Հաղորդագրութիւն. Տիղի ունեցաւ հիմնարքը՝ Ինքնութենէ հեռացած Հայերու ուսումնասիրութեան կենտրոնի

Ուրբաթ 15 սեպտեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, Նոյյան Տապան գործակալութեան սրահէն ներս տիղի ունեցաւ հիմնարքը՝ Ինքնութենէ հեռացած Հայերու ուսումնասիրութեան կենտրոնի

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի ՀԱՒԱՏՔԻ եւ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ Հարցերու Մշտական Յանձնախումբ

ԾՐԱԳԻՐ – ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆ:

Նախորդ խորհրդաժողովներու՝ 08 սեպտեմբեր 2016-ի եւ 11 մարտ 2017-ի, մասնակիցներու առած որոշումներու գործադրութեան ուղիները, հիմքերը ուսումնասիրելէ ետք, կը յայտարարենք սկիզբ աշխատանքային գործընթացի:

ՀԱՒԱՏՔԻ եւ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ Հարցերու Մշտական Յանձնախումբը հատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ հետեւեալ մասնակից անձնաւորութիւններուն, որոնք լուսաւորեցին մեր միտքերը:

Լիյա Աւետիսեան – Գրող հրապարախօս:

Աբգար Ափինեան – Երեւանի գրողներու միութեան նախագահ:

Մարի Բարսեղեան-Խանճեան – Գրող հրապարախօս:

Ռուբեն Նահատակեան  – Պատմաբան, վերլուծաբան:

Անահիտ Ջոգոլակեան – Լրագրող, արձակագիր, հրապարակախօս:

Մարինէ Վահրատեան – Վասպուրականի Նոր Սերունդ-ի ղեկավար:

Մովսէս Նաճարեան – Հայագէտ, Լեզուագէտ:

Էրնեստ Գրիգորեան – Փիլիսոփայական Գիտութիւններու դոկտոր, Պրոֆեսոր:

Վլատիմիր Պետրոսեան – Պատմական գիտութիւններու դոկտոր, պրոֆեսոր:

Սերկեյ Սիմոնեան – Հայագէտ, Տոմարագէտ,

Յուլիա Գյուլոեան – Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) Մշակոյթի հարցերով յանձնաժողովի նախագահ:
Սաիտա Օհանեան – Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) պատգամաւոր,
««Համշենուհի»» կանանց միջազգային միութեան նախագահ:

Ժողովականներու արտայայտած միտքերը մի քանի անգամ ուսումնասիրելէ ետք միասնաբար որոշեցինք ստեղծել հիմնարկութիւն մը:

15 սեպտեմբեր 2017-ին արդէն ստեղսուած է՝ Ինքնութենէ հեռացած Հայերու Ուսումնասիրութեան Հիմնարկ Կենտրոն, ֆրանսա:

 Արմէնակ Հարմանտայեան,

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) Հաւատքի եւ Հայրենակցական հարցերու մշտական յանձնաժողովներու ներկայացուցիչ

 16 սեպտեմբեր 2017

Երեւան

Lousavor Avedis

Թողնել պատասխան

Your email address will not be published.

seventeen − nine =