«Եւրամիութեան դիրքորոշումը Հայկական Հարցի լուծման վերաբերեալ». Տիգրան Փաշաբեզեան (1-ին մաս)

 

Հայկական Հարցի լուծման վերաբերեալ Եւրոմիութեան դիրքորոշումը, բնականաբար նաեւ այդ շարքին մաս կազմող

երկրներու, մինչեւ վերջերս, կ՝արտայայտուէր Եւրոպական խորհրդարանի «Հայկական Հարցի քաղաքական լուծման մասին» բանաձեւի բովանդակութեան ու յօդուածներու շրջանակներու մէջ (18 Յունիս 1987 թ.) (1):

Գործածեցինք «մինչեւ վերջերս» բառակապակցութիւնը նկատի առնելով այն, որ վերջին ժամանակահատուածին կարելի է եւ ի յայտ գար նոր դիրքորոշումներ: Իսկ եթէ անոնք, այնուհանդերձ, ի յայտ չեն եկած տակաւին, ապա մեր խնդիրն է հասնիլ անոր, որ ի նպաստ Հայկական Հարցի վերջնական եւ ամբողջական լուծման, անոնք եւս ի յայտ գան Եւրոպական խորհրդարանին (եւ ոչ միայն Եւրախորհրդարանի) դիրքորոշումներուն մէջ:

Հայերու ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման Եւրոպական պետութիւններու որոշումներուն մէջ հիմնականօրէն կը նշուի Հայերու ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման, բայց ոչ հատուցման հարցերը, ի տարբերութիւն օրինակ՝ Պօլիվոյ խորհրդարանի երկու պալատներու ճանաչման ու դատապարտման բանաձեւի, որտեղ կը նշուի ոչ միայն հատուցման, այլեւ այդ հարցի նկատմամբ հայ ժողովրդին Պօլիվոյ անվերապահ աջակցութեան մասին, քանի որ Պօլիվեան, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսը, սահմանափակուած չեն Եւրոպական խորհրդարանի ընդունած բանաձեւի շրջանակներուն մէջ (2):

Եւրոպական խորհրդարանի վերոյիշեալ բանաձեւին Հայկական Հարցի քաղաքական լուծման Եւրոպական հայեցակարգը շարադրուած է հետեւեալ կերպ.

ա) Հայերու կոտորածն ու բռնագաղթը տեղի ունեցած է 1915-1917 թթ., որը կ՛որակուի որպէս ցեղասպանութիւն համաձայն ՄԱԿ-ի «Ցեղասպանութեան հանցագործութիւնը կանխարգելելու եւ անոր պատժի մասին» պայմանադրութեան (9 Դեկտեմբեր 1948 թ.),

բ) հակառակ անոր, որ ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է, ներկայի Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը որեւէ կերպ պատասխանատու չէ, բացի բարոյական պատասխանատութենէ,

գ) եւ երրորդ, որ Հայկական Հարցի լուծումը իջեցուած ու հաւասարեցուած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն, անոնց վերականգման ու իրականացման հարցին, այդ կարգավիճակին:

Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւի 2-րդ յօդուածի առաջին պարբերութեան մէջ նշուած է. «Եւրոպական խորհրդարանը … կը գտնէ թէ, ողբերգական իրադարձութիւնները, որ տեղի ունեցան 1915-1917 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան տարածքին հայերու նկատմամբ, կը հանդիսանան ցեղասպանութիւն, համաձայն «Ցեղասպանութեան հանցագործութիւնը կանխարգելելու եւ անոր պատիժի մասին» պայմանադրութեան, ընդունուած ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Վեհաժողովի կողմէ 1948 թուականի Դեկտեմբերի 9-ին»:

Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւի 2-րդ յօդուածի երկրորդ պարբերութեան մէջ գրուած է.

«Եւրոպական խորհրդարանը… կը նշէ միաժամանակ, որ ժամանակակից Թուրքիան պատասխանատու չի համարուիր Օսմանեան կայսրութեան հայ բնակչութեան ողբերգութեան համար եւ ամենայն հաստատակամութեամբ կ՛ընդգծէ, որ պատմական այդ իրադարձութիւններու ճանաչումը որպէս ցեղասպանութիւն` առիթ չեն հանդիսանար քաղաքական, իրաւական կամ նիւթական որեւէ պահանջի այսօրուայ Թուրքիոյ նկատմամբ»:

Բանաձեւի 5-րդ յօդուածին մէջ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու մակարդակին իջեցուած պարբերութիւնը (պարբերութիւններէն մէկը, եթէ ոչ գլխաւորը) ձեւակերպուած է այսպէս.

«Նկատի ունենալով տեղի ունեցած (հայ ժողովուրդի) ողբերգութիւնը, կը միանայ ազգային ինքնատիպութիւնը զարգացնելու անոր ցանկութեանը, երաշխաւորելու անոր իրաւունքները որպէս փոքրամասնութիւն եւ անարգել օգտուելու մարդկային եւ քաղաքացիական իրաւունքներէն, ինչպէս որ անոնք սահմանուած են Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Համաժողովի պայմանադրութեան ու անոր համապատասխան արձանագրութիւններուն մէջ»:

Այսինքն, այդ ամէնը կը հանգի երկխօսութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ փոքրամասնութիւններու՝ հայերու եւ այլ ազգերու, իրաւունքներուն, ինչպէս նշուած է նաեւ բանաձեւի 3-րդ եւ 4-րդ յօդուածներուն մէջ.

«3. Կը պահանջէ (Եւրոպական) Խորհրդէն ճնշում գործադրել ներկայիս թրքական կառավարութեան վրայ, որպէսզի վերջինս ճանչնայ 1915-1917 թուականներու հայերու հանդէպ կազմակերպուած ցեղասպանութիւնը եւ այդպիսով նպաստէ քաղաքական երկխօսութեան հաստատմանը Թուրքիոյ եւ հայերու լիա զօր պատուիրակներու միջեւ:

  1. Մեկնելով այն տուեալներէն, որ հայ ժողովուրդի դէմ անցեալին երիտթրքական կառավարութեան կողմէ գործադրուած ցեղասպանութեան մերժումը ներկայ թուրքական կառավարութեան կողմէ, Յունաստանի հետ գոյութիւն ունեցող վիճելի հարցերով միջազգային իրաւական նորմերու կիրառումէն հրաժարումը, Կիպրոսէն ներս թրքական բռնազավթիչ ուժերու պահպանումը, ինչպէս նաեւ քրտական իրադարձութիւններու ժխտումը, այդ երկրի մէջ (Թուրքիոյ) իսկական ժողովրդավար խորհրդարանականութեան բացակայութիւնը, անհատական, հասարակական ու հատկապէս կրօնական ազատութիւններու ոտնահարումը՝ այս ամէնը կը հանդիսանան անյաղթահարելի արգելքներ Եւրոպական Տնտեսական Համագործակցութեան կազմի մէջ Թուրքիոյ հնարաւոր ընդունման հարցի քննարկման համար»:

Աւելորդ չէ ըսել, որ դեռեւս 1987 թ. Յունիսի 18-ին ընդունուած այս դիրքորոշումը չի համապատասխաներ Հայկական Հարցի լուծման իրաւական – քաղաքական բովանդակութեանն ու սկզբունքներուն, հատկապէս, եթէ նկատի առնուի, որ Հայկական Հարցի լուծման ուղղութեամբ 1918-20 թթ. արդէն իսկ ընդունուած են որոշումներ, որոնց կարգին՝ Ռուսաստանի Կառավարութեան Հռչակագիրը «Թրքահայաստանի մասին» («Արեւմտեան Հայաստանի մասին», 11 Յունուար 1918 թ.), Հայաստան պետութեան (նկատի ունենալով միացեալ Հայաստանը՝ արեւելեան եւ արեւմտեան) անկախութեան փաստացի դէ ֆակտո (de facto) ճանաչումը Փարիզի Վեհաժողովի ժամանակ՝ Դաշնակից Տէրութիւններու Գերագոյն Խորհուրդի կողմէ (19 Յունուար 1920 թ.) եւ դէ յուրէ (de jure) ճանաչումը Դաշնակից Տէրութիւններու Գերագոյն Խորհուրդի կողմէ (11 Մայիս 1920 թ.), Սեւրի Խաղաղութեան պայմանագրի Հայաստանին վերաբերող յօդուածները (10 Օգոստոս 1920 թ.), ԱՄՆ 28-րդ Նախագահ Ուտրո Ուիլսոնի կայացուցած Իրաւարար վճիռը (22 Նոյեմբեր 1920 թ.) եւ այլ որոշումներ, որոնք սակայն հետագային անտեսուած ու մոռացութեան են մատնուած Եւրոպական պետութիւններու ու կառոյցներու կողմէ (3):

Աւելին, մեր ժամանակներուն մէջ, երբ կը համեմատենք Եւրոպական խորհրդարանի «Հայկական Հարցի քաղաքական լուծման մասին» բանաձեւը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թրքական Հանրապետութեան միջեւ նախաստորագրուած արձանագրութիւնները, կը համոզուինք, որ արձանագրութիւնները նոյնութեամբ կը կրկնեն բանաձեւի ձեւակերպումները եւ իրաւական, քաղաքական ու բովանդակային իմաստով կը կազմեն բանաձեւի շարունակութիւնը (4):

Հետեւաբար, այս փաստերէն մեկնած, պէտք է ըսել, որ այն հայկական կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները, որոնք կը յաւակնին Հայոց իրաւունքները պաշտպանել Եւրոխորհրդարանի եւ կամ Եւրոպական այլ կառոյցներու հետ համագործակցութեան միջոցով, պէտք է յստակ պատկերացնեն, որ անոնք չեն ներկայացներ Հայկական Հարցի եւ Հայոց իրաւունքներու պաշտպանութեան իրական պատկերը եւ, ըստ այդմ, պէտք է իմանան, որ խնդիր ունին Եւրոխորհրդարանի եւ Եւրոպական այլ կառոյցներու դիրքորոշումներու մէջ փոփոխութիւն իրականացնել: Այլ կերպ Հայկական Հարցի վերջնական եւ ամբողջական լուծման հնարաւոր չէ հասնիլ եւ շատ աւելի հաւանական է կցորդ դառնալ այդ կառոյցներու ժամանակակից քաղաքականութեան, որ կ՛իրականացուի Մերձաւոր Արեւելքի մէջ եւ որը ամէնեւին չի բխէր տարածաշրջանի ժողովուրդներու ու պետութիւններու անվտանգութեան ու իրաւունքներու շահերէն (5):

Ամէն կերպ պէտք է խուսափիլ կցորդի կարգավիճակին մէջ յայտնուելու բախտէն եւ ընթանալ Հայոց բոլոր իրաւունքները պաշտպանելու եւ անոր նկատմամբ պետութիւններու, կողմերու ու կառոյցներու դիրքորոշման փոփոխութեան ու ճշգրտման ճանապարհով՝ այնպէս, ինչպէս դա կը պահանջէ Հայկական Հարցի վերջնական եւ ամբողջական լուծման նշեալ թղթածրարի իրաւական – քաղաքական բովանդակութիւնը (6):

(Շարունակելի՝ «ԱՄՆ-ի դիրքորոշումը Հայկական Հարցի լուծման վերաբերեալ»)

Տիգրան Փաշաբեզեան`

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ        

10.12.2016 թ.

*****

Ծանօթագրութիւն

  1. Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւը «Հայկական Հարցի քաղաքական լուծման մասին», 18 Յունիս 1987 թ., «Ուխտ Արարատի» պարբերական, թիւ 1 (19), Մարտ-Ապրիլ, 2010 թ., էջ 10-11:
  2. Տես, Պօլիվիոյ խորհրդարանի երկու պալատները ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Խորհրդարանի երկու պալատները «կը հաստատեն իրենց հաւատարմութիւնը մարդու իրաւունքներուն, ճշմարտութեան եւ արդարութեան արժէքներուն, կ՛արտայայտեն իրենց զօրակցութիւնը եւ կը դատապարտեն Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայ ժողովուրդի դէմ իրականացուած մարդկային ծանր հանցագործութեան ժխտողականութեան քաղաքականութիւնը»: 21.04.2015 թ., Orer.am:
  3. Տես, «Հայերու ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հատուցման հարցերու շուրջ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմավարութեան մասին», 10.2014 թ.:
  4. Տես, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ նախաստորագրուած արձանագրութիւններ, «Ուխտ Արարատի» պարբերական, թիւ 2 (18), Հոկտեմբեր-Դեկտեմբեր, 2009 թ., էջ 8-9:
  5. Տես, HDP Եւրոպայի ներկայացուցչութեան կեդրոնին մէջ 17 Նոյեմբերին հանդիպում տեղի ունեցած է Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարի (ԱԱՀ) պատուիրակութեան եւ Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութեան (HDP-ի) ղեկավարութեան եւ Եւրոպայի կառոյցի ներկայացուցիչներուն միջեւ, 17.11.2016 թ., Arevelk.am:

(Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարը (ԱԱՀ) պէտք չէ շփոթել Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի (ԱՀԱԽ) հետ, հիմնուած Շուշիի մէջ 2004 թ. – հեղ.)

  1. Տես, «Արեւմտեան Հայաստանի հայերու եւ Արեւմտեան Հայաստանի իրաւունքներու պաշտպանութեան իրաւական-քաղաքական միասնական փաթեթ» ժողովածուն (հայերէն, ռուսերէն կամ անգլերէն), որը կարող էք ձեռք բերել «Նոյեան Տապան» հրատարակչութիւն զանգահարելով՝ (+374 60) 2764 62: Հասցէն՝ ՀՀ, Երեւան, Իսահակեան 28: – http://nt.am/am/ourpublication/9

Աղբյուրը` IA REX – Միջազգային փորձագիտական հանրություն կայք –

http://www.iarex.ru/articles/53361.html

 Թարգմանութիւնը արեւելահայերէնէ՝ Սալբի Տ, «Լուսաւոր Աւետիս» Լրատուական կայք

Добавить комментарий

Ваш адрес электронной почты не будет опубликован.

пять × один =