Արեւմտեան Հայաստանի թիմը բաց կը թողնի ConIFA-ի հովանու ներքոյ անցկացուող 2017թ. Եւրոպայի ֆուտբոլի առաջնութիւնը Հիւսիսային Կիպրոսի  թուրքերու դիրքորոշման պատճառով

Արեւմտէան Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը չի մասնակցիր Եւրոպայի ախոյանութէանը, որ տեղի պիտի ունենայ Յունիս 2017-ին Հիւսիսային Կիպրոսի /թուրքերու կ’ողմէ գրաւուած 1974-են ի վեր/ տարածքի վրայ, կազմակերպութէամբ միջազգային չի ճանցուած երկիրներու միացէալ կազմակերպութէան ConLFA:

Հիւսիսային Կիպրոսի /թուրքերու կ’ողմէ գրաւուած 1974-են ի վեր/ թուրք ներկայցուցիչները յայտարարեցին, որ չեն կրնար ապահովել Արեւմտէան Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականի անվտանգութիւնը, մարզանքը խառնելով քաղաքականութէան, փորձելով ճնշում բանեցնել ընդհանրապէս խաղացողներու եւ խաղացողներու միջոցով մեր հայրենակիցներու ու լրատուական ցանցերու վրայ:

Կը յիշեցնենք Հիւսիսային Կիպրոսի /թուրքերու կ’ողմէ գրաւուած 1974-են ի վեր/ թուրք ներկայացուցիչներուն, որ  միջազգային լրատուական ցանցերուն վրայ ձեր այս ճնշումը էական արդիւնք չի գրանցելու, քանի որ մեր կամքը հաստատուն է, մեր Բնօրրան Հայրենիքի` Հայկական Լեռնաշխարհի պէս կայտառ ու տոկուն:

 

Թողնել պատասխան

Your email address will not be published.

six + nine =