ԱՄՆ-ի դիրքորոշումը Հայկական Հարցի լուծման վերաբերեալ (2-րդ մաս)

Կը թուի, թէ Հայկական Հարցի լուծման վերաբերեալ ԱՄՆ-ի դիրքորոշման հիմքը պէտք է որ կազմեր ԱՄՆ 28-րդ Նախագահ Ուտրո Ուիլսոնի 22 Նոյեմբեր 1920 թ. կայացուցած Իրաւարար վճիռը: Սակայն, Հայկական Հարցի լուծման վերաբերեալ ԱՄՆ-ի դիրքորոշումը, մինչեւ վերջերս, Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւի բովանդակութեան ու յօդուածներու գործնական իրականացումն է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ որոշ յաւելումով այն իմաստով, որ Արարատ լեռն ու Անի հնաբոյր մայրաքաղաքը կ՛ենթադրուի, թէ անցնելու են Հայաստանի Հանրապետութեան:

ԱՄՆ-ի դիրքորոշումը Հայկական Հարցի եւ Մերձաւորարեւելեան խնդիրներու վերաբերեալ ներկայացուած է վերջին տասնամեակներու ընթացքին հրապարակուած տարբեր յօդուածներու մէջ: Անոնցմէ մէկը ԱՄՆ բանակի պաշտօնաթող սպայ Ռալֆ Պիտերսի «Մերձաւոր Արեւելքի նոր քարտէզը ըստ արիւնակցական կապերու եւ հաւատքի նմանութիւններու» յօդուածն է ու կից քարտէզը, որն առաւել ամբողջական կ՛արտայայտէ ԱՄՆ իշխանութիւններու վերաբերմունքը վերոնշեալ խնդիրներու վերաբերեալ (1):

Հայկական պահանջատիրութեան եւ իրաւունքներու մասով յօդուածին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է. «Իսկ մի սարսափելի չարագործութիւն, ինչպիսին է հայերու հանդէպ հոգեւարքի մէջ գտնուող Օսմանեան կայսրութեան իրականացուցած ցեղասպանութիւնը, երբէք չի կրնար փոխհատուցուիլ տարածքային նուիրատուութեամբ»:

Ակնյայտ կը դառնայ այս ձեւակերպման նմանութիւնը Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւի 2-րդ յօդուածի երկրորդ պարբերութեանը, որտեղ յիշեցնենք նշուած է. «Եւրոպական խորհրդարանը…« Կը նշէ միաժամանակ, որ ժամանակակից Թուրքիան պատասխանատու չի կրնայ յամարուիլ Օսմանեան կայսրութեան հայ բնակչութեան ողբերգութեան համար եւ ամենայն հաստատակամութեամբ կ՛ընդգծէ, որ պատմական այդ իրադարձութիւններու ճանաչումը որպէս ցեղասպանութիւն` առիթ չի կրնար հանդիսանալ քաղաքական, իրաւական կամ նիւթական որեւէ պահանջքի այսօրուայ Թուրքիոյ նկատմամբ» (2):

Ահա թէ ինչու, 2009 թ. Հոկտեմբերին, երբ Շուէտիոյ մէջ կը նախաստորագրուէին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ յայտնի եւ այնքան աղմուկ հանած արձանագրութիւնները՝ այլ պաշտօնատար անձանց շարքին ներկայ էր նաեւ ԱՄՆ պետական քարտուղար Հիլարի Քլինթօնը:

Ճիշդ է, որպէս յաւելում՝ Ռալֆ Պիտերսի քարտէզին մէջ նշուած է, որ Արարատ լեռն ու Անի հնաբոյր մայրաքաղաքը անցնելու են Հայաստանի Հանրապետութեան, ինչպէս նաեւ բաւական ժամանակ է, կը խօսուի այն մասին, թէ Ամերիկեան քաղաքական շրջանակներու մէջ կը քննարկուի իսլամացած հայերու գործոնը շրջանին մէջ: Նկատենք նաեւ, որ 2012 թ. Փետրուարէն սկսած ամերիկեան պետական շրջանակներու մէջ կը հնչեն ելոյթներ ի պաշտպանութիւն Սուրիոյ ու Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան (3,4):

Սակայն միեւնոյնն է, տեսանելի է, որ այս կարգի դիրքորոշումները նոյնպէս չեն արտայայտեր Հայկական Հարցի լուծման թղթածրարի իրաւական – քաղաքական ամբողջական եւ իրական բովանդակութիւնը:

Այնպէս որ այստեղ եւս ստիպուած ենք կրկնելու, որ Հայկական Հարցի լուծման ուղղութեամբ 1918-20 թթ. արդէն իսկ ընդունուած են որոշումներ, որոնց կարգին՝ Ռուսաստանի Կառավարութեան Հռչակագիրը «Թրքահայաստանի մասին» («Արեւմտեան Հայաստանի մասին, 11 Յունուար 1918 թ.), Հայաստան պետութեան անկախութեան փաստացի (de facto) ճանաչումը Փարիզի Վեհաժողովի ժամանակ՝ Դաշնակից Տէրութիւններու Գերագոյն Խորհուրդի կողմէ (19 Յունուար 1920 թ.) եւ դէ յուրէ (de jure) ճանաչումը Դաշնակից Տէրութիւններու Գերագոյն Խորհուրդի կողմէ (11 Մայիս 1920 թ.), Սեւրի Խաղաղութեան պայմանագրի Հայաստանին վերաբերող յօդուածները (10 Օգոստոս 1920 թ.), ԱՄՆ 28-րդ Նախագահ Ուտրո Ուիլսոնի կայացուցած Իրաւարար վճիռը (22 Նոյեմբեր 1920 թ.) եւ այլ որոշումներ, որոնք սակայն հետագային անտեսուած ու մոռացութեան մատնուած են Եւրոպական պետութիւններու ու անոնց կառոյցներու կողմէ (5):

Ուստի, Հայոց իրաւունքներու պաշտպանութեան աշխատանքներու ընթացքին պէտք է նկատի ունենալ, որ այս մարզին մէջ եւս հսկայածաւալ աշխատանք կայ կատարելու, նաեւ ամերիկեան պետական շրջանակներուն յիշեցնելու ԱՄՆ 28-րդ Նախագահ Ուտրո Ուիլսոնի կայացուցած Իրաւարար վճռի (ինչպէս նաեւ այլ որոշումներու) արծարծման ու իրականացման կարեւորութիւնը հայութեան կեանքին մէջ, այսպիսով նոյնպէս նպաստելու կայուն խաղաղութեան ու համագործակցութեան հաստատմանը Մերձաւոր Արեւելքի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ:

(Շարունակելի՝ «Ռուսաստանի Դաշնութեան դիրքորոշումը Հայկական Հարցի լուծման վերաբերեալ») 

Տիգրան Փաշաբեզեան`

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ 

11.12.2016 թ. 

******* 

Ծանոթագրութիւն

  1. Տես, Ռալֆ Պիտերս, «Մերձաւոր Արեւելքի նոր քարտէզը ըստ արիւնակցական կապերու եւ հաւատքի նմանութիւններու» յօդուածն ու քարտէզը, թարգմանութիւնը եւ նախաբանը «Ազգ» օրաթերթի, 25.08.2006թ.: Blood borders, How a better Middle East would look, By Ralph Peters, All content © 2006, Armed Forces Journal | Terms of Service.
  2. Տես, Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւը «Հայկական Հարցի քաղաքական լուծման մասին», 18 Յունիս 1987 թ., «Ուխտ Արարատի» պարբերական, թիւ 1 (19), Մարտ-Ապրիլ, 2010 թ., էջ 10-11:
  3. Տես, ԱՄՆ Քոնկրէսը կը ցանկայ օգնել սուրիահայերուն, 08.2012 թ., Azatutyun.am:
  4. Տես, Քոնկրէսականը կոչ կ՛ընէ պաշտպանել սուրիահայերուն, 10.08.2012 թ., am:
  5. Տես, «Արեւմտեան Հայաստանի հայերու եւ Արեւմտեան Հայաստանի իրաւունքներու պաշտպանութեան իրաւական-քաղաքական միասնական փաթեթ» ժողովածուն (հայերէն, ռուսերէն կամ անգլերէն), որը կրնաք ձեռք բերել «Նոյեան Տապան» հրատարակչութեա զանգահարելով՝ (+374 60) 2764 62: Հասցէն՝ ՀՀ, Երեւան, Իսահակեան 28: – http://nt.am/am/ourpublication/9 

Աղբյուրը` IA REX – Միջազգային փորձագիտական հանրութիւն կայք –

http://www.iarex.ru/articles/53365.html 

Թարգմանութիւնը արեւելահայերէնէ՝ Սալբի Տ, «Լուսաւոր Աւետիս» Լրատուական կայք

***** 

Նախորդ հրապարակումը՝

  1. 1. «Եւրոմիութեան դիրքորոշումը Հայկական Հարցի լուծման վերաբերեալ», 1-ին մաս:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published.

18 − three =