր այդպիսի փաստաթուղթի մը յիշատակութեան9: Տպագիր կամ արխիւային գրականութեան մէջ եւս մեզի ծանօթ չէ այդ մասին որեւէ վկայութիւն:
1919-ին, Փարիզ հաստատուած Ազգային պատուիրակութեան հրաւէրով, որոշուած 9 Փարիզի վեհաժողովին ներկայացուած հայկական նիւթերուն ցանկը տե՛ս “A Catalogue of Paris էր նոյն քաղաքին մէջ գումարել Ազգային համագումար մը, որուն պիտի մասնակցէին բոլոր հայաշատ կեդրոններէն ներկայացուցիչներ: Համագումարին մասնակցելու համար Հալէպի Հայ ազգային միութիւնը սուրիահայութեան պատուիրակ ընտրած է բժիշկ Ասատուր Ալթունեանը, իսկ Արամ Անտոնեան նշանակուած է անոր ընկերակից ու քարտուղար, որովհետեւ Ալթունեան ֆրանսախօս չըլլալով, Անտոնեան այդ ուղղութեամբ օգտակար պիտի ըլլար իրեն:
Անոնք շոգեկառքով Հալէպէն մեկնած են 28 Փետր. 1919-ի երեկոյեան, երբ նոյն օրը առաւօտուն տեղի ունեցած էր Հալէպի հայոց կոտորածը: Պէյրութի վրայով հասած են Բոր Սայիտ (Եգիպտոս), ուրկէ ուղեւորուած են Փարիզ:
Մինչ այդ, այս Տեղեկագիր-Ամբաստանագրերու հաւաքածոն յանձնուած էր Անտոնեանին, որպէսզի Փարիզի մէջ յանձնէ զանոնք Հայ ազգային պատուիրակութեան նախագահ Պօղոս Նուպար փաշային:
Որեւէ տեղեկութիւն չունինք այն մասին թէ Տեղեկագրերը յանձնուեցա՞ն իրենց հասցէատիրոջ, թէ՝ ոչ, միայն գիտենք, որ աւելի ետք, Փարիզի մէջ նորաստեղծ Նուպարեան Մատենադարանի տնօրէնութիւնը ստանձնելէն ետք, Անտոնեան իր հաւաքած Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող արխիւային ամբողջ հաւաքածոն յանձնած է յիշեալ մատենադարանին, ուր եւ մեծ մասամբ կը պահուին ցարդ, իր անունը կրող առանձին հաւաքածոյի մը մէջ, աշխարհագրական հիմունքներով պատրաստուած 80 թղթածրարներու մէջ, եւ միասնաբար կը բաղկանան մօտաւորապէս 8000 էջերէ10, որոնք կը պարփակեն Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ, Փոքր Ասիոյ եւ սուրիական
անապատի զանազան բնակավայրեր: Այդ հաւաքածոյի համապատասխան
թղթածրարներուն մէջ է նաեւ որ կը գտնուին այս Տեղեկագիր-Ամբաստանագրերը,
իւրաքանչիւրը իր քաղաքին յատուկ նիւթերու շարքին:
Պատրաստուած Տեղեկագիր-Ամբաստանագրերու թիւին շուրջ առկայ է ինչ որ անորոշութիւն մը, եւ կան հարցեր, որոնք, ըստ երեւոյթին, յաւելեալ պրպտումի եւ լուսաբանութեան կը կարօտին:
Նախ ըսենք, որ վերեւ մեր ներկայացուցած բոլոր տեղեկագրերը չէ որ իսկապէս կրնան պատրաստուած ըլլալով Միջ-Գաւառայինի պահանջքին որպէս արդիւնք:
Հաւանաբար կան տեղեկագրեր որոնք պատրաստուած են ընդառաջելով Արամ Անտոնեանի կամ Հայկական միութեան կոչին, ու անոնք եւս, Անտոնեանի հետ տարուած են Փարիզ՝ Վեհաժողովին յանձնուելու, եւ ի վերջոյ հանգրուանած են Նուպարեան մատենադարան:
* * *
Մեզի ծանօթ չէ թէ ի սկզբանէ ի՞նչ եղած է տեղեկագրերուն թիւը, եւ կ’անգիտանանք թէ արդեօք անոնք ամբողջութեամբ հասա՞ծ են մեզի, թէ կան կորսուած կամ Նուպարեան մատենադարանի մէջ չպահուող տեղեկագրեր, ու եթէ այո՝ ապա ո՞ւր են անոնք:
Peace Conference Delegation Propaganda in the Hoover War library” (California, 1926), 7, 19-22:
10 Boris Adjemian et Raymond Kévorkian, “Témoignages de rescapés et connaissance du génocide de 1915-1916,” Études arméniennes contemporaines 5(2015): 79-110:
Տանք պակսող տեղեկագրերէն քանի մը հատին մասին մեր ծանօթութիւնները.
Ազգային եւ գրական գործիչ Հայկազուն Արամեան, որ ինչպէս տեսանք, 1919-ին Հալէպի Միջ-Գաւառային միութեան պատասխանատուներէն էր, խօսելով այս տեղեկագրերուն մասին, յայտնած է թէ «…քովս մնացեր էր միմիայն իմ ծննդավայրիս, Զէյթունի 23 էջնոց տեղեկագիր պրակը…», ապա հրատարակութեան տուած է անոր ամփոփումը11:
Այսինքն այդ Տեղեկագիրը չէ յանձնուած Անտոնեանին ու բնականաբար չէ տարուած Փարիզ, այլ մնացած է Արամեանի մօտ: Այդ տեղեկագրին պատճէնը այժմ կը գտնուի Գրիկէրի (Գրիգոր Վրդ. Կէրկէրեան)՝ Հայոց ցեղասպանութեան թուայնացուած արխիւին մէջ, բայց կը դժուարանանք ըսելու, թէ ո՞ւր է անոր բնօրինակը:
Նոյն՝ Զէյթուն-Ֆռնուզի միացեալ Տեղեկագրէն կ’իմանանք, որ Զէյթունի շրջանի մասին պատրաստուած է այլ տեղեկագիր մը եւս, որը սակայն չէ հասած մեզի:
Զէյթունի Տեղեկագրին մէջ այդ մասին կը կարդանք. «…այս երկու վիճակներուն [Զէյթունի եւ Ֆռնուզի- Մ.Մ.] գաւառակները եղող Ալպիսթան, Կոկիսոն, Եարփուզ եւ Անտերուն թեմեր կը կազմեն, սակայն անոնց մնացորդ ժողովուրդներու կողմէ ուրոյն վիճակացոյց պատրաստուած ու ներկայացուած ըլլալուն, կու գանք միմիայն Զէյթունի եւ Ֆրնուզի վիճակը տեղեկագրել…»12:
Չենք գիտեր թէ այդ «ուրոյն» վիճակացոյցը իսկապէս պատրաստուեցա՞ւ, թէ անոր պատրաստութիւնը մնաց միայն ծրագիր:
Ամէն պարագայի, Նուպարեան մատենադարանի Անտոնեանի հաւաքածոյին մէջ չկայ այդպիսի տեղեկագիր:
Կայ նաեւ Սասնոյ Տեղեկագրի բնօրինակին հարցը: Քիչ վար պիտի տեսնենք, որ Նուպարեանի մէջ պահուող Սասնոյ տեղեկագրին օրինակը տեղեկագրին ընդօրինակութիւնն է միայն, կատարուած Արամ Անտոնեանի կողմէ, Հալէպի մէջ, իսկ բնօրինակին հասցէն անծանօթ կը մնայ մեզի:
Եդեսիոյ (Ուրֆայի) տեղեկագիրը չի գտնուիր Անտոնեանի Նուպարեանի թղթածրարներուն մէջ: Զայն գտած ենք Գրիկէրի արխիւին մէջ, ու կրկին կը դժուարանանք ճշդելու անոր բնօրինակին հասցէն:
1919-ին Հալէպի մէջ կային հայրենակցական քանի մը խմբակցութիւններ, որոնք ունէին համեմատաբար մեծաթիւ հայրենակիցներ, ու սպասելի էր, որ անոնք եւս պատրաստած ըլլային իրենց շրջաններուն յատուկ տեղեկագրեր, ինչպէս՝ Տիարպէքիրը, Խարբերդը, Արաբկիրը, եւ այլն, բայցեւայնպէս, այդ շրջաններէն տեղեկագրեր ծանօթ չեն մեզի, ու չենք գիտեր թէ անոնք իսկապէս պատրաստա՞ծ են իրենց տեղեկագրերը, թէ՝ ոչ:
Հայկազուն Արամեան, որ ինչպէս ըսուեցաւ, 1919-ին Միջ-Գաւառային հայրենակցական միութեան պատասխանատուներէն էր, Զէյթունի տեղեկագիրը հրատարակութեան տուած ժամանակ յատնած է թէ օրին պատրաստուած էին 32 տեղեկագրեր:
Որոշ վերապահութեամբ կը մօտենանք յիշողութեամբ գրի առնուած Արամեանի տուեալներուն, երբ ժամանակակից հաւաստի վկայութենէ մը գիտենք, որ 20 Փետր.
11 Արամեան Հայկ. Ա., «Շահեկան տեղեկագիր մը Զէյթունի եւ զէյթունցիներու ողբերգութեան մասին», Յուշամատեան Մեծ եղեռնի, պատր. Գերսամ Ահարոնեան (Պէյրութ, «Զարթօնք» օրաթերթի, Գ. տիպ, տպագրութիւն «Հայ տիպ քոմփիւկրաֆ-Թեքնոփրես», 1987), 850-854:
12 Նոյն, 851:
1919-ին, այսինքն իր յիշած 32 Միջ-Գաւառային միութիւններու համագումարին օրը, նորակազմ Միջ-Գաւառային միութեան պատասխանատուները ներկայացած է տեղւոյն Հայ ազգային միութեան եւ վաւերացում խնդրած, իսկ Հայ ազգային միութիւնը խնդրած է Միջ-Գաւառայինը գոյացնող 28 քաղաքներուն ցանկը ու այդ քաղաքներէն Հալէպ գտնուող համաքաղաքացիներուն թուաքանակը (13), իսկ չորս օր ետք, 24 Փետրվաին, Միջ-Գաւառայինէն կրկին ներկայացած են Հայ ազգային միութեան կրկին վաւերացումի հարցով, ու այս առիթով յիշուած է, որ Միջ-Գաւառայինը հիմնուած էր 21 բնակավայրերու հայրենակիցներուն մասնակցութեամբ (14)
Արամեան այլ առիթով մըն ալ, խօսելով Հալէպի մէջ հիմնուած Խարբերդի հայրենակցական միութեան մասին, ըսած է թէ ան ունեցած է յաջող գործունէութիւն՝ «օրինակ հանդիսանալով հետզհետէ կազմուելիք [ընդգծումը մերն է Մ.Մ.] 32 զանազան գաւառային հայրենակցական միութեանց» (15): Ըստ երեւոյթին, Արամեանի յիշողութեան մէջ մնացած է Հալէպի 32 հայրենակցական միութիւններու թիւը՝ զոր թիւրիմացաբար աւելի ետք կապած է ներկայացուած տեղեկագրերու ընդհանուր թիւին:
Պահպանուած է Տեղեկագրերու թիւին առնչուած թնճուկը մասամբ լուսաբանող կարեւոր փաստաթուղթ մը, գրուած նոյնինքն Հայկազուն Արամեանի կողմէ, 26 Փետրվար 1919-ին:
Տանք զայն նոյնութեամբ.
Գերապատիւ Տ. Գաբրիէլ Վրդ. Գասպարեան, Փ. նախագահ Հայ ազգային միութեան Հալէպ
Ամէն ճիգ թափելով հանդերձ անկարելի կը դառնայ մինչեւ վաղը հասցնել ամբաստանագրերը: 12 գաւառ դեռ տուած չեն իրենց գրութիւնները: Հնար ու միջոց չի կայ: Պէտք է ուրեմն յարգելի Տր. Ալթունեանը համոզէք 2-3 օր յետաձգելու իր մեկնումը:
Մեզի անանկ ըսած էին թէ Շաբաթ օր պիտի մեկնի: Ուրիշ ճար չի մնար:
Հալէպ Յարգանօք ձերդ 26/2/19 Հայկազուն Արամեան (16)
Գիտենք որ Արամ Անտոնեան, բժ. Ալթունեանի ու անոր դստեր օր. Նորայի հետ, 28 Փետր.ի երեկոյեան շոգեկառքով մեկնած են Հալէպէն, իրենց հետ տանելով տեղեկագրերը, մինչ նոյն օրը առաւօտուն տեղի ունեցած էր Հալէպի հայոց կոտորածը, այսինքն հրատարակուող փաստթուղթը ներկայացուելէն ընդամէնը երկու օր ետք, եւ մէկ-երկու օրուայ ընթացքին շատ բան պիտի չփոխուէր վիճակէն եւ հոն յիշատակուած 12 գաւառները պիտի չհասցնէին իրենց տեղեկագրերը պատրաստել:
13 «Արձանագրութիւնք Հայ ազգային միութեան Բերիոյ», Ա. տետր, 20 Փետր. 1919-ի նիստ, 78, տե՛ս
ՀԱԱԱ, Հայ ազգային միութեան թղթածրարներ:
14 Նոյն, 24 Փետր. 1919-ի նիստ, 79:
15 Ճիզմէճեան, Խարբերդ եւ իր զաւակները, 303:
16 ՀԱԱԱ, Հալէպի Միջ-Գաւառային հայ միութեան թղթածրարներ:
Հետեւաբար կը կարծենք, որ Արամեանի կողմէ շրջանառուած եւ Լեւոն Վարդանի (17) կողմէ ընդունուած տեղեկագրերու 32 թիւը չի համապատասխաներ իրականութեան, եւ թէ ան երեւի շատ տարբեր չէ մեր վերեւ ներկայացուցած անոնց թիւէն:
* * *
Այս Տեղեկագրերէն պատմաբան Լեւոն Վարդան «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ի մէջ մասնակի ձեւով հրատարակած է Սեբաստիոյ, Էտիրնէի, Բաղէշի եւ Կարնոյ տեղեկագրերը18: Զէյթուն-Ֆռնուզինին ամփոփումը լոյս ընծայած է Հայկազուն Արամեան19: Վեց այլ տեղեկագրեր, կրկին ոչ ամբողջական ձեւով, տպուած են Երուանդ Փամպուքեանի կողմէ, որոնցմէ երկուքը Լեւոն Վարդանի հրատարակած տեղեկագրերուն վերատպութիւններն են20:
Այնթապի Տեղեկագրին ոճրագործներու անուանացանկը, անգլերէն թարգմանութեամբ, հրատարակած է պատմաբան Ումիդ Քիւրտ (21), իսկ ֆրանսահայ պատմաբան Յարութիւն-Ռայմոն Գէորգեան, Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան նուիրուած իր կոթողային աշխատութեան զանազան բաժիններուն մէջ օգտագործած է այս տեղեկագրերուն կարգ մը տուեալները (22):
Մնացեալները, որքան ծանօթ է մեզի, ցարդ կը մնան անտիպ:
Աւելցնենք, որ Հալէպի մէջ ծնունդ առած փաստահաւաքումի այս փորձը իր տեսակին մէջ միակը չէր. անկէ առաջ ու անկէ ետք կատարուած են քանի մը այլ փորձեր եւս, որոնք, ինչպէս Հալէպինը, պսակուած են մեծ յաջողութեամբ: Այդ աշխատանքներուն զոյգ կեդրոնները եղած են Թիֆլիսն ու Կ.Պոլիսը, բայց անոնց անդրադառնալը դուրս կը մնայ այս յօդուածին նպատակներէն:
* * *
Ստորեւ հրատարակութեան կու տանք վերոնշեալ տեղեկագրերէն Սասնոյ Տեղեկագիրը, որ հետաքրքական է զանազան առումներով, մանաւանդ իր պարունակած Սասնոյ վեց գաւառակներու մանրամասն գիւղացուցակին ու մարդահամարին համար:
Չենք գիտեր թէ ո՞վ պատրաստած է հրատարակուող գիւղացուցակը: Ծանօթ է, որ Տեղեկագրին տակ իրենց ստորագրութիւնը դրած հինգ սասունցիներէն Տէր Մկրտիչ Քհնյ. Մուրատեան23 լրջօրէն հետաքրքրուած էր Սասնոյ անցեալով, եւ հայ 17 Լ. Վ. (Լեւոն Վարդան), «Ամբաստանագիր-Տեղեկագիրներ», Հայկազեան հայագիտական հանդէս ԺԵ (1995), 497-553:
18 Նոյն, 498:
19 Արամեան, «Շահեկան տեղեկագիր մը Զէյթունի», 850-854:
20 Նիւթեր Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութեան համար, ԺԲ. հատոր, խմբ.՝ Երուանդ Փամպուքեան
(Պէյրութ, Համազգայինի Վահէ Սէթեան, 2016), 407-428:
21 Ümit Kurt, The Armenians of Aintab. The Economics of Genocide in an Ottoman Province (Cambridge,
London: Harvard University Press, 2021), 233-240:
22 Raymond Kévorkian, “The Armenian Genocide: A Complete History” (London-New York: I. B. Tauris,
2011), 1029.
23 Մկրտիչ Ա. Քնյ. Մուրատեան (Սասնոյ Մըգթենկ շրջանի Գոմուց գիւղ, 1881 – Հալէպ, 1971): Երեք
տարի ուսանած է Մշոյ Ս. Կարապետի վանքը: Հալէպ գաղթած է 1896-ին ու քահանայ ձեռնադրուած պարբերական մամուլի էջերուն, 1915-էն առաջ ու մանաւանդ անկէ ետք, հրատարակած է Տարօն-Սասունի պատմութեան, ազգագրութեան, սրբավայրերուն եւ աւանդութիւններուն առնչուող տասնեակ յօդուածներ, ինչպէս նաեւ բանահիւսական անտիպ նիւթեր եւ յուշապատումներ: Գիտենք նաեւ, որ ան, մէկէ աւելի անգամներ լոյս ընծայած է Սասնոյ գիւղերու մասնակի գիւղացուցակ-մարդահամարներ24, բայց իր տուած Սասնոյ մարդահամարի թիւերը տարբեր են հոս տրուածներէն, այնպէս որ այս մէկը չէր կրնար իր կողմէ պատրաստուած ըլլալ:
Հետեւաբար պիտի ենթադրել որ, հրատարակուող գիւղացուցակը պատրաստուած է խմբային աշխատանքով, մանաւանդ, որ ինչպէս ըսուած է Տեղեկագրին մէջ, 1919-ին Հալէպի մէջ հաւաքուած էին համեմատաբար մեծաթիւ՝ 1053 սասունցիներ, որոնց մէկ մասը եթէ հոն հաստատուած էր 1915-էն առաջ, ապա մնացեալները նոր հասած աքսորականներ էին, եւ անոնց բոլորին համատեղ աշխատանքով է հաւանաբար որ ծնունդ առած է հրատարակուող ցուցակը:
Մեզի այնպէս կը թուի, որ հրատարակուող Տեղեկագրին՝ Փարիզի Նուպարեան մատենադարանի մէջ պահուող այս օրինակը Տեղեկագրին բնօրինակը չէ, այլ անոր ընդօրինակութիւնը, եւ օրինակուած է նոյնինքն Արամ Անտոնեանի ձեռքով25, որովհետեւ գիրը կը թուի իրը ըլլալ, իսկ թուղթը՝ իր կողմէ յաճախ օգտագործուած նոյն այն թուղթի տեսակն է, որ եզրերուն ունի ֆրանսերէն տպագիր գրութիւններ Պաղտատի Շոքեկառքի օսմանեան ընկերութեան անունով, եւ որ յաճախ գործածուած
է Անտոնեանի ու իր գործակիցներուն կողմէ, Հալէպի մէջ, վերապրողներու յուշեր գրի առնելու ժամանակ, եւ որոնցմէ բազմաթիւ օրինակներ կան այսօր Նուպարեան մատենադարանի մէջ պահուող իր հաւաքածոյին մէջ:
Պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած տնտեսական տագնապին հետեւանքով, ըստ երեւոյթին,
Հալէպի մէջ Անտոնեան չէ կրցած մաքուր եւ չօգտագործուած թուղթ ապահովել, եւ ստիպուած գործածած է յիշեալ ընկերութեան կողմէ գործածուելու յատկացուած թուղթեր:
Պիտի չմոռնալ նաեւ այն փաստը, որ Անտոնեան, այլ պարագաներու եւս, Հալէպի մէջ իր հաւաքչական աշխատանքին ընթացքին, երբ չէ կրցած ինչ որ փաստաթուղթի մը բնօրինակը ունենալ, ընդօրինակած է զայն կամ ընդօրինակել տուած է իր գործակիցիներուն: Անտոնեանի եւ Կարապետ Գաբիկեանի ձեռագրով այսպիսի բազմաթիւ ընդօրինակութիւններու եւս կը հանդիպինք Նուպարեանի իր թղթածրարներուն մէջ: Այս պարագային, հարց կը ծագի սակայն, թէ Անտոնեան, որ
այդ Տեղեկագրին բնօրինակը իր հետ պիտի տանէր Փարիզ, ինչո՞ւ ընդօրինակեց զայն:
Չենք կարծեր որ ինք է տեղեկագիրը պատրաստողը, երբ զայն ստորագրողներէն քանի մը հատը գրականութեան մօտ կանգնած մարդիկ էին, միաժամանակ չենք ալ կարծեր որ այս օրինակն է տեղեկագրին մայր օրինակը, որովհետեւ Շոգեկառքի ընկերութեան Սահակ Բ. Կաթողիկոսէն 1909-ին եւ երկար տարիներ եղած է տեղւոյն Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ ծխական քահանան:
24 Կարօ Սասունի, Պատմութիւն Տարօնի աշխարհի, Բ. Տիպ. (Անթիլիաս, Կաթողիկոսութեան Մեծի
տանն Կիլիկիոյ, 2013), 338:
25 BNu/Fonds A. Andonian – Matériaux pour l’histoire du génocide, Dossier 47, Déportations et massacre
des Arméniens de Sassoun, թերթ 1-11:
յատուկ թուղթի վրայ գրուած տեղեկագիր մը պիտի չներկայացուէր որպէս գաւառի մը 1053 վերապրպողներուն կողմէ յղուած պաշտօնական փաստաթուղթ: Սասնոյ հրատարակուող գիւղացուցակին մէջ յիշատակուած են այնպիսի բնակավայրեր, որոնց չհանդիպեցանք մեզի ծանօթ Սասնոյ գիւղացուցակներուն եւ Սասնոյ պատմութեան հայող այլ հրատարակութիւններու մէջ26:
Հաւանաբար այդ գիւղերուն մէկ մասը ունեցած է մէկէ աւելի անուանումներ՝ հայերէն եւ օտար, եւ մերթ գործածուած են անոնց հայերէն ու մերթ օտար անունները, իսկ հոս եղող ու այլ տեղ չյիշատակուած որոշ գիւղեր, թերեւս ինչ որ մեծ բնակավայրի մը տարբեր թաղերը ըլլան, եւ այդ
պատճառով, որպէս առանձին գիւղեր յիշուած չեն այլոց կողմէ: Մեր ենթադրութիւնը հաստատելու համար տանք մէկ օրինակ. հրատարակուող ցուցակին մէջ յիշատակուած Կուսգետ գաւառակի Քարծեր եւ Կոտրծեր գիւղերը չկրցանք գտնել մեզի ծանօթ Սասնոյ գիւղացուցակներուն մէջ, բայց անոնք Պետոյեանի մօտ յիշատակուած են որպէս Կուսգետ գիւղի առանձին թաղեր (27):
Առկայ աղբիւրները կը յուշեն, որ Սասնոյ շրջանի կարգ մը գիւղեր յաճախ ունեցած են բազմաթիւ թաղեր, ինչպէս, օրինակ, Կէլիէ Կուզան մեծ գիւղը, որ ունեցած է 34 թաղ, Ընձքարը՝ ինը, Կուսգետը՝ ութը, Իշխանձորը կամ Իշխընձորը՝ հինգ թաղ, եւ այլն28, ու այդ թաղերէն իւրաքանչիւրը, բնականաբար, ունեցած է իր անունը, այնպէս որ, հոս յիշատակուած որոշ բնակավայրեր կրնան ինչ
որ գիւղի մը մէկ թաղը եղած ըլլալ, որ ունենալով առանձին անուանում, կրնայ հոս յիշատակուած ըլլալ որպէս առանձին բնակավայր բայց յիշատակուած չըլլայ այլոց մօտ:
Կան նաեւ գիւղերու տեղագրութեան հետ կապուած որոշ հարցեր, եւ հոս յիշատակուած կարգ մը գիւղեր, այլ աղբիւրներու մէջ տեղադրուած են այլ գաւառակներու մէջ:
Ամէն պարագայի, ինչ ալ ըլլան այս եւ նման այլ հարցերը, կը կարծենք, որ Տեղեկագիրը կրնայ օգտակար ըլլալ Սասնոյ տեղագրութեամբ ու ժողովրդագրութեամբ
26 «Սասուն. Վիճակագրական…», տե՛ս Դրօշակ (Ժընեւ), XIV տարի, թիւ 4-5, 145-146; Ապրիլ-Մայիս
1904, 60-62; Ա-Դօ (Յովհաննէս Տէր Մարտիրոսեան), Վանի, Բիթլիսի եւ Էրզրումի վիլայէթները
(Երեւան, Կուլտուրա, 1912), 119-143; Նազարէթ Պ. Մարտիրոսեան, «Համեւրոպական պատերազմի
ընթացքում ամայացած Արեւելեան Հայաստանի գաւառների վիճակագրութիւնը», Վան-Տոսպ
(Թիֆլիս), թիւ 13, 21 փետրվար 1916, 6-7; Վարդան Պետոյեան, Սասուն, կազմ. եւ խմբ.՝ Ստեոպա
Պետոյեան (Երեւան, Նախաբեմ, 2016), 28-90; Կարօ Սասունի, Պատմութիւն Տարօնի աշխարհի
(Անթիլիաս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Բ. տիպ, 2013), 331-340; Կ.Պոլսոյ հայոց
պատրիարքարանի 1913 թ.ի մարդահամարի տուեալները, որոնք օգտագործուած են Թէոդիկի,
Գողգոթա հայ հոգեւորականութեան եւ իր հօտին աղէտալի 1915 տարիին, խմբ.՝ Արայ Գալայճեան
(Նիւ Եորք, St. Vartan Press, 1985), 88-101 եւ Ռայմոն Գէորգեան-Բոլ Փապուճեանի կողմէ (Raymond H.
Kévorkian, Paul B. Paboudjian Les Arméniens dans l’empire Ottoman a la veille du génocide (Փարիզ, ARHIS, 1992), 59; 493-496); Գեղամ Մ. Բադալեան, «Արեւմտեան Հայաստանի պատմաժողովրդագրական նկարագիրը Մեծ եղեռնի նախօրէին. Մաս ութերորդ: Սասուն պատմաաշխարհագրական մարզը եւ Բաղէշ (Բիթլիս) քաղաքը», Վէմ 58, no. 2 (2017), I-XLVII; Ռոպերթ Թաթոյեան, Արեւմտեան Հայաստանի Պիթլիսի նահանգի հայ բնակչութեան թիւը Մեծ Եղեռնի նախօրեակին (մենագրութիւն, որ պիտի հրատարակուի շուտով: Շնորհակալութիւն՝ զայն մեզի տրամադրելուն համար):
27 Պետոյեան, Սասուն, 66:
28 Պետոյեան, Սասուն, 28, 80, 66, 75:
զբաղող մասնագէտներուն, եւ կրնայ ծառայել շրջանը աւելի լաւ ճանչնալու եւ ուսումնասիրելու աշխատանքին:
Տեղեկագիրը հրատարակութեան տուած ենք նոյնութեամբ, առանց որեւէ փոփոխութեան: Մեր յաւելումները առած ենք անկիւնաւոր փակագծերու՝ [ ] մէջ:
Աւելցնենք, որ Տեղեկագրին վերծանումը եղաւ բաւական յոգնեցուցիչ ու աշխատատար, Անտոնեանի դժուարընթեռնելի գիրին պատճառով: Յուսանք որ մուտքագրումը ըրած ըլլանք անսխալ ու անթերի:
* * *
[Տեղեկագիր-Ամբաստանագիր Սասուն Աշխարհի]
Սասուն՝
Հիւսիսէն՝ Մշոյ դաշտ, հարաւէն՝ Պշերիկի եւ Սիլվանի դաշտերը, արեւելքէն՝ Մոգտանց լեռնաշղթան, արեւմուտքէն Խուլբի լեռնաշղթան:
Սասնոյ գաւառը կը բաժնուէր վեց գաւառակներու՝
1. Տալւորիկ
2. Բուսանք
3. Հաթնի-Մարաթուկ
4. Կուսգետ
5. Բռնաշէն-Խութ
6. Խիանք
Այս հողամասին բաժանումները Սասնոյ բնակչութեան հինէն ի վեր ընդունուած դրութեան վրայ հիմնուած են, ոմանք ալ Խիան եւ Խարզան կ’անուանեն այս վեց գաւառները:
Սասնոյ գլխաւոր չորս լեռները Ծովասար, Անտոք, Մարաթուկ, Սնկիձուտ:
Անտառները՝ Խաչէռէշ (Սեւ Խաչ), Փիլար, Խժժէ, Տղա-Մանուկ, Զանդուս, Փլի, Մոխնուտ եւ Սմարդետի ընդարձակ թաւուտքը: Անմատչելի գլխաւոր ժայռերն են Ֆռֆռքար, Խոռնաքար:
Ամէնէն մեծ բղխող ակերն են Մեծաղբուր, Ակներ, Ակնդուռ եւ Շարասուր:
Գետակներն են՝ Ջէմջուր, Զանտջուր:
Սասնոյ մօտաւոր անցեալէն.
Ա. Իշխանաց ժողով:
Բ. Ծերոց ժողով:
Գ. Բնակչաց բազմացում:
Դ. Սասնոյ քիւրտեր:
Ե. Սասունցիներու զէնքեր:
Զ. Սասունցիներու տեղական զբաղում:
Է. Սասունցիներու նկարագիրը:
Ը. 1894-96 թուականները:
Թ. 1914-16 թուականները:
Ա. Իշխանաց ժողով: Սասնոյ մէջ կը կոչուէր Իշխանաց ժողով՝ գիւղերու եւ գիւղախումբերու ներկայացուցիչներու ժողովը, որ կը կառավարէր Սասնոյ գաւառը:
Բ. Ծերոց ժողով: Գիւղական եւ գիւղախումբերու ծերերէ կազմուած ժողովն էր որ
կը լուծէր ամէն տեսակ դատեր:
Գ. Բնակչաց բազմացում: Բոլոր սասունցիները, բացի անոնցմէ որ ղարիպի ցուպը ձեռք էին առած դէպի Հալէպ, ֆիզիքապէս քաջառողջ էին եւ երկար կ’ապրէին 80-110 տարեկան: Փոխանցիկ գէշ հիւանդութիւններ բնաւ գոյութիւն չունէին: Վաղահաս մահեր միայն կը պատահէին ծաղիկէ, վարդախտէ եւ արկածներէն: Սասունէն չբաժնուող հայերը կ’ունենային առնուազն ութ զաւակ, իսկ առաւելագոյնը անհաւատալի կը թուի թերեւս: Օրինակ՝ Կէլիէկուզանի Պետօյի տունը, 1892ին ինք իբր ծերունի զօպօ (մեծ հայր) իր զաւակներով, թոռներով, թոռնորդիներով, հարսներով ունէր 24 անդամէ բաղկացած ընտանիք որ կ’ապրէր մէկ յարկի տակ, մասնակցելով մէկ սեղանի:
Սեղանը բուրդէ շինուած խոշոր փռուածք մըն էր: Դեռ երէկ, 1914ին՝ Բվի Սրքօ Ազօ տուն, Սրքօն՝ իբր մեծ հայր ունէր 46 անդամէ բաղկացած ընտանիք մը: Գոմքցի Դաւօ տուն որ ունէր 44 անդամ: Ջրդնեց Թումօ-Մանէ տուն որ ունէր 43 անդամ: Մշգեղցի Շէռօի տուն որ ունէր 42 անդամ: Մէկ տան մէջ 10-12 օրօրոցի դէմ դէմի օրօրուիլը կը տեսնուէր:
Դ. Սասնայ քիւրտեր: Սասնոյ քիւրտերը կը բաժնուէին աշիրէթներու: Իւրաքանչիւր աշիրէթ ունէր մէկէ աւելի աղաներ: Հայ քուրտ յարաբերական դատերն ու խնդիրները կը լուծուէին հայոց կողմէ Իշխանաց ժողովով եւ քիւրտերու կողմէ աղաներու մէճլիսով:
Հաւաքաբար ժողովը կը գումարուէր ընդհանրապէս հայկական վանքերու մէջ, երբեմն ալ հայկական կամ քրտական ոեւէ գիւղի մէջ, եւ կամ լերան մը վրայ, աղբիւրի մը մօտ:
Այս ժողովը պէտք եղած ատեն միայն տեղի կ’ունենար եւ կը տեւէր մէկէն մինչեւ 10 օր:
Խնդիրներու պարզութեան կամ կնճռոտութեան համեմատ:
Ե. Սասնոյ զէնքեր: Սասնոյ բնակչութիւնը, առանց բացառութեան, ունէր իրեն յատուկ զէնքը: Զէնքերն էին՝ խանչէր29, թուր, մարթալ (վահան) եւ հին դրութեամբ չախմախլը թուէնկ30: Իսկ յեղափոխական շարժումը Սասնոյ մէջ մուտ գտնելէն ի վեր շատ սակաւաթիւ հայոց մօտ կանոնաւոր զէնքեր ալ կը տեսնուէին:
Զ. Սասնոյ տեղական զբաղումը: Առանց բացառութեան, Մայիս 1էն մինչեւ Սեպտեմբերի վերջերը վարուցանով, խաշնարածութեամբ, խոտ հնձելով, տերեւ կտրելով կը զբաղէին: Այս աշխատանքին նոյնիսկ իշխաններն ու եկեղեցականներն ալ կը մասնակցէին, իսկ ձմեռը (բովանդակ Սասուն ամբողջ 4 ամիս ձիւնով կը ծածկուի) քիչ աշխատանք ունին, լեռներէ սառած ձիւնի վրայ շարժով կ’իջեցնէին տերեւը եւ ամառը պատրաստուած խոտերը ընտանի կենդանիներու համար: Սասունցիները իրենց բոլոր հագնելիքները կը մանէին, կը գործէին, ընտանի կենդանիները կը
կերակրէին, վայրի այծերու, գայլի, սամոյրի եւ մանաւանդ աղուէսի որսորդութեամբ ժամանց ընողներ ալ կային: Ամէն տօնական, հարսանեկան օրեր եւ իրիկուններ կը հաւաքուէին գիւղին մէջ մէկու մը տունը, հաւաքաբար պարելու համար:
Է. Սասունցիներու նկարագիրը: Բոլոր այն սասունցիները որոնք բնաւ օտարութեան 29 Խանչէր կամ խնաջար, արաբերէն՝ դաշոյն: 30 Թուէնք կամ թֆէնք, թրքերէն՝ հրացան: Սասնոյ բարբառով՝ «թվընգ» (Պետոյեան, Սասուն, 669): չէին դիմած, ընդհանրապէս ճշմարտախօս, միամիտ, պարկեշտ, հիւրասէր, աշխատասէր եւ կրօնասէր էին:
Ը. 1894-96 թուականները: 94ին՝ թրքական եւ քրտական յարձակումներու դէմ երկար մաքառումներէ վերջ, միայն Տալւորիկն էր որ պարտուեցաւ, բայց անձնատուր չեղաւ: 95ի հայկական մեծ ջարդին, Սասնոյ գաւառը իր վեց գաւառակներով զերծ մնաց Կարմիր Համիտի եաթաղանէն: Այդ թուականին Սասնոյ Իշխանաց ժողովը յաջողեցաւ քրտական աղաներու հետ սուրի, խաչի եւ նուիրական մատաղի վրայ իր անգիր դաշինքը կնքել երդմամբ: Նոյն ժամանակուան Իշխանաց ժողովի անդամներն էին՝
Պերմնցի Դանօն
Մքթնցի Մխսի Կրճօն
Խնձորցի Կերպօն
Մշգեղցի Մրտիկի Շէռօն
Ջրդնցի Թումօտան Կրպէն
Գոմքցի Կերպէ Ստեփան
Մատին Առաքելոց վանահայրը՝ Տ. Պետրոս Վարդ.
Ստեփան Վարդ.
Տալւորիկցի Համզէն
Բուրդօ Գասպար
Քռդեցի Տ. Գաբրիէլ Քահանան
Քիւրտ աղաներն էին՝
Շէկօտան Տօկուք
Մահմուտէ Խալիլ
Գուռանցի Սադօն
Գապլճօզցի հերոս Օսման (որ մինչեւ վերջը բարեկամ մնաց հայոց)
Մուսէի Հասանէ Չէլլի
Զէրճէլլի Հասէի Պրահիմ:
Այս ժողովը տեղի ունեցաւ անմիջապէս երբ կառավարութիւնը հրաման կ’ընէր քիւրտերուն որ հայերը ջարդելու համար օժանդակեն թուրք բանակին: Ժողովին որոշումն էր որ քիւրտերն ու հայերը զէնքի ոյժով միասին դիմադրեն վտանգին:
Կառավարութեան ձեռքը՝ իբր ջարդարար գործիք մնացին միւս քիւրտ աղաներէն համբաւաւոր ոճրագործ Պշարէ Խալիլը31 եւ Փափուրէ Կէնճօն: Այդ խառն ժողովին հետեւանքով՝ կառավարութեան հայաջինջ ծրագիրը վիժեցաւ՝ գէթ Սասնոյ գաւառին մէջ:
1914-16: 1914-16 թուականը միայն վերջ տուաւ Սասնոյ գաւառին: Այս անգամ ամբողջ քիւրտ ցեղապետները, բացի Ճէմալէի Սատօ Խանչօէն, կը մասնակցէին 31 Պշարէ Խալիլ՝ քիւրտ ցեղապետ, որ 1 Նոյ. 1899-ին ֆէտայի Սերոբ Աղբիւրի (Վարդանեան) դաւադրաբար սպաննութենէն ետք, կտրած էր անոր գլուխը, որուն համար Սուլթան Համիտէն ստացած էր յատուկ շքանշան, բայց ֆէտայիներ, Անդրանիկի գլխաւորութեամբ, յաջողեցան սպաննել զինք ու իրենց կարգին կտրել իր գլուխը:
Սասնոյ հայութեան բնաջնջումին: Հոս կարեւոր է յիշել նաեւ Պըտրի եւ Շէկօ քիւրտ աշիրէթները որոնք հայախօս են, քիւրտերէն բառ մը անգամ չեն գիտեր, իրենց ծագումէն ի վեր բարեկամ մնացած են հայերու, այս անգամ անոնք ալ մասնակցեցան ջարդերուն:
Սասնոյ լեռները որոնք դեռ երէկ ապաստան եւ մարտավայր հանդիսացան այսօրուան հայ ռազմական փառքը ներկայացնող Անդրանիկի, անմահ Մուրատներու, Արապօի, Գէորգ Չաւուշի եւ Աղբիւր Սերոբ փաշայի, այսօր լռած են եւ գերեզմաննոց դարձած իրենց լեռնորդի կտրիճներուն անթաղ ոսկորներուն:
* * *
Սասուն գաւառը 1914ին ունէր 99249 բնակիչ, որոնցմէ կը վերապրին միայն 4053 հոգի, 1053 Հալէպի մէջ եւ մնացեալ 3000ն ալ հաւանականաբար Կովկաս եւ այլուր, որով կ’ունենանք 95196 անձի կորուստ:
Ջարդը: Գերման սպաներու ղեկավարութեամբն ու թնդանօթներու ոյժով, մոլեռանդ քիւրտ խուժանին օժանդակութեամբ, թրքական բանակը յաջողեցաւ 1914-16 վայրագօրէն մահացնել այս տիպար ժողովուրդը, Անտոքի կողերէն մինչեւ Մարաթուկի խորերը:
Նիւթական հարստութիւն: 6115200 ոսկիի արժէքով ինչքն ու հարստութիւնը ամբողջովին յափշտակուած է այս պատերազմի ընթացքին թուրք կառավարութեան եւ քիւրտ խուժանին կողմէ:
Ջարդարարները: Իթիհատի գործիք հանդիսացան հայակեր ոճրագործ Հազօ գիւղի այսօրուան ինքնակոչ տէրը՝ տխրահռչակ Խշթոյի Զիբան, որ 1915 Ապրիլ 26ին 122 հայ մանուկներ Ջեմի գետակին մէջ խեղդեց: Պշարէ Խալի[լի] թոռան որդիներն ու արենակիցները՝ Բարսորենց տխրահռչակ Կէնճօի հրէշ արարած ու մարդակեր զաւակներն ու աշիրէթը, եւ Ճէլէլիք քիւրտ գիւղի պետերէն Տահլօի Սէլիմ եւ իր արբանեակները, ինչպէս նաեւ ուրիշ շատ մը քիւրտ ցեղեր ու ղեկավարներ:
Մշոյ եւ շրջականերու կորուստը:
Չմոռնանք յիշատակել թէ Մշոյ, Սլիվանի եւ Պշէրիկի հայերուն անձի կորուստը Սասուն գաւառի անձի կորուստին եռապատիկը, նիւթական կորուստը՝ առնուազն եօթն անգամն էր: Այս գաւառներուն ամբողջական բնակչութեան բնաջնջման հետեւանքով կարելի չէ եղած առ այժմ մանրամասն
տեղեկութիւն իմանալ:
* * *
1. Տալւորիկ գաւառակը ունէր 28 գիւղ, 1318 տունով եւ 14.472 բնակիչով: Այս գիւղերուն մէջ կը գտնուէին 89.731 ոչխար, 7222 կով ու եզ, 904 ջորի, 129130 օսմ. ոսկիի արժողութեամբ կահ կարասի, 12494 մեղուի փեթակ, 76960 ոսկիի արժողութեամբ այգիներ ու պարտէզներ:
Տուն բնակիչ
1 Փուրխ 12 126
Միհրան Ա. Մինասեան
2 Հաքմանք 6 68
3 Թուալենք 18 205
4 Հոսնուտ 8 72
5 Հարտք 19 363
6 Վերին Գեղ 40 603
7 Սպղանք 42 705
8 Խլհովիտ 7 82
9 Աղբի 52 705
10 Քօրախի 5 40
11 Հլողենք 22 193
12 Եղկարտ 16 138
13 Հեթինք 120 1340
14 Խոծեծվանք 8 92
15 Կէլիէ Կուզան 248 2030
16 Արգիկ 40 304
17 Գոփ 152 1560
18 Կարմաւ 141 1600
19 Շէնըք 102 807
20 Սեմալ 70 938
21 Իրցանք 63 800
22 Կէլիէ Ռէշ 13 87
23 Թխիկ 10 37
24 Շուշնամերկ 15 200
25 Հարկորք 30 480
26 Մերկեր 26 370
27 Մազրէ 10 227
28 Մեղրաշէն 23 300
2. Բուսանք գաւառակը ունէր 32 գիւղ, 644 տուն, 11374 բնակիչ, 106310 ոչխար, 4465 կով ու եզ, 490 ջորի, 135290 օսմ. ոսկիի արժողութեամբ կահ կարասի, 17650 մեղուի փեթակ, 8250 օսմ. ոսկիի շերամ, 208900 ոսկիի արժողութեամբ պարտէզ եւ այգի:
1 Գոմեր 14 306
2 Քրտամանք 18 410
3 Հոսներ 6 60
4 Հաւկոնք 13 160
5 Քրտվանք 8 45
6 Անձարկելի 6 67
7 Քիսթախ 13 84
8 Թաթանք 14 350
9 Ջրդնիք 46 810
10 Բվի 32 430
11 Գոմք 42 670
12 Մզրան 6 67
13 Կրեձոր 15 97
14 Փշուտ 22 380
15 Ջեմ 12 160
16 Դալհոր 28 530
17 Պելլօէնք 13 290
18 Բակտիք 5 60
19 Քսրօնք 8 90
20 Մշգեղ 50 1100
21 Խնձորիք 42 890
22 Պեստուն 6 120
23 Թարուք 23 340
24 Բզուանք 12 180
25 Կօռնկէս 14 270
26 Գձքար 8 130
27 Դաժպատրիկ 26 470
28 Մարսթա 16 200
29 Քաջռենք 34 720
30 Մքթենք 46 960
31 Բաստի 35 870
32 Ալըեան Մազրան 6 60
3. Հաթնի-Մարաթուկ գաւառակը ունէր 51 գիւղ, 852 տուն, 11215 բնակիչ, 130810 ոչխար, 5484 եզ ու կով, 711 ջորի, 149690 ոսկիի կահ կարասի, 15540 փեթակ, 1610 ոսկիի շերամ, 163620 ոսկիի արտ ու պարտէզ:
1 Մանկիկ 13 170
2 Պելաւ 14 180
3 Նոր Գեղ 25 290
4 Գապլճօզ 44 580
5 Խորամ 11 190
6 Նատօբա 24 370
7 Հով 20 350
Միհրան Ա. Մինասեան
8 Սուքեսուն 25 400
9 Կող 18 150
10 Պատրմուտ 26 450
11 Խարվէր 10 180
12 Կորով 15 290
13 Հաղտ 10 200
14 Հռուտ 16 220
15 Գոմըք 17 250
16 Կօշակ 19 210
17 Փիրշէնք 30 500
18 Արեգդէմ 8 95
19 Թխի 10 110
20 Ձորաղբի 5 60
21 Կաղմանք 12 125
22 Իրցանք 5 50
23 Կուրտկանք 10 150
24 Օրձիգ 8 120
25 Գօմրտէր 6 98
26 Դալրձոր 7 90
27 Ազուի 8 54
28 Պրակտուն 4 60
29 Հապշտուղ 5 100
30 Շխտիկ 13 100
31 Քաղքիկ 8 70
32 Հարզոնք 6 60
33 Քաշքշենք 40 170
34 Մաղենք 18 130
35 Մտրպանք 11 130
36 Խասկանք 5 60
37 Կորդեր 28 290
38 Խասոբի 19 180
39 Վարդունոց 8 100
40 Տնկետք 29 570
41 Քարկից 6 90
42 Առվտոց 9 100
43 Արտրի 12 130
44 Հրձկանք 18 300
45 Գեսան 8 95
46 Բրտանք 10 180
47 Կանկառենք 13 208
48 Հիրոտ 18 300
49 Արծուիք 80 850
50 Խան 42 600
51 Շիկալենք 26 380
4. Կուսգետ գաւառակը ունէր 26 գիւղ, 1166 տուն, 19480 բնակիչ, 167280 ոչխար, 5315 կով ու եզ, 1074 ջորի, 86180 ոսկիի արժողութեամբ կահ կարասի, 58600 մեղուի փեթակ, 2610 ոսկիի շերամ եւ 131900 օսմ. ոսկիի արտ ու պարտէզ:
1 Քարծեր 20 280
2 Օղնգիշ 26 300
3 Գոմեք 17 270
4 Կոտրծեր 23 420
5 Ներքին Կուսգետ 200 3000
6 Միշկատար 34 600
7 Ձօղուտ 6 75
8 Ասի 30 570
9 Բլաթ 10 85
10 Ձմայ 25 160
11 Հոլենտ 16 180
12 Աղանտ 150 2500
13 Կրխան 205 3050
14 Արփի 50 800
15 Նորշէն 8 150
16 Բռկնոտ 22 460
17 Մոտգան 88 1850
18 Նիչ 40 870
19 Մարմանտ 60 1400
20 Սլլոնտ 16 380
21 Կրտի 26 560
22 Կէծի 8 150
23 Կծանք 40 750
24 Ջրտուք 22 230
25 Գորջուր 16 180
26 Արտրեր 18 210
Միհրան Ա. Մինասեան
5. Բռնաշէն-Խութ գաւառակը ունէր 24 գիւղ, 1484 տուն, 16996 բնակիչ, 147520 ոչխար, 8590 եզ ու կով, 873 ջորի, 118560 ոսկիի կահ կարասի, 3090 փեթակ, 121500 ոսկիի արտ ու պարտէզ:
1 Օշուտ 15 170
2 Բլրենի 20 242
3 Հնդկաձոր 50 574
4 Ընկուզեկ 48 510
5 Տաշտադէմ 35 370
6 Արուք 42 480
7 Թաղուի 70 810
8 Թաղավանք 164 1700
9 Թաղու 32 300
10 Լորդնձոր 14 170
11 Վարի Շնիստ 18 200
12 Կոլաք 23 260
13 Թաղնձոր 95 810
14 Բիջոնք 79 800
15 Ագրակ 120 1120
16 Կուրակ 26 310
17 Շէն 225 2700
18 Շնիստ 160 2510
19 Շավերտին 8 100
20 Օրշուտ 45 520
21 Փշրիկ 40 690
22 Աղմպոս 70 710
23 Ռապաթ 45 510
24 Կորվուր 40 430
6. Խիանք գաւառակը կը բաղկանար 42 գիւղէ, 1743 տուն, 25710 բնակիչ, 230370 ոչխար, 6838 կով ու եզ, 2605 ջորի, 318500 ոսկիի կահ կարասի, 25040 մեղուի փեթակ, 17050 ոսկիի շերամ, 180970 ոսկի արտ ու պարտէզ:
1 Պէհամտա 70 700
2 Ճումարա 46 450
3 Կրէխոխէ 18 250
4 Կրէմորէ 9 150
5 Բարկա 90 1800
6 Սաղտուն 78 1200
7 Հեղին 90 1600
8 Պերմ 150 2500
9 Քէրըք 37 800
10 Արտկունք 40 850
11 Տաղեներ 50 950
12 Ճէմլէխընճիկ 5 70
13 Փէշի 17 410
14 Ընկուզնակ 30 720
15 Սեւիտ 9 120
16 Սուլափ 14 230
17 Պալոլենք 12 300
18 Սամուխ 25 570
19 Խըշըք 15 450
20 Սմրկեր 94 1500
21 Կոման 20 250
22 Մռաուտ 35 400
23 Խայտիկ 45 500
24 Շուղեկ 15 120
25 Տիլէթ 25 350
26 Շահշա 50 400
27 Փասուր 180 1850
28 Ռիասխ 60 650
29 Խրուճ 35 350
30 Կասկ 50 700
31 Տուզմեր 15 200
32 Շէխպուպա 7 60
33 Իշխնձոր 82 1450
34 Կէլիէկէնըմա 50 800
35 Աշխուն 20 250
36 Ալուխ 40 300
37 Արխունտ 80 1200
38 Սլոխ 5 40
39 Տանձիկ 5 30
40 Մէկոկլի 2 20
41 Հաւրէ 8 50
42 Հարտէ 15 120
Միհրան Ա. Մինասեան
Գաւառակներ գիւղ տուն ոչխար եզ ու կով
ջորի կ ա հ կարասի օսմ.
ոսկի բնակիչ մեղուի փեթակ
շերամ օ ս մ .
ոսկի արտ ու պարտէզ
օսմ. ոսկի
Տալւորիկ 28 1318 89731 7222 904 129130 14 472 12492 —- 76930
Բուսանաց 32 644 106310 4465 490 135090 11376 17650 8250 208900
Հ ա թ ն ի – Մարաթուկ
51 852 130810 5484 711 149690 11215 15540 1610 163620
Կուսգետ 26 1166 167280 5315 1074 86180 19480 58600 2610 131900
Բռնաշէն-
Խութ
24 1484 147520 8590 873 118560 16996 3090 —- 121500
Խիանք 42 1743 230370 6838 2605 318500 25710 25040 17050 180970
Գումար
203 7207 872021 37914 6657 937150 99249 132412 29520 883820
Սասուն գաւառի 203 եկեղեցիներէն իւրաքանչիւրին սրբազան անօթներուն, զարդեղէններուն եւ գոյքերուն արժէքը 300 օսմ. ոսկիէն
60900 օսմ. ոսկի
Մատին Առաքելոց, Ս. Յովհաննու, Ս. Աղբերակի վանքերու նուիրական արժէքը 450000 օսմ. ոսկի
Վանքերու եւ սրբավայրերու հնութեանց արժէքը 800000 օսմ. ոսկի
Վանքերու ընտանի կենդանիներու ընդհանուր արժէքը 26000 օսմ. ոսկի
Վանքերու մատենադարաններուն արժէքը 300 օսմ.ոսկի
Սասնոյ գաւառի ջրաղացներու արժէքը 20800 օսմ. ոսկի
Հալէպի մէջ գտնուող սասունցիներու նիւթական կորուստը 85000 օսմ. ոսկի
[Գումար] 1382100 օսմ. ոսկի
Ոչխար (1.25)32, եզ ու կով (4.0), ջորի (25), փեթակ (0.25),
շերամ, արտ ու պարտէզ 4733100 օսմ. ոսկի
[Գումար] 6115200 օսմ. ոսկի
Ի դիմաց 1053 հալէպաբնակ սասունցի վերապրողներու՝
Սասնոյ Միութեան լիազօրներ՝
32 Այսինքն իւրաքանչիւր ոչխարի արժէք գնահատուած է 1.25 օսմ. ոսկի, ու այսպէս՝ նաեւ յաջորդները:
Մկրտիչ Քհնյ. Մուրատեան
Տիգրան Երէցեան
Արամ Երէցեան
Մանուէլ Մարտիրոսեան
Մովսէս Ամիրխանեան
Հալէպ, 24 Փետր. 1919
Սասնոյ Տեղեկագրին առաջին էջը
THE INDICTMENT DOCUMENTS ON THE ARMENIAN GENOCIDE WRITTEN IN ALEPPO AND THE SASSOUN DOCUMENT (1919)
Mihran A. Minassian
Armenian Genocide Museum-Institute Foundation, Armenia
SUMMARY
The article is divided into two parts. The first part covers the development of indictment documents
by patriotic unions or fractions of Aleppo in order to submit them to the Paris Peace Conference in
1919, each of which was a summary of the history of the Armenian massacres of a specific region. The
overall list of the covered material and the content of each document are also outlined. It is interesting
that the documents dedicate large sections for listing the names of the Turkish perpetrators of each
region and the material losses suffered by the Armenians.
The second part of the article includes the indictment document of Sassoun district, which contains general geographical information and important details about the social life of the Armenians of Sassoun, i.e. meetings of principals and elders, Armenian-Kurdish relations, the situation of the Armenians of Sassoun in 1894-1896 and 1914-1916, and a brief list of the perpetrators of the massacres.
The second part of the document covers the village lists and censuses of the six sub-districts of Sassoun – Dalvorig, Pusank, Hatni-Maratug, Gusked, Pernashen-Khut and Khiank, where 203 villages are mentioned with the numbers of their Armenian population and other details.
Key words: Armeian Genocide, Aleppo, Inter-Provincial Patriotic Union, Aram Andonean, prof.
Haygazoun Aramean, Karapet Gabikean, Armenian Genocide Indictment Documents, Western
Armenia, Cilicia, Asia Minor, Sassoun district, Versailles Peace Conference.
СОЗДАННЫЕ В АЛЕППО ОБВИНИТЕЛЬНЫЕ СПРАВОЧНИКИ ГЕНОЦИДА АРМЯН И СПРАВОЧНИК САСУНА (1919 Г.)
Мигран А. Минасян
Фонд “Музей-институт Геноцида армян,” Армения
РЕЗЮМЕ
Статья разделена на две части. Первая часть посвящена созданию землячествами или
организациями Алеппо обвинительных справочников для предоставления Парижской мирной
конференции в 1919 году, каждый из которых содержал краткую историю резни армян в
отдельных районах. В общих чертах представлены содержание и список освещенных тем каждого справочника. Примечательно, что в каждом справочнике большое место отведено спискам турецких преступников и материальным потерям армян.
Во второй части статьи представлен справочник провинции Сасун, в котором содержатся общие географические сведения и важные данные об общественной жизни Сасуна: княжеский (Իշխանաց) совет и совет старейшин, армяно-курдские отношения, положение армян Сасуна в 1894-1896 и 1914-1916 годах и краткий список погромщиков. Здесь же представлены список
деревень и перепись населения шести округов Сасуна – Талворик, Бусанк, Атни-Маратук, Кусгет,
Брнашен-Хут и Хиат. В общем и целом отмечены 203 деревни, для каждой из них отмечено
число домов и представителей армянского населения и т.д.
Ключевые слова: Геноцид армян, Алеппо, межпровинциальное землячество, обвинительные
справочники Геноцида армян, Западная Армения, Киликия, Малая Азия, область Сасуна,
Версальская мирная конференция.
REFERENCES
Հալէպի Ազգային առաջնորդարանի արխիւ [Archives of the Aleppo National Prelacy];
Հայ Ձայն [Armenian Voice]. Aleppo, 1918;
Վան-Տոսպ [Van-Dosp], no. 13, 21, Tiflis, 1916, 6-7;
«Սասուն. Վիճակագրական…» [Sasoun: Statistics…]. Դրօշակ [Droshag]. Geneva, 1904;
A-Do (Der-Mardirosian, Hovhannes). Վանի, Բիթլիսի եւ Էրզրումի վիլայէթները [ The
vilayets of Van, Bitlis and Erzurum]. Yerevan: Kultura, 1912;
Aramian, Hayk. «Շահեկան տեղեկագիր մը Զէյթունի եւ զէյթունցիներու
ողբերգութեան մասին», [A Beneficial Bulletin about the Tragedy of Zeytun and the
People of Zeytun]. Memorial Book of the Armenian Martyrdom (1915-1965), III ed., Beirut:
Zart’onq, 1987, 850-854;
Badalyan, Gegham. «Արեւմտեան Հայաստանի պատմաժողովրդագրական նկարա-
գիրը Մեծ եղեռնի նախօրէին. Մաս ութերորդ: Սասուն պատմաաշխարհագրական
մարզը եւ Բաղէշ (Բիթլիս) քաղաքը» [Historical and Demographic Image of Western
Armenia on the Eve of the Armenian Genocide: Part 8. Historical-geographical District of
Sasun and the Town Baghesh (Bitlis)]. VEM Pan-Armenian Journal 2 no. 58 (2017): I- XLVII;
Chizméchean, Manuk. Խարբերդ եւ իր զաւակները [Kharberd and its offsprings].
Frezno-California, 1955;
Gabikean, Karapet. Եղեռնապատում. Փոքուն հայոց եւ նորին մեծի մայրաքաղաքին
Սեբաստիոյ [Yeghernapatum (history of genocide) of Armenia Minor and its Great Capital
Sebastia]. Boston: Hayreniq, 1924;
Mardirosian, Nazaret. «Համեւրոպական պատերազմի ընթացքում ամայացած
Արեւելեան Հայաստանի գաւառների վիճակագրութիւնը» [Statistics of the Provinces of
Eastern Armenia deserted during the Pan-European War]. Van Tosp (Tiflis), 12 Feb. 1916;
Pambuqean, Eruand. Նիւթեր Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութեան համար [Materials for the History of A.R. Federation. vol. XII]. Beirut: Hamazkayin Vahe Setian, 2016;
Petoyan, Vartan. Սասուն [Sassoun]. Yerevan: Nakhapem, 2016;
Sasouni, Karo. Պատմութիւն Տարօնի աշխարհի [History of Daron]. Antelias: House of
the Armenian Catholicosate of Cilicia, 2013;
T’at’oyan, Robert. «Արեւմտեան Հայաստանի Պիթլիսի նահանգի հայ բնակչութեան թիւը Մեծ Եղեռնի նախօրեակին» [The Armenian Population of Bitlis Province of Western Armenia on the Eve of the Armenian Genocide] (forthcoming);
T’eodik, Գողգոթա հայ հոգեւորականութեան եւ իր հօտին աղէտալի 1915 տարիին [Golgotha of the Armenian Clergy and its Flock in Catastrophic 1915]. New York: St. Vartan Press, 1985;
Vartan, Levon. «Ամբաստանագիր-Տեղեկագիրներ» [Accusatory-Reports]. Haigazian
Armenological Review XV (1995): 497-553.
Հեղինակի մասին
Միհրան Ա. Մինասեան, բանասեր, «Հայոց ցեղասպանության թանգարան-
ինստիտուտ» հիմնադրամի գիտաշխատող, Հայոց ցեղասպանության հուշագրու-
թյունների, վավերագրերի և մամուլի բաժնի վարիչ:
Ուսումնասիրությունների ոլորտները` Հայոց ցեղասպանության աղբյուրագիտա-
կան հիմքերը, հայ գրքի և ձեռագրերի պատմություն, հալեպահայ գաղթօջախի
պատմություն և այլն:
Էլ. փոստի հասցե` [email protected]
About the Author
Mihran A. Minassian, Philologist, Head of the Department of the Armenian Genocide
Memoires, Documents and Press, Armenian Genocide Museum-Institute Foundation.
Research fields – sources of the Armenian Genocide studies, history of the Armenian
book and manuscripts, history of Aleppo-Armenian colonies.
E-mail: [email protected]
Об авторе
Мигран A. Минасян, филолог, научный сотрудник, заведующий отделом Фонда
“Музей-институт Геноцида армян.”
Область исследований – источниковедение Геноцида армян, история армянской
книги и рукописей, история армянской общины Алеппо и т. д.
Эл. почта: [email protected]